ՋՐԱՍՈՅԶ… ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Սիւնիքի մարզի Տոլորս գիւղը յիշատակուած է տակաւին հայ պատմաբան, Սիւնիքի մետրապոլիտ եւ Սիսական աշխարհի պատմագիր Ստեփանոս Օրբելեանի կողմէ: Պատմաբանը գիւղը Տոլորք կոչած է իր գրութիւններուն մէջ: Այս գիւղին մասին վկայութիւններ կատարած է նաեւ պատմաբան եւ աշխարհագրագէտ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, որ նշած է, թէ մօտաւորապէս 1890 թուականին Տոլորսը ունէր 140 տուն բնակիչ։

Հնագոյն Տոլորսը զոհ գացած է խորհրդային շինարարութեան, երբ ամէնուր սկսան կառուցուիլ ջրամբարներ, ջրային-ելեկտրական կայաններ: Հին Տոլորս գիւղը 1970-ականներուն մնաց նորակառոյց ջրամբարին տակ, իսկ Տոլորսի բնակիչներուն համար իշխանութիւնները մօտակայքը հիմնեցին երկյարկանի տուներով նոր բնակատեղիներ, որոնք շատ տարբեր էին Տոլորսի իրենց հողաշէն տուներէն:

Գիւղացիները սիրով փոխադրուեցան նոր բնակատեղի, չէին ալ կրնար հակառակիլ, որովհետեւ կառավարական որոշում էր: Ջրամբարին կառուցումէն ետք Հին Տոլորսի տարածքին կանգուն մնացած է միայն Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, որ կէս դարէն աւելի է՝ ջրասոյզ է…

Ամէն տարի ջրամբարին ջուրը, ձիւնհալքէն ետք առատօրէն լեցուելու պարագային եկեղեցին ջուրերու մէջ կը մնայ, երբեմն կ՚ընկղմի, իսկ ամրան վերջաւորութեան, երբ ջրամբարին ջուրը փոքրիշատէ կ՚իջնէ, կարելի կ՚ըլլայ հետիոտն մօտենալ եկեղեցւոյ:

Տարուան միւս եղանակներուն փոքրիկ նաւակները եկեղեցի կը հասցնեն հաւատացեալները, որոնք աղօթք կը կատարեն խոնարհած եկեղեցւոյ մէջ: Ո՞վ գիտէ թերեւս հազարաւոր աղօթքներուն մէջ յաճախ կը հնչէ նաեւ եկեղեցին ջուրին ճիրաններէն ազատելու խնդրանքը…

Եկեղեցին հին է, կը թուագրուի 1861-ին, բայց պատմական որոշ աղբիւրներու մէջ կը նշուի, որ 16-րդ դարու երկրորդ կէսին կառուցուած է, 1861-ին հաւանաբար վերանորոգուած եւ նոր տեսքի բերուած է: Եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած խաչքարերը աւելի հին դարերու կը վերագրուին… Բացառիկ յուշարձան է Սուրբ Հռիփսիմէն, այնքան ամուր կառուցուած է, որ մինչեւ հիմա կը դիմանայ ջուրին մէջ. կ՚ըսեն, թէ հայ շինարարները հաւկիթ կը խառնէին շինարարութեան շաղախին, որպէսզի կառոյցները ամուր ըլլան:

Մինչեւ վերջին տարիները ջրասոյզ եղած ամիսներուն կարելի չէր մօտենալ եկեղեցւոյ, բայց վերջին քանի մը տարին մօտակայ գիւղի երիտասարդ տղաքը Տոլորս այցելող զբօսաշրջիկներուն կ՚առաջարկեն նաւակներով ուղեկցիլ եկեղեցի: Տղաքը այս ծառայութեան դիմաց գանձած գումարներով նպատակ ունին զարգացնել գիւղը, ծրագրեր ներդնել, որպէսզի երիտասարդութիւնը մնայ բնօրրանին մէջ, չհեռանայ:

Վերջին պատերազմէն ետք Սիւնիքը կեցած է մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Մէկ կողմէ անվտանգութեան հարցը, միւս կողմէ աշխատանքի բացակայութիւնը մանաւանդ երիտասարդները կը ստիպեն լքել գիւղերը…

Տխուր պատկեր մը ունի այսօր Սիւնիքը՝ մօտեցած սահմաններով, հակառակորդի ներխուժումով եւ ամէնօրեայ լարուածութեամբ: Հնութիւնները նորովի կեանքով ապրեցնելը, հողին ձեւով մը կառչիլը այսօր միակ փրկութիւնը դարձած է տարածքը ամրացնելու…

Քորոնա վարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած, անցեալ եւ այս տարի, Հայաստանի մէջ աննախադէպ ծաղկում ապրած է ներքին զբօսաշրջութիւնը: Այս օրերուն մարզերու ոչ մէկ պանդոկի կամ հիւրատան մէջ գրեթէ տեղ մնացած է, տեսարժան վայրերը լեցուն են մարդկային խումբերով:

Տոլորսի ջրամբարին մէջ սուզուած Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին նոյնպէս բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կ՚այցելեն: Մեծ է այցելուներուն հիացումը՝ դարերէն եկած եւ մեր օրերուն հասած եկեղեցւոյ եւ անոր պատմութեան հանդէպ, բայց երբ կը տեղեկանան շինարարութեան զոհ գացած կառոյցին պատմութեան, զայրոյթ կ՚ապրին:

Դժբախտաբար, եկեղեցին կարելի չէ ազատել ջրամբարէն, թէեւ ջրամբարին ջուրն ալ ինքնին մեծ նշանակութիւն ունի տարածքի բնակիչներուն համար՝ գիւղատնտեսական եւ այլ նպատակներով կը գործածուի: Հակառակ ոլորապտոյտ եւ անհարթ ճանապարհներուն՝ զբօսաշրջիկները չեն վարանիր Սիսիանէն երեք քիլօմեթր հարաւ այցելել:

Տոլորս բառի մեկնաբանութիւնն ալ կապուած է «ոլորան» բառին հետ, ուստի մասնագէտները չեն բացառեր, որ ոլորապտոյտ ճանապարհներ ունենալուն պատճառով տարածքը այդ անուանումը ստացած է:

Տոլորսը Սիսական աշխարհի Ծղուկ գաւառի գիւղերէն էր: Այս տարածքին նաեւ հնագիտական պեղումներ կատարուած են, որոնք պարզած են, որ գիւղը իսկապէս հնագոյն ժամանակներէ ի վեր մարդաբնակ եղած է: Գիւղին հնագոյն գերեզմանատունը նոյնպէս ջուրի տակ մնացած է եւ տարածքի բնակիչները կը նշեն, որ ջրամբարին ջուրը ցամքած ժամանակ երբեմն հողին տակէն ոսկորներ ի յայտ կու գան:

Ջրամբարը նաեւ վտանգաւոր ջրային գօտի է, այնտեղ մարդիկ ջրասոյզ եղած են. սնահաւատները կ՚ըսեն, թէ եկեղեցւոյ հետ այդպէս վարուելու պատճառով է, որ Աստուած կը պատժէ... Հոն հասնելու համար զբօսաշրջիկները ջրաբաճկոններով կը զինուին:

Հակառակ տարածքին զբօսաշրջային աշխուժութեան, յայտնի է, որ եկեղեցին խեղճացած վիճակ մը ունի. որքա՞ն կը դիմանայ ջուրերուն մէջ, ոչ ոք կրնայ ըսել: Այս ջրամբարին մէջ մէկ եկեղեցի արդէն ամբողջութեամբ ջրասոյզ եղած է: Տոլորսի ջրամբարի կառուցումէն ետք ոչ միայն հին Տոլորսը ջուրին տակ մնացած է, այլ նաեւ դրացի Աշոտաւան գիւղի հին բնակատեղին ու եկեղեցին ընկղմած են: Տարածքի բնակիչները կը յիշեն, որ ջրամբարի կառուցումէն ետք երկար ժամանակ կ՚երեւէր Աշոտաւանի եկեղեցին, որ այսօր չկայ, քանդուած է ջուրին մէջ երկար մնալէն: Սուրբ Հռիփսիմէն տակաւին կը դիմանայ…

Սիսիանի այդ տարածքին, տարիներ շարունակ եկեղեցի չունենալը մանաւանդ երիտասարդութիւնը հեռացուցած էր հաւատքէն: 2012 թուականին տոլորսցիները որոշած էին կառուցել նոր եկեղեցի մը, որուն շինարարութեան ժամանակ նպատակ ունէին գործածելու ջուրի մէջ ընկղմած եկեղեցւոյ քարերը: Բայց ետքը որոշած են անգամ մը եւս ցաւ չպատճառել եկեղեցւոյ՝ չքանդել քարերը: Բարերարի մը օգնութեամբ ջրամբարին մօտ բարձունքին վրայ՝ հին Սուրբ Հռիփսիմէէն ոչ շատ հեռու, նոր Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին կառուցեցաւ, սակայն բոլորին հայեացքը ուղղուած է դէպի ջուրին մէջ լողացող գանձը:

ՄՕՏԵՑԱԾ ՍԱՀՄԱՆԸ…

Նոր եկեղեցի ունին, բայց տորոսցիները յոյսեր կը փայփայեն, որ ձեւ մը այնուամենայնիւ կը գտնուի՝ պատմական եկեղեցին փրկելու: Միւս կողմէ, անվտանգութեան հարցերը ուրիշ հոգերու դաշտ մղած են սիւնեցիները: Այսօր հակառակորդին հետ սահմանը ուղղակի հասած է սիւնեցիին դուռը: Հարիւրաւոր փրկուած եկեղեցիներ, գուրգուրուած մատուռներ եւ նորոգուած սրբավայրեր մնացին սահմանէն անդին… Ի՞նչ նշանակութիւն ունէին քարերը, շէնքերը, որոնք այդքան պահուեցան եւ յանձնուեցան: Թերեւս օր մը ետ բերուին, բայց մարդկային անդառնալի կորուստները կարելի չէ ետ բերել: Պատերազմի աւարտին թուականը որքան հեռանայ, այնքան վէրքը ցաւոտ կը դառնայ…

Սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները այսօր կ՚ապրին միայն օրով, քանի որ վաղը անորոշ է: Դրացի հանրապետութեան հետ սահմանազատման աշխատանքները պատերազմի աւարտէն ինն ամիս ետք տակաւին չեն սկսած, մինչդեռ հակառակորդը ամուր շինարարական կառոյցներ տեղադրած է իր սահմանի որոշ հատուածներուն վրայ: Հայկական կողմը անհասկնալի սպասողական վիճակի մէջ է:

Զանազան առիթներով պաշտօնեաներ կ՚այցելեն Սիւնիք, կը հանդիպին բնակիչներուն հետ, բայց անոնցմէ ոչ ոք յստակ պատասխան մը ունի գալիքին մասին. յստակ է, որ հակառակորդը կ՚ամրապնդուի եւ կը փորձէ մեր հողէն ալ բաժիններ առնել իր սահմաններէն ներս:

Բնակիչներուն հարցումները օդին մէջ անպատասխան կը մնան: Ձերբակալուած են Սիւնիքի չորս խոշոր համայնքներու համայնքապետերը, որոնք պատերազմին իրենց նշանակալի մասնակցութիւնը ունեցան: Պատերազմի աւարտէն ետք Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ այսօր՝ Արարատի մարզի Երասխ հատուածին մէջ յաճախակի միջադէպեր տեղի կ՚ունենան՝ կրակոցներ, փոխհրաձգութիւններ, անասնագողութիւններ, սպանութիւններ: Պատերազմէն ետք Սիւնիքէն եւ Գեղարքունիքէն կան գերեվարուածներ, որոնց ճակատագրերը անորոշ են, անորոշ են նաեւ պատերազմի ժամանակ եւ պատերազմի դադարէն ետք գերեվարուածներուն ճակատագրերը:

Ատրպէյճանը հայ գերիներու որոշ խումբեր սկսաւ վերադարձնել, ոմանց ալ՝ փոխանակել ականապատուած տարածքներու քարտէսներու դիմաց, բայց այսօր այդ գործընթացը նոյնպէս կանգ առած է, Պաքուն սկսած է դատել հայ գերիները, անոնցմէ ոմանց վրայ արդէն մինչեւ 15-20 տարուայ դատուածութեան յօդուածներ բեռցուած են…

Լաւ օրերու յոյսը մէյ մը կը ծագի, մէյ մը կը մարի եւ մթութեան քօղ կ՚իջնէ հայոց երկնակամարէն…

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Տոլորսի ջրասոյզ եկեղեցւոյ ճակատագիրը շատ նման է հայ ժողովուրդի այս օրերու բախտին: Եկեղեցին երբեմն կը յայտնուի երանելի ցամաքի մէջ, իսկ ընդհանրապէս՝ ջուրերու մէջ բանտարկուած, տխուր օրեր կ՚ապրի: Մինչդեռ, անցեալին հրաշալի օրեր ունեցած է եկեղեցին՝ աղօթք ու պատարագ հնչած են անոր կամարներուն ներքեւ, պատմութիւն գրուած է այդ տարածքին եւ կեանքը եռացած է պատմական Սիսական աշխարհին մէջ:

Ոչ վաղ անցեալին հայերը չէին ալ մտածեր, որ այսօր կը յայտնուին անորոշութեան նաւուն մէջ՝ բուռ մը շուարած մարդոցմով եւ կ՚ապաւինին դուրսի ուժերուն:

Ջրասոյզ եկեղեցին ցաւալի զուգահեռներ կը գծէ մեր առջեւ: Խորհրդանիշները երբեմն աւելի խօսուն կ՚ըլլան, քան՝ քաղաքագիտութիւնն ու դիւանագիտութիւնը: Պատմութեան կրկնութեան դառնագին իրողութիւնները մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ են: Այդ յիշողութեան ծալքերուն մէջ թաքնուած վախերն են, որ այսօր կը տառապեցնեն մեզ:

Բայց յոյսը՝ ամենազօրեղ եւ աստուածային յոյսը, երբեք չի լքեր, այնպէս ինչպէս Սուրբ Հռիփսիմէի դարաւոր պատուհանէն լոյսի շողը կը փայլի մերձակայ ջուրերուն վրայ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021