ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

- Ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին չեմ կարծեր, որ ազգովի այսքան նուաստացած ու խայտառակուած ենք՝ ինչքան այս օրերուն, եւ այդ բոլորը առաջին հերթին ուսապարկերուն եւ անոնց ուսապարկապետին շնորհիւ։

- Լաւ ինչքա՞ն կարելի է մարդոց ոչխարի (ներողութիւն կոշտութեան համար) տեղ դնել, չէ՞ք յոգնած ձեր յիմարաբանութեամբ։ Այդ լափերով՝ թէ «յիշեցէք որոնք թշնամիին կը հրաւիրէին յարձակելու», թէ «որոնք տեղեկութիւններ կու տային իրենց անուշադիր յայտարարութիւններով» եւ, եւ, եւ… ձեր ստրուկները՝ զօմպիները կերակրեցէք, որովհետեւ միայն անոնք կը հաւատան ձեր սուտերուն։ Թշնամին գործ բան չունի, նստած կը սպասէ, թէ ո՛վ ինչ պիտի ըսէ, ի՛նչ տեղեկութիւն պիտի տայ եւ նոր քայլերու դիմէ... մանկապարտէզի երեխաներուն միտքը ձեր միտքերէն շատ աւելի հասուն է, վստահ եղէք։

Յետոյ, եթէ իրապէս այդպէս է, փաստերը ունիք, ինչո՞ւ չէք ձերբակալեր պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով, եթէ չէք ձերբակալեր՝ կը վախնաք, որ ձեր զօմպիները կերակրելու լափ չէք ունենար։

Այս ի՞նչ քաոսի հասցուցիք մեր երկիրը։ Կեղծ խոստումներով եկաք, որպէս թէ պիտի բարեկարգէք, սակայն նախկիններուն գործը աւելի մեծ ու անբարոյ վարպետութեամբ շարունակեցիք երկիրը անդունդի եզրին հասցնելով։

Ափսոս, մեր Հայրենիքը այսօր անտէր ու անտիրական է։

- Փաշինեան. «Ես հպարտ եմ, այո, մենք պարտուել ենք եւ այդ պարտութեան պատասխանատուութիւնը մերն է»։

Այս մարդը պարզապէս հոգեկան հիւանդ է, իսկ իր աջակիցներն ու սատարողները իրմէ պակաս հոգեկան խանգարուածներ չեն։ Այսքանէն ետք շարունակել հաւատալ ասոր արտաբերած յիմարութիւններուն, պարզապէս անհայրենիք, անարժէք եւ անսկզբունքային ըլլալ կը նշանակէ։ Ափսոս մեր Հայրենիքին (ժողովուրդին չեմ ափսոսար, որովհետեւ ժողովուրդին յանցանքն է, որ այս հոգեկանը տակաւին մեր երկրի ղեկին է...)։

Նիկոլապաշտ զօմպիներ դուք ալ շարունակեցէք հպարտանալ, իսկ վաղը միւս օր երբ ձեր տուները մտնելով ձեր կիները, մայրերը, քոյրերն ու աղջիկները բռնաբարեն եւ ձեր ունեցուածքը թալանեն, այն ատեն ալ շարունակեցէք ձեր ոսկէ հորթին հետ հպարատանալ եւ պատասխանատուութիւն կրել։

Ներողութիւն կոշտութեան համար, բայց արդէն դիմանալու ուժ չէ մնացած...

- Հարցում մը ժողովուրդ. Արագած լեռը մե՞րն է։

Եթէ այո, մենք այդ լեռին պէ՞տք ունինք։

Եթէ պէտք ունինք, այդ լերան քանի՞ տոկոսը մերն է։ Կամ որ քառագագաթ կը կոչենք, քանի՞ գագաթը արդեօք մերն է։

Մեր պատմութեան ընթացքին մենք հաստատ չենք ունեցած այսօրուան գերագոյն գլխաւոր խեղկատակին նման անհայրենիք, ինքնասիրութենէ ու արժանապատուութենէ զուրկ ղեկավար, որ առաջին հերթին թքած ունի ի՛ր իսկ ժողովուրդին վրայ (բնականաբար խօսքը չի վերաբերիր զինք պաշտող անհայրենիք, հպարտ եւ դուխով զօմպիներուն)։

- Բարոյականութիւն ըսուած բանն ալ լաւ է, սակայն բարոյականութեան ինչութիւնը հասկցողին համար։

