«ԽԱՏՈՒՏԻԿԻ ԳԻՆԻ»

Տասն օրէ ի վեր ամառ է: Շատերուն կողմէ սպասուած ամառը այս տարի շատ անշուք, տխուր եւ անգոյն մտաւ մեր կեանքը: Բոլոր պատկերները խամրած են: Չենք լսեր մեծ ու փոքր հրապարակներու շատրուաններուն անուշ ձայնը, շատրուաններէն դուրս ցայտող ջուրերով խաղացող մանուկներն ալ չկան, քաշուած են տուները, պզտիկ բակերը… Մռայլ հանդերձ ստացած են նաեւ գիւղերը: Տխրութիւնը խիտ գոյներով կը հալչի քաղաքի տաք մայթերուն վրայ եւ այդ մէկը ուղղակի տեսանելի է: Ժամանակ առ ժամանակ կը սուրան ոստիկանութեան ինքնաշարժները, որոնց մէջէն բարձր ձայնով կը յայտարարուի, որ երկրին մէջ համաճարակ կայ եւ յորդորներ կը կարդացուին համաճարակին պարտադրած կանոններուն հետեւելու համար: Ոստիկանութեան ինքնաշարժներու ձայներուն կը խառնուին շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու շչակները…

Կորսուած գարունէն ետք կորսուած ամառ մը ունենալու հեռանկարին առջեւն ենք…

Այս օրերուն, տունը մեկուսացուած ըլլալով, պատահական գիրք մը առի գրադարանէս՝ սպասումի օրերը ձեւով մը սպաննելու եւ իրականութենէն կտրուելու համար, բայց գիրքը կարծես այնքան ալ պատահական չէր: Ան ամբողջովին սրեց կորսուած ամառուան եւ այս օրերուն հետ կապուած բոլոր զգացողութիւնները:

Ամերիկացի նշանաւոր գրող Ռէյ Պրետպըրիի «Խատուտիկի գինի» գիրքն է, որ հայերէնի թարգմանուած է 2016 թուականին՝ «Անտարէս» հրատարակչութեան «Օտարագիր գրողներ» մատենաշարով (թարգմանիչ՝ Զաւէն Պոյաճեան):

Այս գիրքը ամերիկացի վիպագիրը գրած է 1957 թուականին. ժամանակին ան մեծ աղմուկ հանած, տարածուած եւ շատ թարգմանուած գիրք մը եղած է, եւ ահաւասիկ, հայերէնով ալ դրուած է մեր սեղաններուն: «Խատուտիկի գինի» վէպը իր բնոյթով, նիւթով կ՚առանձնանայ Պրետպըրիի գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ, քանի որ գրողին անձնական վերապրումներն են, որոնք կազմած են այս գիրքին հիմքը։ Պրետպըրին գրած է բազմաթիւ այլ վէպեր, որոնք նոյնպէս նոյն հռչակն ու տարածումը գտած են: Անոր գործերէն հայերէնի թարգմանուած են նաեւ «Մարսեան ժամանակագրութիւնը» եւ «451 աստիճան ըստ Ֆահրենհայթի» նշանաւոր գործերը: Անցեալ դարու եւ մեր ժամանակներու ամենանշանաւոր գրողներէն մէկը ըլլալով, Պրետպըրիի գործերը պէտք է թարգմանուէին հայերէնի եւ հայ ընթերցողը անմասն պէտք չէ մնար այն իմաստասիրութենէն, գեղարուեստական բարձր մտածողութենէն, որ ստեղծած է ամերիկացի գրողը: Կեանքէն հեռանալով 2012 թուականին՝ բեմագիրը եւ գրողը իր մահէն ետք բնորոշուած է մէկը, որ գրականութեան բերած է գիտական պատրանքը, քմախորհուրդն ու երեւակայութիւնը: «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը գրած է, որ ան է պատասխանատուն՝ գիտական երեւակայութիւնը գրականութիւն ներմուծելու քայլին մէջ: Ճիշդ այս նիւթով ալ շարադրուած է «Խատուտիկի գինի» հրաշալի գիրքը, որուն ամէն մէկ էջը ապրեցնող է եւ կարծես կում-կում ըմպելով անծանօթ հեղուկ մը՝ ամրան զգացողութիւններու վերադարձին մէջ ապաքինումի եւ վերապրումի ճամբուն կը գտնուիս… Իսկ մենք բոլորս այս օրերուն ապաքինումի անհրաժեշտութիւն ունինք՝ մարմնով եւ հոգիով:

Վէպին հերոսներուն մեծ հայրը ամէն տարի ամրան խատուտիկէն՝ կռաբանջարէն գինի կը շինէ։ Երբ գինին պատրաստ կ՚ըլլայ, անոր թոռը՝ Տուկլասը կը մտածէ, որ գինին կը պահպանէ զինք։ Ապրելու, կենարար հեղուկ մը միշտ ունենալու անհրաժեշտութիւնն է դեղին խատուտիկ բոյսին այդ գինին՝ աներեւակայելի եւ հազուագիւտ բան մը… Բայց ճիշդ այդ հազուադէպն է, որ անսպասելի պահու մը կը յայնտուի եւ կում-կում կը լեցնէ կեանքդ: Խատուտիկի գինին վէպին հերոսները խորհրդանշական կերպով փրկող հեղուկն է:

Հակառակ երեւակայական պատկերներուն, մեծ մասամբ ինքնակենսագրական է այս գիրքը, որուն իրադարձութիւնները կը կատարուին 1928 թուականի ամրան՝ գրողին կողմէ յօրինուած քաղաքին՝ Կրին Թաունի մէջ (Իլինոյի նահանգ)։ Քաղաքին նախատիպը Միացեալ Նահանգներու Իլինոյ նահանգին Ուոկիկան քաղաքն է (Ռէյ Պրետպըրիի ծննդավայրը)։ Գրողին խօսքով, այս գիրքը իր պատանեկան տարիներուն խատուտիկներուն բերքահաւաքն է… Մտացածին գաւառական այս քաղաքին մէջ առաջին պահուն իսկ ընթերցողը ականատես կ՚ըլլայ հիանալի տեսարաններու եւ կ՚ընկղմի մանկութեան ամառուայ տաք ու խայտաբղէտ գոյներուն մէջ, երբ կեանքը միշտ ամառուայ պէս երկար, անհոգ եւ գունաւոր կը թուի: Խատուտիկի գինին հաւատքի, յոյսի պատմութիւն է, որ կը պատմեն գիրքին հերոսները, հասցնելով այն միտքին, թէ մանկութիւնը մարդու կեանքին ամենակարեւոր շրջանն է:

Այդ մտացածին քաղաքին մէջ ապրող հերոսները բազում են, բայց անոնցմէ հիմնականը Սպոլթինկ եղբայրներն են՝ 12 տարեկան Տուկլասն ու անոր 10 տարեկան եղբայրը՝ Թոմը: Անոնց հետ են նաեւ իրենց դրացիները, բարեկամները, ծանօթներն ու ընկերները… Գաւառական այդ քաղաքին մէջ շնչելու շատ օդ կայ, բնութեան մէջ շինուած են տուները, որոնք բնակիչներուն հնարաւորութիւն կու տան անվերջ բնութեան մէջ ըլլալու: Քաղաքին մէջ արեւը իսկական ամառուայ արեւն է, անտառը փարթամ է, գեղեցիկ, դաշտերուն մէջ հասկերը քամիի շարժումներուն հետ աջ ու ձախ կը դառնան եւ խինդով կը լեցնեն մարդուն հոգին: Անձրեւն ալ միշտ թարմ է ու հաճելի: Դժուար է երեւակայել աւելի թարմ ու հաճելի տեսարան մը, քան ամրան անձրեւը՝ մաքուր բնութեան մէջ: Անձրեւէն ետք կը ծղրտան ծղրիթները:

Պրետպըրին իր այս գիրքին մէջ կը նկարագրէ յաւիտենական բնութեան եւ մահկանացու մարդուն հակադրութիւնը եւ կը բանայ շերտեր, որոնց մասին ամէն օր չենք մտածեր, բայց կեանքին անցողիկութեան դաժան պատկերը թաքնուած է ամէն մարդու հոգիին մէկ անկիւնը: Այս գիրքը կը յիշեցնէ այդ մասին: Որքան հետաքրքրական զգացողութիւններ ունին գիրքին պատանի հերոսները, նոյնքան ալ հետաքրքրական են տարեց հերոսներուն ապրումները: Այդ քաղաքին տարեց հերոսներուն ճակատագրերը նկարագրելով հեղինակը կը մատնանշէ, որ իւրաքանչիւր տարեց մարդու մէջ մանուկ մը կայ:

-Ո՜վ կը մտածէր,- ըսաւ տիկին Պենթլին՝ դիմելով թէյի նուրբ վարդանախշ գաւաթին:- Ոչ ոք երբեք կը կասկածի, որ ես ժամանակին աղջնակ եղած եմ: Ի՜նչ անմիտ, ահաւոր բան: Ես չեմ սրտնեղիր, որ ծերացած եմ… ոչ, բնաւ, բայց մանկութիւնը ինձմէ խլելը շատ վիրաւորական է,- ահաւասիկ Պենթլի մեծ մօր մտորումներէն: Ան նկուղէն կը բերէ շիշերու մէջ հաւաքուած խատուտիկի գինին: Պատահական չէ, որ հեղինակը մեծ մօր ձեռքը տուած է գինին: Եթէ ամառը ներկայ կեանքը կը խորհրդանշէ, ապա գինին կարծես կեանքին համն է՝ շիշերուն մէջ ապահով լեցուած եւ նկուղը պահուած: Այս մէկն ալ անցեալի եւ ներկայի, անցողիկի եւ յաւերժականի կապն է, որ հեղինակը նուրբ կերպով կը նկարագրէ:

«Եւ այդժամ, հանց ամրան աստուածուհի, նկուղէն կը բարձրանայ մեծ մայրը՝ ձեռագործ շալի տակ ինչ-որ բան թաքցնելով։ Ան հիւանդներէն իւրաքանչիւրին սենեակ կը բերէ այդ ինչ-որ բանը, գաւաթներուն մէջ կը լեցնէ բուրաւէտը, թափանցիկը եւ գաւաթները կը պարպուին մէկ շունչով»։

Մեծ մայրը անցնող կեանքի պատկերն է այս պահուն եւ ձմրան շունչը՝ ձեւով մը. երբ տունինները հիւանդ կ՚ըլլան, ան ամրան պատրաստուած կենարար հեղուկը կը բերէ եւ կը բուժէ զանոնք: Թոմն ու Տուկլասը կը յիշեն, թէ իրենք էին, որ ամրան կը հաւաքէին խատուտիկի ծաղիկները, մեծ հայրը կը ճզմէր մամլիչով, կը հանէր հիւթը եւ կը պատրաստէր այդ զարմանալի գինին, որ նեղ օրերուն բուժիչ կը դառնայ:

Իսկ ուրկէ՞ յառաջացած է դեղին կաթուկ խատուտիկի գինի շինելուն գաղտնիքը: Մեծ հայրը զայն գտած է հին լրագրի մը խունացած էջերուն մէջ: Ահա եւս անցեալէն սնուելու, անցեալը իբրեւ մեծ արժէք ներկայի մէջ տեղաւորելու իմաստուն քայլ մը: Եւ որքան գաղտնիքներ եւ կախարդանքներ կան թաքնուած անցեալին մէջ, որ նոր սերունդը պիտի պեղէ եւ իր այս նոր կեանքին համար բանաձեւեր գտնէ: Այս մէկը նոյնպէս հեղինակին փիլիսոփայութիւններէն է, որ կայ գիրքին մէջ:

Անցեալին փորձը՝ իմաստութիւնը երբեք պէտք չէ կորսուի, անիկա այսօր աւելի անհրաժեշտ է մարդկութեան ու այս առումով Պրետպըրիի այս գիրքը անկրկնելի դասերու եւ պատգամներու հատոր մըն է: Վէպին մէջ կայ հերոս մը, որ մանգաղով խոտ հնձելը չարչարանք կը նկատէ: Ան կու գայ եւ խատուտիկի գինի պատրաստող տարեց մարդուն կը յորդորէ խոտ մը աճեցնել, որ նոր խոտ մըն է, շատ չ՚երկարիր եւ մանգաղով հնձելու կարիք ալ չկայ: Սակայն գինեգործը կը խենթանայ: Չէ՞ որ այդ նոյն այգիին մէջ նաեւ իր խատուտիկները կ՚աճին եւ անոնք կեանք կ՚առնեն խոտին քսուող գերանդիին նուրբ ձայնէն, միշտ այդպէս եղած է եւ այդպէս աճած են ամենահիւթեղ դեղնածաղիկները եւ անոնց գինին ամենաբուժիչը եղած է: Յամենայնդէպս այդպէս հաւատացած է գինեգործը եւ իր ողջ ընտանիքը: Այս մէկը գիտութեան յառաջընթացի եւ կեանքի զգացողութիւններու հակասութիւնն է: Գիտութիւնը նորամուծութիւններ կը բերէ մարդուն կեանքին՝ կարճ խոտեր յօրինելով, բայց այդ մէկը նոյնը չէ, ինչ որ գերանդիով հնձուող խոտը եւ այդ խոտէն բարձրացող անուշ բոյրը: Խատուտիկներն ալ կը ժպտին այդ տեսարաններուն:

Գիրքին մէջ անշուշտ կան նաեւ կորուստներ, որ անխուսափելի են, դառն փորձութիւնները կը պատեն գիրքին հերոսները, բայց այդ մէկը կեանքն է, որուն պէտք է պատրաստ ըլլալ եւ միշտ յիշել ամրան անցողիկութիւնը: Կայ վախը, որ կ՚ապրին հերոսները՝ ունեցածը կորսնցելու առումով:

Գիրքին մէջ ամառը, այդքան գեղեցիկ նկարագրուած, կեանքի տեւողութեան խտացումն է. յունիսը պատանեկութիւնն է, յուլիսը՝ միջին տարիքը, իսկ օգոստոսը, երբ կը շինուի խատուտիկի գինին՝ ծերութիւնը: Այս գիրքը կարօտաբաղձութեան մասին է ի վերջոյ: Ահա թէ ինչո՞ւ ամէն մարդու սրտին կը խօսի, իսկ ժամանակակից մարդը այսօր ամենաշատը կարօտաբաղձութենէ կը տառապի եւ որպէսզի դիւրին անցնի այդ ցաւը, պէտք է ընթերցել այս գիրքը եւ պատկերացնել խատուտիկին կախարդական գինին ու իր բուժիչ կենարար ուժը:

Պրետպըրին մեծ գրողի վայել վարպետութեամբ կրցած է մտնել հոգիին խորքերը, բանալ հոն՝ յիշողութեան մառաններուն մէջ պահուած համերը եւ մատուցանել:

ԳԻՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Խատուտիկի գինին, անշուշտ, Պրետպըրիի երեւակայութեան արդիւնքն է: Այդ մէկը աշխարհի մէջ տակաւին չշինուած գինի մըն էր, մինչեւ այն օրը, երբ հայաստանցի դիւանագէտ Գագիկ Թամազեան, կարդալով վէպը որոշած է պատրաստել այդ անսովոր խմիչքը: Երեք տարուայ անյաջող փորձերէն ետք, ան ի վերջոյ, օր մը ստացած է խատուտիկի իսկական գինի: Ան գիրքը կարդալով, որոշած է գնել խատուտիկի գինի նուէր տալու համար, կարծելով, որ իսկապէս կայ այդպիսի գինի մը: Փնտռելէ եւ տեղ մը չգտնելէ ետք, ինք նախաձեռնած է զայն պատրաստելու գործին: Հարազատները տեսած են, որ դաշտերէն շարունակ խատուտիկ կը հաւաքէ, բայց չեն մտածած, թէ ինչի՛ պիտի գործածէ:

Գագիկ Թամազեան խատուտիկները մայիսին կը հաւաքէր Արագածի լանջէն: Հաւաքած խատուտիկը կը լեցնէր ապակեայ տարայի մէջ, մեղր եւ այլ նիւթեր կը գործածէր: Իր գործածած միջոցը քիչերուն յայտնի է, բայց Գագիկը արդէն ձեռք ձգած է գինին վաճառելու իրաւունքը:

Պրետպըրիի նկարագրած գինին, ուրեմն, աշխարհի մէջ այդքան յայտնի ըլլալով, առաջին անգամ Հայաստանի մէջ պատրաստուեցաւ: Գագիկ Թամազեան գինի կը պատրաստէ նաեւ պանանով, նարինջով, նպատակ ունի նաեւ պատրաստել մանուշակով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2020