ԵՍԱՅԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՎՈԿՍԻՆ ՄԷՋ

Սեղանիս վրայ «Պրոմէթէոս ազատագրուած» հատորը կայ, որ 1928 թուականին, Մարսէյլի «Թագւոր Խաչիկեան» տպարանէն լոյս տեսած գիրք մըն է եւ պոլսահայ նշանաւոր գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանի ճամբորդական նօթերն են, որ ան գրի առած է Խորհրդային Միութեան իր այցէն ետք: Ահա կը ծալլեմ գիրքին վերջին էջը, քիչ մը տխրութեամբ, որ հեղինակը շատ ոգեւորութեամբ սիրած եւ ըմբռնած է Խորհրդային Միութիւնը, որու արտաքին փայլը կը կուրացնէր ամէն մարդ: Այդ նոյն Խորհրդային Միութիւնը յետագային հալածեց, աքսորեց եւ մահուան դատապարտեց բազում մարդոց, այդ կարգին՝ մտաւորականներու, որոնց մէջ էր նաեւ ինք՝ Զապէլ Եսայեան: Բայց գրագիտուհին համարձակութիւն ունեցած է առանց վարանելու այցելել Խորհրդային Միութիւն, հակառակ, որ վիթխարի այդ տէրութիւնը հեռուէն նաեւ վախ կը ներշնչէր: Այս նօթագրութիւնը ընթերցելէ ետք կը համոզուիմ վերջին տարիներուն վարկանիշներ հաստատող ամերիկեան կայքէջի մը այն յայտարարութեան, որ մարդկութեան պատմութեան ամենախիզախ կիներէն մէկը հայ գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս Զապէլ Եսայեանն է:

Այս գիրքը, որ Եսայեան գրած է մինչեւ Խորհրդային Հայաստան տեղափոխուիլը, ցոյց կու տայ այն խիզախութիւնը, որ Եսայեան ունեցած է առանձին ճամբորդելու եւ ծանօթանալու Խորհրդային Միութիւն երեւոյթին: Ինչպէս ան մինչ բուն ճամբորդութիւնը կատարած նօթին մէջ կը նշէ. «Ոմանց համար այդ ճամբորդութիւնը կատարելը արտակարգ հերոսութիւն մըն է, ոմանց համար համարժէք՝ անձնասպանութեան։ Եթէ լսեմ բոլոր շշուկները եւ խորհուրդները պէտք է առայժմ յետաձգեմ ճամբորդութիւնս. ամէն կողմերէն, նոյնիսկ անսպասելի անկիւններէն ինծի կը հասնին ազդարարութիւններ, զգուշութեան խորհուրդներ։ Ինչքա՜ն սրտակից եւ հոգացող բարեկամներ ունեցեր եմ, որոնց մասին չէի գիտեր մինչեւ այսօր... Ուրեմն պիտի կատարեմ ճամբորդութիւնս առանց այլեւայլի եւ կը տեսնե՛նք... Չէ՞ մի որ իմ նպատակս էր անձամբ տեղեկանալ կացութեան»։

Այս ճամբորդութիւնը Եսայեան Փարիզ ապրած ժամանակ կ՚որոշէ իրականացնել եւ ատկէ տարիներ ետք միայն կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի Խորհրդային Հայաստան: Ցաւալին այն է, որ իր առաջին ճամբորդութեան վառ տպաւորութիւնները Հայաստանէն բոլորովին չեն համընկնիր մշտական կեցութեան պայմաններուն, որոնցմէ ամենադաժանն ալ անոր աքսորն էր, ապա մահը:

Խորհրդային Հայաստանի ճամբուն Զապէլ Եսայեան կանգ կ՚առնէ Մոսկուա, ուր զայն կը դիմաւորէ Խորհրդային Միութեան Ժողովուրդներու պետական կեդրոնական հրատարակութեան Հայկական Բաժնի վարիչ՝ Վարդան Աբրահամեան, որ քաղաքին մէջ կը պտըտի Զապէլ Եսայեանի հետ, կը ներկայացնէ յեղափոխութեան նուաճումները եւ կը յայտնէ, որ գրողը պատուաւոր հիւրն է Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան Կոմիսարիատին. բան մը, որ կը շոյէ Եսայեանի գրողական փառքը: «Մոսկուա, կարմիր քաղաքը, յեղափոխութեան վառարանը, սարսափը ամբողջ աշխարհիս, ոչինչ ունի սարսափելի եւ ոչինչ՝ անախորժ։ Ընդհակառակը, նոյնիսկ առաջին եւ հարեւանցի տպաւորութիւնը որ կը կրեմ՝ կը ներշնչէ հանգիստի եւ ապահովութեան զգացում։ Ասկէ զատ կը զգամ որ մէջս կը վերահաստատուի, աստիճանաբար, խանգարուած ներդաշնակութիւն մը», կը գրէ յաջորդ օրը քաղաքին մէջ առանձին թափառելէն ետք: Իբրեւ արտասահմանէն ժամանած հիւր, Եսայեանը կ՚առաջնորդեն նաեւ Մոսկուայի նշանաւոր Վոկսը, որ Արտասահմանեան կապերու մշակութային ընկերութիւնն էր: Եւ ահաւասիկ, գիրքին մէկ բաժինն ալ Եսայեան խորագրած է «Վոկս»: Վոկսին մէջ Եսայեանը կ՚ընդունի այդ ընկերութեան արեւելեան բաժնի ղեկավարը, որ Նազարեան մականունով հայ մըն էր:

Ահա, ընթերցողին հետ կը բաժնեմ այդ հետաքրքրական գիրքին այն բաժինը, որ կը պատմէ Զապէլ Եսայեանի Վոկս այցելութեան մասին: Իսկ գիրքին միւս բաժինները, Մոսկուայի մէջ այլ վայրերու այցելութեան եւ Մոսկուայէն ետք դէպի Թիֆլիզ եւ Խորհրդային Հայաստան ճամբորդութեան մասին է:

ՎՈԿՍ

Հազիւ թէ հիմնարկութեան սեմէն անցած եմ ինքզինքս կը զգամ ընտանի եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Նոյն իսկ ստորադաս պաշտօնեաները կը պատասխանեն հարցումներու սիրալիրութեամբ կ՚առաջնորդեն հիւրը փութկոտ քաղաքավարութեամբ։

Նախասենեակին մէջ կը հանդիպիմ Ամերիկացիներու եւ Եւրոպացիներու, որոնք կառաջնորդուին իրենց ցանկացած բաժինները։ Այստեղ արդէն որոշապէս կը զգամ այն բարձր կարեւորութիւնը, որ խորհրդային կարգերու մէջ կ՚ընծայուի մտաւորական կեանքին։ Սրահները կահաւորուած են վայելուչ կերպով եւ ճաշակով։ Յետագային երբ առիթ ունեցայ ուրիշ հիմնարկութիւններ եւս այցելել, գտայ նոյն խնամքը եւ ճաշակը կահ կարասիներու եւ ներքին սարքաւորումներու համար։ Թանկագին իրեր եւ գեղարուեստական առարկաներ կուտակուած են հասարակական հիմնարկներու մէջ։ Եթէ մարդիկ կան որ երկրի մը պերճանքը եւ շքեղութիւնը կը դատեն բուռ մը անօգուտ մարդիկներու կրած մեծագին մուշտակներէն եւ ադամանդներէն, կարող են Մոսկուան համարել աղքատ քաղաք։ Բայց իմ կարծիքով Մոսկուա աշխարհիս ամենէն շքեղ ոստաններէն մէկն է, քանի որ այստեղ հիմնարկներու մէջ կեդրոնացած են բոլոր ճոխութիւնները եւ այդպէսով է որ անոնք կը պատկանին ամէնուն։

Իմ խնդրանքիս վրայ ինձ կ՚առաջնորդեն Արեւելեան բաժինը, ուր եւ անմիջապէս կը ծանօթանամ վարիչին հետ։

