ԽԱՉՎԵՐԱՑ

Խաչվերացը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տաղաւար տօներուն հինգերորդն է, ինչպէս նաեւ Խաչին նուիրուած տօներուն գլխաւորը, որ ընդհանրապէս կը նշուի 11-17 սեպտեմբերի ընթացքին հանդիպած կիրակի օրը:

Այս տարի Հայ Եկեղեցին Խաչվերացի տօնը պիտի նշէ կիրակի, 12 սեպտեմբեր 2021-ին:

Խաչվերացի այս տօնը նուիրուած է Տիրոջ Խաչափայտին պարսկական գերութենէն Երուսաղէմ վերադարձին ու Գողգոթայի վրայ կանգնեցումին, ուրկէ ալ ստացած է անուանումը, որ կը նշանակէ խաչը կանգնեցնել, բարձրացնել, կամ վերցնել:

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ համար Սուրբ Խաչը ամենէն նուիրական սրբութիւններէն մէկն է, որու նկատմամբ բոլոր քրիստոնեաները՝ առանց յարանուանական կամ դաւանաբանակ նկատառումներու, մեծ յարգանք կը տածեն եւ տարուան ընացքին մի քանի անգամներ յատուկ տօներով կը պատուեն զայն:

Խաչը, արդարեւ, մինչեւ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ժամանակաշրջանը կը նկատուէր պատիժի, դատապարտութեան եւ մահուան խորհրդանիշ, կամ գործիք: Քրիստոսով, սակայն խաչի նկատմամբ հասկացողութիւնը ամբողջութեամբ փոխուեցաւ, որով մինչ Քրիստոս եթէ խաչը վախի ու սարսափի՝ մահուան նշան էր, ապա Իրմով՝ Քրիստոսով, խաչը դարձաւ կեանքի եւ ուրախութեան, փրկութեան նշան ու խորհրդանիշ:

Խաչը իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատի համար զէնք է, զէնք մը, որ անպարտելի ու անդիմադրելի է, եթէ իմանանք ճիշդ կերպով եւ բարի նպատակով օգտագործել զայն: Ինչպէս զինուոր մը, որ զինուած կ՚ըլլայ զէնքով, սակայն երբ չի՛ կրնար ճիշդ կերպով ու վարպետութեամբ օգտագործել զայն, ինքզինք ու իր ընկերները վտանգի կ՚ենթարկէ եւ նոյնիսկ կրնայ ծանր կերպով վնասներ ալ պատճառել: Նոյնն է քրիստոնեայ անհատին պարագան. չի՛ բաւեր այդ զէնքը՝ Ս. Խաչը ունենայ, կրէ իր վրայ՝ առանց զայն օգտագործելու կերպերը իմանայ, այլապէս՝ ինչպէս զինուորը, ինք եւս վտանգի կ՚ենթարկուի, կը վնասէ ինքզինք ու իր շրջապատը, եւ շատ յաճախ կրած վնասը կործանարար կ՚ըլլայ ու անդարմանելի:

Դարեր շարունակ եկեղեցականներ ու աշխարհական մտածողներ բազմաթիւ գրութիւններ, ներբողեաններ ու ճառեր գրած են, ու կը շարունակեն գրել Սուրբ Խաչի մասին: Այս գրութեան մէջ ընթերցողներուն ուշադրութեան պիտի ներկայացնեմ հաւաքածոյ մը այդ գրութիւններէն:

Մեր Հաւատքի Հայր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը կ՚ըսէ.

Խաչին զօրութիւնը մշտնջենական է եւ անոր փառքը՝ Աստուած է:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.

