ԱՐՑԱԽԻ ԱՌՕՐԵԱՆ

Արցախի մէջ օրը կը սկսի աքաղաղականչով:

Երկինքը պարզկայ է: Խաղաղ արցախեան երկնքի մէջ կը թռին թռչուններ ու կը ծլվլան ծիտիկներ: Պատերազմի հետքերը գրեթէ վերացուցած են մայրաքաղաքիս մէջ: Մեր վերջին հրաժեշտէն վերջ Ստեփանակերտի մէջ շատ բան չէ փոխուած: Բացուած են նորանոր խանութներ ու սրճարաններ: Տխուր է բնութիւնը:

Մայրաքաղաքէն անգամ տեսանելի են հակառակորդի դիրքերը: Իսկ երբ դուրս կ՚ելլենք, կը բախուինք դառը իրականութեան. պատառոտուած, քրքրուած, յօշոտուած երկիր մը, ուր բաժանանար գիծերը դրօշակներն են:

Ժամանակ առ ժամանակ կը լսուին կրակոցներ՝ մեծ ու փոքր զինատեսակներէ: Այս կերպ, կարծես մեր երկիր ներխուժած անկոչ հիւրերը կ՚ուզեն անդադար յիեցնել տալ իրենց մասին: Գիտենք, որ այստեղ էք՝ մեր հողի վրայ: Կրակոցները անտեղի են: Այլեւս սորվեցանք: Մի՛ խանգարէք մեր անդորրը, միեւնոյնն է, ուրիշ տեղ պիտի չերթանք:

Ընդհանուր տրամադրութիւնը Արցախի մէջ անկումային է, սակայն լի յոյսով ու հաւատով: Արցախցին կը վերադառնայ իր բնականոն կեանքին: Սակայն այլեւս առաջուանը չէ. կրկին վերադարձած է զերոյական կէտի, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ղազարոս Աղայեանի բանաստեղծական տողերու մէջ ծիծեռնակը.

Ծիծեռնակը բոյն էր շինում,
Ե՛ւ շինում էր , ե՛ւ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝
Առաջուայ բոյնն էր յիշում:
Մէկ անգամ էր նա բոյն շինել
Եւ շատ անգամ կարկատել,
Բայց այս անգամ վերադարձին
Բոյնն աւերակ էր գտել:
Այժմ նորից բոյն էր շինում,
Ե՛ւ շինում էր, ե՛ւ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝
Առաջուայ բոյնն էր յիշում:
Նա յիշում էր անցած տարին
Իր սնուցած ձագերին,
Որոնց ճամբին յափշտակեց
Արիւնարբու թշնամին:
Բայց նա կրկին բոյն էր շինում,
Ե՛ւ շինում էր, ե՛ւ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝
Առաջուայ բոյնն էր յիշում:

Պատերազմի պատճառաւ Արցախի մէջ բաւական տուժած էր նոր ծիլեր արձակող զբօսաշրջութեան ոլորտը: Շատեր կը խուսափին այցելել Արցախ, ոմանք ալ կը շտապեն ժամ առաջ փարուելու, իրենց աջակցութիւնը յայտնելու արիւնով ներկուած հողին: Կիրակնօրեայ պատարագներուն Արցախի եկեղեցիները կ՚ըլլան լեցուն: Ամէն կիրակի ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուին դէպի՝ առաջնագիծ դարձած Ամարասի ու Գանձասարի վանքեր:

Անցեալ կիրակի ես ու իմ ընտանիքը հնարաւորութիւն ունեցանք հաղորդութիւն ստանալու պատմական Ամարասի վանքին մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղի մօտ, Խազազ եւ Լուսաւորիչ սարերու միջեւ ինկած գոգահովիտի մէջ գտնուող Ամարասի վանքի եկեղեցին հիմնադրած է Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչը, չորրորդ դարու սկզբին: Եկեղեցիի արեւելեան կողմին մէջ թաղուած է Աղուանքի մէջ քրիստոնէութիւն տարածելու ժամանակ նահատակուած Գրիգորիսը:

Հինգերորդ դարու սկիզբին Մեսրոպ Մաշտոց Ամարասի վանքի մէջ բացաւ Արցախի առաջին դպրոցը: 489 թուականին Վաչագան Գ. բարեպաշտ թագաւորը, գտնելով Գրիգորիսի այլեւս մոռացուած գերեզմանի տեղը, վրան կառուցեց մատուռ մը՝ միաժամանակ աւարտելով եկեղեցիի կառուցումը:

Հինգերորդ դարէն ի վեր Ամարասի վանքը դարձած է երկրամասի խոշոր կրօնական կեդրոն ու եպիսկոպոսանիստ:

Ես առաջին անգամ սրբավայրի մէջ էի: Ճերմակաթոյր վանքը կը գտնուի վերանորոգութեան մէջ: Դէպի Ամարաս շտապած էին զգալի թիւով ստեփանակերտցի ուխտաւորներ: Հոգեւորականներու սակաւութեան պատճառաւ վանքը այսօր չունի մշտական քահանայ: Պատարագիչը Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց մայր տաճարի քահանան էր՝ Տէր Անդրէասը:

Ինչպէս կ՚ըսեն՝ խաչն ու զէնքը պէտք չէ ձեռքէն վար դնել: Քիչ մը ուշացումով վանք մտաւ երիտասարդ զինուորական մը: Մօտեցաւ պատարագին մասնակից սարկաւագներուն: Անոնցմէ մէկուն ականջին շշնջաց ինչ-որ բան, այնուհետեւ անցաւ հոգեւորականներու խուց:

Քանի մը վայրկեան վերջ յայտնուեցաւ սարկաւագի կամ կիսասարկաւագի շապիկով ու խոնարհաբար իր տեղը զբաղեցուց: Վստահաբար երիտասարդ զինուորականը վանք մուտք գործելով գրաւեց ոչ միայն իմ այլեւ բոլոր ներկաներու ուշադրութինը, կերպարանափոխուելէ վերջ ալ ջերմութեամբ լեցուց մեր սրտերը:

Ահաւասիկ այսպիսին է Արցախն ու արցախցին:

Թող Աստուած օրհնէ, պահէ եւ պահպանէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021