ԿԱՂԱՄԱՐԻ ԽԱՂԸ

Ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան ցուցադրած հեռուստաշարը, որ կը կոչուի «Կաղամարի խաղը» (Squid Game), դարձաւ վերջին շրջանի ամենադիտուած ու լայն արձագանգ ստեղծած շոուներէն մին։ Ան Հարաւային Քորէայի արտադրութիւն մըն է։

Խաղին կը մասնակցին 456 մարդիկ, որոնք իրենց կեանքի տեւողութեան ունեցած են տնտեսական դժուարութիւններ։ Անոնք կը հրաւիրուին մասնակցելու առեղծուածային խաղի մը՝ մեծ շահոյթի խոստումով։ Մասնակիցները կը տեղափոխուին անյայտ կղզի մը, ուր անոնք կը խաղան քորէական աւանդական մանկական խաղեր, որոնց արդիւնքը սակայն մահացու է։ Խաղացողները իրենց կեանքը կը վտանգեն 45.6 միլիառ վոն (38.5 միլիոն ամերիկեան տոլար) մրցանակի համար, զոր կը ստանայ միայն դափնեկիրը։ Այս վտանգաւոր խաղերը, որոնց պարտուողները կը մահանան, նման են մարդկութեան անդունդները ուսումնասիրելու փորձարարական դաշտի։ Յիշեալ կղզիի վրայ կառուցուած է աշխարհ մը, որ պատրաստուած է երեխաներէն ներշնչուելով։ Հոն գոյատեւման բնազդով մարդոց ընտրածները կամ ըրածները կը շահարկուին այս յօրինուած իրականութիւնը կառուցողներու կողմէ։

Առօրեայ կեանքի ընթացքին անբարենպաստ պայմաններով մարդոց ցմահ մաքառումը դարեր շարունակ անլոյծ խնդիր մը եղած է։ Այնպէս որ, մահուկենաց պայքարը դեռ կը յաջողի հետաքրքրել լայն զանգուածներ։ Հարաւային Քորէայի արեւմտեան մշակոյթի վրայ ազդեցութիւնը առաւել երեւելի է վերջին տարիներուն։ Բացի հարաւքորէացիներու աշխարհահռչակ փորձագիտական ապրանքանիշերէն, երաժշտութեան ոլորտէ ներս՝ «k-pop»ով յաջողած են տպաւորել միլիոններ։ Այժմ, Արեւմուտքի ամենաազդու ցանցերէն մին՝ «Netflix»ը առանցքային դեր կը խաղայ Հարաւային Քորէայի մշակոյթի արտահանման գործին մէջ։

Եթէ տրամաբանօրէն դիտենք, 9 դրուագէ բաղկացեալ հեռուստաշարը թէեւ կրնայ պարունակել սխալներ կամ անհեթեթութիւններ, սակայն, հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն ուշագրաւ է,  որովհետեւ տարբեր զգացումներ ու մտածումներ կ՚արթնցնէ դիտողներու մօտ։ Արդարեւ, երբ ենթաթեքստերը ուսումնասիրուին, ապա երեւելի կը դառնայ, թէ հեռուստաշարը որոշ փիլիսոփայութիւն եւ նպատակ ունի։

Կարելի է ըսել, որ հեռուստաշարը, հիմնականին, հանդիսատեսին մօտ կը յառաջացնէ երկու հարցում. «Դրամը կրնա՞յ երջանկութիւն բերել» եւ «Արդեօք մարդկութիւնը մահացա՞ծ է»։

Իբր այդ, իրականութեան մէջ հեռուստաշարը կու տայ այս երկու հարցումներուն պատասխանները. «Հասարակաց կէտը հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ այն է, թէ երկուքին համար ալ ապրիլը բեռ մըն է»։ Հարուեստներու համար կեանքը բեռ մըն է եւ դատարկութիւն, որովհետեւ ան իր հնարաւորութիւններու շնորհիւ կը վայելէ ամէն բարիք ու այլեւս ընելիք բան չունենալու համար կեանքը կը վերածուի ձանձրոյթի։ Իսկ աղքատներու համար կեանքը իսկական բեռ մըն է, որովհետեւ ան չի կրնար իրականացնել իր փափաքները, որոնք կը մնան իբրեւ երազանք։

«Կաղամարի խաղը» երկրորդ հարցումին նոյն յստակութեամբ չի կրնար պատասխանել։ Հակառակ որ հեռուստաշարը, ընդհանուր առմամբ, յոռետեսական հայեացք ունի մարդոց մասին, բայց, միեւնոյն ժամանակ, կ՚ուզէ հաւատալ, որ յոյսի լոյսը ամբողջութեամբ չէ մարած։

Սոյն հեռուստաշարը կը մատնանշէ դրամատիրութեան արգասիքը հանդիսացող ժամանակակից քաղաքային կեանքի, այլ խօսքով՝ ժամանակի ոգիին մեզմէ խլած արժէքները։ Այն նաեւ ուշադրութիւն կը դարձնէ մարդոց մութ երեսակներու եւ անդունդներու վրայ, զորս չենք նկատեր սովորական մեր «թաւալումի» ժամանակ։

Իւրաքանչիւր խաղին հետեւեալ հարցումները կը ծագին.

- Մարդ ի՞նչ բանէ կրնայ հրաժարիլ ապրելու համար,

- Որքա՞ն օգտակար կ՚ըլլան «մարդ» մնալու հնարաւորութիւն տուող բարոյական արժէքները, երբ վախ կը պատէ մարդիկը,

- Բարոյական արժէքներէ հրաժարելով ձեռք բերուած նիւթական շահոյթները որքա՞ն խաղաղութիւն կամ երջանկութիւն կը բերեն։

Հիւանդ հասարակութիւններու մէջ, ուր նիւթականը դրուած է կեանքի կեդրոնին, դրամին հասնելու համար կարելի է անտեսել մարդկային բոլոր առաքինութիւնները, իսկ արժէքները, որոնք մարդիկը կը դարձնեն ուժեղ, հեշտութեամբ կարելի է հրաժարիլ անոնցմէ։ Այն ժամանակ, երբ համաշխարհային հանրութիւնը միաձայն կ՚արտայայտէ, որ մարդու եւ հասարակութեան միակ նպատակը նիւթականն է, այդ արժէքներն ու առաքինութիւնները կը դիտուին՝ որպէս անցեալի հեքիաթային յատկանիշներ... Արդիւնքին մարդկային բնոյթին յատուկ «եսասիրութիւնը» եւ «դաժանութիւնը» կը յայտնուին՝ որպէս հոգեբանական լարուածութեան գործօն։

«Մահացու խաղեր» նիւթով բազմաթիւ շարժանկարներ կամ հեռուստաշարեր կը նկարահանուին եւ ուշադրութիւն կը գրաւեն։ Այնուամենայնիւ, այս տեսակի արտադրութիւնները յաճախ աչքառու են սոսկալի մահուան տեսակներով, բռնութեամբ, կրակոցներով, լարուածութեամբ եւ մարտերով։ Անոնք չունին դիտողը հարցադրման կամ մտածելու մղելու նպատակ, հակառակ «Կաղամարի խաղ»ին։ Այս առումով «Կաղամարի խաղը» ինծի յիշեցուց Կելա Պապլուանիի «Թզամեթի 13» եւ Թիմ Պէօրթընի «Չարլին եւ շոքոլայի գործարանը» շարժանկարները։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021