ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԲԹԱՑՈՒՄ

Այլեւս տրուած է մեկնարկը համաշխարհայնացումի:

Ի՞նչ կ՚ենթադրէ այն. պետութիւններու, սահմաններու, կրօններու, ազգերու, արժէքներու, աւանդոյթներու եւ այլնի վերացում: Այլեւս գոյութիւն պիտի չունենան ազգեր, պետութիւններ... աշխարհի կեդրոնի մէջ պիտի մնայ մարդը: Այդ մարդն ալ պիտի կառավարուի, հսկուի յատուկ օղակներու կողմէ: Ահաւասիկ, համաշխարհայնացումի հակիրճ աշխարհիկ բացատրութիւնը:

Ակամայ կը թուի՝ այն իրմէ կը ներկայացնէ ոչ մէկ վտանգ, ընդհակառակը՝ իր մէջ կը ներառէ բարենպաստ պայմաններ համայն մարդկութեան համար: Ամբողջ աշխարհ պիտի պատկանի մարդ արարածին: Բոլոր մարդիկ, բոլոր օրէնքներն ալ պիտի ըլլան հաւասար: Սակայն այս ամէնը միմիայն ակամայ: Այսինքն բոլոր փակագիծերը մինչեւ վերջ չեն բացած: Հանրութեան կը մատուցուի գայթակղեցուցիչ մասը:

Իրականութեան մէջ համաշխարհայնացումը ամբողջովին դէմ է մեր Տէր Աստուծոյ կամքին: Նախ եւ առաջ Աստուած մարդ արարածին շնորհած է բանականութիւն, ազատ կամքի, ընտրութեան իրաւունք: Իսկ համաշխարհայնացումը կու գայ սահմանափակելու, վերացնելու, խլելու այդ իրաւունքը: Ստրկացնելու, մարդը շահագործելու եւ ինքզինքին ենթարկելու: Վերջին ժամանակները կը մօտենան: Այս մասին քաջատեղեակ է սատանան: Եւ մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալուստը կը փորձէ բանեցնել իր բոլոր ուժերը՝ Տիրոջ յաղթելու համար: Ապացուցելու, որ այս աշխարհը, մարդկութիւնը կը պատկանի իրեն եւ ինք ուզածին պէս կրնայ գործածել Տիրոջ կերպարանքով ստեղծուած աստուածային էակները:

Համացանցով, հեռատեսիլով, ձայնասփիւռով, թերթերով, լուրերով, անորակ ֆիլմաշարերով, որոնք մագնիսային ազգեցութեամբ կը կլանեն մարդը, տարատեսակ ժամանցային հաղորդաշարերով ու հաղորդումներով՝ տեղեկատուութեան հեղեղ է: Այս բոլորի նպատակը մին է՝ բթացնել մեր ուղեղը: Աշխարհի տէրերուն՝ չարիքի ծառաներուն ձեռնտու չեն սուր ուղեղով խորհող մարդիկ: Անոնց պէտք են զանգուածներ՝ կառավարուող զանգուած: Նորաձեւութեան ոլորտը, դեղերը, մթերքը, զորս սնունդ անուանելը վիրաւորական է սնունդ բառին, ժամանցային վայրերու մէջ առաջարկուող թմրադեղերը, մեծ տեսականի ունեցող ոգելից խմիչքները... այս բոլորը լեցուցած են մեր դիմաց փայլուն, գեղեցիկ ծրարաւորուած: Որպէսզի մենք խաղանք, զբաղինք, բթանանք, հեռանանք մեր արժեքներէն, հաւատքէն: Ինչո՞ւ... որպէսզի յանկարծ օր մը չսկսինք խոկալու:

Առանց հաւատքի մենք անպաշտպան ենք այս բոլորի դիմաց, ինչպէս նորածին մանուկը: Իսկ ասոր դէմ պայքարի միակ միջոցը՝ հաւատքն է, ճշմարիտ հաւատքը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ: Պէտք է կառչինք հաւատքին, փորձենք ապաշխարիլ, ճանաչել, սիրել, փառաբանել, երկրպագել, երկիւղիլ Աստուծմէ: Սուրբ պահել, հպատակիլ Տիրոջ կամքին: Ինչպէ՞ս... Աստուածաշունչ կարդալով, աղօթելով, եկեղեցի այցելելով, պատարագներուն մասնակցելով, հաղորդութիւն ստանալով, կրթուելով, դասական գրականութիւն կարդալով, անքակտելի կապի մէջ գտնուելով քահանայի հետ: «...Քանզի առանց քահանայի չեք կրնար ըլլալ քրիստոնեայ եւ չ՚իրականանար ձեր քրիստոնէութիւնը...» (Վարդան Վրդ. Այգեկցի):

