ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ ՀՄԱՅԱԾ ՄԻԱԿ ՀԱՅ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻՆ՝ ԵՐԱՆՈՒՀԻ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Այս խորագիրը կը պատկանի հայրենի երիտասարդ թատերագէտ Նուարդ Ասատրեանին, որ կեանքէն հեռացաւ 2019 թուականին: Ան պոլսահայ թատրոնի մէջ դերակատարում ունեցած հայերու մասին գրած էր յօդուած մը, որուն մէջ զատ անդրադարձած էր Երանուհի Գարագաշեանին, զայն անունանելով «Երեւելիներէն, գուցէ ամենէն բախտաւորը»: Թատերագէտ Նուարդ Ասատրեան այն տեսակետը յայտնած է, որ Երանուհի Գարագաշեան իրաւամբ հայ նոր թատրոնի երկրորդ ամենաշողշողուն աստղն է՝ «նախամայր» հռչակուած առաջինէն՝ Արուսեակ Փափազեանէն խլելով փառքի դափնիները՝ տասնեօթ տարեկանին փայլատակելով Աշխէնի (Ս. Հեքիմեան, «Յարմակ եւ Աշխէն») գլխաւոր դերակատարմամբ։ Ծանօթ է, որ ճիշդ այս ժամանակ ալ դերասանուհին արժանացած է Յակոբ Պարոնեանի յատուկ ուշադրութեան եւ գրող-երգիծաբան «Ազգային ջոջեր»ու դէմքերէն մին դարձուած է Երանուհի Գարագաշեանը: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ ըլլալով Արուսեակ Փափազեանի բեմական մրցակիցներէն մէկը, Երանուհին, այնուհանդերձ, նոյնինք Արուսեակ Փափազեանով հրապուրուած է տակաւին 13-14 տարեկանէն եւ իր քրոջ՝ դերասանուհի Վերգինէի հետ Յակոբ Վարդովեանի խումբին մէջ հաստատուելով կերտած է դերասանական իր ինքնատիպ եւ փառաւոր ուղին:

Ծնած է Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը եւ աւարտած 1861 թուականին։ Բեմական ասպարէզ մտած է 1865 թուականին՝ Սրապիոն Թղլեանի «Մեծն Տրդատ»ի բեմադրութեամբ: Առաջին մէկ-երկու թատրոններուն ժամանակ գերազանցապէս խաղացած է արական դերեր. ինչպէս՝ Պողի դերը Սէն-Փիէրի «Պող եւ Վերգինէ» թատրոնին մէջ։ Անոր բեմական գործունէութեան ամենափայլուն շրջանը սկսած է 1867 թուականին, երբ դարձած է Յակոբ Վարդովեանի թատրոնի խումբին դերասանուհիներէն մէկը եւ բոլոր ներկայացումներուն արժանացած է առաջնակարգ դերերու. ինչպէս՝ Սանդուխտ (Թովմաս Թերզեանի «Սանդուխտ կոյս»), Անժելիք («Նեղսիրտ բարեգործը»), Հայկանոյշ («Կործանումն Ռուբինեան թագաւորութեան»), Թէոտորա («Վենետիկուհին») եւ այլն։ 1878 թուականին միացած է Սերովբէ Պէնկլեանի օփերայի խումբին, շրջած է շարք մը քաղաքներ, եղած է Ադրիանապոլս, Ատանա, Սելանիք եւ Քաւալա, խաղացած է նաեւ Տիգրան Չուխաճեանի եւ թարգմանական քանի մը օփերեթներու մէջ։ 1880 թուականին իր քրոջ՝ Վերգինէ Գարագաշեանի հետ ճամբորդած է Թիֆլիզ, մէկ թատրոն մը կատարած է Թիֆլիզի հայկական խումբերուն, Պետրոս Ադամեանի, Սիրանոյշի եւ այլ պոլսահայ դերասաններու հետ։ «Բացառապէս գլխաւոր դերերով հանդէս գալով՝ Երանուհի Գարագաշեան հոս ալ աստղային փայլի փառքը հիւսած ու վայելած է», դերասանուհիի թիֆլիզեան այս շրջանի մասին կը գրէ Նուարդ Ասատրեան, իսկ առհասարակ դերասանուհին բնութագրելով հետեւեալ բառերով. «Իր արտաքին արգասիքներու զարմանալի հարստութեամբ ու բացառիկ բեմական թովչանքով ալ Երանուհին դարձած է 19-րդ դարու հայ բեմարուեստի երեւելիներէն մէկը՝ յամառօրէն պայքարելով նաեւ յանուն իր տիրական, «ամենաթանկարժէք» գերազանցութեան բնատուր օժտուածութեամբ ու վարպետութեամբ իրեն չզիջող Արուսեակի, Ազնիւ Հրաչեայի եւ միւս քիչ թէ շատ ճանցչուած դերասանուհիներուն դէմ, տեւական գժտութիւն, թշնամանք, բանսարկութիւն բորբոքելով»:

Յաջորդ թատրոններուն ընթացքին նորէն վերադարձած է Պոլիս, սակայն հոս արգիլուած էին հայկական ներկայացումները եւ Սերովբէ Պէնկլեանի խումբի հետ մեկնած է Եգիպտոս, այնտեղէն անցած է Պալքանեան երկրներ։ 1887 թուականին վերադարձած է Պոլիս, եւ այն ժամանակ ձգած է բեմը, ապա մասնակցած է Գահիրէի մէջ կազմակերպուած շարք մը ներկայացումներու, մեծ յաջողութեամբ կատարելով Մարգրիտ Կոթիէի դերը (Ալեքսանտր Տիւմա որդիի «Քամելիազարդ տիկինը» ներկայացման մէջ), Մետէայի դերը (Եւրիփիտեսի «Մետէա») եւ Կատարին Հովարտի դերերը, արժանանալով եգիպտական մամուլի բարձր գնահատման։ 1900-ականներուն Գահիրէի թատրոնի բազմալեզու հանդիսականը գերելէ յետոյ Երանուհի Գարագաշեան հեռացած է բեմէն, սակայն, ինչպէս թատերագիրը կը վկայէ, ի տարբերութիւն շատ մը հայ դերասանուհիներու, ամենեւին ողբերգութիւն չէ ապրած։ Թիֆլիզի մէջ պոլսահայ դերասանուհին ամուսնացած է հայ իշխանական տոհմերէն մէկուն զաւակ Ալեքսանդր Արղութեան-Երկայնաբազուկի հետ եւ մինչեւ խոր ծերութիւն երջանիկ ապրած է Թիֆլիզ, ուր ալ մահացած է 1924 թուականին:

ԵՐԱՆՈՒՀԻ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
(ԱԶԳԱՅԻՆ ՋՈՋԵՐ)

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

Երանուհի Գարագաշեան, դերասանուհի, ծնաւ Իճատիէ, իր հաշուով՝ 1859-ին, իմ հաշուով՝ 1851 դեկտեմբեր 4-ին:

Երանուհին լոյս ընծայուելուն պէս, թաթիկներով սկսաւ ձեւեր ընել: Վեց-եօթ ամսու եղած չեղած, ոտքի ելաւ եւ քալել սկսաւ: Մէյ մը ասդին, մէյ մը անդին վազելովը, ձեռքն ինկածը կոտրելով թափելովը, բարձր ձայնով պոռալովը, իսկոյն յայտնեց, թէ դերասանութեան մեծ յարմարութիւն ունի:

1856-ին թաղին վարժարանը ղրկուեցաւ, ուր լմնցուց Երանուհին իւր քերականը, հեգարանը, Սաղմոսը, Գործ առաքելոցը ու Նարեկը, ու 1862-ին վարժարանէն ելաւ:

1865-ին երբ Յակոբ Վարդովեան էֆէնտին ոտքի ամանները ձեռքը բռնած փողոցէ փողոց, թաղէ թաղ կը վազէր դերասանուհի գտնելու համար - այն ատենները դերասանուհի մը գտնելը, հիմա հայերէն ներկայացումներուն՝ թատրոնի մէջ հանդիսական գտնելէն աւելի դժուար էր եւ - էսքիլեր ալըրըմ պոռացող հրեաներու նման, ամէն դուռ կը զարնէր ու «դերասանուհի մը ունի՞ք մի» կը հարցունէր, դիպուածով Գարագաշեան ին դուռը զարկաւ, ներս մտաւ եւ իրեն յատուկ համոզելու եղանակը ձեռք առնելով համոզեց ծնողքը, թէ աղջիկնին դերասանութեան տան, թէ ասով ազգին մեծ ծառայութիւն պիտի ընեն, թէ աղջիկներուն ապագան շատ աղէկ պիտի ըլլայ, թէ մեծ ապագայ մը կը սպասէ աղջիկներուն եւ թէ ապագան շատ չի սպասեր, կ՚երթայ, եւ թէ վերջապէս Երանուհին պէտք է դերասանուհի ըլլայ:

Երանուհին դերասանուհի բառն լսելուն պէս՝ նոյնը զգաց, ինչ որ կը զգայ տղայ մը, երբ իրեն ըսես, թէ քեզի շաքար բերի, կամ ինչ որ կը զգայ աղջիկ մը, երբ իրեն ըսես. ե՛լ, քեզի պալօ տանիմ, բայց կ՚ըլլամ ըսելու քաշուելով՝ սա առարկութիւնն ըրաւ.

