ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉՈՎ ԱՊՐՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Եթէ իմ երկար ասպարէզային կեանքին մէջ ներառուած են շատ ճամբորդութիւններ եւ այս մեկնելով իմ աշխատանքային գործի պարտադրանքներէն, բայց այդ մէկը նաեւ լաւ առիթ եղած է ծանօթանալու հայկական գաղութներու եւ անոնց առաջնորդներուն։ Եւ այս իմաստով՝ իմ յաճախակի Պոլիս այցելութիւնները նաեւ պիտի ընդգրկէր իմ ծանօթացումը եւ անոր հետ շարունակուած հաղորդակցութիւնը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հետ։

Եթէ պատրիարքին մէջ տեսած եմ եկեղեցական կղերական-առաջնորդի ամէն տուեալները՝ բայց նաեւ շրջահայեացութիւնը։ Եւ այս շրջահայեացութեան մէջ անոր վեհանձն ու ազնիւ հոգին՝ ընդունելու նաեւ «ուրիշ»ը, որ կրնար տարբեր ըլլալ։ Եւ ան հանդիսացաւ այն առաջնորդը, որ կրցաւ կ՚ամրջել իր յարաբերութիւնները այդ բոլոր «ուրիշ»ներուն  եւ անոնց տարբերութիւններուն մէջէն։

Բայց կար նաեւ աւելին։ Մեսրոպ Պատրիարք Ասուածաշունչին եւ անոր բովանդակութեան լաւ գիտակ էր։ Եւ ոչ միայն գիտակ... Անոր կեանքը ապրող եւ շարժող էր Աստուածաշունչով։ Եւ այս իր խօսքով, բայց նաեւ գործով։ Ու տակաւին՝ ան կրցաւ Աստուածաշունչը ներմուծել հաւաքական կեանքերուն մէջ որպէս ապրելու զօրաւոր գրաւական։

Եթէ անողոք հիւանդութիւնը առիթ չտուաւ, որ Պատիրարքը կարենար իր եկեղեցական ու ազգային կեանքի առաջնորդութիւնը կատարել աւելի բեղուն, բայց կայ անոր ետին ձգած պատգամ-կտակը, թէ Աստուածաշունչով ապրուած կեանքը կ՚իմաստաւորուի։ Եւ թէ այս կեանքերը կը մնան արժէք՝ որուն պէտք է կառչիլ եւ անոր հետ ապրիլ։ Եւ Մեսրոպ Պատիրարք կառչեցաւ եւ ապրեցաւ Աստուածաշունչի արժէքի կեանքին համար եւ զայն կը ձգէ այսօր մեր բոլորին որպէս ապրելու կտակ։

Եթէ մէկ կողմէ մեր ցաւակցութիւնները Թուրքիոյ հայ գաղութին մեր բոլոր կառոյցներուն, եղբայր-քոյրերուն, իրենց եւ մեր բոլորին սիրելի Պատրիարք Հօր վախճանումին համար, բայց նաեւ կը միանանք ձեր բոլորին հետ, թէկուզ աշխարհագրականօրէն հեռու՝ մեր աղօթքներով։ Եւ կը հայցենք Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը Պատրիարք Հօր ընտանեկան պարագաներուն, թրքահայ գաղութի բոլոր կառոյցներուն, նաեւ հայ ժողովուրդին։

Մեսրոպ արք.Մութաֆեանի երկրային կեանքը Աստուածաշունչով ապրուած էր եւ որ կը շարունակուի, Իր եւ մեր բոլորին համար։

Ցաւակցօրէն՝

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Աստուածաշունչի Ընկերութիւն Արաբական Ծոցի Երկիրներու

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2019