ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԱՍԻԼՎԱ ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ֆրանսահայ նկարչուհի Ասիլվա յառաջիկայ օրերուն ցուցահանդէս մը պիտի բանայ Երեւանի մէջ։ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը յառաջիկայ ամիս տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ եւ այդ գագաթաժողովին զուգահեռ նախատեսուած են բազմակողմանի ձեռնարկներ՝ տնտեսականէ սկսեալ մինչեւ գեղարուեստական բնոյթը։ Այս ամբողջին մէջ նախատեսուած է նաեւ Ասիլվայի ցուցահանդէսը, որ պիտի բացուի 2 հոկտեմբերին ու պիտի շարունակուի մինչեւ նոյն ամսուն 20-ը։ Պաշտօնական բացումը 4 հոկտեմբերի երեկոյեան նախատեսուած է՝ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան մասնակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Ասիլվայի ցուցահանդէսի կազմակերպչական ծրագրին մասնակցութիւն բերուած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ Յայտնի նկարչուհիի գործերը պիտի ներկայացուին «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնի մուտքասրահին։ Այս նախագծին կը սատարէ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոտ։ Ցուցահանդէսը ընդգրկուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ցուցակին վրայ՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի ծիրին մէջ։

Ցուցադրասրահին մէջ տեղադրուած պիտի ըլլայ Ասիլվայի 1.5x18 մեթր չափերով մէկ ստեղծագործութիւնը։ Ձմեռնային դահլիճի առաստաղէն այդ մէկը պիտի հասնի մինչեւ յատակ եւ պիտի յառաջանայ դահլիճի կեդրոնին գտնուող աւազանի կողքով։ 15 մեթր չափով այլ ստեղծագործութիւն մըն ալ կախուած պիտի ըլլայ դահլիճի երկրորդ յարկէն։ Այցելուները այդ գործը պիտի կարենան դիտել նայելով դէպի վեր։ Ասիլվայի այլ մեծադիր քանի մը գործերն ալ կախուած պիտի ըլլան թատրոնի մուտքին՝ միշտ բարձր դիրքէ ներկայանալով գեղարուեստասէրներուն։

Նկարչուհի Ասիլվա այս ցուցահանդէսի գրեթէ բոլոր գործերը նկարած է Երեւանի մէջ՝ Եզեկէլեան ընտանիքի բնակարանէն ներս, որ այս առթիւ վերածուած է աշխատանոցի։

Ցուցահանդէսի հրաւիրատոմսի զարդանկարը ստորագրուած է Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարութեան գլխաւոր տեսուչ Ժան-Քլոտ Մենուի կողմէ։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն օժանդակած է նաեւ հիւրընկալ թատրոնի տնօրէնութեան ներկայացուցիչ Աշոտ Վարդանեան։ Ներկայացուած գործերու շարքին պիտի ըլլայ նաեւ Ասիլվայի նկարներէն ներշնչուած «Արտագաղթ» կոչուած ստեղծագործութիւնը։

Հոկտեմբերի 13-ին, կէսօրուան ժամերուն, ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դաշնակահար Այտըն Ինանի նուագահանդէսը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018