ՊՈՒՏ ՄԸ ԾՈՎԱԿ

Վերջերս կը թերթէի Դիմատետրը, երբ յանկարծ ուշադրութիւնս հաճելիօրէն սեւեռուեցաւ մանկութեան տաքուկ յուշեր ու զգացումներ առթող այս քաղցրաշունչ պատկերին վրայ։ Պատկեր, որ զիս ակնթարթօրէն տեղափոխեց հեռու անցեալներ… Այդ ջերմ պատկերի շնորհիւ վերապրեցայ այնտեղ՝ հորիզոնէն անդին, սարերու ետեւ թողած մանկութեանս ամենէն գեղեցիկ ու անհոգ շրջաններէն մին։

Պահ մը պատկերը կենդանացաւ։ Ականջներուս մէջ կը հնչէր մեր Կարկառ գետի խշշիւնը, տղոց աղաղակներն ու ուրախութեան ճիչերը. թռչուններու, մողէզներու եւ ճպուռներու արձակած այնքան թովիչ նուագները։ Այնուհետեւ մէկ առ մէկ յիշեցի բոլոր ընկերներս, մեր հնամաշ փողոցի բոլոր բնակիչները, ամէն քար ու խոտ, կենդանի շունչ…

Կարծես տակաւին երէկ էր, երբ ամրան տապին, առանց ժամ ու պատարագ հարցնելու, ընկերուհիներս կարգով կը շարուէին մեր դարպասին դիմաց.

-Արեւի՜կ, Արեւի՜կ, մենք կ՚երթանք գետ, կու գա՞ս։

-Ի հարկէ, կու գամ։ Անոյշ, Մանուշ, Վարդանոյշ քիչ մը ինծի սպասեցէք. լողազգեստս հագուիմ, սրբիչս առնեմ ու միանամ ձեզի։

Այդ վայրկեանին բոլոր գործերս մէկ կողմ կը ձգէի. զոր օրինակ՝ ըլլայ այն ճաշի ժամ, ընթերցանութեան, տան մաքրութեան կամ պարզապէս հանգիստի ժամ ու կ՚աճապարէի միանալ ընկերուհիներուս։ Ճանապարհին դռնէ դուռ պտըտելով, կը փորձէինք մեր շարքերը համալրել նոր անդամներով։ Ահաւասիկ հինգ-վեց, երբեմն նոյնիսկ տասն ընկերուհիներով կը հասնէինք մեր տուներէն ոչ այնքան հեռու գտնուող Կարկառ գետ։

Վայրկեան մը… չկարծէք, թէ մինչեւ գետ հասնիլը մեր ճամբան հարթ ու կանաչապատ էր։ Անվտանգ տեղ հասնելու համար մեզմէ համակ ուշադրութիւն ու ճիգ կը պահանջուէր։ Մեր փողոցի քարքարուտ ու քարուքանդ ճանապարհը կը միանար նեղ արահետի մը, որ կ՚անցնէր մոշենիներու մէջէն։ Աջ կողմի վրայ իրերայաջորդ կը գտնուէին մեր դրացիներուն պտղատու ծառերով հարուստ պարտէզները, որոնցմէ քանի մը հատի խնամուած տեսքը շատ ակնահաճոյ էր։ Քայլելու ընթացքին երբեմն չդիմանալով պտղատու ծառերէն մեզի խնդացող երախայրիքին, գաղտնօրէն կը պոկէինք զանոնք եւ ըմբոշխնելով կը շտապէինք լքել պարտէզին շրջակայքը։

Բաց աստի, այս արահետին վրայ յաճախ ստիպուած կ՚ըլլայինք օձերու, մողէզներու հետ առերեսուիլ։ Նման պարագային կա՛մ կը փոխէինք մեր ճամբան կամ ալ պահ մը կանգ կ՚առնէինք, թոյլ տալով որ սողունը շարունակէ իր ուղին։ Արահետով բաւական քայլելէ ետք, զառիվար ձորակը յաղթահարելով մեր դիմաց նորէն, երկու ոտքդ քով քովի դժուարութեամբ դնելու չափ արահետ մը կը պարզուէր։ Եթէ յանկարծ ոտքդ սայթաքէր, անպայման կը գլորէիր ձորը։ Այդ իսկ պատճառաւ, մեր բաղձալի երազին հասնելու համար, մեր շունչերը պահած, ամէն անգամ արիաբար կը յաղթահարէինք այդ դժուարանցելի ուղին։

