ԶԱՏԻԿԸ ԵԿԱՒ

Զա­տի­կը ե­կաւ շատ ու­րա­խա­լի
Բե­րե­լով հաւ­կիթ­ներ կո­ղով­նե­րով լի,
Կար­կան­դակ­նե­րը շատ հա­մով-­հո­տով
Կը պատ­րաս­տէ մեր մայ­րի­կը սի­րով։
Նոր հա­գուստ, կօ­շիկ բե­րե­լով Զա­տիկ
Ու­րա­խաց­նե­լով մեծն ու պզտիկ,
Եւ այս­պէս ա­հա Զա­տի­կը սի­րենք
Ու մե­րին քնքոյշ բե­րա­նով կո­չենք.
Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց,
Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց։

Ահաւասիկ, Պոլիս սորված սա գեղեցիկ տօնական երգը երգելով կը պատրաստուինք մեր ամենասիրելի տօներէն մէկուն՝ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան։ Ես կ՚երգեմ, Զաւէնիկն ալ մանկան թոթովանքով կը ձայնակցի ինծի, պարելով կը հրճուի ու կ՚ուրախանայ։ Կարծեմ իմ երկամեայ փոքրիկը նոյնպէս շատ կը սիրէ Սուրբ Զատիկը։ Կը յիշեմ անցեալ տարի Պոլիս իմ կենսուրախ մանչուկը մեր տան բոլոր գունազարդ հաւկիթները իր պզտիկ թաթիկներով կեղեւազրկեց ու կերաւ, երբեմն ալ կը հիւրասիրէր շուրջինները։ Ամէն մէկ հաւկիթը կեղեւազրկելէ վերջ ալ ան ինքնագոհ կը խնդար ու կը ծափահարէր ինքզինքը։ Է՜հ, լաւ օրեր էին…

Այս տարի Սուրբ Զատիկը պիտի տօնենք աննախադէպ պայմաններու ներքեւ։ Թագաժահրի իշխանութեան օրօք թերեւս պիտի չկարողանանք սա սուրբ օրը այցելել եկեղեցի, ստանալ հաղորդութիւն, մասնակցիլ տօնական ծիսակատարութիւններուն։ Այս փաստը քիչ մը կը յուզէ զիս, սակայն ուրիշ տարբերակ մը չունինք. պարտաւոր ենք մնալ տունը։ Միակ սփոփանքը հեռատեսիլն է, որ ուղիղ եթերով մեզ մասնակից պիտի դարձնէ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան նուիրուած տօնակատարութիւններուն։ Թէեւ կարեւորը հաւատքն է, որ կ՚ապրի այստեղ՝ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։

Փողոց չենք կրնար ելլել, սակայն կրնանք յաւուր պատշաճի նշել Զատիկը մեր սեփական յարկերուն տակ։ Այս տարի ես որոշած եմ իմ տօնական սեղանը զարդարել հին հայկական սովորոյթներուն համաձայն։ Քանզի տօնի գլխաւոր հմայական զարդը՝ ածիկն է, սովորաբար ցորենի հատիկներու, ինչպէս նաեւ այլ արմտիքներու աճեցուած ծիլերը, ուստի ես տօնի նախօրէին ցանեցի զանոնք։ Իմ ածիկը ծլած է ու ես անոր մատղաշ խոտերուն մէջ քիչ անց պիտի զետեղեմ գոյնզգոյն ներկած հաւկիթները։ Զատկուան ամենասպասուած ծէսը՝ հաւկիթ ներկելու արարողութիւնը ըրած եմ այսօր՝ Աւագ շաբաթ, Քրիստոսի Խաչելութենէն ետք։

Թէպէտ մեր օրերուն կան հաւկիթ ներկելու բազմաթիւ տարբերակներ, սակայն այստեղ նոյնպէս ես գերադասեցի աւանդականը։ Իմ սիրելի տօնի հաւկիթները գունաւորելու համար գործածեցի զանազան բոյսեր։ Այսպէս՝ սոխի կճեպներէն յաջողեցայ ստանալ շականակագոյն, տորոնի արմատներէն՝ վարդագոյն ու գինեգոյն հաւկիթներ։ Իսկ կապոյտ գոյն ստանալու համար օգտագործեցի «թաճուկ» բոյսի ծաղիկները, դեղինի համար ալ «տըզտըպաղուկ» կոչուող բոյսը։

