ՈՒՍՈՒՑՉԻ ԻՆՔՆԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԻՆՔՆԱՄՇԱԿՈՒՄԸ

Ինքնակրթութիւնն ու ինքնազարգացումը ուսուցիչին համար առանձին եւ կենսական նշանակութիւն ունին։ Ուսուցողական եւ դաստիարակչական գործը որպէս կեանքի նպատակ եւ կոչում ընտրելով ան ոչ միայն ինքզինք, այլ նաեւ ուրիշներ պէտք է դաստիարակէ եւ կատարելութեան հասցնէ։

Ուսուցիչին վիճակուած է առաջնորդել եւ ուղղել իրեն խնամքին յանձնուած սաները, անոնց մէջ հրահրելով ձգտում դէպի ճշմարիտը, գեղեցիկը, վսեմն ու բարին։ Առաւել՝ անոր վերապահուած է ուսանողներու նախադրեալները, ընդունակութիւններն ու շնորհները խթանելու եւ բարձրագոյն զարգացման հասցնելու նուիրական պարտականութիւնը, ինչ որ կ՚ենթադրէ այդ հրաշալի յատկութիւնները առաջին հերթին ինքն իր մէջ մշակել եւ ծաղկեցնել։

Այն մարդը, որ կրթութիւն եւ զարգացում չէ տեսած, չի կրնար դաստիարակչական պաշտօն ստանձնել, որովհետեւ ոչ ոք ի վիճակի է տալ ուրիշին այն ինչ որ չունի ինք՝ անձնապէս։ Աշակերտին վրայ ուսուցիչի կրթական եւ դաստիարակչական ներգործութիւնը պայմանաւորուած է դաստիարակութեան եւ կրթութեան հետ անոր (ուսուցիչին) հաղորդակցութեան չափով։

Ան որքան շատ աշխատի իր սեփական դաստիարակութեան ու կրթութեան վրայ, այնքան ընդունակ կը դառնայ ուրիշներ դաստիարակելու եւ կրթելու։

Սերունդներու դաստիարակման հեռանկարով ստեղծուած է ուսուցողական պաշտօնը եւ ոչ ուսուցիչներուն աշխատանք հայթայթելու համար։

Ուսուցողական ասպարէզի իւրաքանչիւր թեկնածու, դէպի վերոյիշեալ վեհագոյն տեսլականը առաջնորդող լուսաւոր աստղ կը նկատուի, բայց ոչ նպատակ։ Բացի հիմնաւոր կրթութենէ, զոր իբրեւ նախապայման պաշտօնը կը պահանջէ իրմէ, ուսուցիչը հարկ է որ յարատեւօրէն աճեցնէ եւ զարգացնէ իր գիտելիքներն ու դասամատուցման հնարաւորութիւնները, որպէսզի կարելի տարողութեամբ անոր աշխատանքը դառնայ օգտակար եւ որակաւոր։

Իսկ պատահականօրէն ուսուցիչ դարձած մարդը երբ բոլորովին այլ կերպ կը մատչի ուսումնակրթական առաքելատիպ ասպարէզին, բնականաբար եւ արդարօրէն կը դիտուի իբրեւ վարձկան, որ իր պաշտօնը կը համարէ շահարկումի միջոց մը՝ իրեն ծառայող, իր անձին նպաստող եւ ոչ թէ ինք պաշտօնին։

Արդ՝ ան որ նախանձախնդիր է դաստիարակչական իր կոչումին եւ հաւատարիմ՝ հասարակութեան թէ ծնողներու հանդէպ իր յանձնառութեանց, ուսուցչական իր պարտաւորութիւնները կը կատարէ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ եւ բարեխղճութեամբ, առանց անհանդուրժելի թերացումներու եւ բացթողումներու։ Աւելին՝ անխոնջ աշխատանքով եւ յարատեւ ինքնամշակումով կը հարստացնէ իր մտապաշարն ու կը կատարելագործէ իր կարելիութիւնները՝ որպէս անփոխարինելի միջոցառումներ ցանկալի դաստիարակութիւն եւ արդիւնաւէտ ուսուցում կիրարկելու։

