ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐ - 1 -

ՎՐԱՅԷՆ ԿԵՐ…

Ուրեմն…

Երբ առաջին անգամ ժամանեցի Պոլիս, օր մը իմ ապագայ կեսուր մայրիկի՝ տիկին Քաթիայի հետ գացինք առեւտուրի։ Վիթխարի մեծութեամբ առեւտուրի կեդրոնը ծայրէ ծայր պտըտելէ վերջ անօթեցանք։ Յոգնատանջ, մեր բոլոր ուժերը սպառած որոշեցինք ճաշել։ Բարձրացանք առեւտուրի կեդրոնի վերնայարկը, ուր քով քովի շարուած էին զանազան ու զարմանազան ճաշարաններ ու սրճարաններ, արագ սնունդի սպասարկման կէտեր։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի բաւական ճաշակաւոր յարդարուած ցուցափեղկեր, որոնց մէջ ցուցադրած ուտելիքները ակամայ կը գրգռեն յաճախորդներու ախորժակը։

-Արեւիկ, մսաշոթ (լահմաճուն) ուտե՞նք։

-Հաճոյքով։

-Քանի՞ հատ կ՚ուտես։

-Մէկ հատ,- քիչ մը ամօթխած պատասխանեցի ես։ Անմիջապէս, իմ մտքի հորիզոնին ուրուագծուեցաւ մինչ այդ Հայաստանի մէջ համտեսած մսաշոթի պատկերը՝ միջին ու կլոր չափի, որ պզտիկ կը մնայ նախաճաշի պնակի մը մէջ։ Իմ ստամոքսը սկսաւ աղաղակելու, պատճառաբանելով, թէ մէկ մսաշոթով դժուար պիտի կշտանայ։ Ես զոհ դառնալով քաղաքավարութեան, ակնաթող ըրի իմ քաղցած ստամոքսի դժգոհութիւնը…

Քանի մը վայրկեան ետք, ահաւասիկ պատրաստ էր մեր մսաշոթը։ Երբ տեսայ մեր ուտելիքը, հաճելիօրէն անակնկալի եկայ։ Ան բնաւ չէր համապատասխաներ հայրենիքի մէջ իմ համտեսած մսաշոթի չափերուն։ Ոչ թէ կլոր, այլեւ հաւկթաձեւ ու երկար էր, այսինքն իմ կերածի գրեթէ եռապատիկը։ Ներքուստ հրճուեցայ, այսպէսով հաշտուեցանք ես ու իմ ստամոքսը։

Բաց աստի, մսաշոթին քովը, որպէս յաւելում կար պնակի մը մէջ շերտուած լոլիկներ, կանաչիներ՝ հազարաթերթ, ազատքեղ, ինչպէս նաեւ՝ սոխ, լեմոն եւ ուշադրութիւն՝ այդ օրը որպէս բացառութիւն, արագ սնունդի կէտը իր բոլոր յաճախորդները կը հիւրասիրէր՝ տուրմէ «փուտինկ»ով։ Ես ապշեցայ, իրարու հետ ի՞նչ կապակցութիւն ունին տուրմնէ «փուտինկ»ն ու մսաշոթը։ Պահ մը նոյնիսկ չվստահեցայ ինքզինքիս, խորհեցայ՝ «կրնայ ըլլալ սխալեցայ, սեղանին վրայ գտնուողը ոչ թէ տուրմ է, այլ ուրիշ բան մը»…

-Ի՞նչ է աս,- շուարած հարցուցի ես  տիկին Քաթիային։

-Շոքոլա,- պատասխանեց ան։

-Ինչ պիտի ընե՞մ,- առաւել շփոթած հարցուցի։

-Պիտի ուտես։

-Ինչպէ՞ս պիտի ուտեմ։

-Վրայէն կեր,- հանգիստ պատասխանեց իմ ապագայ կեսուր մայրիկը։

«Վրայէն կեր», արեւելահայերէնով, աւելի ճիշդ՝ արցախի բարբառով ես հասկցայ, թէ տուրմը պիտի քսեմ մսաշոթին վրան եւ ուտեմ։ Ես մատնուեցայ անել իրավիճակի մը։ Բնաւ չէի պատկերացներ մսաշոթի եւ շոքոլայի համադրումը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է երկուքը ուտել միասին։ Այդ տհաճ համադրումէն պահ մը նոյնիսկ վատթարացաւ ինքնազգացողութիւնս։ Սակայն, ընելիք բան մը չկար…

Դանակի մը օգնութեամբ փորձեցի տուրմը քսել մսաշոթին վրայ։ Երբ տիկին Քաթիան տեսաւ իմ տարօրինակութիւնը, քարացաւ զարմանքէն.