Եղբայր, մի՛ ամչնար խաչի նշանէն, որովհետեւ ան զօրութեան եւ օրհնութիւններու աղբիւրն է, որու մէջ կ՚ապրինք ստեղծուած նոր ստեղծագործութեամբ մը՝ Քրիստոսի մէջ....: Հագուէ՛ զայն եւ հպարտացիր անով որպէս թագ:

Պետրոս Դուրեան, 1871-ին «Մանուկն Առ Խաչ» վերնագրով հետեւեալ ոտանաւորը գրած է:

Ո՛վ խաչափայտ
Դու քառաթեւ,
Որոյ ճակատ
Սիրոյ արեւ՝
Գամուած Յիսուս,
Փըչեց խոնարհ
Հոգի եւ լոյս
Սէր ընդ աշխարհ,
Ընդունէ՛ ւ՚իմ հոգիս հեզիկ փառաճաճանչ
Թեւերուդ տակ եւ սորվեցո՛ւր ինծի հաւատ,
Սէր, յոյս, որով միշտ բաբախէ իմ փափուկ լանջ,
Եւ փարատէ՛ լուսովդ խաւարն սրտէս վըհատ.
Սորվիմ աղօթք
Բառնալ քեզի,
Երբ խութից ոտք
Իմ հանդիպի
Սեւ Սատանին,
Որ ճգնի միշտ
Դիւթել զ՚հոգին
Ի մութ, ի վիշտ:

Խրիմեան Հայրիկ իր «Յիսուսի վերջին Շաբաթ եւ Խաչի ճառ»ին մէջ այսպէս կը գրէ.

• Խաչակրաց խմբէն բանիս դէմ առ ձեզ կը դարձնեմ եւ կ՚աւարտեմ յորդորս, ո՛վ հաւատացեալ ժողովուրդ, դուք որ խաչին կը հաւատայք եւ աշխարհի խաչակրութեան մէջ կը տառապիմք, այնպէս մի կարծէք թէ խաչին պարտիքը` միայն կղերական դասուն բեռն է. եւ ժողովուրդն ազատ է։ Ո՛չ, ո՛չ, խաչն` Քրիստոնեայ անուն կրողաց ու զինուորաց առ հասարակ անխուսափելի եւ նուիրական պարտքն է։ Դուք եւս ձեր խաչերն ունիք, զոր աշխարհիս բռնութիւնն միշտ կը պատրաստէ ձեզ համար. եւ դուք կարող չէք ձեր թիկանց վերայէն խաչին բեռն ի սպառ թօթափել, զի Քրիստոս ասաց. «Յաշխարհի աստ նեղութիւն ունիցիք»։ Թէպէտ աշխարհիս քաղաքակրթութիւն զօրհանապազ կը տքնի եւ կը ճգնի խաչն բառնալ ձեր թիկունքէն, որուն տակ կը հեծէք աղիողորմ։

Սակայն ո՛վ կը հաւատայ, որ վերցուին բռնութիւններ եւ խաչն աշխարհէս բարձուի, ժողովուրդն ազատ ու երջանիկ ապրի. հաւասարութիւն տիրէ, աղքատին խրճիթն` հարուստին ապարանից բարձրութեան հետ հաւասարի, փողոցի աղքատ Ղազարոս` բեհեզ ու ծիրանի հագնի եւ մեծատան սեղանակից նստի։

Չեմք ժխտեր սակայն եթէ ճշմարիտ քաղաքակրթութիւնն Աւետարանի ընկերսիրութեան եւ սկզբանց վերայ յառաջ կը վարէ իւր մեծամեծ ձեռնարկութիւնները. ժողովուրդին խաչն միայն կը թեթեւնայ, բայց ոչ ի սպառ կը բարձուի։

Առէք ուրեմն, ո՛վ ժողովուրդ Հայոց, առէք ձեր խաչեր, կարդացէք Խաչին ճառը, սիրով ու հաւատով տարէք ձեր ծանրակիր խաչեր, խաչով ելէք Գողգոթային գլուխ, խաչով մտէք ի գերեզման, խաչով ելէք յերկինս առ Յիսուս որ կը կոչէ առ Ինքն Իւր ամէն կտրիճ խաչակիրներն. «Եկա՛յք առ իս ամենայն աշխատեալք եւ բեռնաւորք, եւ ես հանգուցից զձեզ»:

Գէրոգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս կը գրէ.

