«ՀԱՅՈՑ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ» ՓՈՐԱԳՐԱՆԿԱՐԸ

Հոլանտայի մայրաքաղաքը՝ Ամսթերտամի կեդրոնական հատուածի փողոցները կոչուած են Հոլանտական Ոսկեդարու հռչակաւոր նկարիչներուն անուններով. 17-րդ դարու հոլանտական կերպարուեստի ոսկեդարը նշանակալի ազդեցութիւն ձգած է եւրոպական արուեստի զարգացման վրայ եւ մինչեւ մեր օրերը առկայ է այդ ազդեցութիւնը: Ոսկեդարու ժամանակաշրջանը համընկած է անկախութեան համար սպանացիներուն դէմ հոլանտացիներուն մղած ութսունամեայ պատերազմի (1568-1648) աւարտական փուլին եւ անոր յաջորդող 50-55 տարիներուն:

Ոսկեդարու նկարիչներուն անուններով Ամսթերտամի կեդրոնական փողոցներուն անուանակոչումը կը յիշեցնէ հոլանտական պատմութեան այդ շքեղ դարաշրջանը: Փողոցներէն մէկը կը կրէ հոլանտացի ծանօթ նկարիչ, փորագրիչ եւ բանաստեղծ Եան Լույկէնի անունը: Անոր անունով փողոցին առաջին շէնքը Հոլանտայի Պետական թանգարանն է, ուր կը պահուին փորագրանկարչութեան աշխատանքներու ընդարձակ հաւաքածոն, այդ կարգին՝ Եան Լույկէնի փորագրած «Հայոց այբուբենը» (Armenisch Alphabet) աշխատանքը, որ ան կատարած է 1690 թուականին:

Ո՞վ էր Եան Լույկէն, որ ապրելով 17-րդ դարուն, անդրադարձած է աշխարհի կարգ մը հնագոյն ժողովուրդներու այբուբենին, այդ կարգին՝ հայոց: Անոր փորագրած այբուբենները փորագրանկարչութեան դասական գլուխ-գործոցներ են, մարդկութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան անմահ գանձեր…

Եան Լույկէն դպրոցի ուսուցիչ Քասպեր Լույկէնի եւ Էսթէր Քորսի հինգերորդ զաւակն էր, ծնած 1649 թուականին, Հոլանտա: Դպրոցը աւարտելէն ետք նկարչական արուեստանոցին մէջ աշխատանքի ընդունուած է որպէս վարպետի օգնական, մշակ եւ զուգահեռաբար ընդգրկուած հակակղերական երիտասարդ բանաստեղծներու շարժումին:

1669 թուականին Եան Լույկէն սկսած է իւրացնել փորագրութեան արուեստը: Փորագրութեան զուգահեռ կը գրէր բանաստեղծութիւններ եւ մինչեւ փորագրական լուրջ գործեր ստեղծելը, տպած էր քերթուածներու գիրք մը:

1672 թուականին Եանը ամուսնացած է, որմէ ետք կրօնական հայեացքներու քանի մը փոփոխութիւն կրած է ենթարկուելով այդ տարիներուն գոյութիւն ունեցած կրօնական շարժումներուն: Ամուսնութիւնը երջանկութիւն չբերաւ արուեստագէտին: Հինգ երեխաներէն չորսը մահացան մինչեւ հասունութեան տարիք, մահացաւ նաեւ կինը: Անոր միակ որդին նոյնպէս սորվեցաւ փորագրանկարչութիւն եւ աշխատեցաւ հօրը հետ, բայց մահացաւ երիտասարդ հասակին՝ Լույկէնի խնամքին ձգելով կինն ու երեխան: Աւելի ուշ Եան Լույկէն անցաւ ճգնակեցութեան, հեղինակեց կրօնական նիւթերով քերթուածներ եւ զբաղեցաւ քարոզչութեամբ:

Ան աշխատած է աւելի քան հարիւր հրատարակիչի հետ, բացի այդ, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, ստեղծած է 3336 փորագրանկար, պատկերազարդած է շուրջ 500 գիրք գիտութեան զանազան բնագաւառներուն վերաբերեալ՝ աշխարհագրութիւն, կենսաբանութիւն, բնական գիտութիւններ, տարրաբանութիւն, նաւաշինութիւն, հնագոյն պատմութիւն եւ Աստուածաշունչ: Պատկերազարդած է նաեւ իր հեղինակած 12 գիրքերը:

1681 թուականին Լույկէն մասնակցած է Եոհաննէս վան Քէոլէնի ընկերութեան հրատարակած հնգհատոր քարտէսագիրքին, իսկ 1685 թուականին՝ «Մարտիրոսներու հայելին» գիրքին երկրորդ հրատարակութեան պատկերազարդումներուն: Վերջինին մէջ տեղ գտած էին Լույկէնի փորագրանկարներէն 104-ը: Կրկնակնունքներու շրջանին «Մարտիրոսներու հայելին» (կամ «Արիւնոտ թատրոն») գիրքը Աստուածաշունչէն ետք ամենանշանակալին կը նկատուէր: 1694 թուականին հրապարակուած է «Մարդկութեան արհեստներ» գիրքը, որուն մէջ Լույկէն իրատեսօրէն պատկերած էր զանազան մասնագիտութեան տէր մարդիկը՝ շրջապատ-

ւած իրենց աշխատանքային գործիքներով՝ աստղագուշակ, բժիշկ, թամբագործ, ապակեգործ, կօշկակար, մսագործ, մանածագործ եւ այլք: Այդ գիրքերը կը համարուին հոլանտական ազգային հարստութիւնները եւ կը պահուին երկրին անձեռնմխելի պահոցներուն մէջ: Թէ՛ անոր հեղինակած «Մարդկութեան արհեստները» թէ՛ «Նոր ծովային ջահը» եւ թէ «Մարտիրոսներու հայելին» յետագային վերա-հըրատարակուած են, ինչպէս նաեւ թարգմանուած այլ լեզուներու, բայց, անշուշտ, բնօրինակները կը համարուին այդ դարաշրջանին բնորոշ արժէքներ:

Լույկէն վախճանած է 1712 թուականին, անոր համար կատարուած է համեստ յուղարկաւորութիւն մը՝ ամենաաժան գերեզմանոցներէն մէկուն մէջ:

Ժամանակակիցներուն նկարագրութեամբ՝ Լույկէն խաղաղասէր ու աստուածավախ մարդ մըն էր, որուն կեանքը նման էր իր քարոզած կեանքին: Իր եկամուտներուն մեծ մասը ան կը նուիրաբերէր կարիքաւորներուն:

Արուեստագէտին մահէն ետք սկսած են վերահրատարակուիլ անոր գործերը եւ մեծ ճանաչում ունէին մանաւանդ կրօնական շարժումները ուսումնասիրողներուն եւ այդ շարժումներու հետեւորդներուն մէջ: Գիրքերէն զատ վերարտադրուած են նաեւ անոր կրօնական նիւթերով փորագրանկարները: Անոնց մէկ մասը վերարտադրուած է 18-րդ դարուն Չինաստանէն Եւրոպա ներկրուած ճենապակիին վրայ: 19-րդ դարուն Լույկէնի արուեստը բարձր գնահատած է ֆրանսացի գրող Շարլ Հիւսման. իր «Ընդհակառակը» վէպին մէջ ան Լույկէնը կոչած է հանճար: Լույկէնի փորագրանը-կարներուն եւ բանաստեղծութիւններուն հանդէպ ուշադրութիւնը նուազ չէ նաեւ այսօր՝ ժամանակակից ուսումնասիրողներուն մէջ, քանի որ ան հաստատած է հոլանտական հոգեւոր գրականութեան նոր չափանիշներ, որոնց հիմքին մէջ կերպարուեստի կաթողիկական ու բողոքական մտածողութիւններու միահիւսումն է:

Յատկանշական է, որ 20-րդ դարավերջին Լույկէնի փորագրանկարները գործածուած են պատկերներու ստացման եղանակներու հետազօտական աշխատանքներուն մէջ:

ՀԱՅՈՑ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ

1690 թուականին Ամսթերտամի մէջ հրատարակուեցաւ աշխարհի հնագոյն այբուբեններու մասին պատմող պատմագիտական շարք մը, որուն համար, ի թիւս ուրիշ ժողովուրդներու այբուբեններուն, Լույկէն ստեղծեց նաեւ հայկական այբուբենի փորագրանկարը: Ուշագրաւ է, որ անոր փորագրած պատկերին մէջ ներկայացուած են նաեւ հայկական տառերու լատինատառ հնչիւնային տառադարձութիւնները, որպէսզի եւրոպացիները փորագրանկարին նայելով գիտնան, թէ տառերէն ո՞րը, ի՛նչ հնչիւնի կը համապատասխանէ:

Եան Լույկէնի հեղինակած աշխարհի հնագոյն այբուբեններու շարքը Ամսթերտամի մէջ հրատարակուած է հրատարակիչ եւ գիտնական Վիլհելմուս Կուրի կողմէ: Լույկէնի փորագրանկարներուն մէջ առաջին անգամ տառերուն կ՚ուղեկցէին իրենց անուններուն պատկերները՝ «Ա-այբ», «Բ-բեն», «Գ-գիմ», «Դ-դա» եւ այլն:

Անոր փորագրութիւններուն շարքը կը ներառնէ նաեւ սուրիական, փիւնիկեան, եգիպտական եւ ուրիշ այբուբեններ: Գեղարուեստական մեծ ճաշակով կատարուած այդ փորագրանկարներուն մէջ հայկական այբուբենը բազմիցս յիշատակուած է իբրեւ առեղծուածային գիրերու այբուբեն:

Եան Լույկէնի հայոց այբուբեն աշխատանքը միակը չէ անցեալ դարերու եւրոպական հրատարակչութեան պատմութեան մէջ: Աշխարհի ամենագրաւիչ այբուբեններէն մէկը ըլլալով, հայերէն տառերը իրենց արտաքին տեսքով շատերը հետա-քըրքրած են, անոնք ուրոյն ձեւով ներկայացուած են 18-րդ դարու եւրոպացի հրատարակիչներու գիրքերուն մէջ:

Ֆրանսացի փիլիսոփայ, գրող, արուեստաբան, քննադատ, բառարանագիր Տենի Տիտրօ հայոց այբուբենը ընդգրկած է 1751-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսած «Հանրագիտարան»ին մէջ: Յատկանշական է, որ հանրագիտարանի այդ 2 էջը Հայաստանի ազգային գրադարանը ձեռք բերած է միջազգային աճուրդի մը ընթացքին, եւ այժմ անոնք կը ցուցադրուին Ազգային գրադարանի Գրատպութեան թանգարանի «Հայոց այբուբենը» սրահէն ներս:     

Մաշտոցեան գիրերը տեղ գտած են նաեւ գերմանացի լեզուաբան Կոտֆրիտ Հենզէլի 1741-ի Նիւրենպըրկի մէջ հրատարակուած «Համընդհանուր բանասիրութեան համառօտ տեսութիւն» լեզուաբանական աշխատութեան մէջ ներառուած քարտէսին վրայ: Երկիրներուն անուանումէն զատ, քարտէսին վրայ նկարուած է նաեւ տուեալ երկիրներու լեզուներով Տէրունական աղօթքէն հատուած մը: Քարտէսին բնօրինակը այսօր կը պահուի Միացեալ Նահանգներու Պրինսթոնի համալսարանէն ներս:

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՀԱՅՈՑ ԱՅԲՈՒԲԵՆՆ
- Ճառ՝ Տիրան էֆ. Չրաքեանի, «Սկիւտար» հանդէսին մէջ -

Եթէ անհատները սեփական յատկութիւններ, ուրոյն յատկանիշեր ունին, ուստի եւ դեր մը զոր կոչուած են կատարել, իւրաքանչիւր ազգ ալ, որ ունի իր յատկանիշերը, կոչուած է դեր մը կատարել աշխարհի բեմին վրայ: Ազգերն ալ անհատներ են:

Անհատներն աշխարհի վրայ գոյութեան իրաւունք ունին այն չափով, որով որոշ դերի մը ձգտող սեփական հանգամանքներ ունին, եւ գոյութեան իրաւունք ունին պատմութեան մէջ այն չափով, որով իրենց յատուկ դերը կատարած են հաւատարմօրէն: Այսպէս են եւ ազգերը: Աշխարհի վրայ իրենց ուրոյն գոյութիւնը կը բացատրուի իրենց սեփական դերով, որուն համար ունին իրենք իրենց յատուկ դրոշմը, եւ պատմութեան մէջ իրենց գոյութիւնը կ՚արդարանայ անով որ այդ դերը կատարած են անոնք: Անհատականութիւնը պայման է ճշմարիտ գոյութեան, եւ պայման՝ աշխարհի տարեգրոց մէջ արձանագրուելու անեղծանելի գիրերով, եւ բարձրագոյն անհատականութիւնը՝ ոսկետառ, ինչպէս Սրբոյն Սահակայ տեսլեան մագաղաթին վրայ:

Ուրոյն յատկանիշեր եւ սեփական դեր ունենալը չի վնասեր համերաշխութեան. անհատականութիւնը չ՚եղծաներ եղբայրութիւնը, վասն զի եսականութիւն չէ: Պիտի սխալէին անոնք որ այդ երկու բաները շփոթէին:

Եսականութիւնը մարդկային հոգւոյն բոլոր բարձրագոյն հակումներուն տկարացմամբ ու գօսացմամբ, տարամերժ տարապայման աճումն է անձնական ախորժակներուն, որոնց առարկան է սա միակ մարմինը: Որպիսի՜ նուազում ճշմարիտ կենսականութեան: Եսականութիւնն զմեզ կը փակէ մարդկութեան դէմ. ընդհանուրին, տիեզերականին դէմ: Որջացում մըն է ընդդէմ ճշմարտութեան լոյսին: Մահուան սկզբունք մըն է այն:

Անհատականութիւնն այսպէս չէ՜: Անհատականութիւնն էապէս ո՛չ այլ ինչ բայց եթէ մարդկային բարձրագոյն հակումներուն հետ մէկտեղ ունենալն է որոշ գործի մը, որոշ ծառայութեան մը, որոշ դերի մը համեմատ կազմակերպուած սեփական կարողութիւններ, եւ ունենալն է ատոր հաստատուն գիտակցութիւնը, ինչպէս Դելփեան տաճարին սկզբունքը կը հրամայէր. Ծանիր զքեզ:

Անհատականութիւնն ուրեմն ճշմարիտ օգտակարութեան հնարաւորութիւնն է. ներդաշնակութիւն մը, ուստի լիութիւն մըն է կարողութիւններու. կենդանութիւնն իսկ է. աղբիւր է կենաց եւ աղբիւր բարեաց: Եւ գերագոյն Տնտեսագիտութիւն մը աշխարհի ապագային համար կատարելի աշխատութիւնը բաշխած է անհատականութեանց: Յարգանքի արժանի է այն մարդը կամ ազգը, որ անհատականութիւն մը ունի. վասնզի դեր մը, կոչում մը ունի այն: Արդ, ի՞նչ են ազգի մը անհատականութիւնը կազմող սեփական տարրերն ուստի եւ անոր գոյութեան եւ պատուոյ իրաւանց նշանները: Ահաւասիկ, համառօտիւ. գլխաւորաբար իր նկարագիրը, իր տաղանդները, իր լեզուն եւ իր գիրը: Այս տարրերէն մին արժանի է այսօր մասնաւոր ուշադրութեան: Գիրն է այդ: Կրնայ մինչեւ իսկ ըսուիլ թէ ազգային բան մը կայ անոր գծագրութեան մէջ:

Դիտեցէք գլխաւոր այբուբենները: Առէք լատին այբուբենը, զոր հռոմէական կայսրութեան ժառանգորդ ազգերը իւրացուցին: Ի՞նչ կը տեսնէք:

Այդ այբուբենին մէջ եւ մանաւանդ անոր գլխագիր տառերուն՝ յստակութիւն, սկզբունք, օրէնք, discipline մը կայ: Նկատեցէք յոյն տառերը, մանաւանդ իրենց բոլորգիր ձեւին մէջ, ուր կոր ու ճկուն գիծեր ու շեշտեր կան միայն. -զբօսանք, երիտասարդութիւն, շնորհ, սեթեւեթ, սոփեստութիւն: -Տեսէք արաբ սիւլիւսը.- քմայքներով ու կիրքերով վարուող ու արշաւող զօրութիւն որ հաստատ նիստ մը չունի. մեծվայելչութիւն՝ զուրկ յստակութենէ, ուստի եւ օրէնքէ: - Նայեցէք ռուս այբուբենին. հոն՝ հռոմէական ոյժն է, զարդարուած բիւզանդական հանդիսաւոր պճինքով: - Տեսէք գերման-գոթական այբուբենին մանր ձեւին մէջ՝ սպառազէն, սայրասուր, քստմնած, աննուաճելի, անխափանելի ոյժը, եւ խրոխտ ու սկզբնատիպ ոգին:

Եւ ուշադրութեան առէք Հայոց այբուբենը, զոր գործածեցին գրաբար լեզուի Հայ մատենագիրք, ընդհանրապէս վարդապետք Հայ Եկեղեցւոյ: Երեսունուվեց գլխագիրերուն մեծամասնութիւնը հաստատապէս կորագլո՜ւխ է. ամուր խոնարհամտութիւն, հաւատարիմ հպատակութիւն կարծես գերագոյն Տէրութեան մը կամքին: -Բայց նոյն ատեն այդ այբուբենը մեծ, գրեթէ բացարձակ սկզբնատպութեամբ մը աննման է ո՛ եւ է ալփաբետքի, եւ գրեթէ չկայ հոն տառ մը որ ճշդիւ համապատասխանէ հնդեւրոպական ուրիշ լեզուներու ո՛ եւ է տառին: Մեսրոպի, մեր այբուբենին վրայ կը խօսիմ:

Բայց ազգի մը անհատականութիւնը կազմող սեփական տարրերուն մէջ եթէ կայ բան մը, որ մնացեալին հաստատութեան ու տեւականութեան ծառայելու մասնաւոր յատկութիւնն ալ ունի, գիրն է այն: Գիրը, իր այլազան խմբումներով մտածութիւնը թանձրացնող, զայն կարծես կերպարանաւորող բանը, գիրն ինքն է, որ գրականութեան մը մէջ կը պահէ եւ կ՚աւանդէ պատմութիւնը, ուստի եւ կը պահպանէ ու կ՚ուսուցանէ ազգ. նկարագրին ու կարողութեանց բարձրագոյն ու տեւելու արժանի արտայայտութիւնները: Գիրն է որ աւելի տեւական քան նիւթեղէն ո եւ է ձեռակերտ, կը ճառէ ազգին այլեւայլ տաղանդներուն ու երկերուն վրայ, եւ անոնց հետեւողութիւնը կարելի կ՚ընէ: Գիրն է որ կը հաստատէ լեզուն, եւ եղծումէն ու կորուստէն զայն կը փրկէ:

Ուրեմն գիրը կը պահպանէ ազգին անհատականութիւնն, ազգին ուրոյն գոյութիւնն, ազգին իբր ազգ կեանքը: Գիտէ՜ք թէ մեռեալ ընդհողեալ ազգերը կարծես կը յառնե՛ն երբ անոնց գիրերը կը կարդացուին Շանբոլիոններու կողմէ: Գիրը միջոց մ՚է յաւերժացման:

Աւասիկ ինչո՛ւ շնորհապարտ ենք Անոր որ իր ազգին՝ այբուբեն մը եւ այդ ազգի՛ն այբուբեն ը տուաւ: Իմաստունն Մեսրոպ, իր ներշնչեալ տառերով, աւարտեց ամբողջացուց Հայ անհատականութիւնն եւ անով ազգին գոյութեան իրաւունքն ու տեւականութիւնն ապահովեց:

Ո՛չ Արտաշէսեան հարստութեան Հայոց Կարքեդոն կոչուած Արտաշատին, ոչ Արշակունեաց Վաղարշապատին, ոչ իսկ Բագրատունեաց Անիին պարիսպները կրցան պատսպարել Հայութիւնը՝ ջնջման ու կորուստին դէմ. հապա Ս. Մեսրոպի Այբբենգիմը: Սամոսատի մէջ, սուրբին տքնութեան պահուն ծագած հռչակաւոր տեսիլքին Աջը վէմի վրայ կը գրէր Հայ տառերը, այսինքն պարզապէս կը տողէր այն յուռութքը, զոր Մայրն Հայաստան իր լանջին վրայ պահելով պիտի փրկուէր կորուստէ:

Արդ, եթէ անհատականութիւնը միջոցն է որոշ դեր մը կատարելու եւ եթէ, մասնաւորապէս մեր մէջ, այբուբեն ն ազգին անհատականութեան գլխաւոր տարրերէն մին հանդիսացաւ, ուրեմն այդ այբուբենը պարտէր համաձայն ըլլալ եւ ծառայել այն դերին որ աշխարհի ազգաց մէջ վերապահուած էր Հայոց…

(Հատուած)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020