Ընդարձակ սրահ մըն է եւ բազմաթիւ սեղաններու առաջ տղամարդիկ եւ կիներ կ՚աշխատին։ Օտար այցելուներ կը մտնեն, կը խօսին մէկին կամ միւսին հետ. երբեմն կը տեղաւորուին, կը խորհրդակցին, կամ կը նօթագրեն։

Նազարեան մանրամասն ինձ կը տեղեկացնէ ընկերութեան նպատակին եւ գործունէութեան եղանակներուն վրայ։ Մասմաւորաբար կը հետաքրքրուիմ Արեւելեան բաժինի կազմակերպած գործերու մասին։ Ունեցեր են շարք մը երեկոյթներ նուիրուած ճաբոնական, թրքական, պարսկական մշակոյթին։ Այդ բոլորը կատարեր են մասնագէտներու եւ այդ երկիրներու պատկանող արուեստագէտներու աշխատակցութեամբ։ Երաժշտական մասերը կատարուեր են նոյն իսկ տեղական երաժշտական գործիքներով։ Օրինակի համար, թրքական մշակոյթի նուիրուած երեկոյթին ունեցեր են Կ. Պօլսէն, Էնկիւրիէն ղրկուած նուագարաններ եւ երաժիշտներ։ Կարդացուեր են թուրք բանաստեղծութենէն հատուածներ թրքերէն լեզուով եւ յետոյ թարգմանաբար։ Այդ երեկոյթները ցուցահանդէս երեկոյթներու նշանակութիւնը ունին եւ մեծ խնամքով կը պատրաստուին։

Վոկսը որ հիմնուած է 1924-ին Տիկին Կամենեվայի նախաձեռնութեամբ, հետզհետէ կ՚ընդարձակուի եւ մեծ հմայք կը ստանայ ամբողջ աշխարհիս մէջ։ Անիկա ունի մերձաւոր, միջին եւ ծայրագոյն արեւելքի, Անկլօ-Սաքսօն, Լատինական եւ Գերմանական երկիրներու մէջ ներկայացուցիչներ եւ թղթակից անդամներ։ Այդ երկիրներուն հետ կը կատարուին ուրեմն գիրքերու եւ տեղեկագրութիւններու փոխանակութիւն գիտական եւ գեղարուեստական նուաճումներու եւ գրական նորութիւններու մասին։

Վոկսը կը հրատարակէ շաբաթական բիւլլըտէն մը չորս գլխաւոր լեզուներով (ռուսերէն, ֆրանսերէն, անգլիերէն եւ գերմաներէն) որը ձրի կ՚երթայ աշխարհիս ամէն կողմերը ընկերութեան հետ կապ ունեցող անձերու եւ հաստատութիւններու։

Ընկերութիւնը ունի նաեւ լուսանկարչական բաժին մը, որ ամբողջ աշխարհին կը մատակարարէ ընթացիկ կեանքին վերաբերող լուսանկարներ վճարումով կամ փոխադարձութեամբ։

Վոկսը բոլոր երկիրներու մշակութային կեանքի մասին կը կազմակերպէ տարին գոնէ մէկ զեկուցում։ Տեղի կ՚ունենան նաեւ մերձեցման երեկոյթներ որու միջոցին խորհրդային հանրապետութիւններու եւ շարք մը արեւելեան դեռ լրիւ չուսումնասիրուած երկիրներու հին թէ նոր մշակոյթի մասին կ՚ըլլան զեկուցումներ, ընթերցումներ գրական եւ բանաստեղծական երկերէ եւ երաժշտութիւն։ Մոնկոլական երեկոյթին երգուած են առաջին անգամ ձայնագրուած ազգային երգեր։

Այդ մերձեցման երեկոյթներէն հետք մը պահելու համար կ՚ըլլան առանձին հրատարակութիւններ։

