ԿԱԽԱՐԴՈՂ ՃԱԽՐԱՆՔԸ

«Ծաղկուած թերթեր. Թռչուններուն կախարդող ճախրանքը հայկական ձեռագիրներուն մէջ». մանուկներու համար պատրաստած իր առաջին պատկերագիրքը այսպէս խորագրած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի «Մաշտոց» հիմնադրամը:

Գաղափարին հեղինակը՝ Մատենադարանի Միջազգային կապերու բաժնի վարիչ Վարդի Քէշիշեան, ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, թէ հակառակ անոր որ պատկերագիրքը մանուկներու եւ պատանիներու համար է, սակայն մեծերը եւս հաճոյքով կրնան առնել իրենց ձեռքը եւ ներկել թռչունները, որոնք պատկերուած են գիրքին մէջ եւ որոնցմով մեր նշանաւոր ծաղկողները զարդարած են ձեռագիր մատեանները:

Պատկերագիրքին մէջ ընդրգկուած են Մաշտոցի անուան ձեռագիրներուն մէջ պահպանուած հազարաւոր թռնչազարդերէն կամ թռչնապատկերներէն քանի մը նմոյշ միայն: Միջնադարուն, ձեռագիր գիրք պատկերազարդող վարպետները կամ մանրանկարիչները կոչուած են ծաղկողներ: Ծաղկել կը նշանակէր նաեւ զարդարել, այդ պատճառով ալ մանրանկարներով զարդարուած ձեռագիրները անուանած են՝ ծաղկած մատեաններ:

«Ես փորձած եմ պարզ ձեւով ու մատչելի լեզուով մանուկներուն մատուցել հայկական մանրանկարչութեան ամբողջ հրաշալի աշխարհը, եւ մանրանկարչութեան մէջ՝ թռչուններուն աշխարհը: Մենք Մատենադարանին մէջ բազմաթիւ հիւրեր կ՚ընդունինք, այդ կարգին նաեւ՝ պզտիկներ, որոնք շատ բան չեն գիտեր մանրանկարչութեան եւ անոր խորհուրդին մասին: Այն առեղծուածը, որ իր մէջ կը պարունակէ հայկական մանրանկարչութիւնը եւ առհասարակ՝ միջնադարեան գիրքարուեստը, շատ խոր աշխարհ մըն է, որուն հասնելու համար մասնագէտները տարիներ կ՚ուսումնասիրեն եւ ուր բացայայտելու տակաւին շատ բան կայ: Բայց ոչ-մասնագիտական խումբերուն, անոնք, որոնք կը սիրեն հայկական մշակոյթը, արուեստը, մե՛նք պէտք է բան մը տանք, քայլ կատարենք դէպի անոնք: Թերեւս մանուկները, ծանօթանալով այս գաղտնիքներուն, յետագային ընտրեն մանրանկարիչի մասնագիտութիւնը, կամ ուրիշ մասնագիտութիւն մը՝ մէկը կրնայ արուեստաբան, միւսը՝ աստուածաբան դառնալ… Ի վերջոյ, մանրանկարչութիւնը ինքը նաեւ աստուածաբանական հենք է՝ պատկերագրութեան տեսքով: Մեր նպատակն է մանուկներուն մատուցել մեր գանձերը: Գծանկարելով եւ գունազարդելով պատկերագիրք-ալպոմը թերթերու ընթացքին, մեր փոքրիկ բարեկամներն ու արուեստասէր պատանիները կը յայտնուին հայկական մանրանկարչութեան հրաշալիքներու աշխարհին մէջ, կը հաղորդակցին միջնադարեան վարպետ մանրանկարիչներու ստեղծած անկրկնելի զարդանկարներուն հետ, կը զմայլին հայկական ներկերու սքանչելի գոյներով:

«Կը պատրաստուի նաեւ յաջորդը՝ մեր ամենախորհրդաւոր խորհրդանիշերէն մէկուն նուիրուած պատկերագիրքը՝ հայոց կենաց ծառերը, որ դարձեալ մանրանկարչութեան մէջ մեծ տեղ ունի», ըսաւ Վարդի Քէշիշեան:

