ՀՈԳԻԻ ՅԱԳԵՑՈՒՄ

Ամէն անգամ Տէրը իմ հաւատքի զօրութիւնը կը չափէ փորձութիւնով մը: Ամէն անգամ ես կը կտրուիմ իմ այդ քննութենէն: Փառքդ շատ Տէր Աստուած: Տկարութեան մէջ նոյնիսկ կը գոհանամ Տիրոջմով: Շնորհապարտ կ՚ըլլամ ինծի ընծայած հնարաւորութիւններուն համար:

Շնորհապարտ եմ Տէր իմ՝ ի ցոյց դնելու համար իմ սեփական փոքրոգութիւնը, իմ բոլոր թերութիւններով ու տկարութիւններով հանդերձ: Ամէն անգամ քննութիւններուն չեմ յաջողիր, կամ դժուարութեամբ կ՚անցնիմ յաջորդ փուլ: Կը զգամ՝ նիւթապաշտութիւնը, շահը, մորթապաշտութիւնը, բարկութիւնը, անհանդուրժողութիւնը արմատացած են իմ մէջ: Անոնցմէ ազատիլը խրթին է ու ժամանակատար: Ասոնցմէ նիւթապաշտութիւնը եւ շահամոլութիւնը սկսած են տեղի տալու: Շուտով պիտի յաղթանակեմ այս երկուքին:

Տիրոջ հետ ունեցած իմ զրոյցներու՝ աղօթքներու ընթացքին կը զգամ, թէ կ՚առաջնորդուիմ իմ սեփական շահով: Այսինքն Տիրոջմէ շահ մը կը փնտռեմ, կը սպասեմ: Սակայն մեծագոյն փափաքս է, հասնիլ բաղձալի օրուան՝ զԱստուած սիրել, անշահախնդիր եւ ուրախ սրտով աղօթել մեր Տիրոջ: Նմանիլ Բարձրեալին, ապրիլ Տիրոջ կամքով ու Անոր պատուիրաններուն համաձայն: Կարծես այս ճանապարհը անհաս է ու դժուարամատչելի, սակայն այն իմ նպատակն է: Անդադար իյնալով կը փորձեմ շարունակել իմ ուղին, յաճախ ճամբու կէսին դադար առնելով, հանգչելով: Իւրաքանչիւր պարագային չեմ ընկրկիր, կը շարունակեմ: Իմ կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մին կը համարեմ՝ երկիւղի զգացումը Տիրոջ նկատմամբ ու Անոր վստահիլը:

Յիրաւի, տակաւին չեմ կրնար փորձութիւններուն դիմանալ, ամէն անգամ կը ձախողիմ: Մինչդեռ. «Փորձութիւնը չարիք մը չէ, այլ բարիք: Այն լաւը կը դարձնէ լաւագոյն: Այն հնոց մըն է ոսկիի հարստացումի համար: Այն աղաց մըն է ցորենի կարծր հատիկները աղալու համար: Այն կրակ մըն է, որ կ՚ոչնչացնէ փուշն ու տատասկը, որպէսզի հողը դարձնէ ընդունակ՝ ընդունելու բարի սերմերը», (Ս. Յովհան Ոսկեբերան):

Վերջերս ալ անդադար վրիպելով եկայ այն համոզումին, թէ. «Աւելի զգուշութիւն պէտք է փոքր չարիքներու՝ քան մեծերու հանդէպ: Քանզի, երբ մարդիկ կը տեսնեն, թէ վտանգը մեծ է ու մահաբեր, կը փնտռեն հնարներ ու կ՚ազատին վտանգէն: Իսկ երբ կը տեսնեն, թէ փոքր է, զայն կը համարեն չնչին ու անվնաս բան մը եւ հոգ չեն ըներ այդ մասին: Այդ պատճառով ալ կ՚ենթարկուին անոնց ու կը վնասուին:

«Ուստի, խոհեմ մարդը ո՛չ լիովին պէտք է ըլլայ վստահ, ո՛չ ալ խիստ կասկածամիտ: Այլ պէտք է ունենայ միջին զգուշաւոր շաւիղ մը: Քանզի վստահը յաճախ կ՚իյնայ վտանգներու մէջ, իսկ կասկածամիտը մշտապէս կը տանջուի վտանգի երկիւղէն», (Իմաստուններու խրատներէն):

Երբեմն ալ, երբ կը պարծենամ, ես զիս դիմացինէս բարձր կը դասեմ, կամ ինքզինքս առաւել խելացի, բանիմաց ու իմաստուն կը համարեմ, այսինքն ներքուստ կը հպարտանամ, անմիջապէս կը պարտուիմ: Չէ՞ որ հպարտութիւնը պարտութիւնն է. «Մի՛ խորհիր, թէ աւելի զօրեղ ես՝ քան միւսները: Եւ մի՛ խորհիր, թէ պիտի ընէիր մեծամեծ գործեր, եթէ միայն քեզի տրուէր իշխանութիւն, կամ եթէ ըլլայիր ուրիշներու տեղը: Դուն այդքան ալ զօրեղ մը չես, եղբա՛յրս: Զայն պարզապէս երազ մըն է կամ թերեւս սնապարծութիւն մը, քանզի իրականութեան մէջ դուն տկար մըն ես:

«Գուցէ, եթէ ըլլայիր այդ մեղաւորներու փոխարէն, անոնցմէ աւելի շատ մեղք պիտի գործէիր ու պիտի դրսեւորէիր աւելի շատ տկարութիւն:

«Եթէ դուն անցեալին յաղթանակեցիր կամ այժմ կը յաղթանակես, այդ քու ներսի մէջ Աստուծոյ ներկայութեան շնորհիւ է, ո՛չ թէ քու զօրութեան:

«Ուրեմն, եղիր Տիրոջ հետ ու յիշէ, որ Աստուած պիտի չուզէ ըլլալ քեզի հետ, քանի դեռ կը պաշտես ինքզինքդ Անոր փոխարէն: Միայն մէկը պիտի գործէ՝ Տէրը կամ դուն:

«Իրականութեան մէջ Աստուած է, որ կը գործէ, եւ դուն ոչինչ ես Անոր քով: Եւ պարզապէս կեցած, զարմանքով կը դիտես Տիրոջ գործերը: Սակայն եթէ կը կարծես, թէ այդ դուն կը գործես, եւ այդ ընելու համար ունիս բաւականաչափ զօրութիւն, ուրեմն համոզուած եղիր, թէ զուր է այն, ինչ որ կ՚ընես ու պիտի ձախողիս:

«Այս փուշ ու տատասկ բուսցնող աշխարհին մէջ ճիշդը քեզ տկար զգալն է եւ ամէն փորձութեան, մեղքի դիմաց ինքզինքդ տկար համարելը», (Սաղ. 123.2-3), Շնուտա Գ. Հայրապետ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2023