Հեռաձայնը յաճախ կ՚ընդհատէ մեր խօսակցութիւնը։ Նազարեան երբեմն կը պատասխանէ պարսկերէն, երբեմն ռուսերէն եւ ահա թրքերէն լեզուով։ Այն բաժինը որ ինքը կը ղեկավարէ ամենէն հետաքրքրական բաժիններէն մէկն է։ Դեռ քանի մը օր առաջ Մոսկուա կը գտնուէր Էնկիւրիի լուսաւորութեան կոմիսէրի օգնականը որ եկեր էր ուսումնասիրելու խորհրդային երկիրներու կրթական գործը եւ հիւրն էր, այսպէս ըսելով Վոկսի արեւելեան բաժնին։ Ի փոխարէն կոմիսարը զեկուցում մը ըրեր է նոր Թուրքիոյ կրթական վիճակին եւ ծրագիրներուն վրայ։ Այդ պահուն վարիչը կը խօսի հեռաձայնի միջոցաւ թուրք նկարիչի մը հետ։

-Միթէ՞ թուրքերը կը հետաքրքրուին խորհրդային Միութեան մշակութային կեանքով։

-Մեծապէս եւ շատ խելամտութեամբ։ Առ հասարակ արեւելեան ժողովուրդները կուլտուրական զարթնումի մեծ նշաններ ցոյց կուտան։ Իրենց հետաքրքրութիւնը գիտական, մանկավարժական եւ գեղարուեստական հարցերուն մասին կը յայտնաբերէ այն իրողութիւնը որ ազգային մշակոյթը զարգացնելու հոգը առաջնակարգ տեղ կը բռնէ իրենց վերածնուող կեանքի մէջ։

-Պարսիկները՞…

-Նոյնպէս… մշտական եւ բազմակողմանի կուլտուրական յարաբերութիւններ ունինք Պարսկաստանի հետ, կը ղրկենք ամէն տեսակի մասնագիտական հրատարակութիւններ եւ փոխադարձաբար կը ստանանք ինչ որ կը հրատարակուի այնտեղ պարսկական հին եւ նոր մշակոյթի վերաբերմամբ։ Պարսկահայերուն եւս կը մատակարարենք մեր հրատարակութիւնները, զեկուցումները եւ այլն։

Կը հետաքրքրուիմ Եւրոպական երկիրներու հետ գոյութիւն ունեցող կուլտուրական յարաբերութիւններու մասին։

1926-ին հաստատուած է Ֆրանսիայի մէջ գիտական յարաբերութեանց կոմիտէ մը։ Նոյն իսկ Պելճիքայի մէջ գոյութիւն ունի Պէլկօ-Ռուս սէրքլը մը, մտաւորական յարաբերութիւններ պահպանող։

 -Ինքնաբերաբար ամէն երկիրներու մէջ յառաջ կուգան խմբակցութիւններ, որոնք յարաբերութեան կը մտնեն Վոկսի միջոցաւ Խորհրդային Միութեան մշակութային կեանքին հետ։

Նազարեան բարեհաճութիւնը կ՚ունենայ ինձ առաջնորդել զանազան բաժիններ։ Յետոյ կ՚անցնինք հիւրասենեակ, ուր կը ծանօթանամ ամերիկացի նկարչուհիի մը, անգլիացի ու սկանտինաւ օրագրողներու։

Խումբ մը կազմած ենք արդէն եւ ընդհանուր քարտուղարի օժանդակութեամբ կ՚որոշենք մեր ծրագիրը։ Ժամադրութիւն՝ կէսօրէ յետոյ այցելելու Մանկանց Տունը։ Սկանտինաւ օրագրող մը կը հետաքրքրուի բանուորական կեանքով եւ բնակարաններով. անմիջապէս կարգադրութիւն. ուրիշ մը կը տեղեկանայ ուղղիչ տուներու մասին. սբօրթման մը տեղեկութիւններ եւ նօթեր կ՚առնէ զինքը հետաքրքրող նիւթերու վրայ։ Ուրիշ օրերու համար ժամադրութիւն։

Յայտնելով իմ հետաքրքրութեանս մասնաւոր առարկաները կը խնդրեմ ընդհ. վարիչէն ինձ աջակցիլ եւ միջնորդել ի հարկին։

-Դուք խնդրելու պէտք չունիք, կը պատասխանէ անիկա, մեր գործն է ձեզ տալ ամէն դիւրութիւն։

-Կը փափաքիմ ամէն բանէ առաջ գրական շրջանակներու հետ…

-Ամենէն ուղղակի միջոցը ձեզ յարաբերութեան դնելն է Արուեստի Գիտութեանց Ակադեմիայի հետ…

