ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ (1) ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ

Վերջերս Հայաստանի մէջ քաղաքական օրակարգը ստացած է նոր թափ։ Ամէն մարդ կը խօսի քաղաքականութենէ, մեկնաբնութիւններ կ՚ընէ։ Թէպէտ վերլուծբանները թիւով սահմանափակ են, սակայն ամէն ոք կը զբաղի վերլուծութեամբ։ Այսօր, որպէս հասարակ քաղաքացի, ես նոյնպէս որոշած եմ անդրադառնալ քաղաքական անցուդարձին, մասնաւորապէս մեր նախկին ու նոր ղեկավարներուն։

Հայաստան աշխարհի ազգաբնակչութիւնը բաժնուած է երեք թեւերու. մարդիկ՝ որոնք կուրօրէն կը հաւատան, կը վստահին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ կը հիանան ներկայ իշխանութեամբ։

Երկրորդ խումբը նախապատուութիւնը կու տայ նախկիններուն, իսկ երրորդները՝ կը փափաքին փոփոխութիւն, նորարարութիւն։ Իսկ ո՞ր խումբին կը յարիմ ես։ Սա հարցին պատասխանը գտնելու համար կը նախընտրեմ անցեալը փորփրելով հասնիլ ներկային։

1991 թուականի սեպտեմբի 21-ին, Առաջաւոր Ասիայի հիւսիսային մասին՝ Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելքին գտնուող Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախանալէ վերջ ունեցաւ իր առաջին նախագահը՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը։ Այդ տարիներուն ես մանուկ էի, իբր այդ ալ, առաջին նախագահի կառավարման վերաբերեալ կը դժուարանամ կարծիք յայտնել։ Բաց աստի, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի մասին քիչ տեղեկացուած եմ։ Միակ բանը որ գիտեմ՝ արցախեան հիմնահարցի շուրջ անոր սխալ կողմորոշումն էր, ինչ որ ալ կարծեմ պատճառ հանդիսացաւ մեր առաջին նախագահի կարճատեւ պաշտօնավարման…

Առաջին նախագահին յաջորդեց Ռոպերթ Քոչարեանը՝ արցախցի, ան թողնելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը՝ ստանձնած էր Հայաստանի Հանրապետութեան առաջնորդի ղեկը։ Յիրաւի, սա մեծ պատիւ էր արցախահայութեան համար, որ իրենց հող ու ջուրէն սերած մէկը կը ղեկավարէ նորաստեղծ ու նորանկախ հայոց պետականութիւնը։ Պատիւ ըլլալէ զատ, արցախցին լիաթոք շունչ առաւ, վստահ ըլլալով, թէ հայկական երկու հանրապետութիւնները կը գտնուին վստահելի, ուժեղ ձեռքերու մէջ։

Պարոն Քոչարեանը մեծ դիւանագէտ է, քաղաքական գործիչ։ Ղեկավարման սկզբնական շրջանին մարդիկ գոհ էին իրենց նախագահէն, մինչեւ… Մինչեւ 1999 թուականի հոկտեմբերի 27-ը։ Խորհրդարանի շէնքին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով դժբախտաբար սպաննեցին ութ պետական գործիչներ, որոնց կարգին՝ Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիճեանն ու վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը։

Այս սահմռկեցուցիչ օրուընէ վերջ նախագահի նկատմամբ ժողովուրդի վերաբերմունքը վերանայուեցաւ։ Ռոպերթ Քոչարեան սկսաւ յաճախակի շեղիլ իր բռնած ճմարիտ ուղիէն։ Իշխանութեան ընձեռած փառքի փայլքին դիմանալը գրեթէ անհնարին է։ Օր ըստ օրէ մարդիկ սկսան դժգոհիլ, ասէկօսիլ նախագահէն։ Ինչպէս ժողովրդական առածը կ՚ըսէ՝ առանց կրակի ծուխ չ՚ըլլար…

Մինչեւ այսօր ալ կը պնդեն, թէ նախագահը ահռելի կարողութեան տէր է։ Հայաստանի եւ անոր սահմաններէն դուրս երկրորդ նախագահի ընտանիքին կը վերագրեն անթիւ-անհամար հարստութիւն, նոյնիսկ մասնաւոր կղզի մը աշխարհի մէկ անկիւնին։ Չեմ գիտեր այս ամէնը յերիւրա՞նք է, թէ՞ իրողութեան մաս մը։

Եւ այսպէս, Ռոպերթ Քոչարեանի անունը մարդիկ բազմիցս սեւ թանաքով գրած են, սակայն ոչ երբեւէ անոր ընտանիքինը։

Գուցէ եւ նախագահը պետական կառավարման մէջ թերացած է, սակայն ոչ իր երեխաներու դաստիարակութեան ընթացքին։ Տէր եւ տիկին Քոչարեանները դաստիարակած են օրինակելի զաւակներ, որոնք ամէնուր կը փայլին իրենց խելքով ու քաղաքավարութեամբ։ Անոնք, որոնք երբեւէ առընչուած են նախագահի երեք երեխաներուն հետ, միմիայն դրուատիքով կ՚արտայայտուին Սեդրակի, Գայիանէի ու Լեւոնի մասին։ Չափազանց խոհեմ, դաստիարակուած, հայրենասէր, կիրթ, բարեհամբոյր ու ազնուազարմ երիտասարդներ են…

Այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահը կը գտնուի կալանավայրի մէջ։ Անոր դէմ  առաջադրուած է մեղադրանք՝ 2008 թուականին այլոց հետ նախնական համաձայնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը տապալելու համար։

Ժողովուրդի համբերութեան բաժակը այլեւս յորդած է։ Ատելութենէ զատ ոչինչ կը զգան իրենց երբեմնի յարգարժան նախագահի նկատմամբ։ Մարդիկ կ՚ուզեն Ռոպերթ Քոչարեանը տեսնել ճաղերու ետեւ։ Ոչ մէկ ձեւով կը փորձեն ներել իրենց երկրորդ նախագահը։ Ժողովուրդի յիշողութենէն սրբուած են պարոն Քոչարեանի բոլոր ձեռքբերումներն ու նուաճումները։ Այն որ հայկական երկրորդ հանրապետութիւն ունենալու համար մեծաւ մասամբ պարտական ենք այդ մեծ քաղաքական գործիչին։ Միջազգային ու դիւանագիտական հարթակներու մէջ անոր բացառիկ հմտութիւններու շնորհիւ արձանագրած ենք յաջողութիւններ…

Ըստ իս, ատելութիւնը կուրացուցած է մարդոց աչքերն ու հոգիները։ Պէտք չէ այսքան խիստ քննադատել մեր ժամանակակից հերոսներն եւ առաջնորդները։ Բաց աստի, Ռոպերթ Քոչարեան այլեւս կրած է իր պատիժը. երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի կալանավայրի մէջ։ Ժամանակն է, որպէսզի ներենք պարոն Քոչարեանը։ Թողնենք, որ երկրորդ նախագահի զաւակներն ու թոռները վայելեն իրենց հօր, մեծ հօր քաղցրութիւնն ու ներկայութիւնը, իսկ մենք շարժուինք յառաջ՝ կերտելով մեզի ու մեր գալիք սերունդներուն համար հզօր Հայաստան։

Աստուած կ՚ըսէ՝ ներէ՛, որ ներուիս…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2020