ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐԻ ՀԱՅՐԸ

Վերջին օրերուն կարեւորագոյն լուր եղաւ այն, որ լիբանանահայ ամերիկաբնակ գիտնական Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տէյվիտ Ճիւլիուսի հետ արժանացած է Բնախօսութեան եւ բժշկութեան 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին: Արտեմ Փաթափութեան Լիբանանի մէջ ուսանած է հայկական վարժարանի երդիքին տակ, այնուհետեւ՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն պատճառով ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Լոս Անճելըս, ուր իր պսակաւորի աստիճանը ստացած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն 1990 թուականին, իսկ կենսաբանութեան տոքթորականը՝ հռչակաւոր ՔԱԼԹԷՔ համալսարանէն, 1996 թուականին: 2000 թուականէն ի վեր կ՚աշխատի Սքրիփս (SCRIPPS) գիտական մեծ հաստատութեան մէջ իբրեւ հետազօտող եւ ջղագիտութեան բաժանմունքի դասախօս: Ամուսնացած է եւ ունի մանչ զաւակ մը:

2 յունիս 2017 թուական, Արտեմ Փաթափութեան ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ, իր հետազօտութեանց մէջ շօշափելի եւ շարունակական իրագործումներուն շնորհիւ։ Ակադեմիայի 84 նոր անդամներէն մէկը հանդիսացած է:

Հայ գիտնականին Նոպելեան մրցանակ ստանալու մասին լուրը հեղեղեց թէ՛ համաշխարհային լրատուամիջոցներու էջերը, թէ՛ առանձնակի աշխուժութեամբ տեղ գտաւ հայկական լրատուադաշտին մէջ: Հայկական մամուլին մէջ շեշտուեցաւ նաեւ այն հանգամանքը, որ Արտեմ Փաթափութեան զաւակն է սփիւռքահայ գրագէտ, թարգմանիչ եւ խմբագիր հաճընցի արմատներով Սարգիս Վահագնին եւ դաստիարակ, տնօրէնուհի Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեանին: Առանձնակի կարեւորուեցաւ, որ Նոպելեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեան հայկական վարժարան յաճախած է եւ գրականութեան, արուեստի շունչը անպակաս եղած է այն տունին մէջ, ուր ան մեծցած եւ կազմաւորուած է իբրեւ անհատ:

ԺԱՄԱՆԱԿ տարիներ առաջ հարցազրոյց մը կատարած էր Արտեմ Փաթափութեանի հօր՝ Սարգիս Վահագնին հետ, որ պատմած էր իր անցած գրական ճանապարհի մասին, իսկ այսօր, անոր որդիին մրցանակի ուրախ լուրին առիթով կը ներկայացնենք հատուած մը այդ հարցազրոյցէն եւ հատուած մըն ալ հայրենի մամուլին մէջ հրատարակուած մէկ այլ հարցազրոյցէ: Կը ներկայացնենք նաեւ յատկանշականան դրուագներ Սարգիս Վահագնի կենսագրականէն եւ քերթուած մը՝ նուիրուած իր սիրելի կնոջ՝ Հայկուհիին:

ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ (ՍԱՐԳԻՍ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ)

Ծնած է Պէյրութ, 1927 թուականի հոկտեմբերի 7-ին, հաճնցի հօրմէն եւ շապինգարահիսարցի մօրմէն: Նախնական ուսումը ստացած է Աբգարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ, ապա երկրորդականը շարունակած՝ տեղւոյն ֆրանսական լիսէն, ապա աւարտած է Առեւտրական ճիւղը 1945 թուականին։ Կանուխէն սիրած է գիրն ու գրականութիւնը։ Նախ փորձած է բանաստեղծութիւններ գրել, բայց շուտով ներգրաւուած է արձակի, գլխաւորաբար պատմուածքի սեռով։ Յիսունական թուականներէն սկսեալ մաս կազմած է այլազան գրական եւ մշակութային խմբաւորումներու։ Գործուն մասնակցութիւն բերած է Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ի կազմաւորման եւ անոր յետագայ գործունէութեան։ Իր գրութիւնները, 1954 թուականէն սկսեալ, հետզհետէ լոյս տեսած են «Մշակոյթ», «Լուսաբեր», «Նոր Գիր», «Անի», «Շիրակ», «Գարուն», «Նաւասարդ», «Կամար» եւ «Առագաստ» գրական ամսագրերուն մէջ։ Վաթսունական թուականներու կէսէն մնայուն կերպով աշխատակցած է «Շիրակ» ամսագիրին եւ ապա շուրջ տասը տարի, մինչեւ 1986 թուականի մեկնումը, մաս կազմած է անոր խմբագրական կազմին, վարելով միջազգային գրականութեան բաժինը։ Գրականութեան առընթեր, ան լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է նաեւ շարժանկարի եւ թատրոնի արուեստներուն նկատմամբ։ 1958-1959 թուականներուն, Պէյրութի մէջ հրատարակած է սփիւռքի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ հանդիսացող «Նոր Սինեմա» շարժանկարային արուեստի պարբերագիրքերը։