Այս բոլորի մէջ վատագոյնը այն է, որ աշխարհի տէրերը՝ սատանայի ծառաները, թիրախաւորած են նոր սերունդը՝ մանուկները: Այսօր համացանցը լեցուած է տարատեսակ աղբով, սարսափելի տեսանիւթերով: Իսկ իւրաքանչիւր նորածին մանուկ, ամիսներ անց, երբ այլեւս կրնայ իր գլուխը կանգուն պահել, ինքնուրոյն նստիլ՝ կախուածութիւն ձեռք կը բերէ համացանցային ցնորական ալիքէն: Մեր փոքրիկները այլեւս բարութիւն սերմանող, զարգացնող ու կրթող գծաշարեր չեն դիտեր: Կը նախընտրեն դիտել գռեհիկ, փուճ ու անիմաստ տեսերիզներ, որոնք երեխաներուն կը մատուցուին վառ ու պայծառ գոյներով ու զուարճանքի տեսքով: Երեխան կը նայի ու կը խնդայ: Ժամերով գամուած կը մնայ հեռաձայնին կամ միւս սարքերուն:

Զաւէնը նոյնպէս բացառութիւն չէր: Գրեթէ ամիս մը առաջ ան օրական հինգ-վեց, նոյնիսկ եօթ ժամ կը կառչէր հեռաձայնին: Մանկապարտէզէն տուն կու գար եւ մինչեւ ուշ գիշեր կը խաղար, կը դիտէր զանազան յիմարութիւններ, վտանգաւոր տեսերիզներ, որոնց նպատակը մին է՝ օրօրոցէն սկսեալ բթացնել մարդը: Բնաւ չէր կրնար հրաժարիլ համացանցէն: Ձայնած ատեն չէր պատասխաներ, քանզի երեխայի ամբողջ ուշադրութիւնը կլանուած էր: Խաղալիկներով չէր խաղար. երբեմն: Սենեակը կը ժողվէի: Օրերով կը մնար կոկիկ, ոչ մէկ խաղալիկ տեղէն կը շարժէր: Սա հանգամանքը սկսաւ զիս խիստ անհանգստացնել: Կը փորձէի ինչ-որ կերպ երեխան հեռացնել համացանցէն: Սակայն իմ բոլոր ջանքերը կը մնային ապարդիւն:

Միայն Աստուծոյ ողորմածութեամբ կրցանք ազատել վերահաս աղէտէն: Օր մը ամուսինիս հեռաձայնը փճացաւ: Այս առիթը օգտագործելով կրցանք Զաւէնիկը համոզել, որ մեր տունի բոլոր բջիջայինները անսարքացան եւ անկարելի է միանալ համացանցին: Ի զարմանս մեզ՝ երեխան դիւրութեամբ համակերպուեցաւ նոր իրավիճակին: Հիմա Զաւէնիկը աւելի քան ամիս մըն է չի մօտենար բջիջայինին ու չի պահանջեր զայն։ Ազատ ժամանակը ամբողջութեամբ կ՚անցընէ խաղալիկներով խաղալով: Գրադարանի մէջ այլեւս գիրքերը գեղեցիկ դասաւորուած չեն: Ամէն օր գիրք մը կ՚առնէ, կը բանայ, կ՚ուսումնասիրէ, կը խնդրէ, որ իրեն համար կարդանք: Աւելի շատ սկսած է խօսելու: Մանկապարտէզէն վերադարձին մեզի համար կ՚արտասանէ իր նոր սորված ոտանաւորները, նոր բառեր կը գործածէ: Հոգ չէ, որ Զաւէնիկի սենեակին մէջ կը տիրէ կատարեալ խառնաշփոթ, խաղալիկները յաճախ կը յայտնուին մեր տունի իւրաքանչիւր անկիւնին մէջ՝ գետները նետուած: Կարեւորը այն է, որ մեր փոքրիկը Աստուծոյ կամօք ազատած ենք չարիքի փուճ եւ խիստ վտանգաւոր գայթակղեցումէն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021