Այսօր ամէն ոք կը գանգատի մեր վարժարաններու ուսումնական ան-բարենպաստ կացութենէն։ Յատկապէս՝ սուր քննադատութեամբ առաջ կը քշուի ուսուցիչներու կրթութեան եւ զարգացման անբաւարարութեան հարցը։ Ծնողներ եւ աշակերտներ՝ բոլորն ալ առանց բացառութեան կը դժգոհին դաստիարակի հոգեմտաւոր թէ կիրառական թերի պատրաստութենէն։ Անոնք միահամուռ կերպով աւելի բարձրորակ կրթութիւն եւ զարգացում կը ցանկան ուսուցիչին։ Ամէնքը կը զգան հիմնաւոր կրթութեան անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն ամբողջ ուսուցչական դասի բարձրացման եւ որակաւորման համար, այլեւ մատղաշ սերունդի ուսումնառութեան նկատմամբ հաւաքականութեան եւ ազգի գերաճող կարիքներն ու սպասումները բաւարարելու ի խնդիր։ Կրթական պատասխանատուներու եւ պատկան մարմիններու համար ոչ մէկ այլ հեռանկար աւելի հրապուրիչ պէտք է ըլլայ, քան նման ազնուաբարոյ պահանջներու եւ ակնկալութեանց յագեցումը։

Բացայայտ ու պարզ է, որ ուսուցչական կրթութեան հեռահաս նպատակը գլխաւորաբար պէտք է հետապնդէ հասցնել արժանաւոր ուսուցիչներ, որոնք բոլոր անհրաժեշտ յատկութիւնները ունենան դաստիարակչական առաքելութիւնը ձեռնհասօրէն առաջ տանելու։

Երիտասարդ ուսուցիչը կամ ուսուցչուհին երբ կը ձեռնարկէ աշխատանքի՝ հազիւ թէ իւրացուցած կ՚ըլլայ հիմնական եւ ընդհանրական գիտելիքներ, իսկ դասաւանդման ու կրթական զարգացման տեսակէտէն կը գտնուի համեստ եւ նախնական աստիճանի վրայ։ Ուստի՝ յաջորդող հանգրուաններուն համար ան մշտապէս սորվելու եւ պատրաստուելու հարկադրանքին տակ կը գտնուի։

Անշուշտ՝ գոյութիւն չունի մահկանացու բանաւոր էակ մը, որ կարենայ տիեզերքի հանուր գիտութեանց տիրանալ։ Բայց իւրաքանչիւր մարդ որ կը նկրտի բովանդակալից եւ բեղմնաւոր կեանք մը վարել, պէտք է ջանայ գէթ որոշ չափով գաղափար ունենալ ընդհանուր գիտելիքներու մասին, իրազեկ դառնայ ժամանակի իրադարձութիւններուն, մանաւանդ՝ աչա-լըրջօրէն հետեւի իր մասնագիտութենէն ներս արձանագրուող նորագոյն յաջողութեանց եւ նուաճումներուն։

Հոգուով, սրտով ու ողջ էութեամբ ուսուցչական ասպարէզին փարած մարդը՝ կը տոչորի մշտական ցանկութեամբ մասնակից դառնալու ուսուցչական յառաջատուական զարգացման, եթէ ոչ ինքնուրոյն աշխատանքի ուղիով, ապա թէկուզ անոր աշխոյժ եւ գործօն իւրացման միջոցով։ Իսկ առանց այս վերջին ըղձանքի բաւարարման, անոր ուսուցչական գիտակցութիւնը շատ հաւանաբար տեղի պիտի տայ կամ նոյնիսկ չքանայ ընդմիշտ։

Անցեալին՝ դէպքերու ընթացքը այնքան դանդաղ կշռոյթ ունէր, որ կարելի էր մարդոցմէ հեռու՝ մեկուսի ապրիլ եւ սակայն ժամանակի հոլովոյթէն եւ վերափոխումներէն անմասն մնալու վտանգին չենթարկուիլ։

