ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԷՋ ՊԱՅՔԱՐ

Աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական տեսանկիւնէն պատերազմներու աւարտին միշտ կ՚ըլլան յաղթողներ եւ պարտուողներ։ Իսկ մարդկային տեսանկիւնէն, ոչ ոք չի յաղթեր։ Պատերազմները հակամարտ բոլոր կողմերու մօտ պատճառ կը դառնան ամէն տեսակ կորուստի, տառապանքի, աւերուածութեան՝ խլելով հարիւր հազարաւոր անմեղ կեանքեր։

Մարդկութիւնը գրեթէ հարիւր տարի առաջ հասկցաւ «զանգուածային ոչնչացման զէնք»ի արգիլման անհրաժեշտութիւնը, սակայն, ափսոս, որ մարդկութիւնը չկրցաւ կանխել պատերազմներու բռնկումը, նոր զինատեսակներու արտադրութիւնն ու վաճառքը։ Հակառակ նախորդ սխալներէն դաս քաղելու, այդ բոլորը մոռցուեցան դիւրութեամբ…

Արցախի հակամարտութեան բռնկումը եւ ռազմական գործողութիւններու հերթականութիւնը երէկ բոլորեց 15-րդ օրը։ Ատրպէյճան՝ հարեւան կարգ մը երկիրներու ռազմական աջակցութեամբ եւ Մերձաւոր Արեւելքէն փոխադրուած օտար վարձկաններու ներգրաւմամբ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ իրականացուց Արցախի Հանրապետութեան դէմ։ Ատրպէյճանի բանակը մէկ կողմէ շարունակեց սահմանի շփման գծի ներթափանցելու փորձերը, իսկ միւս կողմէ դիտումնաւոր կերպով թիրախաւորեց մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Լեռնային Ղարաբաղի այլ քաղաքներու խաղաղ բնակավայրերն ու ենթակառուցուածքները, ինչ որ աւելի խորացուց Արցախի մէջ առկայ մարդասիրական ճգնաժամը։ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ Արցախի քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու միտումնաւոր թիրախաւորումը նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումն է։ 

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ մարդասիրական հրադադարի հաստատման համար։ Թէեւ չյարգուեցաւ խոստումը… սակայն եթէ նոյնիսկ հրադադարը հաստատուի, կարճ ժամանակի ընթացքին անկարելի է սպիացնել վերջին երկու շաբթուայ ընթացքին բացուած անդարմանելի վէրքերը։ Անշուշտ, անհաւանական չէ յաղթահարել այս փորձութիւնը եւս։ Բայց միւս կողմէ կը տիրէ իրողութիւն մը եւս. գիտենք, թէ պետութիւններ որքան դիւրաւ կը դրժեն իրենց իսկ գործած յանցագործութիւնները եւ կ՚ոտնահարեն անհատներու բոլոր ձեռքբերումները։ Ատրպէյճանի բանակը չի խորշիր թիրախաւորել ոչ միայն խաղաղ բնակչութիւնն ու շինութիւնները, այլեւ՝ դպրոցները, մանկապարտէզները, եկեղեցիները…

Թէ ի՞նչ ըսել…

Այստեղ երեւելի է արդէն բուն նպատակը. ոչ թէ վնասել, այլ՝ ոչնչացնել մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնն ու մշակոյթը։ Հայկական մշակութային ժառանգութիւններու ուղղուած քաղաքականութեան «արշաւ»ի դէմ հայ ազգը «պիտի» ձեռնարկէ քայլերու՝ կրթուելու, հազարամեակներու մշակոյթը պահպանելու, զարգացնելու, հնամենի ժառանգութիւնը վերականգնելու, նաեւ ստեղծագործելու եւ արտադրելու։ Հայ ազգը այսօր պայքար կը մղէ ո՛չ միայն ռազմադաշտի վրայ, այլեւ՝ մեր դարաւոր պատմութիւնը, մշակութային ներկայութիւնը եւ մանաւանդ՝ իր «գոյութիւնը» պահելու, տեւականացնելու հարցին մէջ։ Գոյապայքար մըն է այս…

Ընկերային ցանցերու մէջ զետեղուած էր լուսանկար մը, որ տեսնելու արժանի եղած իւրաքանչիւր հայորդի անկասկած կը սուզուի նոյն յոյզերու մէջ. կը զգայ նոյն հպարտութիւնը, նոյն երանութիւնը, նոյն ոգեւորութիւնը, եւ պիտի լեցուի նոյն աստիճանի լաւատեսութեամբ… Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի Արցախի ապաստանարաններէն մէկուն մէջ երիտասարդուհի մը՝ ի ձեռին Էրիք Մարիա Ռեմարքի երկերէն մին։

Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի միայն երկու ուժ. սուրն ու միտքը։ Հուսկ, միշտ սուրը կը պարտուի մտքի առջեւ։ Այս լուսանկարն ալ կարելի է համարել մեր յաղթանակի երաշխիքը, հեռանկարը։ Հայ ժողովուրդը դարերու խաւարին եւ դաժանութիւններուն դիմադրեց իր «մտքի» լոյսով։ Հայ ազգային ինքնութեան ներշնչումով, ներկայ եւ գալիք սերունդներ պիտի առաջնորդուին հայակերտումի մեր անփոխարինելի «զէնք»ի՝ մտքի լոյսով ու անխորտակելի ուժով։ Երանի այն հայուն, որ իր մտքի ուժով, լոյսով յոյս կը ներշնչէ ամբողջ հայութեան, ամբողջ աշխարհի…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020