-Աղջիկս, ի՞նչ կ՚ընես։

-Վրան կը քսեմ։

-Ինչո՞ւ,- շուարած հարցուց ան։

-Դուք ըսիք վրայէն կեր, ես ալ վրան կը քսեմ, որպէսզի ուտեմ։

-Հոգիս ես ըսի վրայէն կեր, այսինքն մսաշոթը կեր, վերջը փուտինկը կ՚ուտես։

-Հոգ չէ, ես շատ կը սիրեմ շոքոլայով մսաշոթ։

-Դուն գիտես… անուշ ըլլայ։

-Շնորհակալ եմ, ձեզի ալ անուշ ըլլայ։

Եւ այսպէս, մեր երկու հայերէններու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններու պատճառաւ ես ստիպուած կ՚երայ շոքոլայով մսաշոթը։

ՔԻՉ ՄԸ ՀԱՆԳՉԷ

Մէկ այլ զուարճալի պատահար պիտի պատմեմ։

Դէպի Պոլիս՝ իմ նոր ընտանիքին առաջին այցը կատարած էի օգոստոս ամիսին։ Առաջին իսկ օրէն մինչեւ այսօր ես անհաւասար պայքար կը մղեմ այս երկրի խոնաւ ու կիզիչ օդին հետ։ Ի վերջոյ մարդն անզօր է բնութեան դէմ. ես պարտուեցայ։ Ամբողջ օրուայ հոլովոյթին կը զգայի թուլութիւն ու յոգնածութիւն։ Տեւական քուն ունէի, տեղ մը գացած ատեն, երբ ֆիզիքական աշխատանք կատարէի՝ անմիջապէս կը յոգնէի։ Տիկին Քաթիան ամէն անգամ կը նշմարէր իմ անկարողունակութիւնը ու կ՚ըսէր։

-Արեւիկ, քունիկ ունիս, քիչ մը երկնցիր ու հանգչէ։

Անկեղծութեամբ պէտք է խոստովանիմ, որ սկզբնական շրջանին «հանգչէ» բառէն շատ կը սրտնեղէի ու անհանգիստ կ՚ըլլայի։ Իմ տրամադրութիւնը ի չիք կ՚ըլլար  վայրկենապէս։ Արեւելահայերէնի լեզուամտածողութեան համաձայն, անձ մը կը հանգչի մահէն ետք։ Յուղարկաւորութիւններու ժամանակ է, որ տէր հայրը յանգուցեալին կ՚ըսէ՝ «հանգչէ խաղաղութեամբ»։

Այդ իսկ պատճառաւ, ես ամէն անգամ մինչեւ հոգւոյս խորքը կը վշտահարէի, երբ ան ինծի կ՚ըսէր՝ «քիչ մը հանգչէ»։ «Ինչո՞ւ հանգչիմ, ես հանգուցեալ մը չեմ, որպէսզի հանգչիմ», կը խոկայի ինքնիրեն։

Օր մըն ալ, այլեւս չդիմանալով հարցուցի, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հանգչիլ։

-Հոգիս, կ՚ուզեմ ըսել քիչ մը հանգիստ ըրէ։

-Այսինքն, դուք ամէն անգամ ինծի կ՚ըսէք՝ պառկէ ու հանգստացիր։

-Ի հարկէ, հիմա ալ կ՚ըսեն, այսօր շատ յոգնեցար, քիչ մը երկնցիր ու հանգչէ։

Այլեւս ամէն բան յստակ էր ինծի համար…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019