Հարիւրաւոր կամ հազարաւոր տարիներ սպասելու կարիք չկայ այլեւս քաղաքակրթական մեծ եղափոխումներ իրագործելու համար։ Այսօր՝ նուազ քան տասնամեակի մը ընթացքին, գլխու պը-տոյտ պատճառող արագութեամբ մեծաոստում յաջողութիւններ կ՚ար-ձանագրուին կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Հազիւ քառորդ դարու ծառայութիւն ունեցող ուսուցիչներէն շատեր արդէն անկարող դարձած են հասկնալու եւ ճիշդ գնահատելու ներկայ ժամանակն ու անոր հանգամանքները։ Երկարամեայ ծառայութեան տէր այդ երէց ուսուցիչները, ի՞նչպէս եւ ի՞նչ տարողութեամբ կրնան օժանդակել նորահասակներու դաստիարակութեան համաձայն նորագոյն ժամանակներու ըմբռնողութեան, եթէ անոնք չեն պատուաստուած եւ վերաթարմացած դարու ոգիին կենսաբեր ու խթանիչ ազդեցութեամբ։

Ներկայիս դպրոցը հարկ է որ վերափոխուի եւ գործէ այնպիսի ըմ-բըռնողութեամբ եւ դրոյթով, որոնք հարազատօրէն ներդաշնակ-ւին նորօրեայ մտածողութեան ու հոգեբանութեան լաւագոյն արտայայտութիւններուն հետ։

Երէց սերունդի ներկայացուցիչներ յաճախ կը գանգատին, որ երեխաներ, պատանիներ թէ երիտասարդներ՝ այսօր կրթուած ու դաստիարակուած չեն անցեալի նման։ Սովորաբար այդ դժգոհութիւնները արդիւնք են ոչ միայն արդի ժամանակներու հսկայական յառաջդիմութիւնը լաւապէս չճանչնալու, այլեւ ակնյայտօրէն զայն չըմբռնելու կամ անոր հետ չհաշտուելու հանգամանքին։

Խնդրին էութիւնը կը կայանայ հոն, որ վերանորոգուելու անատակ ուսուցիչներ, հակառակ իրենց փորձառութեան ու վաստակին, որքան ալ փորձեն եւ ինչ միջոցառումներու ալ դիմեն, պարզապէս անզօր կը մնան երեխաները դաստիարակելու հին օրերու ժամանակավրէպ տրամաբանութեամբ եւ մօտեցումով։

Նորագոյն, բայց մշտափոփոխ պայմանները, ամէնուրեք տիրող գերմրցակցական մթնոլորտը, գիտական ամէնօրեայ եւ անհակա-կըշռելի յաջողութիւնները, մարդկային կեանքի ու քաղաքակրթութեան անսանձ զարգացումն ու բարգաւաճումը, այնքան զօրաւոր, տիրական եւ հրամայողաբար կ՚անդ-րադառնան ընտանեկան թէ դպրոցական մեր կեանքին վրայ, որ կենսունակ մարդը կը պարտաւորեցնեն մշտահաղորդ մնալու այդ յեղաշրջումներուն եւ նուաճումներուն։

Դաստիարակութեան բնոյթը պէտք է որ անընդհատ բարեշրջումի եւ վերատեսութեան ենթարկուի կեանքի փոփոխութեան զուգահեռ։

Անիրատես եւ անհեռատես է այն մարդը, որ կը փորձէ հակադրուիլ բնութեան օրէնքին եւ խոչընդոտել կեանքի վերափոխութեան ու յառաջդիմութեան հաստատաքայլ ընթացքը։

Այս կը նշանակէ՝ որ ուսուցիչը կամովին եւ գիտակցաբար համաքայլ պիտի ընթանայ արդիականութեան հետ՝ լիցքաւորուելով եւ վերաշխուժանալով անոր յարուցած ներուժ ոգեւորութեամբ։