2008 թուականին արժանացած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի շնորհած «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին։ Ամուսնացած է վաստակաշատ դաստիարակչուհի Հայկուհի Աճէմեանին հետ, ունի երեք զաւակներ՝ Հուրի, Արա եւ Արտեմ Փաթափութեաններ: 1986 թուականին Սարգիս Փաթափութեան հաստատուած է Լոս Անճելըս։ Գիտնական է նաեւ անոր միւս որդին՝ Արա Փաթափութեան: Իսկ դուստրը՝ Հուրի Փաթափութեան, աշխատած է Լիբանանի Եղիշէ Մանուկեան Ազգային վարժարանին մէջ, իբրեւ ուսուցչուհի, այժմ ամուսինին՝ պատմաբան, քաղաքական գործիչ Եղիա Ճէրէճեանի հետ տարուայ կէսը կը բնակի Հայաստան, կէսը՝ Լիբանան:

Սարգիս Վահագնի լոյս ընծայած երկերն են.

1- «Մատանիներ», պատմուածքներ, Պէյրութ, 1969, արժանացած՝ «Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակ»ին:

2- «Արմատներ», պատմուածքներ, Երեւան, 1981։

3- «Նայիրեան մորմոք», թատրերգութիւն, Պէյրութ, 1982, արժանացած՝ «Ալեք Մանուկեան գրական մրցանակ»ին:

4- «Աշոտ ողորմած», թատրերգութիւն, Լոս Անճելըս, 1991։

5- «Տագնապը», պատմուածքներ, Լոս Անճելըս, 2000։

6- «Արշիլ Կորքի», վէպ, Լոս Անճելըս, 2004, արժանացած՝ «Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան գրական մրցանակ»ին, ինչպէս նաեւ՝ «Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակ»ին։

7- «Գրական համաստեղութիւն, զանազան փորձագրութիւններ, գրախօսականներ», Լոս Անճելըս, 2008:

8- «Շուրջը՝ ոչինչ», թարգմանութիւն՝ Արմէն Լիւպէն-Շահան Շահնուրի ֆրանսերէն ամբողջական բանաստեղծութիւններուն։

9- «Ծաղկաքաղ՝ պատմուածքներու» (գրեթէ ամբողջական իր պատմուածքներուն հաւաքածոն)

10- «Հաճը՜նը սիրուն»՝ վէպ:

ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐԷ

-Առիթով մը հարցուցած են ձեզի, թէ ինչո՞ւ կը գրէք, պատասխանած էք. «Կու գան»… Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յայտնուեցաք գրականութեան կալուածին մէջ:

-Ճիշդը, ես ալ չեմ գիտեր, թէ ինչպէս ինքզինքս գտայ գրականութեան մէջ: Բայց ըսածդ ճիշդ է, անգամ մը որ գան՝ ա՛լ կու գան, ի վերուստ տրուած է եւ դուն անոր պիտի հնազանդիս:

-Ապերախտ ոլորտ մըն է չէ՞ գրականութիւնը:

-Չէ, ես այդպիսի բան չեմ ըսեր: Կը բաւէ, որ գրականութիւնը բաւարարէ, յագեցնէ հոգեկան աշխարհդ: Եթէ ես գրականութեամբ չզբաղէի, կը կարծեմ, որ դժբախտ կ՚ըլլայի: Որովհետեւ կը տեսնենք, թէ աշխարհը ունայն է, ամէն ինչ պարապ է, ինչ որ կը մնայ Թէքէեանին ըսածն է, ուրիշ բան չկայ: Միլիոններ ունեցողները կ՚երթան այս աշխարհէն ձեռնունայն: Գրականութիւնը իմ ամենամեծ երջանկութիւնս եւ բախտս է: Ուրախ եմ ատոր համար եւ հպարտ:

-Վերադառնանք Պէյրութ, ուր ձեր առաջին քայլերը առիք:

-Առաջին քայլերը չէ միայն, այլ կեանքիս վաթսուն տարիները հոն անցուցած եմ: Ես վաթսունի մօտ էի, երբ լքեցի Պէյրութը: Ամբողջ տասնեօթ տարի տեւող պատերազմին տասնհինգ տարիները «վայելեցի»: Այդ ժամանակ ես MEA-ի (MEA, Լիբանանի պետական օդանաւային ընկերութիւնն է) օդակայանի մէջ կարեւոր գործ ունէի՝ հաշուապահութեան ընդհանուր հսկիչ էի եւ ստիպուած էի երկուքի կիսուած Պէյրութի սահմանագիծը հատել, հասնելու համար իմ աշխատանքիս վայրը: Ու նկատեցի, որ ամէնօրեայ ճամբաս հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ: Եղաւ ատեն մը, երբ ալ դիմադրելը անհնար էր: Տղաքս ալ Ամերիկա ուղարկած էի ուսման համար, հետեւաբար մէկ կողմէն պատերազմը եւ միւս կողմէն անոնց կարօտը ստիպեցին, որ մենք ալ անոնց ետեւէն երթանք: Թէ ոչ մտքիս ծայրէն անգամ չէր անցներ Ամերիկան, հակումս աւելի ֆրանսական էր: Պարտիմ նաեւ ըսել, որ Լիբանանը ոչ միայն իմ կազմաւորումիս, այլ նաեւ լիացումիս նպաստեց:

-Գիտենք, որ աշխոյժ մէկ անդամը եղած էք «Գրական Շրջանակ»ին: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ փուլին մասին:

-«Գրական Շրջանակ»ը ինծի համար անփոխարինելի ամպիոն մը դարձաւ: Հոն էին երէց սերունդի անդամները՝ Գեղամ Սեւանը, Գառնիկ եւ Ալֆոնս Աթթարեանները: Յետոյ Պոլսոյ սերունդը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր վրայ, ինչպէս՝ Զաւէն Պիպէռեան, Արամ Շաւարշ, տքթ. Աչըքկօզ եւ այլք: Այս խումբը «Գրական Շրջանակ»ին ջնարակը եղաւ, Եւրոպան բերաւ մեզի՝ եւրոպական գրականութիւնը, թէեւ ես անձնապէս ծանօթ էի, սակայն աւելի խորացած էի ֆրանսական գրականութեան մէջ:

-Այն ժամանակ Պոլիսէն դէպի Պէյրութ հոսք մը կա՞ր:

-Փախստական տղաք էին բոլորը՝ ձախակողմեան, այսինքն համայնավար եւ եկան ապաստանեցան Պէյրութ: Անոնցմէ մէկն էր Պերճ Ֆազլեանը, որ Լիբանանի թատրոնը ոտքի հանեց, Ժագ Իհմալեանը մեծ նկարիչ դարձաւ, սակայն յետոյ Մոսկուա ու Չինաստան գնաց եւ մեծ իրագործումներ կատարեց, թուրքերը զինք կ՚ընդունին որպէս արդի նկարչութեան առաջատար դէմքերէն մին: Կային նաեւ Փեհլիվանեանն ու Արամ Շաւարշը, որ թուրք-համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարն էր: Այս դէմքերը մեզի համար մեծ ազդեցութիւն ունեցան: Մեր շրջանակներուն մէջ մենք անոնց «Արեւելքի տղաք»ը անուանումը կու տայինք:

-«Արեւելքի տղաքը» ըսիք։ Շատ գեղեցիկ արտայայտութիւն է, ի՞նչ տուին այս տղաքը ձեզի:

-Շատ զարգացած տղաք էին: Օրինակի համար՝ Պերճը շատ լաւ ծանօթ էր թատրոնի ռուսական դպրոցին, որմէ մենք տեղեակ չէինք: Իսկ ֆրանսական նոր գրականութիւնը ես բերի՝ Էլիւուար, Փոլ Վալերի եւ սիւրռեալիստներ: Մենք սիւրռեալիստները սերտեցինք եւ տարածեցինք, որովհետեւ անոնք նորութիւն բերին ֆրանսական՝ քիչ մը լճացած գրականութեան: Հիմա մեր նորերը, հարիւր տարի ետք, կը կապկեն այդ շրջանը, բայց յաջող չէ, արդիւնք չտուաւ, որովհետեւ անոնք տաղանդաւոր չեն:

-Նորերը ըսելով ո՞վքեր նկատի ունիք:

-Օրինակի համար, Արքմենիկ Նիկողոսեանի շուրջը խմբուած տղաքը: Օրինակի համար, Վիոլէթ Գրիգորեանը շատ լաւ բանաստեղծուհի է, բայց մոլորած է, մեղք որ մոլորած է, իր արուեստը, պատկերները, շունչը՝ իսկական լաւ բանաստեղծուհի է, սակայն ցաւօք սրտի սխալ ճամբէ գնաց:

-Ձեր շրջանին ալ կայի՞ն այդպիսի համարձակ գրողներ:

-Վահէ Օշականը փորձեց կարգ մը նորարարութիւններ ընել, սակայն ձախողեցաւ: Օրինակի համար, երբ մենք նոր գրողներ էինք «Ազդակ»ին մէջ, գրեց, թէ այս գրողները մինչեւ Արարատն ու Հայաստանը իրենց գրութիւններէն դուրս չշպրտեն՝ գրող չեն կրնար ըլլալ: Սակայն չյաջողեցաւ եւ աւելի մխրճուեցաւ:

-Ի՞նչ է հայ գրողին ընելիքը:

-Հայրենասիրութիւնը, հայապահպանումը, հայ ոգիին զօրացումը, հայ պատմութեան պրպտումը, մեր արմատները գտնելը, ասիկա սփիւռքի եւ նոյնիսկ հայրենիքի գրականութեան իտէալ մը պէտք է ըլլայ, թէ ոչ գրական մարզանքը հովի պէս կու գայ եւ կ՚անցնի: Ի՞նչ կը նշանակէ մարզանք գրականութեան մէջ, երբ պիտի չկարենաս քու ապրած աշխարհդ, սփիւռքի բեկորները ներկայացնել իր բոլոր կողմերով: Ես շատ կը ճամբորդէի գործի բերումով եւ միշտ ճամբորդութիւններուս ընթացքին՝ ո՛ւր որ ալ երթայի, հայեր կը փնտռէի եւ անոնք դարձած են իմ պատմուածքներուս հերոսները: Անոնք հայու բեկորներ են, որոնք կ՚ապրին կարօտով եւ նահանջով: Շահնուրի նահանջը սկսած էր, իսկ իմս վերջանալու մօտ էր, արդէն իրագործուած էր այդ նահանջը: Ես ուղղակի տեսայ այդ նահանջը:

ԺԱՄԱՆԱԿ

2018

*

-Եր՞բ առաջին անգամ Հայաստան այցեած էք եւ ի՞նչ առիթով:

-1970 թուականին՝ «Մատանիները» գիրքը հրատարակելէ յետոյ, ապա 1989 թուական Գրողներու միութեան համագումարին մասնակցելու նպատակով եկայ: Սկսայ այցելութիւններս Հայաստան յաճախակի դարձնել աղջկաս հանդիպելու պատճառով. ան այդ ժամանակ կ՚ուսանէր Հայաստանի Ազգային պոլիտեխնիկական համալսարանին մէջ: Անկախացումէն յետոյ Հայաստան երրորդ անգամ կու գամ:

Լիբանանի մէջ տիրող ներքին պատերազմական իրավիճակին պատճառով մենք հարկադրուած տեղափոխուեցանք Միացեալ Նահանգներ: Որքան ալ փորձեցինք տոկալ, բայց, այնուամենայնիւ, վճռական քայլ պէտք է կատարէինք: Մինչ այդ հասցուցած էի Պէյրութի մէջ «Նաիրեան մորմոք»ը գրել: Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ յետոյ երկրորդ ներկայացումը «Աշոտ ողորմած»ը դարձաւ, որ, ցաւօք, առ այսօր չէ բեմադրուած, սակայն դրուատանքի խօսքեր լսած եմ այդ աշխատանքիս մասին: Հրատարակած եմ նաեւ պատմուածքներուս երրորդ հատորը՝ «Տագնապը»:

Այդ ընթացքին մտորումներուս մէջ ամերիկահայ ճանչցուած նկարիչ Արշիլ Կորքին էր (Ոստանիկ Ադոյեան): Սկսայ նկարիչին մասին տեղեկութիւններ հաւաքել, երթալ անոր այցելած քաղաքները՝ Նիւ Եորք, Սան-Ֆրանսիսքօ եւ այլն, նոյնիսկ ինքնասպանութեան վայրը գացի: Փաստագրական շատ նիւթեր հաւաքելով՝ գրեցի «Արշիլ Կորքի» վէպը, որ արժանացած է Հայաստանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան գրական եւ «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակներուն:

-Ձեզ ստեղծագործական ճախրանքի, ոգեշնչման համար ի՞նչը թեւեր կու տայ:

-Հայկական ոգին ու հայու հպարտութիւնը, մէկ բառով՝ Հայրենիքը: Մենք Հայրենիքը սիրեցինք առանց նախապայմաններու, քանի որ այն մերն է, մեր էութեան մէկ մասնիկը: Իմ ստեղծագործական գործունէութեան առանցքին հայութեան դրուատանքը, հայապահպանութիւնն ու հայու արմատները փորփրելն է:

Իմ կեանքիս մէջ մեծ է նաեւ կնոջս՝ Հայկուհիին դերակատարութիւնը: Ան միշտ կողքս եղած է, խորհուրդներ տուած՝ քաջալերելով բոլոր նախաձեռնութիւններուս մէջ: Ի դէպ, ան ուսուցչուհի եւ երկար տարիներ դպրոցի տնօրէն եղած է:

«Հայերն Այսօր»

2017

ԿԱՐՕՏ

(Հալէպէն Պէյրութ ուղեւորման ընթացքին)

ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ

Հայկուհիին
Գիշերը լուրթ է.
Հեռո՜ւն բլրակներն են,
-Անապատի ուղտե՞րը թանձրամարմին,
Որ եկեր են ծունկի,
Լուռ՝ կ՚որոճան
Իմաստը կեանքին:
Անոնց վերեւ
Լուսինը շէկ է:
Լուսինը՝ արիւնոտ եւ խածոտուած,
Ո՛չ լոյս ունի եւ ոչ ալ ռոմանս:
Ու ճամբան երկա՜ր է, անվե՜րջ:
Սակայն, մութին եւ լռութեան մէջ,
Ճամբան սպիտակ երիզ է լոյսի,
Ուրկէ կը սուրանք,
Մե՛նք, օթոպի՛ւսը:

***

Օթոպի՛ւսը,
Մե՛նք,
Ե՛ս:
Օթոպի՛ւսը՝
Ծանրամարմին բայց ոստոստուն՝
Կը խռկայ, կը հազայ,
Բայց կը սուրայ
Լոյսի երիզ ճամբայէն,
Դէպի…
«Մենք»ը՝
Յոգնած բայց եռուն,
Կ՚երգէ,
Կը պոռայ,
-Կը յօշոտէ ժամե՛րը,
Ձանձրո՛յթը:
Ու կը լռէ :
Դուրսը՝
Գիշերը՝ կուպրի պէս թանձր,
Լռութիւնը՝ հեւքը անապատին,
Լուսինը՝ արիւնի պէս կարմիր:
Կը սուրայ օթոպիւսը ու
«Մենք»ը
Կը ննջէ:
Բայց ե՞ս,
Արթուն եմ ես:
Կը հսկե՛մ:
Դուրսը խաւա՛ր՝
Բայց սրտիս մէջ
Ջահի պէս
Կը վառին աչքերդ:
Լռութիւն է շուրջս,
Բայց սրտիս մէջ
Կարկա՛չ կայ
Շառա՛չ կայ
Կարօտի:
Սրտիս մէջ
Լո՜յս կայ,
Ե՛րգ կայ,
Եռք կայ կարօտի:
Ու կարօտս
Անհուն է,
Արթո՛ւն է՝
Աչքերուդ, վարսերուդ, բուրմունքիդ
Կարօ՛տ է:
Լուսինը տխուր է.
Ոչ լոյս ունի եւ ոչ ալ ռոմանս:
Իսկ ո՞ւր ես դուն:

***

Հիմա
Դուն ներկայ ես իմ մէջ:
Հիմա
Կը զգամ քեզ իմ կողքին:
Այսպէս՝
Կը փակեմ աչքերս.
Ու դուն նազանք ես իմ դէմ,
Ու ժպիտ ես, խոստում,
Համբոյր ես ու գգուանք,
Երջանկութի՜ւն…
Հիմա
Դուն իմ մէջ
Տիեզերք ես անհուն,
Ու տակաւին ի՞նչ չես դուն:

***

Երբ ունիմ քեզ
Այսքա՛ն լիովին,
Կարօտն այս ինչո՞ւ:
Երբ մէկ ենք
Ես ու դուն՝
Կարօտն այս ինչո՞ւ:
Ինչո՞ւ կարօտն այս տրտում
Երբ գիտեմ թէ
Կաս ու պիտի մնաս
Ամէն օր, ամէն ուր՝
Միշտ շէն ու ծիծղուն.
Կարօտն այս ինչո՞ւ…

***

Գիշերը լուրթ է,
Հեռո՛ւն բլրակներն են
-Անապատի ուղտերը,
Ելեր են ոտքի,
Արշաւանքի՛:
Անոնց վերեւ
Լուսինը շէկ է,
Ճաթած նուռի պէս կարմիր,
Լուսինը
Լո՜յս է,
Սիրոյ ռոմանս է ա՛լ,
Ու ճամբան, արթնցող այգին մէջ
Ոսկեզօծ երիզ է յոյսի,
Ուրկէ կը սուրայ
Կարօտս
Դէպի քեզ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021