«ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՄԷՋ»

«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ բացուած ուշագրաւ ցուցահանդէսը այս օրերու հայաստանեան գողտրիկ ձեռնարկներէն է: Հակառակ Երեւանի կեդրոնէն հեռու ըլլալուն, արգելոց-թանգարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսը տեսնելու կը շտապեն արուեստի, գրականութեան սիրահարներ, արուեստասէրներ, քանի որ առաջին անգամն է, որ մէկ վայրի մէջ հաւաքուած եւ ցուցադրուած են այնքան բազմազան ցուցանմոյշներ, որոնք հայ մտաւորականութեան՝ ֆրանսախօս մշակոյթին մէջ ունեցած դերը ցոյց կու տան:

«Հայ մտաւորականները ֆրանսախօս մշակոյթին մէջ» խորագրով ցուցահանդէսը Ֆրանսախօսութեան երկամսեակի ծիրէն ներս կազմակերպուած հերթական ձեռնարկն է: 1990 թուականէն ի վեր ամէն տարի մարտի 20-ին, աշխարհի հինգ մայրցամաքի ֆրանսախօսները կը նշեն Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրը:

1970 թուականին, ճիշդ այդ օրը, Նիժերիոյ մէջ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, հիմք դնելով Մշակութային եւ արհեստագիտական համագործակցութեան գործակալութեան, որ ներկայիս անուանափոխուած է եւ կը կոչուի Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւն: Ֆրանսախօսութեան օրէն սկսեալ, Հայաստանը որպէս միջազգային այս կազմակերպութեան գործօն անդամ, ամէն տարի մարտ-ապրիլ ամիսներուն ֆրանսախօսութեան միամսեակ կամ երկամսեակ կը կազմակերպէ՝ զանազան ձեռնարկներով համախմբելով մարզերու եւ մայրաքաղաքի ֆրանսախօսները: Ֆրանսախօսութեան այս երկամսեակը, անշուշտ, մեծ դեր ունի Հայաստանի մէջ ֆրանսերէնի տեղին ամրա-պընդման գծով: Ի վերջոյ, ֆրանսերէնը այսօր կը նկատուի աշխարհի երրորդ աշխատանքային լեզուն, համացանցի չորրորդ լեզուն, աշխարհի մէջ խօսուող հինգերորդ լեզուն, որով կը խօսի շուրջ 274 միլիոն մարդ եւ միակն է, որ անգլերէնին հետ կը գործածուի հինգ մայրցամաքներու մէջ: Վերջապէս ֆրանսերէնը ժողովրդագրական կերպով ամենամեծ աճ արձանագրած լեզուն է եւ ըստ տրուած տուեալներուն, 2050-2060 թուականներուն ֆրանսերէն խօսողներուն թիւը կը հասնի 700 հազարի:

Հայաստանի մէջ ֆրանսերէնը որդեգրած բոլոր կազմակերպութիւններուն՝ կրթական, մշակութային հիմնարկներուն մէջ, միջազգային կառոյցներէն ներս, բազմաթիւ ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, համերգներ, շարժապատկերներու ցուցադրութիւններ, մրցոյթներ եւ այլ բնոյթի միջոցառումներ տեղի կ՚ունենան, որոնց նպատակն է ֆրանսախօս երկիրներու մշակոյթը անգամ մը եւս մարդոց ցոյց տալ: Իսկ այս տարի աւելի աշխոյժ է Հայաստանի ֆրանսախօս համայնքը, քանի որ Հայաստանը ստանձնած է Ֆրասանախօսութեան գագաթաժողովը նախագահող երկրին դերը: Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախարարութեան մէջ ելոյթ մը ունեցած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան առիթով:

Նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի նուիրուածութեան՝ ֆրանսախօսութեան եւ անոր մշակոյթին մէջ ներգրաւուածութեան՝ մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ Հանրապետութեան մարզերը, նշելով յատկապէս ամէն տար-ւան մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն տեղի ունեցած ֆրանսախօսութեան նուիրուած ձեռնարկները:

Անդրադառնալով 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին, նախարար Մնացականեան ըսած է, թէ այդ մէկը բացառիկ նշանակութեամբ միջոցառում մըն էր, որ ապահովեց ֆրանսախօսութեան ամբողջ տեսանելիութիւնը:

«Հայաստանը հպարտ է Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ հանդիսացող տասնեակ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները միաւորող ամենէն բարձր ատեաններու հանդիպումի ամբողջ ծաւալն ու ընդգրկը-ւածութիւնը ապահովելու համար: Գագաթաժողովը յաջողութեամբ պսակուեցաւ ո՛չ միայն կազմակերպչական, այլ նաեւ բովանդակային առումով», ըսած է նախարար Զօհրապ Մնացականեան:

«Հայ մտաւորականները ֆրանսախօս մշակոյթին մէջ» խորագրով ցուցահանդէսին Զուարթնոց տարուած են ցուցանմոյշներ Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն, գրադարաններէ եւ այլ մշակութային վայրերէ: Այստեղ կարելի է տեսնել ֆրանսախօս երկիրներու մէջ գործած ծանօթ մտաւորականներու լուսանկարներ, ձեռագիրներ, այդ երկիրներուն մէջ լոյս տեսած գիրքերու ձեւաւորումներ, մամուլի հրապարակումներ, ազդագրեր եւ այլն: Զանազան երկիրներու մէջ ցրուած ըլլալով՝ հայ արուեստագէտները ամէնուր ստեղծագործած են, եւ այդ երկիրներուն մէջ շատ եղած են Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրները:

Գլխաւոր ֆրանսախօս երկիրը, անշուշտ, Ֆրանսան է, որ, թերեւս, հայերուն հանդէպ եւրոպական ամենահիւրընկալ երկիրը եղած է անցնող դարուն ալ եւ շատ դարեր առաջ ալ: Հայութիւնը միշտ աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Ֆրանսայի թէ՛ հասարակական, տնտեսական, քաղաքական կեանքի զարգացման, թէ՛ արուեստի եւ մշակոյթի ծաղկման:

Այստեղ իր գլուխգործոցները ստեղծած է սփիւռաքահայ գրականութեան հիմնադիր նկատուող Շահան Շահնուր: 1922 թուականին իր ծննդավայր Սկիւտարէն հաստատուած է Փարիզ, զբաղած է լուսանկարչութեամբ եւ սկսած՝ իր առաջին գրական փորձերուն: Աշխատակցած է «Յառաջ», «Արեւ», «Ապագայ», «Անահիտ» պարբերականներուն, Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյց»ին:

1929 թուականին Շահնուր լոյս ընծայած է իր առաջին «Նահանջը առանց երգի» վէպը՝ ահազանգելով սփիւռքահայերու ուծացման ու այլասերման վտանգին մասին:

Շահնուրի դիմանկարը եւ Ֆրանսայի մէջ տպագրած գործերուն կողքերը ցուցահանդէսի գլխաւոր ցուցանմոյշներէն են: Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները այցելուներուն յիշեցուցին, որ Շահան Շահնուր նաեւ ֆրանսերէնով գրած է՝ «Արմէն Լիւպէն» ստորագրութեամբ, ուստի անոր ներդրումը ոչ միայն հայ գրականութեան, այլ նաեւ՝ ֆրանսականի մէջ եղած է: 1939 թուականին Շահան Շահնուր «Լա Նուվէլ ռեվիւ ֆրանսէզ»ին մէջ ընթերցողին ներկայացուցած է «Գիշերային փոխադրութիւն» հիւանդանոցային յուշերը: Ֆրանսերէնով հրատարակուած են «Պրպտումներ անտեղի» (1942), «Գաղտագողի անցորդ» (1946), «Սուրբ համբերութիւն» (1951), «Բարձրաւանդակ» (1957) հատորները: Իր մահէն ետք նոյնպէս իր գործերը հայերէն եւ ֆրանսերէն լոյս տեսած են:

Երկար տարիներ Ֆրանսայի մէջ ստեղծագործած է հայ արձանագործ-նկարիչ Երուանդ Քոչար: Անոր գծանկար աշխատանքներէն մին՝ «Անրի Պարպիւսի դիմա-նըկարը» ցուցադրուած էր «Հայ մտաւորականները ֆրանսախօս միջավայրին մէջ» ցուցահանդէսին: Քոչար ֆրանսացի գրող, լրագրող եւ հասարակական գործիչ Անրի Պարպիւսը նկարած է Ֆրանսա ապրած տարիներուն, երբ ան, իբրեւ համբաւաւոր նկարիչ Խորհրդային Միութենէն գացած էր Պոլիս, Վենետիկ, ապա Փարիզ: Ճիշդ է, որ մինչ այդ ան կը գտնուէր Փարիզ, բայց 1923 թուականի իր այցելութեան ընթացքին է, որ Արշակ Չօպանեանի աջակցութեամբ կը բացուի Փարիզի առաջին անհատական ցուցահանդէսը: Քոչարի համար յատկապէս ոգեւորող էին Եդուարդ Շահինի եւ Հրանդ Կիւրճեանի հիացական կարծիքները:

1924 թուականին ան Փարիզի մէջ կը մասնակցի «Անկախներու սալոն»ի ցուցահանդէսին՝ իր վրայ բեւեռելով ժամանակի յայտնի արուեստաբաններու ուշադրութիւնը: Ֆրանսայի մէջ կը ստեղծէ կերպընկալէ-նկարչական նոր արտայայտութեան ձեւ մը՝ «Տարածական նկարչութիւնը» (Peinture dans l’espace), որ կը ներառնէ ժամանակը որպէս լրացուցիչ չորրորդ չափ: Երուանդ Քոչար Փարիզի մէջ կը բնակի տասներեք տարի, կը մասնակցի բազմաթիւ նշանաւոր ցուցահանդէսներու, կ՚ունենայ հինգ անհատական ցուցահանդէս, կ՚արժանանայ արուեստաբաններու բարձր գնահատանքին: Անոր ներդրումը այսօր ալ կը գնահատուի ֆրանսական մշակոյթին մէջ, բայց, անշուշտ, Հայաստան վերադառնալով է, որ Երուանդ Քոչար կը ստեղծէ իր մեծ գործերը, ինչպէս՝ Սասունցի Դաւիթի, Վարդան Մամիկոնեանի արձանները եւ այլն, իսկ Անրի Պարպիւսի դիմանկարը այս ցուցահանդէսին իբրեւ ցուցանմոյշ բերուած էր Քոչարի՝ Երեւանի թանգարանէն:

Եգիպտահայ նշանաւոր ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի «Ընկեր Փանջունի» (Երուանդ Օտեան, 1938, Գահիրէ), «Մեծապատիւ մուրացկաններ» (Յակոբ Պարոնեան, 1962, Գահիրէ) երկերու պատկերազարդումները, այս ցուցահանդէսին ցուցադրուած էին Եգիպտոսը իբրեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ նկատի առնելով, իսկ Եգիպտոսի մէջ իր ստեղծագործական բեղուն շրջաններէն մէկը անցուցած է ինք՝ Ալեքսանտր Սարուխան: Ճիշդ է, որ Սարուխան ծնած է Ռուսական կայսրութեան մէջ, բայց նշանակալի գործունէութիւն ունեցած է Պոլսոյ, Եւրոպայի եւ Եգիպտոսի մէջ, հնարաւորութիւն ունեցած է շրջագայիլ զանազան երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ: Ան ուսումնասիրած է գրքարուեստի եւ ծաղրանկարի համաշխարհային փորձը, հիմնաւորապէս իւրացուցած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ ստեղծագործող նկարիչներու գծապատկերման սկզբունքները եւ ստեղծած իր անմահ գործերը:

Ցուցահանդէսի այցելուն հնարաւորութիւն ունեցաւ տեսնելու նաեւ ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ժանսեմի՝ Յովհաննէս Սէմէրճեանի, քանի մը նկարազարդում-ձեւաւորումները, որ ան կատարած է ֆրանսացի հեղինակներու գիրքերուն համար: Փարիզի զարդարուեստի բարձրագոյն դպրոցի շրջանաւարտ Ժանսեմը 1944 թուականէն սկսած է իր ստեղծագործութիւնները ցուցադրել Փարիզի «Անկախներու սալոն»ին մէջ, իսկ 1950-ականներուն արդէն ստացած է շարք մը մրցանակներ՝ Ֆրանսայի, եւրոպական քանի մը այլ երկիրներու եւ Մեքսիքոյի մէջ, արժանանալով նաեւ ֆրանսացի գրողներու ուշադրութեան, որոնք իրենց գիրքերու ձեւաւորումներուն համար, իբրեւ նկարիչ, նախընտրած են ունենալ Ժանսեմի ձեռագիրը:

Այսօր դժուար է պատկերացնել ֆրանսական կերպարուեստը առանց Ժանսեմի, բայց հետաքրքրական է, որ ան դիպուածով մը յայտնուած է Ֆրանսայի մէջ եւ սիրելով Ֆրանսան, դարձած է այդ երկրին համար հոգեհարազատ մարդ մը, որ նաեւ իր ներդրումը ունեցած է ֆրանսական մշակոյթին մէջ:

Ժանսեմ ծնած է Սէօլէօզ, 1920 թուականին: 1922 թուականին ընտանեօք հաստատ-ւած է Յունաստան, Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ, ուր անցուցած է մանկութիւնը․ այնուհետեւ Ժանսեմի մայրը, ամուսինին մահէն ետք, 1931 թուականին, որդիին կոտրած ոտքը բուժելու նպատակով կը մեկնի Ֆրանսա ու կը հաստատուի Փարիզի Իսի-լէ-Մուլինօ արուարձանին մէջ:

«Հայ մտաւորականները ֆրանսախօս միջավայրին մէջ» ցուցահանդէսին անշուշտ, ցուցադրուած էին նաեւ ուրիշ նշանաւոր նկարչի մը՝ Էտկար Շահինի գծանը-կարչական արուեստի աշխատանքները: Շահին նոյնպէս Ֆրանսա չէ ծնած, բայց իր ստեղծագործական ողջ կեանքը ան նուիրած է Ֆրանսային եւ ֆրանսական արուեստին եւ դարձած՝ փորագրական արուեստի մեծ վարպետներէն:

Յատկանշական էր այս ցուցահանդէսին ներկայացուած մամուլը: Ցուցադրուած էին Արշակ Չօպանեանի Փարիզ հրատարակած «Անահիտ» ամսագիրէն օրինակներ: «Անահիտ»ը, իբրեւ գրական-գեղարուեստական հանդէս, ընդմիջումներով հրատարակուած է Փարիզ՝ 1898-1911 թուականներուն: Ամսագիրը լայնօրէն լուսաբանած է հայկական հարցը, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը: Իր հրատարակութեան առաջին տարիներուն «Անահիտ»ի էջերուն մէջ լոյս տեսած են քաղաքական իրադարձութիւնները վերլուծող, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութեան բարձրացման ու համախմբումին նպաստող յօդուածներ: Թերթը մեծ տեղ տուած է նաեւ հայ ազատագրական շարժումի անցած ճանապարհին, քննարկած է այդ ընթացքին եղած սխալներն ու թերութիւնները:

Դժուար է պատկերացնել ֆրանսական մշակոյթը առանց Շարլ Ազնաւուրի, Կոմիտասի, Մարգարիտ Պապայեանի. ուստի ցուցահանդէսին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէր նաեւ հայ երաժիշտներու բաժինը: Եթէ Կոմիտասի եւ միւսներու փարիզեան գործունէութեան եւ ներդրումին արուեստասէրը ծանօթ է, ապա որոշ մարդոց համար տակաւին ուսումնասիրութեան կը կարօտի Մարգարիտ Պապայեանի ժառանգութիւնը:

Իբրեւ դաշնակահարուհի, երգչուհի, մանկավարժ եւ երաժշտութեան տեսաբան, Կոմիտասի ժառանգութեան պահպանման մեծ նուիրեալ Պապայեան նաեւ մեծ դեր ունեցած է ֆրանսական միջավայրին մէջ: Մարգարիտ Պապայեանի փարիզեան համերգներու ազդագիրները նոյնպէս ցուցադրուած էին: Երբ Պապայեաններուն ընտանիքը, 1904 թուականին, փոխադրուած է Փարիզ, հոն 1906 եւ 1914 թուականներուն Մարգարիտ Պապայեան մասնակցած է Կոմիտասի համերգներուն: Մինչ այդ ան արդէն դարձած է Կոմիտասի ամենէն մերձաւոր բարեկամը, զայն քաջալերող խորհրդատուն ու քննադատը, ապա յետագային գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Կոմիտասեան խնամատար յանձնախումբի աշխատանքներուն: Ան եղած է Կոմիտասեան յանձնախումբի Փարիզի փոխ-նախագահը, իսկ Արշակ Չօպանեանի մահէն ետք՝ նախագահը:

Մարգարիտ Պապայեան կորուստէ փրկած եւ Հայաստան ղրկած է Կոմիտասի ձեռագիրները: Իբրեւ երաժշտութեան քննադատ, տեսաբան, Փարիզի մէջ նոյնպէս աշխատակցած է մամուլին, հոն հիմնած է ձայնամարզութեան դպրոց մը, ունեցած է աշակերտներ, տուած է համերգներ Եւրոպայի տարածքին. իր գործունէութեամբ նպաստած է հայ երաժշտութեան համաշխարհային ճանաչումին: Համերգ-դասախօսութիւններու կարգին Պապայեան ունեցած է նաեւ Կոմիտասի եւ Արշակ Չօպանեանի հետ համերգ-դասախօսութիւններ: Անոր երգացանկը եղած է ընդգրկուն՝ հին ժամանակներու երաժիշտներէն մինչեւ 19-րդ դարու եւրոպական, ռուսական, հայ դասականներու, ժամանակակից երգահաններու գործեր: Մասնագէտները Մարգարիտ Պապայեանի մեցցօ-սոփրանօ ձայնը բնորոշած են իբրեւ հարուստ ու ճկուն ձայն, իսկ կատարումները՝ նուրբ եւ գեղարուեստօրէն պարզ:

1951 թուականին Պապայեան արժանացած է համաֆրանսական մրցոյթի մրցանակին: Եղած է Քոլոնյը-Լամուրիօ համերգային ընկերութեան մենակատար, Ֆրանսական երգի վարպետներու միութեան եւ Երաժշտագէտներու ընկերութեան անդամ, ֆրանսական ձայնասփիւռի պաշտօնական մեկնաբան. աշխատակցած է «Լարուս» համայնագիտարանին:

Մարգարիտ Պապայեանի երաժիշտ քոյրը՝ Շուշանիկ Պապայեան, հակառակ որ իր նշանաւոր քրոջ պէս աշխոյժ երաժշտական գործունէութիւն չէ ունեցած, սակայն նոյնպէս այդ տարիներուն կը գործէր Փարիզի մէջ, իբրեւ մանկավարժ եւ դաշնակահար, ան օտարներուն կը ներկայացնէր հայ երգահաններու դաշնամուրային գործերը:

Այս ցուցահանդէսը բացառիկ էր նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի՝ փարիզեան համերգներու պաստառներով եւ ընդհանրապէս, ցուցադրուած իւրաքանչիւր նմոյշ կը պատմէ քաղաքակրթական այն անջնջելի հետքին մասին, որ հայ մտաւորականութիւնը ձգած է ֆրանսախօս աշխարհին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019