Մեծ դժուարութիւն կը դիմագրաւէ այն ուսուցիչը, որ իր օրերէն ետ կը մնայ, հոգուով ու մտքով օտար է իր ժամանակներուն, կը մերժէ նայիլ առաջ, մշտապէս դառնալով ստրուկ կաղապարուած գաղափարներու եւ հնամաշ հոգեբանութեան։

Այսպէս ուրեմն՝ ժողովուրդի մը համար երջանիկ կեանքի ու առողջ դաստիարակութեան կանխածրագրումը առանցքային եւ անխուսափելի նախապայման պէտք է ընդունի ուսուցիչներու կրթութիւնն ու վերապատրաստութիւնը։

Դպրոցական աշխատանքի արդիւնաւորութիւնը մեծ համեմատութեամբ պայմանաւորուած է ուսուցչի մանկավարժական հիմնաւոր պատրաստութեամբ ու մտքի յարատեւ զարգացումով։ Դաստիարակը պէտք է ըլլայ մշակուած, բանիմաց եւ քաղաքավար մարդ, անոր կրթութիւնը պէտք է յատկանշուի խորութեամբ եւ բազմազանութեամբ, պէտք է ընդգրկէ ընդհանրական եւ մասնագիտական երեսներ։ Տակաւին՝ պէտք չէ բաւականանայ իւրացնելով լոկ սահմանափակ գիտելիքներ, ունակութիւններ եւ վարժութիւններ, որոնք անմիջականօրէն անհրաժեշտ են իրեն գործնական աշխատանքի կամ դաստիարակչական կիրառումներու ընթացքին, այլ՝ կենսական է որ ան պատուաստուի ջերմ մարդկայնութեամբ, նաեւ զրահուի անծայր հետաքրքրութեամբ՝ քաղաքակրթութեան, մշակոյթի եւ գիտութեան նկատմամբ։

Դաստիարակներ պարտին թանկօրէն գնահատել իրենց կոչումը, արժէքն ու հասարակական դիրքը, այլ խօսքով՝ ծանրակշիռ դասէն ողջ ուսուցչական ասպարէզը։ Անոնք միասնական յարաճուն ջանքերով պէտք է ճգնին ապահովել վարկ եւ լիիրաւ իրաւունքներ, նաեւ վայելել՝ ժամանակակիցներու օժանդակութիւնը, յարգանքն ու վստահութիւնը։ Այս բոլորը՝ ի հարկէ գլխաւորաբար ուսուցչական դասին պատկանող բոլոր ներկայացուցիչներու ճշմարիտ կրթութեամբ, ու հետեւաբար՝ իւրաքանչիւր մշակի անհատական զարգացումով եւ ուսուցողա-դաստիարակչական բնագաւառին մատուցած իր տարողունակ ծառայութեամբ։

Ուսումնակրթական մարզի անարժան մէկ անդամը, իր անպատասխանատու վերաբերումով եւ ձախաւեր գործունէութեամբ, մեծապէս կը վնասէ ոչ միայն ինքնիրեն եւ իր աշակերտներուն, այլեւ ամբողջ ուսուցչական դասին՝ արգելակելով անոր անհրաժեշտ վերելքն ու յառաջընթացը, որոնք առաջին հերթին առընչուած են այդ դասին մաս կազմող ասպարէզակիցներու որակին։

Ուսուցիչը գլխաւոր օգնականն է իր անձին եւ իր պաշտօնակիցներուն։ Իսկ այդ օգնութիւնը կը կայանայ իսկական ինքնակրթութեան եւ արգասաբեր գործունէութեան մէջ։ Անտարակոյս՝ անոր ճիգերուն պիտի գումարուի նաեւ հաւաքականութեան օժանդակութիւնը։

Վերջապէս՝ կեանքի հիմնական խնդիրը պէտք է փնտռել այն իրողութեան մէջ, որ երբեք չմոռցուի ինքնազարգացման ազնիւ եւ նուիրական պարտականութիւնը, գոյութիւն չունենայ աւելի վսեմ հեռանկար քան մարդու եւ դաստիարակի ձգտումը, դէպի կրթութիւնն ու անոր կատարելագործումը։

ԽԱՉԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

«Ապագայ», Գանատա

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019