Հեռաձայնի գործիքը արդէն իսկ ձեռքն է…

Քանի մը րոպէ յետոյ ինձ կը յայտնէ որ ժամադրութիւն նշանակուած է Ակադեմիայի նախգահ, Բրոֆ. Կոկանի հետ։

-Տեղեակ է արդէն ձեր Մոսկուա ժամանումին, կը յայտնէ ինձ վարիչը, եւ ձեզ անձամբ պիտի ընդունի։

Այդ խօսքերը ինձ երկմտութեան մէջ կը դնեն, կը խորհիմ որ թերեւս անունի շփոթութիւն մը եղած է եւ չուզելով անյարմար դրութեան մատնուիլ անգամ մը ես կը կրկնեմ որ հայ եմ եւ հայ թերթի թղթակից…

-Էհ, լաւ, ի՞նչ բան ձեզ կը զարմացնէ, Բրոֆ. Կոկան շատ լաւ գիտէ թէ ո՞վ էք, կատարելապէս…

Այդ վարանումները յաճախ կը պաշարէին ինձ Մոսկուա եղած առաջին օրերս. յետոյ արդէն հասկցայ որ այստեղ չափերը եւ կշիռքները տարբեր են։

Եւ թո՛ղ հայ ընթերցողը երբէք չի մոռնայ, որ ոչ մէկ տեղ, հայ մշակոյթի մէկ համեստ մշակը այնքան լայն, տաք եւ սիրալիր ընդունելութիւն չի գտներ, որքան այս հրաշալի ժողովուրդին մէջ։

Հիւրասենեակին մէջ ուրիշ օտարականներու հետ ժամադրութիւններ կ՚որոշուին։

Ամերիկացի նկարչուհին կը պայմանաւորուի ինձ եւ ուրիշներու հետ այցելել թանգարանները եւ ցուցահանդէսները…

Թատրո՞ն… Այո՛, այո, շատ հետաքրքրական է…

Արդէն այնտեղ գտնուող օտարականներս ընտանեցած ենք իրարու. ամէն մէկը իր ժամանակացոյցը կը կազմէ. ես ալ իմ կարգիս մէկին եւ միւսին հետ կարգադրութիւններ կ՚ընեմ. ամէնքս ալ անյագ ենք ամէն բանի մասնակցելու, բայց ահա, այլեւս ժամանակ չի կայ. ժամերը, նոյն իսկ կէս ժամերը հաշւուած են։

Վոկսը ամէն կարգի դիւրութիւն կ՚ընծայէ Խորհրդային Միութիւնը այցելող օտարականներու։ Անիկա զեղչեր կը ստանայ Միութեան սահմաններու մէջ ճամբորդական եւ այլ ծախքերու համար։ Տեղեր կը պահէ հանրակացարաններու մէջ։ Ամէն բանի համար ունի պատրաստի կազմակերպութիւններ, ինքնաշարժեր եւ այլն։ Մեզ պիտի ընկերանան թարգմաններ որոնք ձեռնհաս են մասնագիտական տեղեկութիւններ տալու։

Նստած թիկնաթոռի մը մէջ, կը ծխեմ ու կը խօսիմ ընտանեբար. ուրիշ սրահներէ վարիչներ կամ ծառայողներ կուգան կը ծանօթանան ինձ եւ ուրիշներու։ Պահ մը կ՚անդրադառնամ ինքզինքիս։ Դժուար է երեւակայել թէ երէկ իրիկուն միայն հասած եմ Մոսկուա…

Այժմ ամէն ինչ պարզ է եւ դիւրին։ Այն տասնեակ մը օրերը, որ պիտի անցնեմ Մոսկուայի մէջ պիտի ըլլան այնքան լիքը որքան մարդկօրէն հնարաւոր է։ Կարելի՞ է երեւակայել օտար մտաւորականի մը վիճակը, որ առանց երկրին լեզուն գիտնալու, առանց յանձնարարականէ եւ որոշ շրջանի մարդոց հետ ծանօթութիւններ ունենալու՝ իյնայ եւրոպական մեծ կեդրոնի մը մէջ եւ ուզէ ոեւէ բան ուսումնասիրել…

