ԵԿԱՒ ՈՒ ԳՆԱՑ

Պատերազմի օրերուն ամէն անգամ երբ կը հնչէր հեռաձայնը, մինչեւ ընկալուչին հասնիլը՝ սիրտդ կը բաբախէր քանի մը անգամ առաւել ուժգին: Մենչեւ հեռաձայնին հասնիլը մտքերդ իրարու կը խառնուէին: Կը սկսէիր զբաղիլ գուշակութեամբ. արդեօք հեռաձայնողը ո՞վ է, ի՞նչ լուր պիտի յայտնէ...

Կէսգիշերային զանգերը առաւել քան վտանգաւոր էին, այստեղ յոռետես մտքերը լաւատեսներէն առաջ կ՚անցնէին: Մինչեւ պատասխանելը կ՚ըլլայիր շնչահեղձ, չէ՞ որ ռազմաճակատի մէջ է քու մինուճարը:

Հոկտեմբերի 15-ն էր, կէսգիշերը անց երեքը, օրերէն հինգշաբթի: Մուշ-մուշ կը քնանայինք: Յանկարծ հնչեց Արիի հեռաձայնը: Մինչ Արին հեռաձայնին կը պատասխանէր, երկուքով գացինք միւս աշխարհ ու վերադարձանք: Իրարմէ թաքուն, նոյն միտքը կը դառնար մեր ուղեղի մէջ. «Հաստատ Արայիկն է, կամ ընկերներէն մին: Երանի վիրաւորուած ըլլայ, երանի բօթ մը չառնենք», խօսքը աղօթք դարձուցած երանի կու տայինք: Վերջապէս Արին պատասխանեց: Խօսակցութիւնը գաղտ-նիք մը, անակնկալ մըն էր Արայի կողմէ, սակայն գիշերային անձայնութեան մէջ ես դարձայ ունկնդիր.

-Արի ես եմ, կը հաճիս դուռը բանալ:

-Արայիկ հո՞ս ես:

-Այո՛, բայց մէկու մը մի՛ ըսեր: Կ՚ուզեմ անակնկալ ընել:

Իմ ուրախութիւնը այդ վայրկեանին չափ ու սահման չունէր, կ՚ուզէի պոռալ, ճչալ գլխակորոյս երջանկութենէ, սակայն անակնկալը չփճացուցի: Արիի ետեւէն, համր քայլերով, գաղտնօրէն գացի:

Ահաւասիկ երկար սպասուած պահը եկաւ. դուռը բացուեցաւ: Խրոխտ, յաղթողի կեցուածքով, զինուորական համազգեստը հագած, թախծոտ աչքերով, մեզի լայն կը ժպտար իմ ու մեր հերոսը, իմ Արան: Այդ պահուն մեր բոլոր յոյզերը խառնուեցան իրարու, միաժամանակ արցունքախառն կը ժպտայինք, փառք տալով Աստուծոյ՝ նման պարգեւի համար: Եղբայրս ողջ եւ առողջ էր: Այնքան գեղեցկացած էր, այնքան վայելչակազմ ու յաղթանդամ դարձած, մարմինը կոփուած, հսկայացած: Կարծես երեսէն միւռոն ծորար, լուսաւորուած ըլլար: Եւ այդ նոյն օրհնութեամբ օրհնուած էին բոլոր համազգեստ կրողները: Յայտնի է, որ Աստուած անոնց հետ էր:

Այդ գիշեր չքնացանք, լուսադէմին հազիւ մտանք անկողին: Ամբողջ գիշեր զրուցեցինք: Մենք յուզուած էինք, Արայիկը ուրախ: Կը խնդրէինք պատմել պատերազմի մասին: Պատմեց այն ինչ որ պէտք էր: Զինուորներու մասին խօսած ատեն աչքերը կը փայլատակէին հպարտութենէ. «Զինուոր չեն, ամէն մէկը մի առիւծ է: Անոնք մեզի պայքարի յոյս կու տան, մեզ կը վարակեն իրենց մարտական ոգիի գերբարձրութեամբ»:

Մեզի պատմեց, թէ ինչ ծանր ու բարդ, պատասխանատու մարտական առաջադրանք կը կատարէ: Երեք անգամ Աստուած կեանքը խնայած է, կը յուսար, թէ չորրորդ անգամ նոյնպէս պիտի ողորմի:

Ծոցագրպանէն պզտիկ խաչ մը հանեց եւ ըսաւ. «Ամէն անգամ ճամբայ ելլելէս առաջ երեք անգամ կը համբուրեմ սա խաչս, կ՚ըսեմ՝ Աստուած ինծի հետ ու կը յառաջանամ»:

-Արայիկ չես վախնա՞ր մահէ,- հարցուցի ես:

-Ամէն օր մահին աչքերուն մէջ կը նայիմ: Պատերազմը մահ է: Օր մը պիտի մեռնիմ, ինչ տարբերութիւն, այսօր թէ վաղը,- հանգիստ ու անտարբեր պատասխանեց ան:

Բոլորս ցնցուեցանք այս սառը եւ դիպուկ պատասխանէն: Եղբայրս պատերազմի մասին կը խօսէր շատ հանգիստ, առանց աւելորդ յուզականութեան, կարծես սովորական պատմութիւն մը պատմէր: Ես իրեն մտիկ ըրած ատեն Աստուծմէ կը խնդրէի, որ Զաւէնիկս անոր նմանի, անոր պէս խիզախ ու հայրենասէր մեծնայ, միաժամանակ կ՚աղերսէի, որ այլեւս երբեք պատերազմ չըլլայ:

Երկու օրով եկաւ, չորս օր մնաց: Այդ երանելի, յուսառատ օրերը անցան ակնթարթի մը պէս: Երկուշաբթի առաւօտեան կանուխ նորէն հագուեցաւ համազգեստն ու ստանալով մեր բոլորի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները շտապեց իր սրբազան գործին՝ առաջնագիծ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020