Սակայն կը յարգենք մենք խաչը խօսքով եւ Խաչեցեալին կը պաշտենք լոկ շրթներով. ահա Հայ ժողովուրդը՝ քաղցած ու ծարաւ. ո՞ւր է սէրդ հա՛յ հարուստ. ահա Հայ ժողովուրդը՝ հիւանդ ու ախտաւոր, ո՞ւր է խնամքդ հայ բժիշկ. ահա Հայ ժողովուրդը՝ թշուառ ու անմխիթար, ո՞ւր է սէրդ հա՛յ հոգեւորական. ահա Հայ ժողովուրդը իրաւազուրկ եւ անօգնական, ո՞ւր է անձնուէր սէրդ Հա՛յ փաստաբան. ահա Հայ ժողովուրդը սուրի եւ կրակի ճարակ, ո՞ւր է սէրդ հա՛յ երիտասարդ։ Միթէ՞ բոլորիս սիրտերուն մէջ ցամքած է սէրը, սէր՝ որ կը գերազանցէ մարդկային սիրտի ամենէն ազնիւ զգացմունքը եւ ամենէն հանճարեղ միտքի ստեղծագործութիւնը։

Շրջապատեցէք այս խաչը, հայ եղբայրներ եւ քոյրեր, որուն փարած են ձեր պապերը, ծունկի եկէք այս խաչափայտին առջեւ, որ սիրոյ խորհրդանշան է, եւ աղօթարար ակնածութեամբ վեր նայեցէք դէպի Խաչեցեալը, որ կատարողն է ձեր խնդրանքներուն, եւ այն ատեն «ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, եղիցի ընդ ձեզ եւ ընդ ամենեսեանդ»։

Աւարտենք, լուսահոգի Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Թրթռեանի Խաչվերացի տօնին խօսուած քարոզէն հատուած մը ներկայացնելով.

Ու ժողովուրդը մեր, գերուած խորհուրդէն Քրիստոսի խաչելութեան, բոլոր ժողովուրդներուն մէջ գերազանցօրէն ժողովուրդն է խաչին, զոհագործումին ու պատարագումին՝ շատ ըսուած է, պիտի միշտ ըսուի եւ երբեք բաւարար չըսուի։ Տասնվեց դարերու շարունակական խաչելութիւնն ու մարտիրոսութիւնը մեզ զսպանակած են Աստուծոյ հանդէպ, աստուածայինին հանդէպ, խաչին հանդէպ մեր աշխարհ մը սէրէն, մեր այրող բայց չհատնող սէրէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ այն խոր յարգանքը, պաշտամունքի հասնող մեծարանքը մեր ժողովուրդին հանդէպ Խաչին։ Ու այսօր, Խաչվերացի, այսինքն խաչի պանծացումի մեծ տօնին, որուն պատմականը կամովին զանց ըրինք, մեր սրտին ամենէն խորունկ ակունքէն կ՚աղօթենք եւ կ՚աղաչենք՝ Տէր Յիսուս Փրկիչ, Քու Խաչդ պահապան ըլլայ երկրագունդիս վրայ ցանուցիր մեր ժողովուրդին, իր թեւերուն տակ համահաւաքէ բեկորեալ նշխարներն անոր հայրենի մեր սեփական երկրին վրայ, խաղաղ ազատութեան մէջ պահպանէ ամբողջն ի մի՝ մինչեւ կատարածն աշխարհի, եւ ապաւէն ըլլայ մեզի երբ լուսաւոր ամպերու մէջէն յայտնուիս Հօր Աստուծոյ փառքով, այն ատեն «ամօթով չմնանք Քեզի յուսացողներս, այլ Քու մեծ զօրութեամբդ՝ որպէս Լոյսի Որդիներ՝ Քու աջկողմդ բերկրինք»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

7 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021