- Մեր պատմութեան ամենէն ծանր եւ մութ օրերը կ՚ապրինք՝ շնորհիւ հոգեկան հիւանդի մը եւ իրեն սպասարկող չյագեցող ԼԱՓԱԿԵՐներուն։

- Տեսնես ե՞րբ քեզ [գերագոյն գլխաւոր խեղկատակ] եւ քեզ ստրկաբար ծառայողները [ուսապարկերու ֆապրիկային] պիտի առեւանգեն, որպէսզի մեր երկիրն ու ժողովուրդը իմանան իրենց ընելիքը եւ թէ ինչպէ՞ս այս քաոսէն կարենան դուրս գալ։

- «Քսան րոպէ ընդմիջում...»:

Չէ, չէ ի՞նչ «կոռուպցիա» ինչ բան, մեր երկրին մէջ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութնենէն ետք «կոռուպցիա» չկայ, մարդիկ ազնիւ ու խելօք կ՚աշխատին ու իրենց ազատ կամքով կը քուէարկեն որեւէ նախագիծի՝ առանց որեւէ մէկ միջամտութեան...:

- Երբ երկրիդ ուսումնական կաճառներէն մէկուն վերատեսուչը՝ «կամանց-կամանց» կ՚արտաբերէ..., պատկերացուր այլեւս ուսանողութեան վիճակը։ Անդին, մերօրեայ «յեղափոխական-բարենորոգիչ»ները Հայերէն լեզուն, գրականութիւնը, եւ այլն կ՚ուզեն դուրս հանել ուսումնական ծրագիրէն։ Խղճուկներ, պարզապէս։

Ամօթն ալ լաւ բան է եղեր...

- Յուդա Իսկարիոտացին համբուրելով մատնեց իր Վարդապետն ու աշխարհի Փրկիչը։

Մեր օրերուն գերագոյն գլխաւոր դերասանը շռայլութեամբ աջ ու ձախ ողջագուրումներ եւ համբոյրներ կը բաժնէ... Եզրակացութիւնը կարդացողը թող տայ...

- Մինչեւ մենք մտապէս չվերափոխուինք, ազգային մտածելակերպ չունենանք, հոգեւոր վերազարթօնք չապրինք եւ հոգեւոր Հայաստանի տեսլականը իրականութիւն չդարձնենք, ապա հինգ, տասն, քսան տարի ետք դարձեալ նոյն իրավիճակները պիտի ապրինք՝ ինչ այսօր կ՚ապրինք։

- Թշնամին մեր տարածք մտած է՝ բռնաբարելով մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, անդին երկրի ղեկավարն ու իւր անկամ ծառաները, փոխանակ ընդվզելու՝ կը յորդորեն զուսպ մնալ, սադրանքներուն չտրուիլ... բռնաբարուելէ ետք ի՞նչ զսպուածութիւն, ի՞նչ սադրանք... Հասկցանք, որ անհայրենիք են, բայց խիղճ ու ամօ՞թ ալ չունին...

- Գերագոյն գլխաւոր խեղկատակը այնքան ինքզինք կորսնցուցած է, որ սկսած է կարծել, թէ Նիկոլ Փաշինեանի հոմանիշ բառը՝ ժողովուրդն է, եւ իր ըսածը կամ մտածածը՝ ժողովուրդին ըսածն ու մտածածն է։

Տէ ինչ, կարեւորը Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ, դուխով, «արժանապատիւ» քաղաքացիները իրենք զիրենք լաւ կը զգան ու վստահ են, որ իրենց կուռքը ամէն ինչ ի շահ իրենց կը կատարէ։ Մի՛ մոռնաք սակայն, որ տարիներ յետոյ ձեր իսկ զաւակները պիտի կանգնին ու այպանեն ձեզ այսպիսի խեղկատակի մը թեւ ու թիկունք ըլլալնուդ համար։ Տակաւին ի՞նչ պէտք է ձեզի, որ հասկնաք, թէ շնորհիւ ձեր կուռք դարձուցած այդ անձնաւորութեան պատճառով Հայրենիք կը կորսնցնենք։ Հերիք չէր Արցախը յանձնեց, շուրջ հինգ հազար հայորդիի կեանք խլեց, տասը հազարէն աւելի վիրաւոր եւ հոգեբանական ահաւոր վիճակի մէջ նետեց, տասնեակ հազարաւորներ անտուն դարձուց, հիմա ալ սկսած է Հայաստանը նուիրել թշնամիին, այն ալ՝ ժողովուրդի անունով։ Զգաստացէ՛ք, դուրս եկէք ձեր պաշտամունքային վիճակէն ի սէր ձեր ընտանիքներուն, ձեր զաւակներուն, ձեր Հայրենիքին։