Մոսկուան միակ մեծ կեդրոնն է ուր այդ կարելի է եւ մասնաւորաբար շնորհիւ Վոկսի։ Բոլոր օտարականները որ այդտեղ են, նոյն խորհրդածութիւնը կ՚ընեն եւ ահա անուն մը կը թափառի շրթներու վրայ, անունը կնոջ մը, որ իր անձնական ձեռներէցութեամբ յղացեր, ծրագրեր, եւ գործադրութեան դրեր եւ ստեղծեր է այս եզական հիմնարկութիւնը։

-Տիկին Կամենեվա՜…

Եւ ինչքա՜ն մեծ կ՚ըլլայ ուրախութիւնս, երբ ընդհանուր քարտուղարը պահ մը բացակայելէ յետոյ վերադառնալով, ինձ կ՚առաջարկէ առաջնորդել Տիկին Կամենեվայի առանձնասենեակը։

Ժուժկալութեամբ, բայց ճաշակով կահաւորուած ընդարձակ սրահ։ Գրասեղանին առաջ կնոջ դէմք մը որ ինձ կը ժպտի. կը մօտենամ եւ կը ծանօթանանք։ Կը խօսինք պահ մը ֆրանսերէն լեզուով ընկերութեան եւ անոր հեռանկարներու մասին։ Աչքերս հաճոյքով կանգ կ՚առնեն հիմնադիր տիկնոջ իմացական դէմքին վրայ։ Ինչքա՜ն անսպառ ոգեւորութիւն, ինչքա՜ն խոր հաւատք կատարած գործին… Տիկին Կամենեվա չի խօսիր արդէն ձեռք բերուած հսկայական արդիւնքի մասին, այլ մասնաւորաբար այն բաներու վրայ, որ դեռ չեն կատարուած, որ կատարելու են։ Կը համարձակիմ կարգ մը միտքեր յայտնելու. ուշադրութեամբ ինձ կը լսէ եւ երբեմն աշխուժով գլուխը շարժելով` հաւանութիւն կը յայտնէ։ Յետոյ ինքը կը խօսի ինձ հայ ժողովուրդի եւ անոր կուլտուրական մեծ ընդունակութիւններու մասին։

-Հայ աշխատաւոր ժողովուրդը, կ՚ըսէ ինձ, կ՚աշխատակցի մեզ լայն չափով, արեւելքի սեմին վրայ, իր սեփական կուլտուրան ստեղծելով։

Յետոյ փափաք կը յայտնէ աւելի սերտ կապեր հաստատել իր հիմնարկութեան հետ։

-Վոկսը կուլտուրական ընդարձակ կապեր եւ յարաբերութիւններ ունի. իր շաբաթական «Տեղեկատու» հրատարակութիւնը կ՚երթայ աշխարհիս ամէն կողմերը։ Եթէ մեզ նիւթեր հայթայթէք, մենք հաճոյքով կը ներկայացնենք հայկական գրական, գեղարուեստական, մանկավարժական եւ գիտական նուաճումները մեր հրատարակութեանց միջոցաւ։

Կը խոստանամ պատրաստել ծրագիր մը համաձայն մեր խօսակցութեան եւ հրաժեշտ կ՚առնեմ Տիկինէն։

-Մենք արդէն,- կ՚աւելցնէ սիրալիր ժպիտով,-ձեզ անձամբ կը համարենք մեր ընկերութեան աշխատակիցը։

Դուրսը խումբ մը օտար թղթակիցներ ինձ կը սպասեն մեկնելու համար դէպի Մանկանց Տունը։ Անմիջապէս ճամբայ կ՚ելլենք։ Մեծ ոստանը, Մոսկուան, զարմանալի եւ հմայիչ, որու մասին մենք, օտարականներս այնքան մտածեր ու երազեր ենք, որը խորհուրդի մը պէս եղեր է խռովիչ եւ անթափանցելի, ահա կարծես իր դռները լայն կը բանայ մեզ համար։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2019