ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 24.1-12:
Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն 5.15-33:
Ղուկասի Աւետարանէն 8.49-56:

Եսայիի մարգարէութեան տուեալ հատուածին մէջ կը կարդանք.

«Ահա Տէրը երկիրը կը պարպէ ու զանիկա կը դատարկեցնէ եւ տակնուվրայ ընելով անոր բնակիչները կը ցրուէ: Ինչպէս է ժողովուրդը, քահանան ալ՝ այնպէս, ինչպէս է աղախինը, իր տիկինն ալ՝ այնպէս, ինչպէս է ծախու առնողը, ծախողն ալ՝ այնպէս, ինչպէս է փոխ տուողը, առնողն ալ՝ այնպէս, ինչպէս է տոկոս առնողը՝ տոկոս տուողն ալ այնպէս պիտի ըլլայ: Երկիրը բոլորովին պիտի պարպուի ու բոլորովին պիտի կողոպտուի, քանզի այս խօսքը Տէրը խօսեցաւ: Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը մարի, աշխարհը կը նուաղի ու կը մարի, երկրին ժողովուրդին մեծերը կը նուաղին: Երկիրը իր բնակիչներուն կողմէ պղծուեցաւ, քանզի անոնք օրէնքները զանց ըրին, պատուիրանքը փոխեցին, յաւիտենական ուխտը խափանեցին: Այս պատճառով նզովուեցաւ երկիրը ու անոր մէջ բնակողները իրենց յանցանքին պատիժը կրեցին, որուն համար երկրին բնակիչները այրեցան ու քիչ մարդիկ մնացին: Նոր գինին սուգ կը բռնէ, որթատունկը կը նուազի եւ բոլոր ուրախ եղողները կը հառաչեն: Թմբուկներուն ցնծութիւնը կը դադարի, ուրախութիւն ընողներուն աղաղակը կը կտրի, քնարին ցնծութիւնը կը դադրի: Երգով գինի պիտի չխմեն. ցքին խմողներուն դառն պիտի ըլլայ: Դատարկ քաղաքը կործանուեցաւ, ամէն տուն գոցուեցաւ, որպէսզի մարդ մը չմտնէ: Փողոցներուն մէջ գինիի համար աղաղակ կայ. ամէն ուրախութիւն լռեց, երկրին ցնծութիւնը վերցուեցաւ: Քաղաքին մէջ ամայութիւն մնաց ու դուռը կոտրուեցաւ ու աւերակ եղաւ» (Ես 24.1-12):

Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ այստեղ պատիժներու կամ պատուհասներու նկարագրութիւն կայ: Նկարագրութիւն, որ կը պարզէ մարդուն գործած մեղքերուն պատճառով անոր ունեցած վիճակին մասին: Վիճակ մը, որ կարիք ունի վերանորոգուելու, վերաթարմանալու, վերաստեղծուելու, սակայն ո՛չ թէ սոսկ մարդկային ջանքերով կամ մարդկային գործօնով, այլ՝ աստուածային միջամտութեամբ, աստուածային կարգադրութեամբ եւ նախախնամութեամբ:

Ղպտի մեր քոյր եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն՝ Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին, այսպէս կը մեկնէ այս հատուածը.

«Մարգարէն երկիրը դատարկ ամանի մը կը նմանցնէ, որու մէջ եղած ամէն բանը փճացած է, որով անոր տէրը ամբողջութեամբ կը դատարկէ զայն՝ գլուխն ի վայր շրջելով: Կ՚ըսէ. “Ահա Տէրը երկիրը կը պարպէ ու զանիկա կը դատարկեցնէ եւ տակնուվրայ ընելով անոր բնակիչները կը ցրուէ: Ինչպէս է ժողովուրդը, քահանան ալ՝ այնպէս, ինչպէս է աղախինը, իր տիկինն ալ՝ այնպէս, ինչպէս է ծախու առնողը, ծախողն ալ՝ այնպէս, ինչպէս է փոխ տուողը, առնողն ալ՝ այնպէս, ինչպէս է տոկոս առնողը՝ տոկոս տուողն ալ այնպէս պիտի ըլլայ” (Ես 24.1-2):

Այսպիսով Տէրը բոլորին անհնազանդութեան մէջ փակեց եւ բոլորը մահուան արժանի եղան, ինչպէս նաեւ բոլորն ալ կարիքն ունեցան փրկիչի մը, ով կարող ըլլար նորոգել իրենց բնութիւնը. ասոր մէջ քահանան կը միանայ իր ժողովուրդին, մեծը՝ արհամարհուածին, հարուստը՝ աղքատին: Այս հարցը կարիքն ունի երկիրը պարպելուն, որպէսզի իր նախկին վիճակին վերադառնայ երբ դեռ չէր ստեղծուած՝ դատարկ ու պարապ, որով Տէրը Ինք դարձեալ կը ստեղծէ զայն:

Ա՛յս է փրկութեան աստուածաբանական հիմքը, թէ ստեղծագործութիւնը ամբողջովին փճացաւ եւ կարիք ունեցաւ իր Արարողին՝ նորոգելու համար Իր ստեղծագործութիւնը: Ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալներու յաջորդ՝ Սուրբ Աթանաս Հայրապետը. “Ասիկա կը նմանի մարդու նկարի մը, որ պաստառի մը վրայ գծուեցաւ, յետոյ պատահեցաւ որ արտաքին ներկերով աղաւաղուեցաւ, որով պարտադիր եղաւ որ նկարին մարդը դարձեալ գայ, որպէսզի իր դէմքին պատկերը սրբագրուի նոյն պաստառին վրայ”:

Մեղքը կամ անհնազանդութիւնը ի՞նչ ըրին մարդկութեան: Մարդկութիւնը աստուածային բարկութեան կրակին մօտեցաւ՝ որով այրեցաւ, իսկ այրուելու գաղտնիքը [պատճառը] մարդուն անհնազանդ կամքն է, որ զինք դէպի կորուստ կը քաշէ [կը տանի]:

Եսայի մարգարէն նմանութիւն մը կը ներակայցնէ մեզի, որով կը յայտնէ թէ մարդկութիւնը յուսահատութեան ի՜նչ վիճակի հասաւ: Մարդիկ, արդարեւ, այգիները հնձելու ժամանակ սովորութիւն ըրած էին ցնծալից հանդէսներ կազմակերպել, ուր գինի կը խմէին, ուրախութեամբ կ՚երգէին եւ աղքատներուն ընծաներ կը նուիրէին: Հնձելու ժամանակը եկած է, սակայն որթատունկերը սուգ յայտարարած են, որովհետեւ խաղող չե՛ն շալկած, դափ [փոքր թմբուկ] զարնողները կը դադրին զարնելէ, երգող չկայ եւ ո՛չ ալ ուրախացող, երկրի երեսին ամէն տեսակի ուրախութիւն փախած է եւ աւեր տիրած է՝ Աստուծոյ բարկութեան կրակով, որով աշխարհի մէջ եղող ամէն ինչ մոխիրի վերածուեցաւ (Ես 24.7-12): Այսպէս աշխարհը կը նմանցնէ այրուած քաղաքի մը՝ մոխիրի վերածուած եւ չոր ու տխուր արտեր, որոնք պտուղ չեն շալկած…»:

Մեր օրերուն, արդարեւ, ուշադիր պէտք է ըլլանք եւ գիտակից մեր բնութեան պարգեւուած ձրի վերանորոգութեան՝ Տէր Յիսուսի իրագործած փրկագործութեամբ: Եթէ անցեալին մարդը իր մեղքերուն եւ անհնազադնութեան պատճառով այնպիսի վիճակի մը հասաւ, որով Աստուած Իր Միածինը ղրկեց, որպէսզի մարդը վերջնական կործանումէն փրկէ, ապա այլեւս այդ առիթը պիտի չտրուի մարդուն, որովհետեւ Քրիստոս Իր երկրորդ գալուստով ո՛չ թէ դարձեալ առիթ պիտի տայ մարդուն, այլ՝ Իր առաջին գալուստով Իր մարդուն տուած առիթը չարագործելուն համար պիտի դատէ ու դատապարտէ մարդը: Հետեւաբար, պէտք է արթուն, զգաստ եւ ուշադիր ըլլանք եւ ամենէն կարեւորը պատրաստ՝ դիմաւորելու համար Տէր Յիսուսը, եւ ո՛չ թէ դատապարտութիւն եւ յաւիտենական դատապարտութիւն գտնելու Իրմէ, այլ՝ վարձատրութիւն եւ յաւիտենական կեանք:

* Եփեսացիներուն ուղղուած նամակին 5.15-20 համարներուն մէջ կը կարդանք.

«Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք։ Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս։ Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են։ Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ՚ուզէ Տէրը ձեզմէ։ Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով»:

Այս հինգ համարներուն մէջ առաքեալը հինգ թելադրութիւն-հրահանգներ կու տայ մեզի:

ա. Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք։ Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս.

