ԼՈՒՍԱՄՈՒՏԷՆ ԴՈՒՐՍ

Օձունի երկյարկանի տուներէն մէկուն մէջ, անկողնին նստած, դէպի երկինք կը նայի տատիկը։

Շատոնց, բայց չի յիշեր, թէ ճիշդ երբուընէ ի վեր, գամուած էր այդտեղ։

Առաջին յարկի անկիւնը գտնուող սենեակին մէջ, ճիշդ պատուհանի կողքին։

Ամէն առաւօտ, լոյսը չբացուած կը զարթնի։

Ոսկրոտ ձեռքերուն վրայ յենուելով, դանդա՜ղ կ՚՚ուղղէ մէջքը, կը քաշէ սրունքները, կը յենուի պատին, ու վերջ. այդպէս պիտի անցնի գրեթէ ամբողջ օրը։

Կը նայի ծառերու ետեւէն գլուխը պարզած վանքի գմբէթին, կը խաչակնքէ, մի քանի բառ կը շշնջայ, մի քանի բան կը յիշէ, եւ «Տէր» ըսելով կ՚եզրափակէ ամէնօրեայ արարողութիւնն այդ, փոքրիկ աչքերը գմբէթէն երկինք սահեցնելով…

Նախ տնեցիք, ետքն ալ գիւղը կ՚արթննայ  կամաց-կամաց, եւ... վերջապէս։

Տատիկը վերջապէս զբաղմունք ունի։

Նախիրը, որ պիտի գայ ամէն բանէ առաջ, անցնի դիմացի բլուրով, հեռանայ դէպի ձոր։ Տեսնես ո՞վ է նախրապետը այսօր. նիհար ու մանրակազմ է, Սուրոյենց թոռը կրնար ըլլալ...

Դիմացի տան Սաթենը դուրս պիտի գայ պատշգամ, լուացքը հաւաքէ, մտնէ-ելլէ մի քանի անգամ, ի վերջոյ գայ նստի՝ աւելուկը հիւսելու։  Լա՛ւ ալ հարս եղեր էր, թէեւ սկիզբը շատ էր բամբասանքը, «քաղքի աղջիկը» գիւղ ինչո՞ւ էին բերեր…

Երեխաներ պիտի ելլեն դուրս, խաղան իրեն անճանաչելի, անհասկնալի խաղեր, կռուըտին, գրկեն զիրար, գոռգռան, ծիծաղին, եւ այդպէ՜ս մինչեւ կէսօր։

Արեւը արդէն ուժեղ դէմքին է, եւ ստիպուած է դիմանալ։ Այլընտրանքը՝ խոնաւ առաստաղն է, որ այնտեղ է միշտ, արդէն շատոնց, եւ մինչեւ… վերջ, երեւի։

Փողոցը կը դատարկուի մարդոցմէ, մարդիկ այգիներ կ՚անցնին։ Հիմա շուներն ու կատուներն են հիւրերը տատիկին։ Այն մէկուն յատկապէս, Զալոյին, աւելի երկար կը նայի։ Ծերուկ, յոգնած է Զալոն ու կարծես… պատրաստ… ամէն վայրկեանի, ամէն երկվայրկեանի, ամէն ակնթարթի պատահելիքին… յաղթող ու անխուսափելի։

Ու կը նայի դարձեալ գմբէթին, խաչին, եւ վեր՝ «Տէր»։

Բայց չի գար, չի պատահիր, արեւը քիչ-քիչ կը քաշուի, շուքերը կ՚երկարին, մարդիկ կը վերադառնան փողոց վերջին անգամ։ Նախիրը ետ գիւղ կը դառնայ - հա, Սուրոյենց թոռն է, վստահ է այս անգամ։ Սաթենը չիրերը կը հաւաքէ, կ՚երթայ ներս։ Երեխաները կը կանչուին տուներ, ուր լամբեր կը վառին։

Մութը կու գայ, կը ծածկէ տեսարանը տատիկին…

Եւ լուսամուտը թողած, կը նայի մահճակալին։ Ոսկրոտ ձեռքերուն յենուելով, զգուշօրէն կը սահի ներս։ Աչքերը կը յառէ առաստաղին, որ լամբի լոյսին տակ կը հեւայ կարծես։ Տնեցիք լամբը կ՚անջատեն։

Տատիկը կը մնայ մութի մէջ։ Աչքերը կը փակէ, ու կը սպասէ, որ քունը գայ տանի զինք, գոնէ, կը յուսայ, մինչեւ առաւօտ, որ

Օձունի երկյարկանի տուներէն մէկուն մէջ, անկողնին նստած, դէպի երկինք նայի տատիկը դարձեալ։

ԵՐԱՄ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019