ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱՍՏՂԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ՆԻՒԵՈՐՔԵԱՆ ԱՍՏՂԵՐՈՒՆ ՏԱԿ

Մեր համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան վերջերս ելոյթ մը ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ան խոր տպաւորութիւն գործեց իր ունկնդիրներուն վրայ։ Պարթեւի մասնակցած ձեռնարկին կապակցութեամբ ստորեւ կը ներկայացնենք Նիւ Եորքէն մեզի ուղարկուած Զարմինէ Պօղոսեանի նկարագրականը։

Անցնող քսանհինգ տարիներէ ի վեր հայ-ամերիկեան աւանդական երեկոն Նիւ Եորքի Լոնկ Այլընտ շրջանի բացօթեայ համերգերեկոներէն մէկն է, ուր տեղւոյն քաղաքապետարանը կը քաջալերէ շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած զանազան ազգութիւններուն ինքնուրոյն մշակոյթը գնահատելու եւ զանոնք իրարու ծանօթացնելու միտումը:

Վերջերս կանաչազարդ Այզընհաուրի անուան հանրային պարտէզի լիճի ափին գտնուող «Հերրի Չէյփըն» բացօթեայ համերգասրահին շուրջ խուռներամ հաւաքուած էին մեծն Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի հայութիւնը, մասնաւորաբար պոլսահայ աստղ՝ Պարթեւ Կարեանը քաղաքի աստղերուն տակ վայելելու համար:

1990 թուականի Օգոստոսի 18-ին տեղի ունեցած էր իր տեսակին մէջ առաջին այս երեկոն՝ շնորհիւ լոնկայլընտաբնակ Քեթրին Ազատեան-Ռատմընի (այժմ հանգուցեալ) եւ Լոնկ Այլընտի Նասսօ շրջանի խորհրդարանի անդամ Կրէկորի Փիթըրսընի հովանաւորութեամբ եւ արտօնագրով:

Քեթրին Ազատեանի կողքին էին իր եղբայրը՝ Սէմ Ազատեանն ու եղբօրորդին՝ Սետրիք Մելքոնեան, որոնք կրցան ներգրաւել խումբ մը շրջանի հայորդիները ամէն տարի կազմակերպելու նման երեկոներ, որոնք ոչ միայն առիթ կը ստեղծէին շրջանի հայ արուեստագէտ-երաժիշտ-երգիչ-պարախումբերը քաջալերելու ,այլ՝ ձրի մշակութային ամառնային վայելքի երեկոներ նուիրելու շրջանի հայութեան եւ հետաքրքիր այլ ազգութեամբ քաղաքացիներուն:

Բացօթեայ համերգ-երեկոյին հանդիսավարն էր Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի փայլուն շրջանաւարտներէն եւ Նիւ Եորքի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) գրասենեակէն ներս կրթական բաժանմունքին մէջ բարձր պաշտօնի տիրացած՝ Նաթալի Գաբրիէլեան: Ան ճարտարօրէն վարեց օրուան յայտագիրը՝ գեղեցիկ եւ սահուն երկլեզու արտայայտութիւններով: Օրուան հանդիսավարը յարգանքի իր խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս վարչաշրջանի գործադիր քաղաքապետ  Էտ Մանկանոյին, որ տարիներու իր քաջալերանքին համար կը ճանչցուի որպէս պատուակալ հայ-ամերիկացի: Գաբրիէլեան գնահատանքի շարքը երկարելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր առատաձեռն նուիրատուներուն, մասնակից արուեստագէտներուն եւ մանաւանդ անցեալի ու ներկայի յանձնախումբերու անդամներուն եւ ատենապետներուն: Թէեւ համերգին մուտքը ազատ է, սակայն, ինչպէս միշտ եղան յարակից ծախսեր, զորս դիմագրաւեցին տեղւոյն համայնքին առատաձեռն նուիրատուները:

Օրուան ձեռնարկը սկսաւ աւելի կանուխ՝ քաղաքապետին գնահատանքի պարգեւատրումներով: Անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին յանձնախումբը կը նշանակէ մեծարեալներու թիւը եւ կը ներկայացնէ քաղաքապետարանին: Այս տարուան մեծարեալներն էին Քուինզ շրջանի մէջ գտնուող երկու հայկական եկեղեցիներու հովիւները՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն Տ. Նարեկ Քհնյ. Թրթռեան: Միաժամանակ մեծարուեցան նաեւ կամաւոր հայուհիներ՝ Անի Միննէթեան եւ Էմի Կոստանեան:

Գնահատանքի շարքը կը ներառէ նաեւ հայ դպրոցի աշակերտը: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Վարդանանց Ասպետներու Էջմիածին Դահլիճը պարգեւատրեց հայ ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներէն մին, որ հայ համայնքէն ներս ամենէն աշխոյժ գործունէութիւնը կը ծաւալէ: Այս տարուան պարգեւատրեալն էր Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտ սաներէն Միշէլ Աջպահեան, որուն պարգեւը յանձնեցին Էտուըրտ Պարսամեան եւ Սէմ Մելքոնեան:

Յայտագրին մաս  կազմեց նաեւ մանկաբոյժ Լին Չեթինի ելոյթը: Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ժրաջան անդամուհիներէն է Չեթին, որ չորս տարի ծառայած է եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ամենէն երիտասարդ եւ իգական սեռի ներկայացուցիչ ատենապետուհիի պաշտօնով, ինչպէս նաեւ ներկայիս կը ծառայէ բազմազան պաշտօններու կողքին եկեղեցւոյ «Նարեկ» տեղեկատուի խմբագրական կազմին: Ան անդրադարձաւ համայնքէն ներս տեղի ունեցած եւ ամբողջ տարին շարունակուող 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: 

Յայտագրին գեղարուեստական բաժինը ընդգրկեց նաեւ Մայքըլ Կոստանեանի եւ իր նուագախումբին երաժշտական ելոյթը: Նուագախումբին անդամները՝ Ճերի Պզտիկեան, Ճան Դարբինեան, Սեւան Սիմոնեան, Րաֆֆի Մասոյեան, գրեթէ բոլորն ալ հայ երաժշտութեան սիրահար ինքնուս տեղական երիտասարդ ուժեր են,  որոնք անցնող երկու տասնամեակներուն Արա Տինքճեանի ոճով հայ աւանդական երաժշտութեան ռիթմերուն տակ կը ճոխացնեն հայկական հաւաքոյթները: 

Երեկոյեան երկրորդ բաժինով բեմ հրաւիրուեցաւ հիւր երգիչ Պարթեւը: Պոլիսէն Հայաստան եւ ամերիկաներու հայութեան հանրաճանաչ երգիչ աստղը՝ Պարթեւ ծանօթ դէմք է մանաւանդ՝ Նիւ Եորքի հայութեան իր անմիջական, մտերմիկ ժեստով եւ գերազանց կատարողութեամբ: Ան առանձինն թէ՛ նուագախումբ է եւ թէ երգիչ, որ գիտէ հմայել իր ունկնդիրները, ինչպէս նաեւ ամենէն դժկամ հանդիսատեսն անգամ ոտքի կը հանէ պարելու իր երգերուն սահուն յաջորդականութեամբ:

Հայ լեզուի ու երգի ջատագով Պարթեւ՝ անցնող քսանամեակին երկու առիթներով ճոխացուցած է Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանին տարեկան պարահանդէսները՝ թէ՛ խուռներամ ներկաները ուրախացնելով եւ թէ նպաստելով վարժարանին դռները բաց պահող հանգանակութեան յանձնախումբին աշխատանքներուն:

Տասնութ տարեկանէն կիթառի եւ ապա դաշնակի դասերով սկսող հայ երաժշտութեան  խնկարկու սիրահար Պարթեւը իր յարատեւութեամբ ոչ միայն սիրուած եւ գնահատուած երգիչ մըն է , այլ՝ առաջին անգամ ըլլալով Պոլսոյ մէջ Յակոբ եւ Գարոլին Մամիկոնեանի ճպոտին ներքեւ յաջողած է եօթանասւն հոգինոց սիմֆոնիկ նուագախումբ մը կեանքի կոչել: Ան պարգեւատրուած է Օրմանեան Պատրիարքի մետայլով ձեռամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշանի:

Բացօթեայ այս համերգի նախօրէին Պարթեւ իր բազմահարիւր ներկաները խանդավառող ելոյթ մը եւս ունեցաւ բարեկամներու եւ հիացողներու մտերմիկ խումբի մը, մօտաւորապէս հարիւր յիսուն հոգինոց Գալուստեան սրահին մէջ զինք սիրող եւ իր ձայնին կարօտած հանդիսատեսին: Երկու ելոյթներուն ալ կազմակերպչական յանձնախումբին ատենապետեց Նուրհան Ատարեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Պարթեւը: Երգիչ Պարթեւ արդէն իսկ հարազատ մէկ անդամն է նիւեորքահայութան հայ երգ սիրող դասակարգին, որ ջերմ ծափողջիւններով դիմաւորեց զինքը:

Պարթեւ -ըստ իր սովորութեան- առանձինն իր երգերով եւ նուագով ուրախ մթնոլորտի մէջ ճոխացուց երեկոն՝ պարահարթակը միշտ խճողուած պահելով:

 

 

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2015