- Երբ թուլամորթ, չկայացած, անհայրենիք, անսկզբունք, բարոյականութենէ զուրկ, ազգային արժէքներէ դատարկ երեւոյթները կը ղեկավարեն երկիրդ, այն ատեն է, որ նման իրավիճակի մէջ կը յայտնուինք՝ ինչի մէջ յայտնուած ենք այսօր: Ողբալի եւ ահաւոր ծանր օրեր կ՚ապրինք, կարգ մը ողորմելիներու անհեռատես եւ իրենց անձնական շահերէն բացի բան չիմացողներու պատճառով:

- Ափսոս, հազար ափսոս այդ մատաղ տղաներուն, որոնք զոհուեցան յանուն Հայրենիքին։ Մենք արժանի չենք անոնց արիւնին, մենք արժանի չենք անոնց նահատակութեան։ Աւելի՛ն, մենք իրաւունք չունինք անոնց մայրերուն աչքերուն մէջ նայելու։

- Ժողովուրդ, մենք Վարդան ու Վահան Մամիկոնեաններ, Իսրայէլ Օրիներ, Անդրանիկներ, Գէորգ Չաւուշներ, Սերոբ Աղբիւրներ, Սօսէ Մայրիկներ, Արամ Մանուկեաններ, Գարեգին Յովսէփեանցներ, Գարեգին Նժդեհներ, Աշոտ Ղուլեաններ, Մոնթէներ, Ռոպերթ Ապաճեաններ ծնող ժողովո՞ւրդն ենք իրապէս։

- Ասկէ անկէ օգնութիւն մուրացողներն ու իրենց յոյսը օտարներուն վրայ դնողները գէթ մէկ անգամ Նժդեհի այս տողերը թող կարդան.

«Ինքնապաշտպանութիւն - ատիկա արուեստներէն միակն է, որու թերութիւնները գրիչի, վրձինի, մուրճի փոխարէն թշնամիին արիւնոտ սուրը կը սրբագրէ:

Ինքն իրեն յարգող ժողովուրդը իր ինքնապաշտպանութեան յոյսը նախ իր բազուկին, իր զէնքին վրայ կը դնէ: Իր ուժերէն բացի ամէն ինչին ապաւինող ժողովուրդը անկախ հայրենիք ունենալու, ազատ ապրելու արժանի չէ»:

- Թեւան Պօղոսեանի դիմատետրի էջէն.

Անվտանգութիւն: Պետական սահմանի անվտանգութիւն: Իսկ այսօր ի՞նչ ունինք:

Տեսաերիզներ, վայրերու պատկերներ, զինուորի ձեռքին մէջ սմարթֆոններ, օր մը այն կողմէն ստորնացուցիչ պատմութիւն, յաջորդ օրը մեր կողմէն պարտքի կատարում… Իսկ անվտանգութեան տեսանկիւնէն դիտարկա՞ծ ենք ատոր անթոյլատրելիութիւնը: Ո՞վ արտօնեց նկարահանել, ինչո՞ւ համար կայ այդ կապին միջոցը, ի՞նչ պատկեր նկարուած է տեղորոշման տեսանկիւնէն, ինչո՞ւ արդէն երկրորդ անգամ նոյն մօտեցումին կրկնութիւնը ունինք, ու տակաւին անվտանգութեան տեսանկիւնէն բազմաթիւ հարցումներ:

Միակ տեղեկութիւնը, որուն կը սպասենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը զին-ւած խախտողները կ՛ամ ձերբակալուած են, կա՛մ ոչնչացուած: Այդ պէտք է մեզի անվտանգութեան տեսանկիւնէն, այլ ո՛չ թէ այն՝ ինչ ունինք: Տեսնես որո՞ւն պէտք է այս բոլորը եւ ո՞վ է ասկէ օգտուողը:

Օր առաջ հեռացէ՛ք, յանուն Հայաստանի, յանուն մեր Հայրենիքի անվտանգութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021