ՄԿՐՏՈՒՈՂԻ ՄԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԱՅՐԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆ Է

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԻՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԴԱՌՆԱԼ ԿՆՔԱՄԱՅՐ

Մկրտուողի մը հոգեւոր մայրը եկեղեցին է, որու արգանդէն՝ Մկրտութեան աւազանէն կը ծնի քրիստոնեան։

Եթէ ընտանիքի նախընտրած կնքահայրը չի կրնար մասնակցիլ արարողութեան, զոր օրինակ՝ կը գտնուի արտասահման, ոեւէ մէկը կրնայ անոր փոխարէն մասնակցիլ արարողութեան:

Եթէ ընտանիքի կողմէ ընտրուած կնքահայրը ինչ-որ պատճառով չի կրնար մասնակից ըլլալ եկեղեցւոյ մէջ կատարուող արարողութեան, ապա կարելի է  ուրիշ մէկը ընտրել որպէս կնքահայր: Սա պարագային ամենեւին ալ պարտադիր չէ սպասել կնքահօր, մասնաւորապէս եթէ յայտնի չէ, թէ կնքահայրը ե՛րբ պիտի կրնայ ներկայ գտնուիլ։ Ուստի, առաւել կարեւոր է երեխայի մկրտութիւնը չյետաձգել։ Սակայն եթէ նկատի ունիք, թէ ոեւէ անձ կնքահայրը փոխարինողի դերին մէջ կրնայ ըլլալ ժամանակաւորապէս՝ միմիայն արարողութեան համար, ապա՝ միանշանակ կը սխալիք: Արարողութեան մասնակցած անձը կ՚ըլլայ մկրտուողի կնքահայրը:

Եթէ յառաջացած են ինչ-ինչ խնդիրներ, ըսենք թէ մահացաւ կնքահայրը կամ ընտանիքի հետ գժտութեան մէջ է, անձը կրնայ փոխել կնքահայրը:

Ս. Մկրտութեան կամ Ս. Պսակի ժամանակ որպէս կնքահայր հանդէս եկած անձը փոխել այլեւս հնարաւոր չէ։ Ուրիշ բան է, եթէ տուեալ ընտանիքին մէջ կրկին ըլլայ Մկրտութեան կամ Պսակի արարողութիւն, լիովին հնարաւոր է ուրիշ մէկը ընտրել որպէս կնքահայր։

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԱՄՈՒՍՆԱՆԱԼ ԿՆՔԱՀՕՐ ԿԱՄ ԱՆՈՐ ԶԱՒԿԻ ՀԵՏ

Ի հարկէ ոչ: Կնքահայրը մկրտութեան ժամանակ կը դառնայ սանիկի հոգեւոր հայրը: Եթէ անընդունելի է ամուսնութիւնը մարմնաւոր ծնողի հետ, ապա նոյնքան առաւել անընդունելի է հոգեւոր ծնողի հետ ամուսնանալը: Չէ՞ որ հոգին առաւել է, քան մարմինը: Պարագան նոյնն է նաեւ կապուած կնքահօր դստեր հետ, քանզի արդիւնքին կը ստացուի, թէ մարդը կ՚ամուսնանայ իր հոգեւոր քրոջ հետ, զոր նոյնպէս անթոյլատրելի է:

ԵԹԷ ԵՐԵԽԱՅԻ ՀԱՅՐԸ ԿԱՄ ՄԱՅՐԸ ԿՆՔՈՒԱԾ ՉԵՆ. ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԿՆՔԵԼ ԵՐԵԽԱՆ

Ծնողներու չմկրտուած ըլլալու պատճառաւ եկեղեցին չ՚արգիլեր երեխայի մկրտութիւնը։ Սակայն ճիշդ կ՚ըլլայ, որ բոլոր ընտանիքը ըլլայ մկրտուած ու ապրի քրիստոնէավայել կեանքով: Այսօր մարդիկ կրնան ուղղակի մկրտուիլ՝ առանց հասկնալու ու կարեւորելու խորհուրդը, սակայն քրիստոնէական կենցաղավարութիւնը անհրաժեշտ է՝ ըլլալու համար Աստուծոյ ճշմարիտ հետեւորդ: Խիստ ցանկալի է, որ ծնողներն ալ երեխայի հետ մկրտուին։ Այլապէս հակասութիւն կը յառաջանայ. եթէ ծնողները կ՚ընդունին Մկրտութեան խորհուրդի կարեւորութիւնը ու հաւատքով երեխան կը տանին եկեղեցի՝ մկրտութեան, ապա ի՞նչ բան կը խանգարէ, որ իրենք ալ մկրտուին։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐՏԱԴԻՐ Է

