ՏԱՐՈՒԱՆ 256-ՐԴ ՕՐԸ՝ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՂԻ ՕՐ 256-Ը՝ ՍՈՒՐԲ ԹՒՒ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ

Վաղը տարուան 256-րդ օրն է: Զայն կը նշուի իբրեւ ներկայ գայթակղիչ մասնագիտութիւններէն մէկուն՝ ծրագրաւորման ասպարէզի մարդոց օր: Տօնը տակաւին պաշտօնական է քիչ երկիրներու մէջ (առաջինը՝ Ռուսաստան), բայց վերջին տարիներուն ուրիշ երկիրներ նոյնպէս միացած են Ռուսաստանի մէջ սկիզբ դրուած այս տօնին եւ զայն կը տօնեն միջազգային մակարդակով: Օրը ճանչցուած է բազմաթիւ արուեստագիտական եւ ծրագրաւորման ընկերութիւններու կողմէ:

Ամէն տարի սեպտեմբերի կէսին զանազան ձեռնարկներով կը նշուի զայն՝ նկատի ունենալով, որ թուային այս դարաշրջանին մէջ ծրագրաւորողի մասնագիտութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը պարզ է բոլորի համար։

Ծրագրաւորողի օրուան ամսաթիւը կը տատանի սեպտեմբերի 12-ի եւ 13-ի միջեւ: Նահանջ տարիներուն կը նշուի 12-ին, միւս տարիներուն՝ 13-ին: Կարեւոր է, որ զայն ըլլայ տարուան 256-րդ օրը, որովհետեւ այս թիւը յատուկ նշանակութիւն ունի համակարգչային գիտութեան մէջ: Այն գրեթէ սուրբ թիւ մը կը նկատուի ծրագրաւորման լեզուին մէջ:

256-ը 8 երկուքական թուանշանի (պիթ) քոտաւորմամբ որեւէ համակարգի տարրերու առաւելագոյն հնարաւոր քանակն է:

Ասկէ զատ, կայ նաեւ ծրագրաւորողի օրը նշելու եւս երեք հնարաւոր ժամկէտ։ Առաջինը յուլիսի 19-ն է՝ աշխարհի մէջ առաջին համակարգչային ծրագրին յայտնուելու օրը։ Երկրորդը՝ դեկտեմբերի 10-ը, աշխարհի առաջին ծրագրաւորողի՝ Ատա Լաւլէյսի ծննդեան օրը: Եւ երրորդը՝ ապրիլի 4-ը՝ սպանացի եկեղեցական գործիչ եւ գրող, կաթոլիկ եկեղեցիի սուրբ, 600 թուականէն Սեւիյյա քաղաքի եպիսկոպոս Իսիտոր Սեւիյյացիի ծննդեան օրը: Կաթոլիկները Սուրբ Իսիտոր Սեւիյյեացին կը համարեն համացանցի հովանաւորը, սակայն անոր ծննդեան օրը իբրեւ համացանցի օր տակաւին պաշտօնական չեն ընդունած: Այնուամենայնիւ, ապրիլի 22-ը շատ երկիրներու մէջ կը նշուի իբրեւ համացանցի օր:

Անցեալ դարու վերջը, մասնաւորապէս 1996 թուականին, լրագրող եւ ռուսական «Քոմփիւթերա» հրատարակչութեան ստեղծող Տմիթրի Մենտրելիւկ առաջարկեց տարուան 256-րդ օրը նշել իբրեւ ծրագրաւորողի օր:

2002 թուականին այս գաղափարը ընդունեց հանրայայտ ծրագրաւորող Վալենթին Պալթ: Ան ստորագրահաւաքի սկսաւ Ռուսաստանի մէջ՝ ի պաշտպանութիւն այդ նախաձեռնութեան եւ հինգ օրուան մէջ տասը հազար մարդ ստորագրեց կոչը: Մշակուեցաւ «Ծրագրաւորողի օրուան մասին» նախագիծ, զայն ներկայացուեցաւ կառավարութեան եւ օրը դարձաւ պաշտօնական տօն:

Ինչպէս եւ կը սպասուի՝ իրենց տօնին առթիւ օրուան գլխաւոր հերոսները շնորհաւորանքներ ու նուէրներ կը ստանան, անակնկալներ կ՚ընեն մէկը միւսին, ասպարէզի կազմակերպութիւնները կը պարգեւատրեն եւ կ՚արժեւորեն լաւագոյնները, պատուոգրեր եւ վկայագրեր կը շնորհեն մանաւանդ վաստակաշատ ծրագրաւորողներուն: Հակառակ ծրագրաւորողի բազմազբաղ առօրեային եւ կառչածութեան՝ համակարգիչին, աւանդոյթ կայ նոյնիսկ տօնական սեղանի շուրջ հաւաքուելու, ուրախանալու եւ կտրուելու համակարգչային բարդ ու խճճուած ծրագիրներէն:

Այս օրերուն յաճախակի դարձած են նաեւ մասնագիտական մրցոյթները, շատ քաղաքներու մէջ տեղի կ՚ունենան գիտական ​​համաժողովներ, որոնց ընթացքին ելոյթ կ՚ունենան ծրագրաւորման փորձագէտներ: Կը կազմակերպուին նաեւ դասախօսութիւններ եւ դասընթացքներ, որոնց ընթացքին կարելի է լսել տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներու, կատարել փորձի փոխանակում, նոր բաներ սորվիլ: Իսկ այս ասպարէզը արագ զարգացող այն ասպարէզներէն է, ուր միշտ սորվելու բան կայ: Առանց ծրագրաւորողի այսօր անհնար է պատկերացնել մեր կեանքը:

Մենք ամէն օր կ՚օգտուինք ծրագրաւորողներու աշխատանքի արդիւնքներէն՝ հեռուստացոյց կը դիտենք, համացանց կը բանանք, հեռաձայն կը գործածենք, առցանց բազմաթիւ գործեր կը կատարենք, կը ճամբորդենք…

Ինչպէս մեր կեանքը, այնպէս ալ ձեռնարկատիրութեան զարգացումը հնարաւոր չէ առանց ծրագրաւորողի: Առանց անոր աշխատանքի անկարելի կը դառնայ ամենապարզ գաղափարէն մինչեւ ամենահամարձակ նպատակը, քանի որ այսօր ամէն ինչ կ՚իրականացուի համակարգիչի մէջ եւ նոր միայն կեանքի կը կոչուի: Ծրագրաւորումը բաւական լայն հասկացութիւն է. համակարգչային անծայրածիր աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին այդ մասնագիտութեան ամենատարբեր դրսեւորումները. թէ՛ համակարգչային լեզուներ գրողը ծրագրաւորող է, թէ՛ տուեալներու շտեմարան կազմողը, թէ՛ համակարգի ամենախորերը գործ ընողը եւ թէ համակարգային ճարտարապետն ու կապակցուած բազմաթիւ մասնագէտներ: Իսկ լաւ ծրագրաւորողն ալ, ինչ խօսք, պէտք է այս բոլոր հմտութիւնները ունենայ: Անկասկած է, որ ծրագրաւորող կը դառնան ոչ թէ համալսարանին մէջ, այլ այդ ճանապարհը կը սկսի դպրոցէն: Ուսողութիւնը լաւ գիտնալը այս գործին հիմքն է: Կարեւոր է թուաբանութիւնը, հանրահաշիւը, երկրաչափութիւնը, եռանկիւնաչափութիւնը, ուսողութեան վերլուծութիւնը: Շատեր կը լարուին՝ այս անունները լսելէ, բայց առանց ատոնց ոչ միայն ծրագրաւորումը, այլեւ՝ ճշգրիտ որեւէ գիտութիւն կարելի չէ ուսումնասիրել: Ծրագրաւորող դառնալու համար անհրաժեշտ է ունենալ նաեւ ստեղծագործական միտք: Եւ որքան ալ որ այն կարծիքը կայ, թէ ծրագրաւորողները չոր ու ցամաք մարդիկ են, այնուամենայնիւ, առանց զգացական ներաշխարհ եւ ստեղծագործական ջիղ ունենալու դժուար թէ անոնք կարողանան լուծել իրենց առջեւ դրուած բարդ խնդիրները: Անոնց մասին կ՚ըսեն նաեւ, որ տեսակ մը խենթեր են, որոնք մեր մոլորակ եկած են մէկ ուրիշ մոլորակէ: Բայց ով երկար տարիներ սերտօրէն համագործակցած է ծրագրաւորողներուն հետ, կը փաստէ, որ աշխատանքի ընթացքին փոխուած է վերաբերմունքը ծրագրաւորողներու հանդէպ եւ որ անոնք ալ բնաւ ձանձրալի եւ տարօրինակ մարդիկ չեն:

Տակաւին պարզ չէ, թէ անոնց մասին պատմուող պատմութիւնները իրակա՞ն են, թէ՞ ոչ, բայց իրականութեան նշոյլներ կը պարունակեն: Այսպիսի պատմութիւն մը կայ.

Բնագէտը, տարրաբանը եւ ծրագրաւորողը ինքնաշարժով կը բարձրանան դէպի սարին գագաթը: Ճանապարհին ինքնաշարժը անսպասելի կանգ կ՚առնէ:

-Ինծի կը թուի, որ շարժիչը փճացաւ բարձր ճնշման տակ, կ՚ըսէ բնագէտը:

-Հաստատ վառելիքը ազդեցութեան մէջ մտաւ օդի բաղադրութեան հետ, կը պնդէ տարրաբանը:

-Ժողովո՛ւրդ, բան մըն ալ չկայ, եկէք ինքնաշարժէն դուրս ելլնենք ու նորէն մտնենք, ինքնաշարժը կը միանայ, կը հաստատէ ծրագրորդը:

Շատերը ծրագրաւորողի մասին ուռճացուած պատկերացում ունին. անոնց կը թուի, որ եթէ ծրագրաւորող է, ապա համակարգիչի որեւէ հարց կրնայ լուծել: Բայց փորձը ցոյց կու տայ, որ անոնք կարող են չհասկանալ համակարգիչներու վերաբերող շատ հարցերէ. օրինակ, կրնան չգիտնալ՝ ինչպէ՛ս պայքարիլ վիրիւսներու դէմ, ինչպէ՛ս արձանագրուիլ ընկերային ցանցերու մէջ կամ նմանատիպ հարցեր: Ուստի, ճիշդ չէ դիմել անոնց՝ համակարգիչի կամ համացանցի հետ կապուած բոլոր հարցերու պարագային: Եւ վերջապէս, ծրագրաւորողներու մասին նկարահանուած են բազմաթիւ շարժապատկերներ, որոնց բոլորին մէջ պատկերաւոր կը բացայայտուի անոնց կերպարը:

ԿԻ՞Ն, ԹԷ՞ ՏՂԱՄԱՐԴ

Ընդհանրապէս, պատկերացում կայ, թէ կիները չեն կրնար լաւ ծրագրաւորող ըլլալ: Այդ տպաւորութիւնը ձեւաւորուած է անոր համար, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի ճնշող մեծամասնութիւնը տղամարդիկ են: Մինչդեռ, յայտնի է, որ աշխարհի առաջին ծրագրաւորողը կին եղած է:

ԱՌԱՋԻՆ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՂԸ՝ ԿԻՆ

Ան Ատա Աւկուստա Պայրըն Քինկն է՝ անգլիացի բանաստեղծ Ճորճ Պայրընի դուստրը: Գրած է աշխարհի առաջին ծրագիրը, որ նախատեսուած էր վերլուծող մեքենայի համար: Սակայն անոր գրած ծրագիրը այդպէս ալ չէ կիրառուած, փոխարէնը ծրագրաւորողները «Ատա» անունով կոչած են ծրագրաւորման համընդհանուր լեզու մը:

1815 թուականի դեկտեմբերի 10-ին Մեծն Բրիտանիոյ մէջ անգլիացի նշանաւոր բանաստեղծ Ճորճ Կորտըն Պայրընի ընտանիքին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ աղջիկ մը, որ յետոյ պիտի դառնար պատմութեան յայտնի առաջին ծրագրաւորողը, առանց գիտնալու, որ ծրագրաւորումը պիտի յեղաշրջէ աշխարհը:

Աւկուստինա Ատան Պայրընի եւ իր կնոջ՝ Աննա Իզապելլայի (Անապելլա) միակ դուստրն էր: Հայրը առաջին ու վերջին անգամ դուստրը տեսած է ծնելէն մէկ ամիս անց՝ կնոջը ապահարզան տալու նպատակով անոր այցի գացած ժամանակ: Ամուսնալուծութենէն ետք մայրը անուանափոխած է դստեր Աւկուստինա անունը՝ դարձնելով Ատա: Այդ մէկը կարծես կատարած է՝ ի հեճուկս ամուսինի, քանի որ տունէն միաժամանակ հանած է նաեւ գրականութեան վերաբերող գիրքերը:

Ատայի մայրը հրապուրուած էր թուաբանութեամբ եւ իր աղջկան համար կը վարձէ ժամանակի անուանի մասնագէտներ: Մանկութեան տարիներուն Ատան տկար էր առողջութենէ, երեք տարի գամուած մնացած է անկողինին, բայց նոյնիսկ վատառողջ այդ օրերուն չէ ընդհատած դասերը: Հրաշքով մը ան կ՚առողջանայ, ոտքի կը կանգնի եւ կը շարունակէ նաւարկել թիւերու եւ պատկերներու խորհրդաւոր աշխարհին մէջ՝ միշտ իր կողքին ունենալով քաջալերող մայրը: Պատանի տարիքին ան կը հրապուրուի նաեւ իր հօր մասնագիտութեամբ, կը կարդայ, կը գրէ բանաստեղծութիւններ: Քսան տարեկանին Ատան կը հաւաքէ իր նախագծած թռչող սարքը: Բոլորը զայն եզակի անձ կը նկատէին, միաժամանակ՝ գեղեցիկ էր եւ նպատակասլաց: Մանաւանդ ուսողութեան եւ գիտական նիւթերու շուրջ քննարկումներու ժամանակ կը գերազանցէր նոյնիսկ Քէյմպրիճի եւ Օքսֆորտի ուսանողներուն:

Քսան տարեկանին Ատան կ՚ամուսնացնեն 29-ամեայ պարոն Ուիլիըմ Քինկի հետ, որ շուտով ժառանգութեամբ կը ստանայ լորտ Լաւլէյս տիտղոսը: Բոլորը երջանիկ ամուսնութիւն կը նկատէին տաղանդաւոր գեղեցկուհիի եւ լորտի ամուսնութիւնը:

Զոյգը երեք զաւակ կ՚ունենայ: Լորտ Լաւլէյս կը սիրէր կինը եւ ըմբռնումով կը մօտենար անոր նախասիրութիւններուն, թուաբանութեան նկատմամբ անոր սիրոյն, դէմ չէր, որ կինը զբաղէր գիտութեամբ եւ կ՚աջակցէր ալ: Այժմ մօր փոխարէն Ատան գտաւ մէկ այլ աջակից, որ կը հպարտանար բարձր հասարակութեան մէջ ժիր կնոջ ներկայութեամբ: Սակայն Ատան ինքզինք կատարեալ կը զգար միայն գիտնականներու, իմաստասէրներու եւ գրագէտներու հետ:

Ի վերջոյ, ան իր խօսքը ըսաւ գիտութեան մէջ՝ ներդնելով ընդամէնը 54 էջ՝ յաւերժացուց իր անունը եւ դարձաւ համակարգչային առաջին ծրագրաւորողը՝ կանխատեսելով գիտութեան մէջ նոր ճիւղի մը ապագան:

Գիտութեան մէջ անոր քայլերը սկսած էին տակաւին 1832 թուականին, երբ 17-ամեայ Ատան ծանօթացած է մաթեմաթիկոս եւ գիւտարար Չարլզ Պեպիճի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ այն ժամանակ, երբ Պեպիճ արդէն աւարտած էր իր նախագծած հաշուիչ մեքենայի հաշուարկները ու սկսած էր հաւաքել աշխարհի մէջ առաջին հաշուիչ մեքենան: Պեպիճի խնդրանքով Ատան ֆրանսերէնէ անգլերէն կը թարգմանէ հաշուիչ մեքենայի մասին անոր դասախօսութեան ֆրանսերէն տարբերակը: Ատան կը թարգմանէ եւ ատոր կը կցէ 54 էջնոց սեփական մեկնաբանութիւնները, որոնք երեք անգամ կը գերազանցեն բուն թեքստը: Իր դիտարկումներէն մէկուն մէջ Ատան կը նշէ, որ սարքը կարող է ինքնուրոյն հաշուարկել անյայտ գործառոյթ՝ առանց մարդու կողմէ նախնական հաշուառման: Կը նկարագրէ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է սարքի կիրառման ժամանակ թիւերուն զուգահեռ նաեւ տառեր ու նշաններ կիրառել: Ան կը ներկայացնէ նաեւ աշխատանքային միջոց մը, երբ սարքերը կը կրկնեն բազմաթիւ ցուցումներ: Ատիկա գործընթաց մըն էր, որ կը նմանի այսօրուան բազմաթիւ համակարգչային ծրագրերու: Իր այդ նկարագրութիւններուն մէջ Ատան կը կիրառէ նաեւ եզրեր, որոնք շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէին շուրջ մէկ դար յետոյ՝ 1950-ական թուականներուն: Ատա Լաւլէյսի տակաւին 19-րդ դարուն կանխատեսած էր հաշուիչ մեքենայի իւրայատկութիւններն ու անսահման հնարաւորութիւնները: Ան վստահ էր, որ պիտի փոխուի մեքենայի էութիւնն ու նշանակութիւնը՝ կախուած այն բանէն, թէ ինչ տեղեկութիւն կը ներդրուի անոր մէջ: Ան համոզուած էր, որ մեքենան կը կարողանայ գրել երաժշտութիւն, նկարներ նկարել եւ գիտութեան ցոյց կու տայ այնպիսի ճանապարհներ, որոնց մասին նոյնիսկ չենք կրնար երազել: Ատայի մեկնաբանութիւններով ու առաջարկներով այդ յօդուածը կը տպագրուի 1843 թուականին՝ Անգլիոյ գիտական ամսագրերէն մէկուն մէջ եւ այդ աշխատանքով ալ ան կը նկատուի համակարգչային առաջին ծրագրաւորողը:

Սակայն Ատա Լաւլէյս 1850-ականներուն ծանր կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ երկու տարի անց՝ 1852 թուականին: Ճիշդ նոյն տարիքին ալ մահացած էր անոր նշանաւոր հայրը: Ատան կը յուղարկաւորեն տոհմական գերեզմանոցի մէջ՝ հօր կողքին։ Անոնք թէեւ կողքի կողքի յուղարկաւորուեցան, սակայն Ատան երբեք չէր տեսած իր հայրը։

Իսկական ծրագրաւորողները իսկապէս կը փոխեն աշխարհը: Այսօր աշխարհը փոխուած է շնորհիւ մեր ժամանակներու ամենանշանաւոր ծրագրաւորողներու՝ Պիլ Կէյթսի, Մարք Զաքըրպըրկի, Իլոն Մասքի, Լինուս Տորվալթըսի եւ այս համայնքի նշանաւոր դէմքերու, որոնց շնորհիւ աշխարհը ունի թուային դիմագիծ եւ խելայեղ կերպով կը փոխուի օրէ օր: Ինչ ընթացք կ՚ունենայ համակարգչային գիտութիւնը. հարցում, որուն մասին կը վախնան մտածել նոյնիսկ իրենք՝ ծրագրաւորողները:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2023