«ՔԱՅԼ ԴԷՊԻ ՏՈՒՆ»Ը ՍԿՍԱՒ

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որով սկիզբ առաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ծրագրի պատասխանատու Հայկ Ենգիբարեան յայտնեց, որ այս նախագիծը ստեղծուած է նախարարութեան կողմէ անցեալի մէջ յառաջ տարուած «Արի տուն» եւ «Ամառնային դպրոց» ծրագրերու համատեղումով։ Սոյն ծրագիրը նախատեսուած է 13-21 տարեկան պատանիներու եւ երիտասարդներու համար։

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հաւաքոյթի մասնակիցները շնորհաւորեց յեղափոխուած, նոր Հայաստանի մէջ գտնուելու առթիւ։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018