«ՈՄԱՆՔ». ՊՈԼԻՍԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Պոլսոյ մէջ գործող «Ոմանք» երաժշտական խումբը այս օրերուն Հայաստանի մէջ է: Առաջին անգամ չէ, որ խումբը համերգ կ՚ունենայ հայրենիքի մէջ, բայց այս անգամ համերգային շրջագայութեան աշխարհագրութիւնը մեծ է՝ Երեւանէն դէպի Կիւմրի, Վանաձոր, այնուհետեւ կրկին վերադարձ Երեւան:

9-15 Յունիսին «Ոմանք»ի անդամները հնարաւորութիւն ունեցան ներկայացնելու իրենց երգերը, ինչպէս նաեւ նոր՝ «ԲանԱլիք» ալպոմը: Պոլիսէն ժամանած երաժիշտները համերգներու սկսան բարձր տրամադրութեամբ: Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Ուլիխանեան» ակումբին մէջ: Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնին գետնայարկը գործող այս ակումբը երեւանեան ակումբային կեանքի կեդրոններէն մէկն է եւ միշտ լեցուն է ճազի, ռոքի, ժամանակակից երաժշտութեան սիրահարներով: Այստեղ նաեւ ինքնատիպ մենաներկայացումներ տեղի կ՚ունենան, ուստի վայրը ծանօթ է այլընտրանքային արուեստի, ժամանակակից երաժշտական, թատերական ուղղութիւններու սիրահարներուն:

«Ոմանք» խումբի համերգին մեծաթիւ հանդիսատես հաւաքուած էր, մեծամասնութեամբ՝ երիտասարդներ, կային նաեւ օտարներ, որոնք վայելեցին քաղցրաբառ արեւմտահայերէնով հնչող երգը: Պոլսահայ երաժիշտները ոգեւորութեան մէջ էին, կը ջանային առաւելագոյն կերպով ներկայացնել իրենց խումբին երգերը եւ ցոյց տալ իրենց ժանրը:

Համերգէն ետք ունկնդիրները մօտեցան խումբի անդամներուն, հետաքրքրուեցան Պոլսոյ մէջ անոնց գործունէութեան, դժուարութիւններուն, երգերուն մասին: Բոլորին համար ալ հետաքրքրական էր լսել պոլսահայ երաժիշտի մը ապրումներուն, իր երկրին մէջ ունեցած ստեղծագործական վերիվայրումներուն, հանդիսատեսին եւ այլ հարցերուն մասին:

«Ոմանք» խումբին հայաստանեան շրջագայութիւնը շարունակուեցաւ Կիւմրիի մէջ, բայց մինչ Կիւմրի մեկնիլը, խումբին անդամները Սփիւռքի նախարարութիւն այցելեցին եւ մամլոյ ասուլիս մը տուին:

Սփիւռքի նախարարութեան գրադարանին մէջ հաւաքուած լրագրողներուն սփիւռքի նախարարին նորանշանակ մամլոյ խօսնակը՝ Նունէ Այլանճեան ներկայացուց Իսթանպուլէն ժամանած երաժիշտները, ինքն ալ իր կարգին հարցումներ ուղղեց երաժիշտներուն: Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ «Տայլ-Այլ» ընկերութեան ներկայացուցիչը եւ պոլսահայ լրագրող Սեւան Աթաօղլու, որոնք կազմակերպած են «Ոմանք»ի հայաստանեան համերգաշարը:

Համերգներու կազմակերպման իր կարգին, աջակցած է նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Ոմանքի երաժիշտները իրենց մասին պատմելով ըսին, որ այսօր ինչ կ՚ընեն, անցեալին մէկ վերյիշումը, նաեւ ապագային մէկ երազն է: Չմոռցան նշելու, որ իրենք կը գործեն հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն՝ Իսթանպուլի մէջ, ուր աւանդոյթ պահելու, շարունակելու եւ փոխանցելու մեծ ջանք կայ: «Ոմանք»ը, որ ինքզինք կը բնութագրէ որպէս այլընտրանքային երաժտութեան խումբ մը, ներկայիս այլեւս «փոքրամասնութիւն» դարձած այս մշակոյթին երաժշտութեան եւ լեզուին ընդմէջէն կը ջանայ պատմել իր բնակավայրն ու աշխարհը: Այս մէկը ընելու միջոցին, աւանդական հայ երաժշտութեան մօտիկ կենալով հանդերձ, կը շրջի նաեւ անոր սահմաններէն դուրս:

Խումբը, որ Իսթանպուլի զանազան վայրերուն մէջ համերգներ կը ներկայացնէ, երաժշտասէրներուն կը հրամցնէ բաւական ընդարձակ երգացանկ մը: Այս երգերուն մէկ մասը կը կազմեն այս աշխարհագրութեան վրայ գրեթէ բոլորին ծանօթ եւ զանազան լեզուներով արտայայտութիւն գտած աւանդական եղանակներ, Սայաթ Նովայի, Արթօ Թունչպոյաճեանի նման հայ երաժշտութեան վարպետներուն գործերէն նմոյշներ, Դանիէլ Վարուժանի եւ այլ հայ գրականութեան մեծերու բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ կատարուած յօրինումներ ու նաեւ խօսքն ու երաժշտութիւնը ուղղակի «Ոմանք»ի ստեղծագործութիւն հայերէն եւ թրքերէն ինքնուրոյն գործեր: Ըլլայ յօրինում, ըլլայ լոկ մեկնաբանութիւն, «Ոմանք»ը կը ձգտի անցեալին պատմութիւնը եւ ապագային երազը ընդելուզել եւ այսպէս պատմել ներկան:

Խումբի անդամներէն՝ մենակատար Լարա Նարին ըսաւ, որ ինչպէս իրենք՝ երաժիշտները, սնունդ կ՚առնեն անցեալէն, կ՚ուզեն ատիկա նաեւ փոխանցել ունկըն-դիրներուն եւ այդ առումով Դանիէլ Վարուժանի կամ այլ դասականի մը գործը ընտրելը պատահական չէ եղած:

«Ոմանք»ի ստեղնաշարահար Սարօ Ուստա ըսաւ, որ մօտ ինը տարի առաջ ստեղծուած խումբը առաջին օրէն ունեցած է հայկական երաժշտութեան միջոցաւ պատգամ մը, աւանդ մը փոխանցելու նպատակը: «Մենք թէ՛ այսօր, թէ՛ մեզի յաջորդող սերունդներուն համար կարիքն ունինք այս լեզուն, այս մշակոյթը պահելու եւ փոխանցելու: Երաժշտութիւնը շատ կարեւոր ճանապարհ մըն է այդ առումով: Միեւնոյն ժամանակ բանաստեղծութիւնը երաժշտութեան մէջ շատ կարեւոր կէտ մըն է: Մեր երաժշտական ժանրը, զոր որդեգրած ենք, կը փորձէ իր ճամբան գծել, նոր միտքեր դուրս բերել երաժշտութեան մասին եւ հայկականէն, ժողովրդականէն, աւանդականէն չենք հեռանար, բայց կը փորձենք քայլ մը առաջ երթալ: Մեր առաջին ալպոմը կը կոչուէր «Տէմօ», փորձի իմաստով եւ արձանագրուած էր սթիւտիոյի փորձերուն ժամանակ, իսկ ահաւասիկ երկրորդ ալպոմը մեծ արտադրութիւն ունեցաւ եւ աւելի մանրամասնօրէն աշխատուած է», լրագրողներուն ըսաւ Սարօ Ուստա:

Խօսելով դժուարութիւններուն մասին, Սարօ Ուստա նշեց, որ ինք անձամբ Թուրքիոյ մէջ ամենէն մեծ դժուարութիւնը կը տեսնէ մարդոց երաժշտութիւն լսել տալու հանգամանքը եւ ուրիշ ոչ մէկ դժուարութեան չէ հանդիպած մինչեւ հիմա: «Մինչեւ այսօր «Ոմանք» խումբը ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Գերմանիոյ, ո՛չ Ռուսաստանի, ո՛չ ալ Հայաստանի մէջ, ուր որ նուագած է, քաղաքական ոչ մէկ խնդիր ապրած է: Ամենէն դժուար բանը այսօր երիտասարդներուն ուշադրութիւնը գրաւելն է եւ ըսել՝ ահա ասիկա հայերէն է, ասիկա մեր լեզուն է, ասիկա մեր երաժշտութիւնն է», մեկնաբանեց Սարօ Ուստա:

Լարա Նարինն ալ ըսաւ, որ ատիկա միայն հայերուն հարցը չէ, ամբողջ երիտասարդութեան հարցն է: Երիտասարդութիւնը այսօր հեւք մը ունի եւ եթէ իրենք կրնան այդ հեւքին մէջ պահ մը կեցնել երիտասարդութիւնը եւ անցեալէն պատառիկ մը ներկայացնել, շատ ուրախ եւ ինքագոհ պիտի ըլլան: Լարան ըսաւ, որ յաջողութիւն մը ապրած են, քանի որ նոյնիսկ ոչ-հայերը, որ իրենց երաժշտութիւնը կը սիրեն, նաեւ այդ ձեւով սկսան լեզուն ալ սիրել: Ինչ կը վերաբերի հայկական համայնքին՝ ապա Լարա ներկայացուց, որ համայնքին մէջ կան բազմաթիւ խումբեր, որոնք կը ներկայացնեն աւանդական, ժողովրդական երգ ու պար, եկեղեցական երգեր, եւ իրենց խումբն է, որ այլընտրանքային ժանր մը որդեգրած է եւ դժուարը այդ այլընտրանքը սիրցնելն է:

Լրագրողները հետաքրքրուեցան նաեւ խումբին անունով: Լարա Նարին ըսաւ. ««Ոմանք» անունը մեր վիճակը կը բացատրէ: Բայց մեր երկրին մէջ կան բազմաթիւ խումբեր, որոնք ոմանք են, ուստի մեր երաժշտութիւնը սիրողներն ալ այդ խումբերն են ընդհանրապէս: Ոմանք ըլլալը մեր վիճակն է ընդհանրապէս, որովհետեւ իբրեւ հայեր մենք Պոլսոյ մէջ ոմանք-ի մաս կը կազմենք»:

Երաժիշտները, որդեգրելով «Ոմանք» անունը, նաեւ սկսած են սիրել զայն:

Անոնք պատմեցին նաեւ խումբը կազմելու մասին: Խումբին մեծամասնութիւնը հին ընկերներ եղած են, նոյն դպրոցը գացած են, կամ այդ տարիներէն կը ճանչնան զիրար, երկար ատենէ ի վեր երաժշտութեան շուրջ համախմբուած են եւ այդպէս ալ գտած են նաեւ նոր ընկերներ: Իբրեւ հայեր, միայն հայ ընկերներ չէ, որ ունին, լայն շրջանակ մը ունին, եւ ատկէ ալ ընտրած են երաժիշտները:

Դժուար է որեւէ երկրի մէջ միայն փոքրիկ նման խումբ մը ունենալով վաստկիլ օրուան հացը, ուստի այս խումբին անդամներն ալ, ուրիշ գործեր ունին եւ աշխատանքէն ետք է որ կը զբաղին խումբին գործերով: Բայց նշեցին, որ խումբին մէջ կան նաեւ արհեստավարժ երաժիշտներ, որոնք միայն երաժշտութեամբ կը զբաղին:

Թուրքիոյ մէջ միշտ չէ, որ իրենց համերգները վճարովի կ՚ըլլան, երբեմն սիրայօժար կ՚ընդառաջեն հրաւէրներուն, ելոյթ կ՚ունենան, երբեմն ալ տոմս կը վաճառեն: Ամէն տարիքի մարդ ներկայ կ՚ըլլայ համերգներուն. Պոլսոյ վերջին համերգին, օրինակ, ըսին, որ 15 տարեկանէն մինչեւ 60 տարեկան հանդիսատես կար՝ օտարներ, եւրոպացիներ, Պոլսոյ մէջ ապրող զանազան ազգերու ներկայացուցիչներ:

Լրագրողները բնականաբար հարցումներ ուղղեցին Թուրքիոյ քաղաքական իրավիճակին, պատրիարքական ընտրութիւններուն, այլ քաղաքական հարցերու մասին, բայց Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ խօսնակը յորդորեց խուսափիլ քաղաքական հարցումներէն, քանի որ խումբը մշակութային խումբ է եւ արուեստի սկզբունքներն է, որ կը դաւանի:

Այս խումբը հայաստանեան վերջին փոփոխութիւններէն ետք թերեւս դուրսէն եկած առաջին խումբերէն է, ուստի լրագրողները անմիջապէս հարցուցին, թէ զգացա՞ծ են արդեօք փոփոխութիւններուն շունչը: Սարօ Ուստա ըսաւ. «Ատիկա թերեւս դուք աւելի լաւ զգաք, քանի դուրսէն այդքան ալ զգալի չ՚ըլլար այն, ինչ որ ներքին ապրում մըն է: Ես ջանացի մանրամասնօրէն հետեւիլ այստեղ կատարուածներուն: Բան մը զգալի է, եւ մեր առաջին համերգին եկած մարդիկը աւելի հանգիստ էին, աւելի շունչ առած էին, յուսանք որ աւելի լաւ ըլլայ»:

Լարա Նարինն ալ պատասխանեց. «Այդ հոգեվիճակին մենք ալ շատ պէտք ունինք, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ ռամկավարութեան չիրականացուած երազ մը կայ: Անոր համար խանդավառութեամբ եկանք՝ նաեւ այս վիճակը ապրելու եւ տեսնելու համար»:

«Ոմանք» խումբին հետ Կիւմրի մեկնած է նաեւ «Միք Այլեան» նորաստեղծ ռոք խումբը եւ Վանաձորի մէջ նոյնպէս պիտի ընկերանայ երաժիշտներուն: Երիտասարդներէ կազմուած այս խումբին եւ իր երաժիշտներուն համար հետաքրքրական փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ Պոլիսէն ժամանած երաժիշտներուն հետ համատեղ համերգ մը ունենալը:

Սեւան Աթաօղլուն ալ ըսաւ, որ Կիւմրիի համերգին սպասած են, քանի որ նկատի ունեցած են, որ Կիւմրին իր մշակոյթով, աւանդոյթով իր տեղը ունի հայաստանեան մշակութային իրականութեան մէջ, ուստի խումբին համար կարեւոր էր այնտեղ համերգ ունենալը: Կիւմրիէն ետք Վանաձորի «Շարլ Ազնաւուր» մշակութային կեդրոնին մէջ «Ոմանք»ը ներկայացուց իր հայաստանեան շրջագայութեան հերթական համերգը:

Իսկ Երեւանի մէջ համերգ մը եւս նախատեսուած է «Քալումէ» ակումբին մէջ եւ Յունիսի 15-ին «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ բացօթեայ համերգով կ՚եզրափակուի այս շրջագայութիւնը:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցին ընթացքին խումբի ստեղնաշարահար Սարօ Ուստա ըսաւ, որ հայ երաժիշտին կեանքը Հայաստանի մէջ աւելի հարուստ է անշուշտ, քան՝ դուրսը, քանի որ իր երկրին մէջ, իր լեզուով արտադրելը, երգելը աւելի դիւրին է: «Ամէն հայ երաժիշտ փափաք ունի հայրենիքի մէջ գործելու. այդ ցանկութիւնը միշտ ալ կայ», ըսաւ ան: Խումբին յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին տեղեկացուց, որ թերեւս Օգոստոսին՝ Աստուածածնայ տօնին, Մուսա լերան մէջ համերգ մը ունենան, ինչպէս նախապէս առիթ եղած է այդ տօնին Մուսա լեռի մէջ երգելու:

Խումբին որդեգրած ժանրը առայժմ այս ձեւով կը շարունակուի եւ Սարօ Ուստա ըսաւ, որ շարունակականութեան լաւ օրինակ մըն է Հայաստանի մէջ գործող «Բամբիռ» ռոք խումբը, որուն անդամները խումբին հիմնադիրներուն զաւակներն են եւ պահած են ոճը:

«Մենք ալ, իբրեւ խումբ, ձեւ մը, կորիզ մը ունինք, եւ նոյն ժանրին մէջ առայժմ կը մնանք: Կ՚ուզենք նոր անդամներ ներգրաւել, մանաւանդ՝ հայկական երաժշտութեամբ հետաքրքրուած անդամներու համար բաց են խումբին դռները», ըսաւ Սարօ Ուստա:

Ինչ կը վերաբերի «ԲանԱլիք» ալպոմին, որ կը ներկայացուի այս շրջագայութեան ընթացքին, ապա ալպոմը պոլսահայ հինգ բանաստեղծի խօսքերով գրուած հինգ յօրինում է, որ նոր ոճի մէջ կը ներկայացնեն երաժիշտները: Ալպոմին ստեղծման մասնակից եղած է նաեւ Արթօ Թունչպոյաճեան: Բայց «Ոմանք»ի անդամները նաեւ սեփական յօրինումներ ունին եւ ատոնք ալ կը ներկայացնեն իրենց համերգներու ընթացքին:

Այլընտրանքային ռոքը ժամանակակից երաժշտութեան մէջ եզր մըն է, որ կը բնորոշէ ռոք-երաժշտութեան ոչ-աւանդական զանազան ուղղուածութիւններ։ Այս բնորոշումը առաջին անգամ ի յայտ եկած է 1980-ականներուն՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Ի յայտ գալուն պէս, մարդիկ անմիջապէս չեն ընդունած ժանրը եւ մեծ խումբերով արհամարհած են զայն:

Ժանրը աստիճանաբար ընդունուած է մանաւանդ երիտասարդութեան կողմէ եւ տարածելու սկսած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու սահմանէն դուրս: Զայն մեծ տարածում ունի Մեծն Բրիտանիոյ, Ռուսաստանի, Հայաստանի մէջ ալ վերջին տարիներուն ստեղծուած են խումբեր, որոնք այլընտրանքային ռոք երաժշտութիւն կը քարոզեն: «Ոմանք»ը սփիւռքի հազուագիւտ նմանատիպ հայկական խումբերէն է եւ արդէն ճանչցուած է նաեւ Թուրքիոյ տարածքէն դուրս:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018