Անոյշ Էլպաքեան՝ Ամերիկեան Ազգային Հեռուստատեսային Ակադեմիոյ «Էմմի» Մրցանակակիր

Նո­րու­թիւն­նե­րու ակ­նա­ռու լու­սա­բան­ման՝ «Կարճ վա­ւե­րագ­րա­կան նիւթ/ֆիլմ» ա­նուա­նա­կար­գին մէջ Ա­մե­րի­կեան ազ­գա­յին հե­ռուս­տա­տե­սա­յին ա­կա­դե­միոյ՝ «Նոր Անգ­լիա Էմ­մի» մրցա­նա­կը (New England Emmy Awards - Outstanding News Report - Serious Feature) վեր­ջերս շնոր­հուած է 25-ա­մեայ Ա­նոյշ Էլ­պա­քեա­նին: Ան նա­խա­պէս ստա­ցած է եր­կու այլ հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նակ եւս:

Ա­նոյշ Էլ­պա­քեան մաս­նակ­ցած էր «Պոս­թըն Կլոպ»ի Պոս­թը­նեան մա­րա­թո­նի ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու եւ հե­տե­ւանք­նե­րու լու­սա­բան­ման, ո­րուն հա­մար խում­բին հետ միա­սին ար­ժա­նա­ցած է Փու­լիցէրեան մրցա­նա­կի, ինչ­պէս նաեւ ստա­ցած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Առ­ցանց նո­րու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան (Online News Association)՝ առ­ցանց լրագ­րու­թեան մրցա­նա­կը (Online Journalism Award)՝ հ­րա­տապ նո­րու­թիւն­նե­րու լու­սա­բան­ման հա­մար: Ա­նոյշ Էլ­պա­քեան տա­սը տա­րե­կան էր, երբ Հա­յաս­տա­նէն մեկ­նած ու ու­սա­նած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Սա­ֆոլք հա­մալ­սա­րա­նին մէջ (Suffolk University):

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016