ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան ելոյթ մը ունեցաւ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ 2 մարտ 2020, երկուշաբթի, կազմակերպուած շնորհանդէսի ընթացքին, որ ձօնուած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ի վերահրատարակութեան։ Հարկ է նշել, որ ան մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը գլխաւորէր Հրատարակչութեան բաժինը եւ լուրջ ներդրում ունեցած է այս ծրագրի իրականացման ուղղութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հայր սուրբի խօսքին սղագրութիւնը։

Վեհափառ Տէր, Ամենապատիւ Պատրիարք Հայր, գերաշնորհ, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրեր, մեծարգոյ եւ սիրելի ներկաներ,

Նախքան գիրքի ներկայացումին անցնիլը, ես կը փափաքէի երախտիքի եւ աղօթքի խօսքով յիշել հոգելոյս փրոֆեսէօր Հրաչիկ Միրզոյեանը, առանց որու ջանքերուն անհնարին պիտի ըլլար այստեղ վերահրատարակել եւ պատշաճ գիտական ծանօթագրութիւններով, խմբագրումներով ներկայացնել Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանի առաջին աշխարհաբար արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը: Ցաւօք սրտի, Հրաչիկ Միրզոյեան այլեւս մեզի հետ չէ, եւ իմ այս խօսքը, ըստ էութեան ի տեղի եւ ի դէմս Հրաչիկ Միրզոյեանի է, քանի որ պիտի ամփոփեմ բոլոր այն դիտարկումները եւ նկատառումները, որոնք միասին մենք կատարած ենք, ես ալ հանդէս գալով իբրեւ խորհրդատու, երբեմն-երբեմն, իբրեւ ուսանող, քանի որ շատ բաներ սորվեցայ այդ ընթացքին: Շնորհակալութեան մասնաւոր խօսք ունիմ ըսելու Մայր Աթոռի Հրատարակչական բաժնի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Արարատ Քահանայ Պօղոսեանին, քանի որ առանց Տէր Հօր մասնակցութեան, առանց իր վարչական միջամտութեան եւ ջանքերուն, հնարաւոր պիտի չըլլար հրատարակել այս գիրքը: Նաեւ՝ մասնաւոր շնորհակալութիւն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագրին՝ Արա Գօչունեանին եւ բոլոր այն անձերուն, որոնք այս կամ այն կերպ ներգրաւուած եղած են այս գիրքի վերահրատարակութեան եւ պատշաճ մատուցման գործին մէջ: Բնականաբար այս գիրքի հրատարակութիւնը կ՚արժեւորուի քանի մը հանգամանքներով, որոնցմէ առաջինը թարգմանչի անձն է:

1903-1904 թուականներուն հրատարակուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանի առաջին աշխարհաբար թարգմանութեան հեղինակը Միսաք Գօչունեանն է, որ յայտնի է նաեւ Քասիմ գրչանունով։ Ո՞վ է Քասիմը։ 1863 թուականին Հալէպ ծնած Միսաքը արմատներով խոյեցի Գօչունեան գերդաստանի անուանի ներկայացուցիչներէն էր: Հայրը՝ Մարտիրոսը, Սվասի վիլայէթի մէջ գտնուող Կիւրին քաղաքի երեւելի դէմքերէն էր: Մայրը, որ յետագային շատ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենար Քասիմի վրայ եւ պիտի դառնար այս աշխարհաբար թարգմանութեան ներշնչողը, Մարիամ Մելիքսեթեան-Գօչունեանն էր՝ արմատներով Սեբաստիայի Եւդոկիա գաւառի Քիլիս գիւղաքաղաքէն:

Արդէն 14 տարեկան պատանի Միսաքի լրագրողական ունակութիւնները կը գրաւէին Կիլիկիոյ կամ Սիսի կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Քեֆսիզեանի ուշադրութիւնը: Ան իր մօտ կը կանչէ պատանին եւ կը յորդորէ մտնել եկեղեցական ասպարէզ։ Միսաքը առանց վերապահութեան կը յայտնէ, թէ ուրիշ կոչում կը զգայ իր մէջը` ջերմեռանդ հաւատացեալ ըլլալով հանդերձ: Մինչ Միսաքը կ՚ուսանէր «Կիլիկեան» վարժարանին մէջ, մայրը ստանձնած էր Քիլիսի տիկնանց խնամակալութեան ատենապետութիւնը: Յետագային, տիկին Մարիամը նաեւ Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ կ՚ըլլայ, ինչ որ բացառիկ էր այդ տարիներուն, մանաւանդ՝ կիներու պարագային: Յետագայ տարիներուն գրական-հրապարակախօսական իր գործունէութեամբ Միսաք Գօչունեանը կրցած է ինքզինք լաւագոյնս դրսեւորել թէ՛ որպէս Հայոց Եկեղեցւոյ ջերմեռանդ հաւատացեալ զաւակ եւ թէ՛ իբրեւ հայ գիրի ու մամուլի նուիրեալ գործիչ։ «Կիլիկեան» ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ուսանելու տարիներուն դասընկերներուն հետ ան մէկ տարի հրատարակած է «Բիւրակն» անունով դպրոցական ձեռագիր թերթ մը: Աշխատակցած է «Հայրենիք», «Նոր Դար», «Արեւելեան Մամուլ» պարբերականներուն:

1891 թուականին եղած է «Մանզումէի Էֆքեար» թերթի խմբագիր: 1894 թուականին աշխատած է «Սապահ» թերթին մէջ:

1908 թուականին իր հիմնած ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի խմբագիրը եղած է: Գօչունեան աւելի քան վեց տպագիր եւ անտիպ վէպերու եւ պատմուածքներու գիրքերու հեղինակ է։ Անոնց մէկ մասը հրապարակուած է 19-րդ դարավերջին, մէկ մասը՝ 20-րդ դարասկիզբին եւ վերջինը՝ «Կրակին մէջէն» բոլորովին վերջերս, 2010 թուականին, Երեւանի մէջ։

Մահացած է 1913 թուականին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ նախկին պատրիարքներէն Մաղաքիա Օրմանեանի նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, նոյնպէս նախկին պատրիարք Եղիշէ Դուրեանի ու բազմաթիւ այլ հոգեւորականներու: Կերոնակիրներու մէջ էին Տիրան Քելեկեանն ու Վահան Թէքէեանը: Կը դամբանախօսէին Օրմանեանը, պոլսահայ գրողներու անունով` Թէոդիկը, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան անունով՝ Երուանդ Օտեանը:

Այս կարճ գիծերու մէջ կը տեսնենք, որ թարգմանիչը արդէն իսկ իր ստացած նախնական եւ միջին բարձրագոյն կրթութեամբ հոգեւոր կեանքին նուիրուած անձնաւորութիւն մըն էր եւ պատահական չէր արդէն իսկ անոր խիստ կապուածութիւնը՝ «Նարեկ» մատեանին եւ այս մեծ գաղափարին մտայղացումը անոր իսկ կենսափորձի արդիւնքն էր: Ինծի համար խիստ զարմանալի էր, երբ առաջին անգամ, խոստովանիմ, որ ես ինքս ալ, բոլորովին անծանօթ էի այդ գրքին՝ մինչեւ այն պահը, երբ Տէր Արարատը ինծի առաջարկեց համագործակցիլ փրոֆեսէօր Միրզոյեանի հետ։ Անակնկալ էր տեսնել, որ Պոլսոյ մէջ, առանց համալսարանական կրթութեան, վարժարան աւարտած գրողը, հրապարակախօսը այնքան հմտօրէն կը տիրապետէ գրաբարին, որ կրնայ փոխադրել «Նարեկ»ը, աւելի՛ն, երկու հարիւրէն աւելի տպագրական, ձեռագրական սխալներու հետ մէկտեղ կ՚ուղղէ աշխարհաբար թարգմանութեան թեքստը: Այս մէկը առաջին ամենակարեւոր պատգամն է մեզի, քանի որ դժուար թէ մեր մէջ, համալսարանաւարտ մէկը եւ նոյնիսկ, թող ներեն զիս հայագէտներն ու պատմաբանները, նոյնիսկ այդպիսի խոր կրթութեամբ մէկը կարողանայ այդքան հմտութեամբ թարգմանել «Նարեկ»ը: Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ մենք 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի մեր ունեցած քաղաքակրթական բարձր մակարդակէն այսօր բաւական նահանջած ենք:

Խօսելով թարգմանութեան մասին՝ Մարիամ Գօչունեանին ձօնուած ընծայականին մէջ Գօչունեան ինք կը ներկայացնէ իր թարգմանութեան մանրամասնութիւնները՝ իբրեւ իր մօր բարերար ազդեցութեամբ ծնած ձեռնարկ մը, աշխատանք մը։ Ես զատած եմ քանի մը մէջբերումներ, Միսաք Գօչունեան խօսքը կ՚ուղղէ հարազատ մօրը եւ կ՚ըսէ.

…Քովդ կը նստեցնէիր զիս ու մէկտեղ կ՚երգէինք Նարեկացիի հոգեշունչ աղօթքները…։

…Բայց Նարեկի համար ունեցած սէրդ աւելի կրկնապատկուեցաւ, քեզ եւ ամբողջ հայ քրիստոնեաներուն ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալու դիտումով…։

…Նարեկի հանդէպ եւ Նարեկը աշխարհաբարի թարգմանելու գաղափարի նկատմամբ իր մտադրութիւնը աւելի ամրապնդուեցաւ, երբ իր օժիտներուն հետ Նարեկ մը բերաւ կինս, ինչ որ աւելի եւս գրգիռ մը եղաւ ինձ եւ անմիջապէս ձեռնարկեցի թարգմանութեան գործին…։

Քասիմ ինքը շատ հետաքրքրական դիտարկում մը կ՚ընէ.

Այսօր կարեւոր կամ թեթեւ, երկու հարիւրէ աւելի տարբերութիւններ կան Նարեկներու այս կամ այն տպագրութեան միջեւ։ Ինքը Նարեկի յառաջաբանաին մէջ յստակօրէն կը բերէ բոլոր այդ տարբերութիւնները.

…Աստուածաբանական կաճառի մը առջեւ մրցումի ելլել չէր, ես կը փափաքէի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի այնչափ հռչակուած աղօթագիրքը ժողովուրդին ամէն դասակարգի մատչելի լեզուով մը թարգմանել…:

Շատ կարեւոր է, որ հակառակ Արշակ Չօպանեանի, որ առաջինը հատուծաբար թարգմանած էր եւ ներկայացուցած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանը, իբրեւ գրական-գեղարուեստական գործ, հակառակ որ չէր հերքեր, թէ Նարեկը նախեւռաջ աղօթագիրք է, Քասիմը միանշանակօրէն իր յառաջաբանի մէջ կը շեշտէ այն կարեւոր հանգամանքը, որ Նարեկը նախեւառաջ աղօթամատեան է եւ պէտք է այդպիսին ալ թարգման-ւի: Կարծեմ թէ այս մէկը իրենց աչքի առջեւ ունեցած են մնացած թարգմանիչները՝ թէ՛ հոգեւորական, թէ՛ աշխարհական եւ մանաւանդ նաեւ՝ օտարալեզու թարգմանիչները։ Ես առիթ ունեցած եմ մասնակցելու Նարեկի էսթոներէն եւ հոլանտերէն թարգմանութիւններուն, որոնք երկուքն ալ նոյն այս գիտակցութեամբ կատարուած են: Նարեկը նախեւառաջ աղօթագիրք է եւ պէտք է թարգմանուի իբրեւ այդպիսին:

Երրորդ կարեւոր հանգամանքը կապուած է փաստերու հետ։ Կ՚ուզէի մէկ-երկու փաստ ներկայացնել։

Մինչեւ Գօչունեանի թարգմանութիւնը՝ «Նարեկ» մատեանը արդէն հրատարակութեան եւ ուսումնասիրութեան որոշակի աւանդոյթ ունէր Պոլսոյ մէջ. ունեցած էր 32 տպագրութիւն, որմէ 9-ը՝ ԺԸ. դարուն, 17-ը՝ ԺԹ. դարու առաջին կէսին, իսկ 6-ը՝ 1852-1872 թուականներուն։ Ի. դարուն արեւելահայ իրականութեան մէջ «Նարեկ» մատեանը ունեցած է ընդամէնը երկու հրատարակութիւն՝ Թիֆլիզ 1905 եւ Երեւան 1977-ին (հատուածաբար)։ 1985 թուականին հրատարակուած է Նարեկի քննական բնագիրը։ 1861 թուականին Մատեանը արդէն արձակ թարգմանուած էր թրքերէնի, իսկ 1880-ական թուականներուն՝ արաբերէնի. երկուքն ալ՝ անտիպ են: 1904 թուականին Գօչունեանի թարգմանութենէն իրականացուած է թրքերէն նոր թարգմանութիւն, որ նոյնպէս կը մնայ անտիպ եւ ըստ Հրաչիկ Միրզոյեանի տուեալներուն, ես ինքս տակաւին չեմ ստուգած, կը պահպանուի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։ Այս մէկը նոյնպէս այն կարեւոր արժէքն է, որ մեզի կը փոխանցէ Գօչունեանի թարգմանութիւնը։

Առաջին գրաքննական արձագանգը 1905 թուականին արեւմտահայ նշանաւոր գրականագէտ-քննադատ Հորոյի՝ Նշան Ճիվանեանի արձագանգը եղած է:

Փրոֆ. Միրզոյեանի հետ մեր ուսումնասիրութիւնները ապացուցանեցին, որ յաջորդած գրեթէ բոլոր թարգմանութիւնները՝ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան, Մկրտիչ Խերանեան նոյնիսկ, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն եւ ռուսերէն տողացի թարգմանութիւնները, բոլորն ալ այս կամ այն կերպ, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն, ազդուած են Գօչունեանի թարգմանութենէն։ Կ՚արժէ նշել, որ մեր համեմատութիւնները ցոյց տուած են, որ այս երկու թարգմանութիւններու միջոցով Գօչունեանի թարգմանութիւնը անուղղակի կերպով ազդած է նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ ռուսերէն տողացի թարգմանութիւններու վրայ։

Կ՚ուզէի համառօտ խօսիլ նաեւ այն իրավիճակներու եւ հանգամանքներու մասին, որոնց միջով անցած է Գօչունեանը թարգմանութեան ժամանակ եւ ատով ալ, ըստ էութեան, աւելի կը բարձրանայ այս թարգմանութեան արժէքը, իբրեւ նաեւ պատմամշակութային իրողութիւն: Միսաք Գօչունեան կը նշէ, որ թարգմանած է մօտ մէկուկէս տարի, գրեթէ մէկ տարի ալ անընդհատ սրբագրած է տպարանին մէջ: Կ՚ըսէ, թէ տպարանի աշխատողները երբ զիս տեսնէին, քաղաքավարական պատրուակներով կը խուսափէին, որովհետեւ գիտէին, որ անընդհատ ուղղումներ պիտի կատարեմ թարգմանութեան մէջ: Այս մէկը կը խօսի այն մեծ նախանձախնդրութեան մասին, որ Քասիմ ունէր այս մատեանը թարգմանելու ժամանակ եւ մենք ալ նոյնպէս նկատած ենք, որ մատեանը մէկն էր այն բացառիկ, 20-րդ դարու սկիզբին հրատարակուած գիրքերէն, ուր ուղղագրական կամ այսպէս ըսեմ՝ սրբագրական վրիպակները նուազագոյնի հասցուած էին: Զարմանալիօրէն, Քասիմ յառաջաբանին մէջ ինքն իսկ կը բերէ բոլոր սխալները, որոնք սպրդած են թարգմանութեան մէջ եւ կը նշէ, որ կարող էին ատոնք, ի հարկէ, խմբագրել, սրբագրել եւ ներմուծել թեքստ, բայց ատիկա կոչ մըն է բոլոր ընթերցողներուն՝ մատեանի թարգմանութիւնը ընթերցել եւ այդ բոլոր սխալները ուղարկել իրեն, որպէսզի, ինչպէս ինքը կը նշէ, առաւել բարելաւուած թարգմանութիւն կատարուի: Դժբախտաբար, 1913 թուականին եւ յետոյ ալ՝ 1915 թուականի Եղեռնին հետեւանքով այս մեծ ծրագիրը հնարաւոր չեղաւ իրականացնել:

Քասիմի այս թարգմանութիւնը հարթ չէ անցած: Գիտենք, որ 1903-1904 թուականներուն խիստ շեշտուած գրաքննութիւն կար Օսմանեան կայսրութենէն ներս: Մէկ-երկու փաստ ատոր մասին լաւագոյնս կը վկայէ. օրինակ՝ թարգմանութեան մէջ Գօչունեան Արարատ բառը, որ Նարեկացին կը նշէ՝ իբրեւ կշռորդ մեծութեան, թարգմանիչը ստիպուած եղած է փոխարինել Ամենաբարձր բառով, որովհետեւ Արարատ բառը չէր կրնար ներառնել թարգմանութեան, իսկ ՀԵ. գլուխին մէջ եկեղեցւոյ մասին ճառը թարգմանելու ատեն, նոյնպէս ստիպուած եղած է՝ տողատակին մէջ նշել մեծահոգի սուլթանի բարերարութեան մասին, որով եկեղեցին եւ քրիստոնէական աղօթատուները նոյնպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ ազատուած էին հարկերէ եւ կը գտնուէին սուլթանի մշտական խնամքի ներքոյ։ Մենք, այս բոլոր նրբութիւնները նկատի առնելով, գիրքի յառաջաբանին մէջ ասոնք նշած ենք, եւ բուն թեսքտէն ատոնք հանած եւ յառաջաբան փոխադրած ենք:

Ուրիշ կարեւոր փաստ մը եւս. Գօչունեան առաջին անգամ թարգմանութեան մէջ Նարեկացիի ծննդեան թուականը կը նշէր 945 թուականը, ինչ որ յետագային կը կրկնեն Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, Գարեգին Պատիրարք Խաչատուրեան, նոյնինքն Գարեգին Խաչատուրեան իր Նարեկի յառաջաբանին մէջ յստակօրէն կը նշէ, որ 1945-ին, ինչպէս իրեն վստահեցուցած են, պիտի նշուէր Նարեկացիի 1000-ամեակը: Բնականաբար, պատերազմէն ետք նշուեցաւ՝ 1946-ին, բայց ասիկա նոյնպէս կը վկայէ, որ Գօչունեանի այս մօտեցումը ընդհանրացած կարծիք մը դարձած էր ապագային՝ հայագէտներու եւ նարեկագէտներու շրջանակներու մէջ:

Կարեւոր դիտարկում մը եւս. Գօչունեան, ի տարբերութիւն յաջորդած շատ ու շատ թարգմանութիւններու, Մատեանը թարգմանած է իբրեւ Աղօթագիրք:

Գօչունեանի աշխարհաբար թարգմանութիւնը մեզի համար ունի մշակութային եւ պատմական կարեւոր արժէք: Այն մէկ կողմէն կը վկայէ ոչ միայն Կ.Պոլսոյ հայոց կրթական-գրական բարձր մակարդակի, այլ նաեւ կրօնական եւ հոգեւոր վերարթնութեան մասին: Վերահրատարակութիւնը կարեւոր քայլ մըն էր՝ արժեւորելու եւ անդրադառնալու «Նարեկ» մատեանի աշխարհաբար թարգմանութեան պատմութեան:

Գաղտնիք չէ, որ մինչեւ վերջերս ալ Քասիմի թարգմանութիւնը մեր իրականութեան մէջ կը նկատուի հազուագիւտ հրատարակութիւն։ Փրոֆեսէօր Հրաչիկ Միրզոյեան 16 կէտերու մէջ ներկայացուցած է բոլոր այն դիտարկումները, որոնք ինք՝ իբրեւ խմբագիր եւ իր հետ գործակցածները ներառած են թեքստին մէջ: Կատարուած է էական, կառուցուածքային փոփոխութիւն մը, որ մեր մէջ շրջան կ՚ընէ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի ձեռամբ։ 92-րդ եւ 93-րդ գլուխները Նարեկի, փոխադրուած են իբրեւ 94-րդ եւ 95-րդ եւ հակառակը՝ 94-րդն ու 95-րդը տեղադրուած են իբրեւ 92-րդ եւ 93-րդ։ Վստահաբար, հոս կան մարդիկ, որոնք ծանօթ են Նարեկի ուսումնասիրութեան պատմութեան։ Այս մէկը բաւական վիճելի խնդիր է եւ նոյնիսկ այսօր ալ մեր մէջ, Նարեկ հրատարակելու ժամանակ, այս խնդիրները կը յառաջանան, կը կարծեմ, թէ փրոֆեսէօր Միրզոյեանի անձնական, իւրովի մօտեցումը, ինքն այդ մասին ուսումնասիրութիւն ալ ունի, մեզ խորհելու տեղի կու տայ: Ինչպէս արդէն նշեցի, գիրքին մէջ բոլոր այն տեղերը, ուր հեղինակը իր բացատրական նօթերը, այս կամ այն պատմական յիշատակութիւնները տեղադրած է թեքստի մէջ, ատոնք բոլորը իջեցուած են տողատակ, որպէսզի չխանգարեն թեքստի ընթերցումը եւ զայն իբրեւ աղօթագիրք ընթերցելու դիւրութիւնը:

Երկար կարելի է խօսիլ թարգմանութեան մասին, ես կը կամենամ եզրափակել այս ներկայացումը, կ՚ամփոփեմ՝ առանձնացնելով երեք կարեւոր կէտ։

Գօչունեանի այս թարգմանութիւնը առաջին աշխարհաբար արեւմտահայերէն թարգմանութիւնն է, որով իսկ կը սկզբնաւորուի Նարեկ աղօթամատեանի աշխարհաբար թարգմանութեան պատմութիւնը։

Երկրորդ՝ ան պատմամշակութային կարեւոր արժէք մըն է, որովհետեւ, ինչպէս նշեցի, սովորական հայ հաւատացեալ մարդ մը, որ ունի կրթութիւն, նուիրուած է իր ազգին, իր քրիստոնէական արժէքներուն, իր մօր հաւատքէն եւ ջերմեռանդութենէն ներշնչուած, կը վերցնէ եւ կը թարգմանէ Նարեկ, որ յետագային կը դառնայ մեր լաւագոյն արեւմտահայերէն թարգմանութիւններէն մէկը:

Եւ վերջապէս երրորդ՝ նոյնիսկ այն պայմաններով, որոնց ներքեւ կը գտնուէր հայութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ 20-րդ դարասկիզբին, ստեղծուած են այնպիսի արժէքներ, որոնք այսօր ալ մեզ խորհելու, ատոնք վերահրատարակելու եւ ատոնցմով կրկին եւ կրկին հիանալու առիթ կու տան:

Շնորհակալութիւն:

 

 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020