Ի տարբերութիւն Կաղանդի ծառին, Զատիկի ծառի համար ընտրած եմ մրգատու ծառի ճիւղ մը։ Գրեթէ երկու շաբաթ առաջ տուն բերած եմ ու դրած ջուրի մէջ։ Որոշ ժամանակ անց ան բողբոջած ու ծաղկած է։ Իմ գեղեցիկ ծառի համար զարդեր կը պատրաստեմ «Փնջած ձուէն՝ հաւկիթի վրայ գունաւոր թելեր հիւսելով։ Ինչպէս նաեւ հաւկիթներու մի մասը գծագրած եմ մանրանկարչական պատկերներով։

Երէկ՝ Աւագ ուրբաթ երեկոյեան սկսած եմ պատրաստել Զատիկի սեղանը։ Քառասնօրեայ պահեցողութենէ վերջ կը թխեմ զանազան հացատեսակներէ ու քաղցրեղէններէ ամենատարածուածները՝ կաթնահունցն ու չէօրէկը։ Կաթնահունցը կը թխէր իմ մեծ մայրը։ Անոր անմահական համն ու բոյրը առ այսօր չեմ մոռցած։ Իսկ չէօրէկը համտեսած ու սիրած եմ Պոլիս ապրած տարիներուս։

Ինչպէս միշտ՝ տարիներ շարունակ պահքը բռնող իմ ամուսինը զայն կը լուծէ շաբաթ գիշեր։

Այս տարի Զատիկի մեր տօնական սեղանը կը զարդարեն հայկական աւանդական ճաշատեսակներէն՝ չիրերով ու լաւաշով բրինձէ փիլաւը,  գինիով ձուկը, պան-րըհուցը, թիրիթը, ձիթաիւղով տոլման ու թոփիկը։

Վստահաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը գիտէ, թէ ինչպէս կը պատրաստուի ձիթաիւղով տոլման ու թոփիկը։ Այդ իսկ պատճառաւ կ՚ուզեմ ձեզի հետ կիսուիլ հին հայկական աւանդական միւս կերակրատեսակները, որոնց բաղադրատոմսերը ես քաղած եմ հայկական աւանդական խոհանոցի մասնագէտ՝ Սոնիա Թաշճեանէն։

ԼԱՒԱՇՈՎ ՔԱՂՑՐ ՓԻԼԱՒ. բրինձը աղաջուրի մէջ կիսախաշել, ապա ջրքամել ու պաղ ջուրով ցօղել։ Կաթսայի յատակին քսել իւղ, տեղաւորել լաւաշը, վրան տարածել բրինձ, տեղ-տեղ կտոր կարագ դնել, կափարիչը ծածկել սրբիչով, գոցել ու մարմանդ կրակով շոգեխաշել 30-40 վարկեան։ Մինչ այդ իւղի մէջ թեթեւակի տապակել չիրը, ընկուզեղէն ու չամիչը, վրան լեցնել քիչ մը ջուր, եփել մինչեւ որ ջուրը ներծծուի։

ԳԻՆԻՈՎ ՁՈՒԿ. կտրատուած ձուկը շարել կաթսային մէջ, դնել սեւ պղպեղի ու պահարի հատիկներ, կասիայի փայտիկ, դափնուտերեւ, թարմ գինձ, սոխ ու սխտոր։ Վրան լեցնել գինի ու եփել, մինչեւ որ ներծծուի ամբողջութեամբ։

ԿԱԹՆԱՀՈՒՆՑ. խմորը շաղելու համար՝ գաւաթ մը գաղջ կաթի մէջ լուծել 1 ապուրի դգալ թթխմոր։ Առանձին ամանի մը մէջ խառնել կէսական գաւաթ իւղ, շաքար, 3 հաւկիթ։ Աւելցնել թթխմորը, ապա 3.5 գաւաթ ալիւր։ Ըստ ցանկութեան օգտագործել բուրաւէտ համեմունքներ՝ հիլ, կասիա, մեխակ, մահլեպ, անիսոն։ Շաղել, ձգել որ հանգչի քանի մը ժամ։ Խառնել ընկոյզ ու չամիչ։ Պատրաստել հիւսկ, վրան հաւկիթ քսել, ցանել շուշմայ ու թխել։

ԹԻՐԻԹ. հաւկիթները խաշել։ Պաղելէ վերջ կտրատել, վրան լեցնել մանրուած ազատքեղ ու կանաչ սոխ։ Ցանել կարմիր պղպեղ ու քիմիոն։

ՊԱՆՐԸՀՈՒՑ. կաթնաշոռը համեմել՝ աւելցնելով եօթ համեմունք. կասիա, ծոթրին, կարմիր պղպեղ ու լոլիկի մածուկ։ Խառնել մանրացած սոխ ու ձէթ։ Տարածել հացի խմորի վրայ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020