ՔԱՆԻ՞ ՏՈԿՈՍՈՎ ԵՐՋԱՆԻԿ ԵՄ

Երջանկութիւնը յարաբերական հասկացողութիւն մըն է։ Իւրաքանչիւր ոք երջանիկ է իւրովի։ Այսինքն, երջանկութիւնը չունի չափ ու սահման… Մէկու մը համար կրնայ երջանկութեան առիթ հանդիսանալ սէրը, բարեկեցիկ կեանքը, իսկ ուրիշի մը համար՝ հարստութիւնը, փառքն ու իշխանութիւնը։

Քանի մը տարի առաջ ես փորձեցի գտնել իմ անձնական երջանկութեան բանաձեւը, ու ջանացի պարզել, թէ քանի տոկոսով երջանիկ եմ։ Արդեօք ես ինքզինքս կրնա՞մ համարել հարիւր տոկոս երջանիկ մարդ։ Երկար-բարակ խորհելէ վերջ, պարզեցի, որ ոչ։ Աւա՜ղ, ես հարիւր տոկոս երջանիկ մէկը չեմ, չեմ եղած ու թերեւս չեմ ալ կրնար ըլլալ։

Ահաւասիկ, իմ երջանկութեան բանաձեւը.

- 20 տոկոսով երջանիկ եմ, որ ամուսնացայ։ Ունիմ լաւ ընտանիք, սիրող ամուսին, ապահով ու անհոգ կեանք, որու համար ալ անսահման երախտապարտ եմ Տիրոջը։ 

- 20 տոկոսով երջանիկ եմ, որ Աստուած զիս բախտաւորեց առողջ ու խելացի մանչուկով մը։ Այդ փոքրիկ մարդուկը նոր շունչ, նոր իմաստ հաղորդեց իմ ու իմ ընտանիքի կեանքին։ Ծնունդէն սկսեալ ան զգալիօրէն բարձրացուց մեր կեանքի որակը։ Դարձաւ մեր բոլորի սիրելին ու աչքի լոյսը…

- 5 տոկոսով երջանիկ կ՚ըլլայի, եթէ իմ ընտանիքը Արցախին մէջ ըլլար անհոգ, առողջ ու երջանիկ…

- 20 տոկոսով երջանիկ կ՚ըլլայի, եթէ իմ սիրասուն մեծ հայրն ու մեծ մայրը ըլլային քովս։ Աւա՜ղ, սա անկարելի է։ Սա բացը երբեւէ չի կրնար գոցուիլ, քանզի անոնք քանի մը տարի առաջ բռնեցին յաւերժութեան ուղին, միացան երկնքի մէջ հրեշտակներուն։ Թող Աստուած լուսաւորէ անոնց ու բոլոր հանգուցեալներու հոգին։

- Ընդհամէնը 3 տոկոսով երջանիկ կ՚ըլլայի, եթէ ունենայի աշխարհի բոլոր հարստութիւնները։ Այդ ծովածաւալ հարստութեան առիւծի բաժինը կը գործածէի ի նպաստ հայոց աշխարհի բարօրութեան ու բարգաւաճման…

- 5 տոկոսով երջանիկ եմ, որ կը զբաղիմ իմ նախընտրելի աշխատանքներով։ Յիրաւի, երջանիկ եմ իմ կատարած աշխատանքով։ Երբեւէ չեմ տրտնջար ու ամէն անգամ կը փառաբանեմ զԱստուած, ինծի ընծայած հնարաւորութիւններու համար։ Չէ՞ որ շատեր այսօր կը կատարեն այնպիսի աշխատանքներ, որոնցմէ հաճոյք չեն առներ…

- 10 տոկոսով երջանիկ կ՚ըլլայի, եթէ օր մը ունենայինք համայն հայութեան բաղձալի Հայաստանը՝ հզօր, ուժեղ ու բարգաւաճ. ուր, հայուն վայել կեանքով մը, աշխարհի մէջ հայու անունը բարձր պահելով պիտի նախընտրէր ապրիլ աշխարհասփիւռ ազգս հայոց։

- 5 տոկոսով երջանիկ կ՚ըլլայի, եթէ Արցախը վերջապէս դառնար ազատ ու անկախ։ Եթէ վերանային մեր դրացիներու հետ սահմանները ու բոլորս միասին ապրէինք հաշտ եւ համերաշխ, խաղաղ երկինքի տակ։

- 7 տոկոսով երջանիկ կ՚ըլլայի, եթէ ունենայինք, կամ եթէ ապրէի Տիգրան Մեծի կերտած Հայաստանին մէջ…

- Ի վերջոյ, 5 տոկոսով երջանիկ եմ, որ Աստուծոյ զաւակն եմ. առողջ եմ, փորձանքներէ ու փորձութիւններէ հեռու եւ Աստուծոյ աջը տեւական իմ ու իմ ընտանիքի գլխու վերեւն է… Փառքդ շատ ամենակարող Տէր իմ։

Ահաւասիկ տոկոսային յարաբերակցութեամբ իմ երջանկութեան բանաձեւը։ Որմէ յայտնի կը դառնայ, թէ ես երբեւէ չեմ կրնար ըլլալ 100 տոկոս երջանիկ, քանզի մեծ հօրս ու մեծ մօրս անդարձ կորուստները թոյլ չեն տար։ Այդ բացը ոչինչ կրնայ լրացնել։

Նոյնիսկ անկարելին կարելի դառնալու պարագային՝ ես ամենէն շատ կրնամ ըլլալ 80 տոկոսով երջանիկ, սակայն… դժուար թէ…

Ինչեւէ, փաստացի ես ամէն օր երջանիկ եմ 53 տոկոսով, որու համար անսահման ուրախ եմ։ Ի դէպ, սա տոկոսաչափը կը բաւէ զիս իմ կեանքը լիարժէք ապրելու եւ առօրեայի մէջ ինքզինքս երջանիկ համարելու համար։

Իսկ դուք քանի՞ տոկոսով երջանիկ էք…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2019