-Ես կ՚ամչնամ տեսարան ելնելու այնչափ բազմութեան առջեւ.

-Վնաս չունի, աղջիկս, պատասխանեց Յակոբ Վարդովեան էֆէնտին (այն ատեն պարոն), առջի անգամուն քիչ մը կ՚ամչնաս, բայց կամաց կամաց կը վարժուիս. ես ալ առաջին անգամ տեսարան ելայ նէ՝ կ՚ամչնայի, բայց հիմա, փառք Աստուծոյ ողորմութեան, ամենեւին չեմ ամչնար, արձակ համարձակ կը խօսիմ:

Այս խօսքերէն շաբաթ մը ետքը Երանուհիին դերասանուհի ըլլալը որոշուեցաւ:

Երկու ամիս ետքը՝ օրիորդ Գարագաշեան Արեւելեան Թատրոնին մէջ ի տես ելաւ Աշխէնի դերով եւ այնչափ ճարտարութեամբ ներկայացուց, որ տիկին Արուսեակին նախանձը յուզեց քիչ մը: Հետզհետէ տրուած ներկայացումներուն մէջ միշտ սիրուհւոյ դեր կատարելով՝ քիչ ժամանակի մէջ մեծ յառաջդիմութիւն ըրաւ: Տարի մը ետքը «Պօղոս եւ Վիրգինիա»յի մէջ Պօղոսի մասն կատարեց, եւ սիրավառ պատանիի մը զգացմունքներն մանրամասնօրէն ցցուց իւր վրայ այնչափ վարպետութեամբ, որ հանդիսականներէն ոմանք ըսին, թէ եթէ օրիորդ Գարագաշեան արական սեռին վերաբերէր՝ բոլոր աղջիկներուն սիրտն իրեն պիտի գրաւէր:

Օրիորդ Գարագաշեան առանց խումբէն բաժնուելու՝ շարունակեց մինչեւ վերջը: Իրեն տրուած մասերը սիրով կ՚ընդունի եւ սիրով կը կատարէ. մասն աղէկ կը սորվի եւ տեսարան ելնելուն պէս՝ բերանը բանալով յուշարարին չի սպասեր, որ մասը կարդայ:

Այս վերջերս տեսնուեցաւ, որ երաժշտութեան մասին ալ յարմարութիւն ունի, ձայնը բնաւորութեան պէս մեղմ է, եւ ունի այն ելեւէջներն որ երգիչի մը պէտք են. «Գեղեցիկ Հեղինէ»ի մէջ Հեղինէի դերը կը կատարէ, ունի Հեղինէին գեղեցկութիւնը, խօսուածքը, շարժուածքը ու բոլոր ձեւերն, սակայն անոր զօրաւոր ձայնն կատարելապէս չունի, եւ սակայն յուսալի է, որ այս մասին ալ քիչ մը ատեն վարժութիւն ընելով այդ պզտիկ թերութիւնն իւր ձայնին գեղգեղանքովը ծածկէ:

Օրիորդ Գարագաշեանը դերասանուհւոյ մը բոլոր հանգամանքներն ունի. միջին ու վայելուչ հասակով, սեւ աչքերով ու սեւ ընքուիներով, երկար մազերով, ժպտալի եւ ձուաձեւ դէմքով աղջիկ մըն է. եթէ դերասանական կեանքին մէջ պակասութիւն մը ունի՝ ան ալ սա է, որ տեսարան ելած ժամանակը միշտ այնպիսի դէմքով մը կ՚ելնէ, որ կարծես թէ հոգաբարձու մ՚է, որ վարժարան կը մտնէ, եւ կարծես, թէ տեսարան ելած ժամանակը հանդիսականները ոտքի չելլալնուն համար սրդողած է:

Ամէն հողմէ չի շարժիր: Թատրոնի բեմին չափ լայն սիրտ մը ունի. եթէ մեռեալ մը տեսնէ՝ սիրտը թունդ չ՚ելներ, այլ աւելի կը մօտենայ զայն քննելու, որպէսզի տեսարանին վրայ մեռնիլ հարկ ըլլայ նէ՝ բնական մեռեալ մը ձեւանայ: Նոյնպէս եթէ մէկը բարկանայ՝ դիտմամբ աւելի կը բարկացնէ, որ բարկութեան ձեւերն ու շարժուածքներն աղէկ սորվի:

Այս փափաքով է, որ այսչափ առաջ գնաց, ինչպէս որ անով առաջ պիտի երթայ նաեւ ասկից վերջը ի պարծանս Հայ Թատրոնին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021