ԽԱՒԱՐԻ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ

Տարի մը առաջ Արցախ աշխարհի պայծառ ու ջինջ երկինքը 44 օր շարունակ քօղարկուած էր արհեստածին մշուշով մը, որ կը կոչուի պատերազմ: Մարդոց ականջները կը խլանային, իսկ տեսադաշտը կը փակէր պայթիւններու հետեւանքով յառաջացած սաստիկ փոշին: Երկինք ու երկիր խառնուած էին  մէկզմէկու: Իւրաքանչիւր հայ իր մտքին մէջ կը մրմնջար աղօթք մը. Տիրոջմէ խնդրելով պատերազմի շուտափույթ աւարտին մասին: Այդ օրերուն հաւատքը մեր մէջ բազմացած էր: Մենք առանց տալու կ՚աղաչէինք, առանց Տիրոջ կամքը կատարելու: Քանզի բոլորս ալ մարտի դաշտի մէջ ունէինք մէկը կամ մի քանիսը, որոնց կեանքի համար կը դողայինք: Ինչպէս նաեւ կը գիտակցէինք՝ ոչինչ կրնանք ընել անոնց համար՝ բացի աղօթելէ: Մեր աղօթքներն ալ տեղ կը հասնէին: Տէրը հնարաւորինս կը պահէր ու կը պահպանէր մեր մարտիկները:

Արցախցին պատրաստ էր տուն ու տեղ կորսնցնել, միայն թէ հայրենիքին մազը չծռի: Ներքին համոզմունք մը ունէինք, որ Արցախը պիտի ապրի: Ոչ մէկը, նոյնիսկ իր ամենավատ երազին մէջ, կրնար պատկերացնել օրեր, ժամեր անց սպասուող ողբերգութիւնը՝ Արցախի յանձնումը, հազարաւոր երիտասարդներու մահը:

Նոյեմբերի 10-ը՝ խաւարի գիշեր: Այդպէս ալ լոյսը չբացուեցաւ: Փոխարէնը լոյս դարձան հինգ հազար եւ աւելի հայորդիներ: Խաւարի գիշերուան յաջորդեց խաւարի անժամկէտ թագաւորութիւնը: Եւ զայն ընտրողները եղան մեզմէ՝ մեր իւրայիններէն:

Կը թուէր, թէ Արցախի կորուստը վատագոյնն էր, ինչ կրնար պատահիլ մեզի, սակայն եկուր ու տես, որ այն պարզապէս չարիքի սկիզբն է: Տակաւին նոր սկսած ենք քայլեր առնելու խաւարի մէջ: Ժամանակ առ ժամանակ կը հանդիպինք թոյլ առկայծող փարոսներու. քովէն կ՚անցնինք ու կ՚երթանք:

Ես զիս յոռետես չեմ համարեր, աւելի ճիշդ իրատես եմ եւ վաղուց դադրած եմ կառչելու փրփուրներէ: Եւ հակուած եմ ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի այն միտքին, որ ուրիշ ճանապարհ չկայ: Ներսէն պիտի գայ փրկութիւնը, քանզի ներսէն փճացած ենք:

Այսօր սուգ է: Սգացողներ չկան: Քիչ են: Շատեր տարուած են իրենց ստամոքսի պարունակութիւնը լեցնելու անհեթեթութեամբ: Ազգ, ժողովուրդ ըլլալով մենք դժուար այլեւս ինքնուրոյն ոտքի կանգնինք: Բաց աստի, այնքան ալ դժգոհ չենք մեր ընդունած դիրքէն: Ո՛չ մահէն կը վախնանք, ո՛չ Աստուծմէ, ո՛չ բնական աղէտներէ, ո՛չ հակառակորդէ, կարճ խօսքով՝ ընտրած ենք անասունի կենցաղավարութիւնը: Անմիջապէս կը համակերպինք բոլոր դժուարութիւններուն, մոռնալով լոյսի մասին. «Ի՞նչ ընենք... մենք ի՞նչ կրնանք փոխել... ամէն բան մեր փոխարէն որոշած են... կը դժուարանամ պատասխանել, թէ ո՞վ է ճիշդ, կամ ով սխալ...»: Ո՛չ, այդ մարդիկ յիմար չեն, ո՛չ ալ հիասթափուած կամ յուսալքուած: Պարզապէս անտարբեր են, եւ իրենց փուչիկ պատասխաններով կը փորձեն ինքզինքնին արդարացնել:

Երկու օր առաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաքը: Տասնեակ, հարիւր հազարներու փոխարէն ընդամէնը քանի մը հազար շտապեց Ազատութեան հրապարակ: Շատեր կորսնցուցած են վստահութիւնը քաղաքական գործիչներու նկատմամբ: Ես նոյնպէս բացառութիւն չեմ: Առողջական խնդիրներու պատճառաւ չկրցայ ներկայանալ, սակայն ընտանիքս մասնակցեցաւ: Մեր սրբազան պարտքն է: Ես նոյնպէս չեմ հաւատար, որ պիտի կարողանան բան մը փոխել, ազատել մեզ ազգակործան, հայրենադաւ իշխանութիւններէն, սակայն, եթէ յանուն հայրենիքիս փրկութեան ինչ-որ չափով խելամիտ մարդոց կողմէ որեւէ քայլ կը կատարուի, ես պարտաւոր եմ իմ պարտքը կատարել, որպէսզի յետոյ կարենամ նայիլ զաւակներուս, մեր սերունդներու աչքերու մէջ, այլ ոչ թէ իմ անտարբերութիւնը կամ վախկոտութիւնը քօղարկելու համար փնտռեմ ինքնարդարացումներ:

Աւա՜ղ, հանրահաւաքին հնչեցին ծեծուած միտքեր, որոնք այլեւս գիտենք անգիր: Ժամանակը կը սուղնայ, սակայն մենք տակաւին կը խօսինք անցեալէն ու դառը ներկայէն: Դէպի ապագայ տանող բոլոր ճանապարհները գոցուած են: Կտրուկ քայլի, գործողութիւններու մասին ոչ մէկը կը խօսի: Հետզհետէ իմ բոլոր սպասումները կը մոխրանան: Առանց սեփական մեղքերը խոստովանելու, ապաշխարելու, առանց Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրելու, չարի դէմ պայքարի հոլովոյթին, անոնք յոյս ունին յաղթանակի: Անկարելի է: Երկար ժամանակ՝ տարի մը ունէինք համոզուելու համար՝ ապարդիւն: Յամառօրէն կը փորձենք աւազի վրայ կառուցել ինչ-որ բան:

Առաջին ապտակէն դաս չքաղելու պատճառաւ շուտով պիտի ստանանք ա՛լ աւելի ցաւոտ երկրորդ ապտակը: Փափաքս է, որ սխալիմ, սակայն....

Պիտի ապրինք ու պիտի տեսնենք: Առանց դարձի գալու, դժուար թէ Տէրը նայի մեր երեսին: Խաւարը կը շարունակէ, իսկ ճամբորդները գոհունակ կը յառաջանան:

Թող Աստուած օրհէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021