Մկրտութիւնը ոչ թէ պարտադիր է, այլ անհրաժեշտ, քանզի ինչպէս հիւանդութեան ժամանակ մարդ միջոցներ կը փնտռէ բժշկուելու, ինչ որ ոչ թէ պարտադիր է, այլ անհրաժեշտ, աւելին՝ կենսական պահանջ մըն է, նոյն կերպով ալ մկրտութիւնը ադամական մեղքէ, մասնաւորապէս մեղքերէ ընդհանրապէս ազատուելու եւ բժշկուելու անհրաժեշտ միջոց մըն է, աւելին՝ փրկութեան առաջնային պայման: Հաւատքի առկայութեամբ մկրտուիլն է փրկութեան նախապայմանը:

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԿԱՏԱՐԵԼ ԿՆՔԱՀՕՐ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Ո՛չ, կարելի չէ, քանզի Ս. Մկրտութեան ժամանակ տուեալ անձը եղած է խորհուրդի վկան ու երաշխաւորը: Ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնակարգի՝ իւրաքանչիւր երեխայ կրնայ ունենալ մէկ կնքահայր, չի բացառուիր, որ քանի մը երեխայ կրնան ունենալ միեւնոյն կնքահայրը:

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՄԵՐԺԵԼ ԿՆՔԱՀԱՅՐ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿԸ, ԹԷ ՄԵՂՔ Է

Կնքահայր դառնալու առաջարկէն հրաժարիլը մեղք չէ: Եթէ մարդ ինքզինք պատրաստ չի տեսներ այդ պարտականութեան, ուստի կրնայ հրաժարիլ այդ առաջարկէն: (Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան. «200 հարց մկրտութեան մասին» գիրքէն)

Ի՞ՆՉ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻ ԿՆՔԱՀԱՅՐԸ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿ

Երբ քահանան երեք անգամ կը հարցնէ կնքահօր, թէ ի՞նչ կը խնդրէ երեխան, կնքահայրը պէտք է պատասխանէ. «Հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն: Մկրտուիլ ու արդարանալ, սրբուիլ մեղքերէ, ազատիլ դեւերէ ու ծառայել Աստուծոյ»: Քահանան մանուկը աւազանի մէջ երեք անգամ ընկղմելէ վերջ զայն կը յանձնէ կնքահօր: Վերջինս սրբիչով կը գրկէ իր սանիկը, իսկ չափահաս մկրտեալի պարագային՝ լուացումէ վերջ կը սրբէ զայն: (Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան. «200 հարց մկրտութեան մասին» գիրքէն)

Ի՞ՆՉ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԿՆՈՒՆՔԻ ՄԻՋԵՒ

Ի՞նչ տարբերութիւն կայ լուսաբացի ու արեւածագի միջեւ: Ինչպէս այստեղ երկրորդը առաջինի պարտադիր լրացումն է, այդպէս ալ Մկրտութեան անմիջապէս կը հետեւի Կնունքը, որ Դրոշմի Սուրբ Խորհուրդն է: «Դրոշմ/կնունք» կը նշանակէ դրոշմել կամ կնքել մկրտուածը սրբալոյս միւռոնով: Այս երկու խորհուրդները ըստ էութեան անբաժանելի են, քանզի Մկրտութիւնը լուացումն է օրհնուած ջուրով, իսկ Դրոշմը մարդու կնքուիլն է որպէս Աստուծոյ շնորհներու կրող: Այս երկու խորհուրդները կ՚ապահովեն մարդու հոգեւոր ծնունդը, անոր քրիստոնեայ դառնալը:

Չի խրախուսուիր կնքահօր պատահական ընտրութիւնը: Կնքահօր պարտականութիւնը անձի նկատմամբ հոգեւոր խնամք տանիլն է, իսկ պատահական մարդու մը ընտրութեան պարագային տուեալ անձը կրնայ մշտապէս չըլլալ մկրտուողի կողքին:

Նոյն մարդը կրնայ դառնալ տարբեր անձերու կնքահայրը, ուղղակի պէտք է մեծ պատասխանատուութեամբ մօտենալ այս հարցին:

Կնքահայրը յատուկ պարտաւորութիւն մը չունի գնել մկրտութեան խաչը, սրբիչը ու մոմերը: Այս հարցը կը կարգաւորուի ընտանիքներու միջեւ:

(Յօդուածը քաղուած է Արարատեան Հայրապետական թեմի տեղեկատուական բաժինէն)

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020