Ապրելակերպին ուշադրութիւն ընել. այսօր մեզմէ շատեր իրենց ապրելակերպին ուշադրութիւն կը դարձնեն, կարելի է ըսել, որ յաճախ չափէն աւելի, ծայրայեղ կերպով ուշադրութիւն կը դարձնեն, որով իրենց կեանքը անմտօրէն կ՚ապրին եւ ո՛չ՝ իմաստութեամբ, որովհետեւ իրենց այդ ուշադրութեան արմատները ո՛չ թէ երկնային ու հոգեւոր գաղափարներու վրայ հիմնուած են, այլ՝ աշխարհիկ սին ու փուճ հաճոյքներու եւ ընկալումներու:

Այստեղ առաքեալին ըսածը յստակ կերպով կը վերաբերի մարդուն հոգեւոր ապրելակերպին, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ հետ մարդուն փոխյարաբերութեան ու կապին: Մեզմէ քանի՞ հոգի այս հասկացողութեամբ ուշադրութիւն կը դարձնէ իր ապրելակերպին՝ հոգեւոր ապրելակերպին: Արտաքին, աշխարհիկ ապրելակերպը հայելին է մեր հոգեւոր ապրելակերպին, այլ խօսքով՝ մեր աշխարհիկ մտահոգութիւններն ու զբաղումները արտացոլումն են մեր հոգիի էութեան, ինչութեան, որովհետեւ մարդուն էութիւնը չի՛ կրնար ինքզինք խաբել, այսինքն՝ մարդ չի՛ կրնար ներքնապէս տեսակ մը ըլլալ եւ արտաքնապէս՝ այլ տեսակ, որովհետեւ իր զբաղումները, իր նիստ ու կացը, իր խօսակցութիւնը, իր հագն ու կապը կը յայտնեն զինք, ինչքան ալ ինք փորձէ գաղտնի պահել ու ծածկել:

Հետեւաբար, ուշադիր ըլլանք մեր հոգեւոր ապրելակերպին եւ մեր հոգիները պատրաստենք Տէր Յիսուսը դիմաւորելու, որպէսզի երբ Ան գայ, մեզ Իր հետ երկինք՝ Յաւիտենական Հանգիսիտին տանի եւ ո՛չ թէ յաւիտենական կորուստի դատապարտէ:

բ. Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են. պահ մը նայինք մեր չորս դին, ամէն կողմ պատերազմ, անապահովութեան՝ տնտեսական եւ ֆիզիքական, ամէն տեղ սով եւ աւերուածութիւն, ամէն կողմ թշնամութիւններ, ատելութիւնը օր օրի կ՚աւելնայ, մարդիկ օր օրի ԵՍԱՊԱՇՏ ու ԵՍԱԿԵԴՐՈՆ կը դառնան ուրանալով ու անտեսելով նոյնիսկ զիրենք լոյս աշխարհ բերող ծնողները, իրենց եղբայրներն ու քոյրերը, իրենց մտերիմ ընկերներն ու բարեկամները:

Արդարեւ, այս բոլորին մէջ ի՞նչ պէտք է ընէ քրիստոնեան, ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէ այս բոլորը: Նախ եւ առաջ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ միշտ՝ գրեթէ ամէն օր կարդայ Մատթէոսի Աւետարանին 24-րդ գլուխը եւ խորհրդածէ այդ գլուխին մասին: Տակաւին, քրիստոնեան ինչքան իր ուժերը կը ներեն պէտք է բարեգործութեամբ, ողորմածութեամբ եւ սիրով զինուի, որովհետեւ այս առաքինութիւնները զինք արժանի պիտի դարձնեն Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն. «“Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն Արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է։ Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք Ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք Ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք Ինծի”։

Այն ատեն արդարները պիտի հարցնեն. “Տէ՛ր, Քեզ ե՞րբ անօթի տեսանք եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւ տեսանք ջուր տուինք։ Քեզ ե՞րբ օտարական տեսանք եւ ընդունեցինք կամ մերկ՝ հագցուցինք։ Քեզ ե՞րբ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք եւ այցի եկանք Քեզի”։ Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ Իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, Ինծի ըրած եղաք”» (Մտ 25.34-40):

գ. Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ՚ուզէ Տէրը ձեզմէ. ի՞նչ կրնայ ուզել Տէրը մեզմէ: Ովսէ մարգարէին միջոցով Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. «Քանզի Ես ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ոչ թէ՝ զոհ, ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը» (Ովս 6.6):

Պարզ ու յստակ: Աստուած երեւոյթներուն չի՛ նայիր, թէ մարդ ի՛նչ կը գործէ, ինչպէս կը գործէ, այլ՝ Աստուած կը նայի, թէ մարդ ի՞նչ սիրտով կը գործէ, ի՞նչ միտումով կ՚առաջնորդուի եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ:

Մեր՝ մարդոց կատարած նուիրատութիւնները, ընծաները, նուէրները, օգնութիւնները ո՛չինչ կ՚արժեն, եթէ ատոնց մէջ սէր ու գուրգուրանք չկայ, ընդհակառակը՝ երեւնալու, հաճոյք ու բաւարարուածութիւն ստանալու միտումով է որ կը կատարենք: Տէր Յիսուս մեզի սորվեցուցած է նուիրատուութեան ամենէն ճիշդ եւ Աստուոյ ընդունելի ձեւը. «Զգո՜յշ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր Երկնաւոր Հօրմէն։

Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ։ Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու Երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.1-4): Արդարեւ, երբ Տէր Յիսուսի թելադրութեամբ առաջնորդուինք, ապա մեր պատարագները, ընծաները, նուէրներն ու մատաղները ընդունելի կ՚ըլլան Աստուծոյ:

դ. Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք. «Երթա՛նք գաւաթ մը խմենք, քիչ մը թեթեւնանք». «Այսօր տարեդարձս է, պիտի խմեմ եւ ուրախանամ». «Վերջապէս նպատակիս հասայ, երթանք եւ խմենք ու ուրախանանք», եւ տակաւին բազմաթիւ այլ նմանատիպ արտայայտութիւններ, որոնք «քիչ»ի ակնկալիքով կը սկսին, սակայն «շատով, չափազանց շատով» կ՚աւարտին, երբեմն նոյնիսկ տուեալ անձը կամ անձերը գերեզման հասցնելով:

Առաքեալը յստակ կերպով կը թելադրէ գերի չդառնալ ո՛չ միայն գինիին, այլ՝ ընդհանրապէս ցանկացած խմիչքի, որովհետեւ երբ մարդ խմիչքի գերին կը դառնայ, ինքզինք կը կորսնցնէ, ինքն իր վրայ տիրապետութիւնը կը կորսնցնէ եւ անսպասելի ու վտանգաւոր բաներ կը սկսի գործել, որ ո՛չ միայն իր առողջութեան եւ կեանքին կը սպառնան, այլեւ՝ իր շրջապատին:

Մարդ որպէսզի գինիին, խմիչքին գերին չդառնայ, առաքեալը մարդուն կու տայ այդ գերութեան չմատնուելու ամենէն ապահով ճամբան՝ Սուրբ Հոգիով լեցուիլ, որովհետեւ երբ մարդ Սուրբ Հոգիով կը լեցուի, Սուրբ Հոգիով կ՚առաջնորդուի, Սուրբ Հոգիով կ՚ապրի ու կը պատասպարուի, ապա աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ուժ կամ երեւոյթ կրնան զինք գերի դարձնել կամ տիրել իրեն, քանի որ Սուրբ Հոգին մարդուն կու տայ ազատութիւն, ազատութեան մէջ զօրութիւն եւ իմաստութիւն՝ գիտակից կերպով կառավարելու իր կեանքին ղեկը, եւ հակառակ բազմապիսի փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու՝ անփորձանք հասնելու յաւիտենական հանգիստի: Հետեւաբար մարդ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Սուրբ Հոգիով լեցուի, ո՛չ միայն լեցուի, այլ՝ կարենայ Սուրբ Հոգին պահել իր մէջ, ո՛չ միայն պահել, այլ՝ օր օրի առատանալ Անով ու զօրանալ Անոր տուած շնորհքներով ու իմաստութեամբ՝ յաղթահարելու ամէն տեսակի փորձութիւն, նեղութիւն եւ դժուարութիւն:

ե. Իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով. յաճախ մեր ընկերները, ազգականները, բարեկամները կը հրաւիրենք այսինչի համերգին, այնինչին ներկայացումին, կամ այս տեսերիզը նայելու, կամ նոր իջած ֆիլմ մը դիտելու միասին, բայց մեզմէ քանի՞ հոգի իր նոյն այդ ընկերներուն, ազգականներուն կամ բարեկամներուն կը հրաւիրէ միասնաբար Եկեղեցի երթալու եւ այնտեղ միասնաբար սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսելու եւ զԱստուած փառաւերու ու մեծարելու:

Շատ դիւրութեամբ աշխարհիկ հաճոյքներու եւ ժամանցներու կը հրաւիրենք մեր շրջապատը, սակայն մե՜ծ դժուարութեամբ եւ նոյնիսկ ակամայ՝ կը մտածենք զանոնք Եկեղեցի հրաւիրելու, կարծելով, մտածելով կամ վախնալով որ յանկարծ չըսեն թէ աշխարհը ո՜ւր հասած է, ինք ուր մնացած է… Եթէ այդպէս կը մտածենք, յիշենք Տէր Յիսուսի խօսքը. «Ով որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ Ինծի կը հետեւի, Ես ալ զայն Ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է։ Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ ես զինք պիտի ուրանամ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 10.32-33)։ 

Չամչնանք Եկեղեցի երթալէ, առաւել եւս չամչնանք ու չքաշուինք մեր շրջապատին ալ հրաւիրելու Աստուծոյ տուն, վայելելու համար աստուածային օրհնութիւններն ու բարիքները՝ ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով, յաւտիեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2023