««Ծաղկուած թերթեր. Թռչուններուն կախարդող ճախրանքը հայկական ձեռագիրներուն մէջ» պատկերագիրքը նկարազարդած է մանրանկարչուհի Լիլիթ Վարդումեան: Ան նաեւ Մատենադարանին մէջ մանուկներուն համար գործող «Փոքրիկ ծաղկողներ» խումբի զուսուցչուհին է: Պատկերագիրքի շնորհանդէսին նկարչուհին խօսեցաւ հայկական ձեռագիրներուն մէջ հանդիպող թռչնապատկերներուն եւ թռչնագիրերուն մասին, ըսելով, որ անոնք կը հանդիպին ձեռագիր մատեաններու պատկերազարդման բոլոր համալիրներուն՝ խորաններ, անուանաթերթեր, լուսանցազարդեր, գլխազարդեր եւ այլ մասերու մէջ:

«Մանաւանդ Աստուածաշունչը նկարազարդելու ժամանակ մեր մանրանկարիչները ամէն ինչ ըրած են, որպէսզի ըլլայ կատարեալ, ըլլայ ամենահարուստը, եւ ժամանակի ընթացքին ձեռք ձգած են ծաղկողներ անուանումը: Եւ այն երեխաները, որոնք իրենց ձեռքը կ՚առնեն պատկերագիրքը եւ կը սկսին նկարազարդել, իրենք ալ կը դառնան փոքրիկ ծաղկողներ: Հնադարեան ձեռագիրներուն մէջ մասնագէտները հաշուած են երկու հարիւր տեսակէ աւելի թռչուններ, այդ թռչուններուն մեծ մասը Հայկական լեռնաշխարհի թռչուններն են. կարելի է ըսել, որ հայ միջնադարեան մանրանկարչութիւնը կը պատկերէ Հայաստանի թռչուններուն ամբողջ բազմազանութիւնը: Մանրանկարներուն մէջ աւելի յաճախ գտնուող արագիլը, արոսը, արծիւը, անգղը, բազէն, տառեղը, կաքաւը, աքաղաղը, լորը, ներկարարը, ծիծեռնակը, ալկիոնը, փայտփորը, սոխակը, զանազան ճնճղկազգի երգող թռչունները, ձկնքաղ հաւքերն ու այլ թռչնատեսակները բոլորն ալ Հայկական լեռնաշխարհին բնորոշ թռչուններէն են: Հազուագիւտ են այն փետրաւորները, որոնք յատուկ չեն Հայաստանի բնութեան, անոնք կը բերուէին այլ երկիրներէ եւ կը պահուէին իշխանական տուներու այգիներուն եւ պարտէզներուն մէջ, որպէս չնաշխարհիկ հաւքեր, օրինակ՝ սիրամարգը, թութակը, ափրիկեան հրաթռչունը, ջայլամը… Այդ թռչունները նոյնպէս պատկերած են ծաղկողները:

«Մանրանկարներուն մէջ մենք նոյնպէս կը հանդիպինք գաղթող թռչուններուն. այսինքն Հայաստանը կարծես փոքրիկ դրախտ մը ըլլար, ուր թռչունները իրենց երկար ճամբուն դադար առած են եւ որոշ ժամանակ ապրելէ ետք շարունակած են իրենց չուերթը:

«Զանոնք նոյնպէս կը տեսնենք ձեռագիրներուն մէջ: Կան նաեւ այնպիսի թռչուններ, որոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն չունին, բայց անոնց պատկերները տեղ գտած են հնագոյն նկարազարդումներուն մէջ», ըսաւ Լիլիթ Վարդումեան:

Մանրանկարիչ վարպետուհին նկարներուն միջոցաւ պատկերացում տուաւ մատեաններուն մէջ գտնուող թռչուններու խորհուրդներուն մասին: Ձեռագիրներուն մէջ պատկերուած սիրամարգը, օրինակ, ունի հրեշտակներու եւ նահապետներու խորհուրդը, աքաղաղը՝ մարգարէներու եւ առաքեալներու, կաքաւները կը խորհրդանշեն Քրիստոսի նախամայրերը, ձկնքաղ հաւքերու տեսակները՝ առաքեալները, վայրի բադերը՝ աւետարանիչները, իսկ աղաւնին կը խորհրդանշէ Քրիստոսը կամ Սուրբ Հոգին, որ իջաւ Քրիստոսի վրայ: Այս խորհրդանիշները ձեռագիր մատեաններուն մէջ կրնան փոխուիլ, ըստ իրենց զբաղեցուցած տեղին եւ ձեւին, օրինակ, վիզը ծռած փետուրները մաքրող աքաղաղը մաքրագործուող արդար հոգիներու խորհրդանիշն է, իսկ ամենախորհրդանշականը թեւատարած աղաւնիի կերպարն է, որ կը պատկերէ Սուրբ Հոգին, որ աղաւնիի կերպարանքով իջաւ Տիրոջ վրայ:

«Մանրանկարչութիւնը, ըլլալով միջնադարեան ամենագեղեցիկ արուեստը, նաեւ բարդ արուեստ մըն է, որուն տիրապետելը շատերուն համար շատ դժուար է: Այդ է պատճառը, որ քիչեր կ՚ընտրեն այդ ուղին եւ կը դառնան մանրանկարիչներ: Անիկա իմ ամենամեծ սէրն է, անկէ աւելի մեծ սէր ինծի համար մայրական սէրն է, ահա այդպէս կրնամ նժարի վրայ դնել մանրանկարչութեան հանդէպ իմ սէրս: Իմ նպատակս եղած է մանուկներուն համար դիւրին կերպով ներկայացնել այդ արուեստին գաղտնիքները», իր աշխատանքին մասին խօսեցաւ Լիլիթ Վարդումեան:

Հետաքրքրական է, որ թռչուններու վերարտադրումները իրենց արտաքին տեսքով, գոյներով եւ այլ բնորոշ յատկանիշներով երբեմն շատ մօտ են իրականին, իսկ երբեմն ալ հեռաւոր նմանութիւն ունին բնօրինակին, հակառակ ատոր, անսխալ կարելի է զատորոշել թռչնատեսակը: Հայ միջնադարեան մանրանկարչութիւնը կը պատկերէ Հայաստանի թռչուններուն ամբողջ բազմազանութիւնը. հետաքրքրական է նաեւ ճանաչողութեան առումով: Նախ՝ գաղափար կու տայ հայոց բնաշխարհին մէջ տարածուած թռչուններուն մասին եւ ինքնին կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ հայ մարդը մշտապէս կապուած է բնութեան: Ան ոչ միայն սիրած եւ փայփայած է իր բնաշխարհը, այնտեղ ապրող կենդանիներն ու թռչունները, այլեւ դիտած, ուսումնասիրած է զանոնք իրենց միջավայրերուն մէջ, լաւագոյնս իւրացուցած ու զգացած է անոնց կեանքին եւ վարքին առանձնայատկութիւնները:

Հայ գրչութեան նշանաւոր կեդրոններուն, մանաւանդ՝ Կիլիկիոյ, Վասպուրականի, Նոր Ջուղայի, Սիւնիքի եւ այլ դպրոցներու ներկայացուցիչները իրենց ստեղծած թռչնային պատկերներուն միջոցաւ հասած են գեղարուեստական անկրկնելիութեան եւ կատարելութեան:

Մասնագէտները կը վկայեն, որ միջնադարեան հայ վարպետ մանրանկարիչներուն ստեղծած թռչնային բարդ յօրինուածքներն ու զարդապատկերները առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն գեղարուեստի համաշխարհային գանձարանին մէջ:

12-րդ դարու մանրանկարչութիւնը, գրքարուեստը աւելի ծաղկման հասած են Կիլիկիոյ մանրանկարչութեան դպրոցէն ներս, որ ունեցած է նշանաւոր կեդրոններ Տրազարկի, Սկեւռայի, Հռոմկլայի, Կռների, Բարձրաբերդի, Ակների մէջ, ուր գործած են ականաւոր մանրանկարիչներ Գրիգոր Մլիճեցին, Կիրակոսը, Կոսնտանդինը, Յովհաննէսը, Յովասափը, Յովհաննէս Արքայ եղբայրը, Թորոս Փիլիսոփան եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ անանուն վարպետներ: Թռչուններու պատկերներով ծանօթ են Թորոս Ռոսլինի, Մոմիկի եւ Թորոս Տարօնեցիի մանրանկարները, որոնք կ՚առանձնանան ոչ միայն կատարման ոճով, գուներանգներու մշակուածութեամբ, այլ՝ պատկերահանման արուեստով: Հայ մանրանկարիչները ստեղծած են հայ մանրանկարչութեան, գրքարուեստի գլուխ գործոցներ, ինչպէս՝ «Հեթում Բ թագաւորի Ճաշոցը», «Ութ մանրանկարիչներու Աւետարանը», «Կեռան թագուհիի Աւետարանը» եւ այլն, շարունակելով ու զարգացնելով այդ դպրոցին պսակը հանդիսացող Թորոս Ռոսլինի արուեստը։ Զանոնք հովանաւորած են Կոսնտանդին Ա. Բարձրաբերդցի կաթողիկոսն ու Կիլիկեան Հայաստանի արքայական տան պատուիրատու անդամները։ Թորոս Ռոսլին կերպաւորած է աւետարանական թեմաներու իր պատկերագրական համակարգը, դասականօրէն վսեմ ու կոթողային յօրինուածքներ, որոնք կ՚առանձնանան գոյներու աննախադէպ նրբերանգներով։ Արուեստագէտներու կողմէ ան անուանուած է «Վերածնութեան Նախակարապետ», իսկ միջնադարագէտ, բիւզանդագէտ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան Թորոս Ռոսլինը նկատած է Հռոմկլայի ձեռագրատան ղեկավար: Ռոսլինի կենսագրութեան միակ աղբիւրը դարձած են անոր ձեռագիրներուն յիշատակարանները: Նկարիչին ստորագրութեամբ այսօր յայտնի եօթ աշխատանքը կատարուած է տասներեք տարուան ընթացքին՝ 1256 թուականէն մինչեւ 1268 թուականը:

 Բուն Հայաստանի որոշ շրջաններուն մէջ, համեմատաբար կայուն քաղաքական վիճակի ներքեւ, մանրանկարչութիւնը ծաղկում ապրած է 13-րդ դարուն եւ 14-րդ դարու առաջին կէսին, գործած են մինչ այդ կազմաւորուած Անիի, Գլաձորի եւ Վասպուրականի մանրանկարչութեան դպրոցներուն մէջ:

Պատկերագիրքին պատրաստման նախաձեռնող «Մաշտոց» հիմնադրամին մասին խօսելով՝ Վարդի Քէշիշեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, որ Մատենադարանի բարեկամներ՝ պոսթոնաբնակ հայուհիներու՝ Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրդեաններուն կողմէ եւ Մատենադարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Մաշտոց»ը, իբրեւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնադրամ:

Հիմնադրամի կարեւորագոյն խնդիրներէն են՝ Մատենադարանէն ներս գործունէութիւն ունեցող երիտասարդ գիտնականներուն, այդ կարգին՝ ասպիրանտներուն, հայցորդներուն գիտական, ստեղծագործական, կրթական գործընթացի արդիւնաւէտութեան ապահովումը, աջակցումն ու խթանումը եւ անոնց ներգրաւումը գիտաուսումնական, գիտահետազօտական աշխատանքներուն մէջ:

Մինչ հիմնադրամի ստեղծումը, Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրդեանները, Մատենադարանին նուիրաբերած են իրենց ընտանիքին պատկանող տպագիր եւ ձեռագիր գիրքերու ճոխ հաւաքածոն (հինգ ձեռագիր, որոնցմէ մին՝ 17-րդ դարուն ընդօրինակուած Աստուածաշունչ մատեան մըն է, իսկ միւս չորսը՝ արաբատառ ձեռագիրներ, եւ շուրջ 144 կտոր հնատիպ գիրքեր, մեծ մասամբ՝ 17-18-րդ դարերու հայ գրքարուեստի նմոյշներ): Ղրդեան քոյրերը Մատենադարանին նուիրած են նաեւ պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հայկական երկու թանկարժէք գորգեր:

«Մենք կը փորձենք այդ հիմնադրամէն եկած միջոցները գործածել նաեւ մանուկներու ծրագիրներուն համար: Այս ծրագիրը կրնանք կոչել համատեղութիւնը հաճելիին եւ օգտակարին, եւ եթէ հետաքրքրութիւն ըլլայ, կրնանք նաեւ Սփիւռքի համար ալ պատրաստել», ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ըսաւ Վարդի Քէշիշեան:

ԽՈՐԱՆԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ

Մանրանկարչութեան մէջ խորան կոչած են ձեռագիր չորս Աւետարաններու պատկերազարդ ձեւաւորուած ցանկը, որու մէջ են կանոններ, համաձայնութեան տախտակներ, համաբարբառ: Խորաններու ձեւերը եւ պատկերային տարրերը կը փոփոխուէին, կը կրճատուէին, կամ կը հարըս-տանային ըստ երկիրներու, տարածքներու, ժամանակա-շըրջաններու եւ ըստ դպրոցներու:

11-րդ դարու հայկական որոշ դպրոցներու մէջ (Փոքր Հայքի, Անիի կամ Արշարունիքի) ատոնք աւելի ձեւաւոր դարձած են՝ երբեմն կամարներու փոխարէն ունեցած են ուղղանկիւն գլխազարդ՝ լեցուած զանազան, երբեմն գորգադաշտ յիշեցնող զարդանկարով: 12-րդ դարուն ուղղանկիւն ձեւը ստացած է կամարաձեւ զանազան կտրուածքներ. սիւներու մէջ եւ գլխազարդի ներսի մասը յայտնուած են երկրաչափական, հիւսածոյ եւ բուսական զարդանախշեր:

Կիլիկեան դպրոցը ընդունած է հայկական բիւզանդամէտ եւ բիւզանդական խորանաձեւերը ուղղանկիւն գլխազարդերով, սիւներու, խարիսխներու, խոյակներու եւ գլխազարդերու ներքին եւ արտաքին զարդանախշերը հարստացնելով անսպասելի երեւակայական ու առասպելական էակներու աննախադէպ հարստութեամբ:

Վասպուրականի մէջ Աւետարանի խորանները պարզեցուած էին, ծայր աստիճան գծագրական եւ պարզ ձեւաւոր տեսք ունէին, իսկ Գլաձորի դպրոցը կիլիկեան խորանապատկերները վերափոխած է առաւել զարդային գունագեղութեամբ: Ատկէ զատ, խորանները կամարներու ու գլխազարդերու, սիւներու, պատուանդաններու ու քիւերու զարդարուն երիզներուն կից ունեցած են բազմապիսի արտաքին հարուստ պատկերներ՝ ծառերու, բոյսերու, թռչուններու ու կենդանիներու, որոնք մեծապէս հարստացուցած են խորաններու գեղարուեստական յարդարանքը:

Սկզբնական շրջանին (10-րդ դար) պատկերները համեմատաբար զուսպ եղած են (ձկնաքաղ հաւքեր, սիրամարգեր, աղաւնակերպ հաւքեր, աքաղաղներ, վայրի բադեր, կաքաւներ, արմաւներ, նռան ճիւղեր՝ պտուղով, արջամագիլներ, ձիթենի յիշեցնող ծառեր, հնագոյն անօթներու պատկերներ), 11-րդ դարէն սկսեալ անընդհատ հա-րըստացած ու ձեւափոխուած են (միայն 11-րդ դարուն «Մուղնիի Աւետարան»ի սիւներուն քով, գլխազարդերու ներսը, վերեւն ու կողմնակի մասերուն պատկերուած են բոյսերու ու կենդանիներու, երեւակայական արարածներու տասնեակ տեսակներ, ուղղանկիւն շէնքերու զանազան պատկերներ եւ այլն), իսկ 1211-ի «Հաղպատի Աւետարան»ին մէջ, կիլիկեան, գլաձորեան դպրոցներու կարգ մը քառաւետարաններու խորաններու մէջ յայտնուած են մատռուակներ, երգիչներ, ձուկ բերողներ, պատուիրատուներ, որսի տեսարաններ, դիմանկարներ, ինքնանկարներ եւ այլն: Նման փոփոխութիւն 11-12-րդ դարերուն նկատուած է նաեւ բիւզանդական եւ վրացական խորաններու մէջ: Այդ բազմապիսի յօրինանիւթերը իրենց նախատիպերը ունեցած են հնագոյն եւ սասանեան արուեստի մէջ, ծագած են խճանկարներէ ու կիրառական արուեստէ:

Խորանապատկերներու մէջ ներկայաց-ւող կենդանիներու, թռչուններու ու բոյսերու խորհրդանշաններու կարգը շարժուն եղած է, քանի որ միջնադարուն խորհրդակիր սիրամարգերու, ձկնաքաղերու (հաւալուսն, կռունկ, ձկնկուլ, հրաթռչուն), կաքաւներու, աքաղաղներու, վայրի բադերու քով կը ներկայացուէին ատոնց նախատիպերը՝ հրեշտակներ, վարձակ կիներ (պոռնիկ եւ օտարազգի կիներ), առաքեալներ, աւետարանիչներ՝ սիւներու խարիսխներու ու խոյակներու, գլխազարդերու վրայ կամ ներսը: Արմաւի, ձիթենիի, նռնենիի ծառերն ու պտուղները ստացած են բազմապիսի ձեւեր, երբեմն հասած են անճանաչելիութեան աստիճանի, երկրաչափական զարդերը եւ հիւսածոները հարստացած են՝ ինչպէս խաչքարերու վրայ: Կիրառուած ոսկին ու պայծառ գոյները ստեղծած են տրամադրութիւններ, որոնք մեկնութիւններու մէջ եւս բացատրուած են թէ՛ խորհրդանշօրէն, թէ՛ հոգեբանօրէն: Խորաններու ձեւաւորումը ազդած է նաեւ տիտղոսաթերթերու գլխազարդերու ձեւաւորման վրայ, որոնք կոչուած են կիսախորաններ եւ յաճախ բովանդակած են գրեթէ նոյն բնախորհուրդները, ինչպէս՝ խորանները:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018