Ահաւասիկ, հասանք «Օխծին կէօլը՝ Օձի լիճը»։ Արդարեւ, գետի մէջ լողալու համար շատ տարբերակներ չունէինք։ Ընդամէնը քանի մը տեղ, որոնցմէ մեզի համար ամենայարմարաւէտը Օձի լիճն էր։ Տեղացիներ գետի այս մասը կոչած էին «Օխծին կէօլ», քանզի նախապէս այստեղ՝ ջուրի մէջ օձեր կ՚ըլլային։

Ամէն տարի գարնան Կարկառ գետը կը վարարէր, իր ճամբուն աւերելով ամէն ինչ՝ դուրս կ՚ելլէր ափերէն։ Զարհուրած գետը կը փլէր, կը քշէր ու կը տանէր ոչ բարձր երկաթէ կամ փայտէ կամրջակներ, տեղահան կ՚ընէր խոշոր, հսկայ քարեր։ Այդ շրջանին անկարելի էր գետի մէկ ափէն միւսը անցնիլ։ Կը յիշեմ, տարի մը գետը այնքան խելացնորած էր, որ մեր դրացիին ձին առաւ իր երախը ու տարաւ։ Քանի մը օր ետք խեղճ կենդանիին անշնչացած մարմինը հանդարտած Կարկառի ափերէն գտան։

Ինչեւէ, Կարկառ գետի վարարման հետեւանքով գոյացած աւերուածութիւնները իւրաքանչիւր տարի կը վերականգնուէր շնորհիւ՝ մեր թաղի տղամարդոց ու պատանիներու քրտնաջան աշխատանքին։ Քանզի մեր գետը շատ խոր չէր, եղբայրս եւ իր ընկերները ամառնամուտին, երբ այլեւս օդը կը տաքնար՝ միասնաբար կ՚երթային ու գետի մէջ ինկած անհամաչափ քարերը կը հանէին։ Խորութիւն ստանալու նպատակաւ քարէ պատ կը հիւսէին։ Երբեմն նոյնիսկ խոշոր տոպրակներու մէջ աւազախառն քարեր կը լեցնէին։ Այսպէսով, մենք մեր ձեռքերով, մեզի համար ծով կ՚արարէինք։

Ջուրէն բնաւ չէինք յագենար, ժամերով կը լողայինք։ Գետափին գտնուող հսկայ քարերէն ու գետի մէջ գտնուող խութերէն ջուրը կը ցատկէինք։ Երբեմն, քիչ մը հանգչելու համար կը պառկէինք արեւկող ու լայնարձակ քարերուն վրայ։ Մթնշաղին, անօթի փորով, յոգնած ու դադրած տուն կը դառնայինք։

Այսօր, աւա՜ղ մեր գետակը չկայ։

Տարիներու ընթացքին գետի ջուրը նօսրացաւ։ Կառավարութեան թեթեւ ձեռքով՝ մեզի բաժին ինկած գետի կարկաջահոս զուլալ ջուրերուն միախառնուեցաւ կոյուղին։ Այլեւս անկարելի է լողալ այնտեղ։ Կարծես մեր թաղամասի երկայնքով հոսող Կարկառ գետը վշտահարած է մեզի. լուռ հոսելով կ՚անցնի… Տեսնելով երբեմնի կարկաջահոս գետի անձայն, հիւանդ ու խղճուկ վիճակը, սիրտդ կը մղկտայ ցաւէն։ Ափսո՜ս, հազար ափսոս, որ մեր մանկութեան պայծառ երանգները խամրեցան…

Կարկառին առընչուող մեր միակ սփոփանքը՝ յուշերով ապրիլն է…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019