ԱՀԱՒԱՍԻԿ ԳԻՐԿԴ ԵՄ

Բարեւ:

Ես եկայ:

Կը ներես, քիչ մը ուշացումով, սակայն եկայ:

Գիտեմ՝ դուն անհամբերութեամբ կը սպասես քու իւրաքանչիւր զաւկի վերադարձին:

Կը տեսնեմ, թէ վէրքերդ կը սպիանան կամացուկ-կամացուկ, սակայն մակերեսայնօրէն:

Տարի մը ութ ամիս, առանց քեզի... դիւրին չէր: Ինծի համար դիւրին չէր պատկերացնել նաեւ մեր առաջին հանդիպումը: Ինծի կը թուէր՝ կրնամ ցնորիլ: Գիտես քանի՞ անգամ մտովի պատկերացուցած եմ մեր առաջին հանդիպումը: Ցաւէն արցունքները կը սեղմէին կոկորդս. չէի դիմանար:

Ինչպէս նաեւ չէի դիմանար, նոյնիսկ լիաթոք չէի շնչեր առանց քեզի: Քեզմէ հեռու ես՝ ես չեմ: Պարզապէս իմ ստուերն է, որ կը պտտի: Հիմա ես կամ, կը շնչեմ: Վիրաւոր գիրկիդ մէջ ինքզինքս կը զգամ հանգիստ ու ապահով: Իմ խօսքը հոգիի բաւարարուածութեան մասին է: Երէկ հեռուէն՝ Շուշիի կողմէն իմացայ պայթիւնի հուժկու ձայն մը: Նորէն կրակեցին: Ոչ մէկ վայրկեան կ՚ուզեն մոռնանք իրենց ներկայութեան մասին: Կը յիշեցնեն յաճախ: Զուր են ձեր ջանքերը: Այլեւս վարժուեցանք ձեր անկոչ ներկայութեան: Որքան շատ կը հնչեն կրակոցներ ու թնդանօթի ձայներ, այնքան մեր յոյսը բարձր կ՚աղաղակէ. Համբերեցէք, հաւատացէք՝ այս ամէնը ժամանակաւոր է: Փորձութիւն մըն է, որ եկաւ ու պիտի անցնի:

Երէկուայ կրակոցը նոյնպէս հրանօթէ կամ թնդանօթէ էր:

Երկու օրով եկայ քեզի այցելութեան, սակայն ոտքերս այլեւս չեն յառաջանար: Կ՚ուզեմ մնալ քու գիրկի մէջ եւ այլեւս չհեռանալ: Ախր ես ինչպէ՞ս կրնամ ապրիլ առանց ինձ. իմ հոգին, իմ սիրտը այստեղ է: Երբեք չկրցայ զայն քեզմէ պոկել: Քանի մը օր աւելի պիտի մնամ:

Ժամանումէս քանի մը օր առաջ մատնուած էի տուայտանքներու: Մեր հանդիպումը կը սարսափեցնէր զիս: Ցաւէն կ՚երկիւղէի: Երբ միացաւ հանրաշարժի շարժիչը, իմ յոյզերը դարձան անկառավարելի: Ամէն կերպ կը փորձէի զսպել արցունքներս: Սակայն անոնք անսանձ կերպով կը գլորէին իմ այտերն ի վար: Այլեւս պիտի պայթէր սիրտս...

Աղօթքը զիս փրկեց: Ամբողջ ճանապարհի ընթացքին արտասանեցի մեր Տէրունական աղօթքը: Կ՚աղաչէի Տիրոջը՝ ուժ տայ ինծի դիմանալու այս ցաւին, մնալ անկոտրուն: Ի ուրախութիւն ինձ՝ աղօթքներս հասան տեղ: 300 քիլօմեթրնոց ճանապարհը յաղթահարեցի դիւրութեամբ: Սահմանը հատելէ վերջ իմ առջեւ սփռուեցաւ կարկատած, ծուէն-ծուէն եղած հայրենիքս: Կարկատաներդ միայն յոյս է, որ զիս ներշնչեց. այստեղ Հայաստան է:

Իմ քրքրած հայրենիք շատ չես փոխուած: Ամիսներու ընթացքին զաւակներդ սրբեցին պատերազմի հետքերը: Միայն փոխուած է բնութիւնդ: Շատ տխուր է: Գիտեմ, որ պատճառը կիզիչ արեւը չէ: Առաջին անգամ չէ, որ Արցախ աշխարհը կ՚ունենայ այսքան տաք ամառ: Երբ կը փորձեմ քեզի հետ մնալ մեն-մենակ, կ՚իմանամ լացիդ ձայնը, ծանր հառաչանքներդ ու տնքոցներդ...

Թէկուզ վիրաւոր՝ դուն կաս: Այս է իմ մեծագոյն սփոփանքը: Բաց աստի, բոլոր վէրքերն ալ օր մը անպայման կը բուժուին: Կ՚ուզեմ մոռնալ կատարուածի մասին ու վայելել քեզ: Աչքերս գոցել ու խորունկ շնչել քու մաքուր օդը, զգալ քեզ, յիշել քու գիրկի մէջ անցուցած իմ ամէն մէկ երջանիկ վայրկեանը: Արցախ՝ դուն սէր ես, ճառագայթող լոյս: Վստահաբար այստեղ՝ քու լեռներու մէջ, կը շնչէ, կը բնակի Աստուած: Զուր չէ, որ քեզ կը կոչեն դրախտավայր ու սրբավայր:

Նորէն նստած եմ մեր տան պատուհանի դիմաց ու կը զմայլիմ քու սարերու գեղեցկութեամբ: Տխուր, բայց գեղեցիկ ու անառիկ: Առաջուայ պէս չեմ ցանկար հատել այս սարերը, բացայայտել աշխարհը, տեսնել Երեւանը: Կ՚ուզեմ մնալ սարերէն այս կողմ՝ քու գիրկի մէջ, վայելել խաղաղ գիշերներդ ու դիւթիչ լուսաբացերդ: Զարթուցիչի փոխարէն արթննալ աքաղաղի կանչէն, ճաշակել քու խորհրդաւոր ու խօսուն լռութիւնը, ի փոխարէն մեծ քաղաքներու աղմուկ աղաղակի, ինքնաշարժներու սուլոցի:

Արցախ, դուն պարզկայ լիճ մըն ես, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ տեսնել իր հոգիի արտացոլանքը: Այստեղ մենք կը հանդիպինք մենք մեզի, կը ճանչնանք ինքզինքնիս: Քու բոլոր զաւակներդ դժբախտ են առանց քեզի: Այդ դժբախտներէն մին իմ եղբայրն է, որ կը վախնայ քեզի այցելութեան գալ հեռաւոր Ռուսաստանէն.

-Իսկ, եթէ կարօ՞տը խեղդէ, այլեւս չկրնամ վերադառնալ...,- ինքզինքին կը հարցնէ Արայիկ:

Այս հարցը կը կրծէ շատերու հոգիները: Ոմանք չեն դիմանար, կը վերադառնան շուտափոյթ: Իսկ ոմանք ալ տխուր, տամուկ աչքերով կը փորձեն ընտելանալ նոր միջավայրին:

Քու կորուստի առաջին իսկ վայրկեանէն երաժշտութիւնը, երգն ու պարը դարձած են խորթ իմ ականջներու, հոգիի համար: Սակայն քանի մը օրէ ի վեր իմ հոգին կ՚երգէ.

Քեզի համար մի օր մենք կ՚ելլենք մարտի,

Խաչով ու զէնքով, որ բարին յաղթէ...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021