ՄԵՏԻԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՎԵՐԱՀՍԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հասարակութիւնները վերահսկելու հիմնական գաղափարն է՝ իրենց միտքը անոնց համար կարեւոր բաներէ շեղելով կեդրոնացնել անօգուտ բաներու վրայ։ Այսպէսով վանդակի ներքեւ վազող, բայց տեղ մը չհասնող մուկի նման մարդիկ կը յոգնեցեն իրենց միտքը՝ գլուխն ու կոկորդը «պայթեցնելով» անիմաստ ու անօգուտ նիւթերու շուրջ։ Մարդիկ՝ որոնք տեղեակ չեն իրենց համար կարեւոր, նոյնիսկ կենսական հարցերու վերաբերեալ, չեն կրնար ճիշդ որոշումներ տալ, անոնք հեշտութեամբ կ՚առաջնորդուին որեւէ ուղղութեամբ՝ ինչպէս կրկէսի լարախաղաց մը աւելի քան յիսուն անասուն կը վերահսկէ միայն մէկ բառով։

Հին թագաւորութիւնները գրաքննութիւն կը կիրառէին «փայտի» ուժով, որպէսզի իրենց մասին տհաճ տեղեկութիւնները չհասնէին մարդոց ականջներուն։ Բայց «փայտը» նոյնպէս սահման ունէր եւ այն գաղտնիքը, որ գիտէ երեգ հոգի, գաղտնիք չէր։ Աւելի վերջ, ժամանակակից լրատուամիջոցները յայտնուեցան պատմութեան բեմահարթակին վրայ։ Ժամանակակից լրատուամիջոցներու մօտ աշխատող ընկերային հոգեբանները ըսին, որ «ինչո՞ւ կը զբաղինք գրաքննութեամբ, եկէք միասին բանանք տեղեկատուութեան «ծորակները», թող ճշմարտութիւնն ու կեղծը իրար խառնուին, մարդիկ այդքան սուտի մէջ չեն հասկնար ճշմարտութիւնը»։ Սա գրաքննութեան ընդհակառակն է։ Այս պատճառով ուշադրութեան շեղում կ՚իրականացուի ո՛չ թէ գրաքննութեամբ, այլ՝ տեղեկատուութեան եւ նորութիւններու առատութեամբ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէ սկսեալ մինչեւ ուշ գիշեր, նոյնիսկ 24 ժամ շարունակ, միլիառաւոր տեղեկատուութիւն «կ՚արձակուի» մեր վրայ։ Այն տեղեկութիւնները, որոնք մեզի իսկապէս անհրաժեշտ են, կը կորսուին՝ տէրը խեղդուելէ փրկող շան կամ մազերը վարդագոյնի ներկող հարիւրամեայ կնոջ միջեւ։

Այսինքն սիրելի՛ բարեկամներ, մի՛ կարծէք, որ դուք շատ բանիմաց կը դառնաք նորութիւններուն առաւօտէն մինչեւ երեկոյ հետեւելով։ Եթէ միայն դուք յիսուն տարի առաջ ապրէիք լեռնային գիւղի մը մէջ, ուր շաբաթը անգամ մը թերթ կ՚ուղարկեն, աւելի երջանիկ կ՚ըլլայիք։

Կայ նաեւ լրատուամիջոցներու կողմէ խնդիր յառաջացնելու եւ լուծում առաջարկելու ռազմավարութիւնը։ Այս բանաձեւի անուանումը կարելի է ամփոփել՝ որպէս խնդիր-արձագանգ-լուծում։ Սա ռազմավարութիւն մըն է, որ յաճախ կ՚օգտագործուի տրտնջացող տղամարդոց եւ դժգոհ կիներու կողմէ։ Իսկ մետիան ալ այս բանաձեւը բարձրացուցած է գիտութեան մակարդակի։ Նախ՝ լրատուամիջոցները կը յառաջացնեն խնդիր մը եւ կը նետեն մարդոց առջեւ։ Օրինակ՝ «Ըստ հետազօտութիւններու, ամպերը չափազանց նուազած են եւ սա կ՚անհանգստացնէ գիտնականները»ի նման անհեթեթութիւն մը կը ստեղծուի եւ «լրահոսի թմրամոլ» մարդոց կը ներկայացուի։ Այդ անհեթեթութիւնները լաւ մը «լափելէ» յետոյ կ՚ենթադրուի, որ ամպերու աճումին համար պէտք է հեռակայ դրութեամբ աշխատիլը կամ ինքնաշարժով գործի ուղղուող մարդոց տուներու մէջ փակուիլը։ Այսպիսով ընկերութիւնները յաւելեալ ծախսերէ խուսափելու միջոցներ կը գտնեն։ Իսկ ամպերը ժամանակի ընթացքին կ՚ենթարկուին մոռացութեան։

Այս մարտավարութիւնը կը գործածուի նաեւ բնականոն իրավիճակի մը ազդեցութիւնը բարձրացնելու նպատակով։ Ենթադրենք, որ երկրի մը մէջ տնտեսական տագնապ յառաջացած է։ Քարոզելով, որ տնտեսական ժգնաժամը չափազանց ծանր, ապագան անորոշ է եւ տնտեսական տագնապը յաղթահարելու միակ լուծումը դժուարութիւններու մէջէն անցնիլն է, ժամանակի ընթացքին մարդիկ կը սկսին իրենց ապագայի մասին յոռետեսութեան ենթարկուիլ, հեշտութեամբ ընդունիլ իրենց աշխատավարձերու նուազումը եւ բազմաթիւ իրաւունքներէ զրկուիլը։ Դժուարութիւններու մէջ անոնք նոյնիսկ հպարտ կը զգան եւ կ՚ոգեկոչեն իրենց անցեալ յաղթանակները։ Մարդիկ աստիճանաբար «կ՚ընտելանան» այնպիսի իրավիճակներու, որոնք առաջին հերթին անընդունելի, նոյնիսկ անհանդուրժելի են անոնց համար։

Երբ խումբ մը բազմանայ, «խելքի տարիքը» կը նուազի։ Այս պատճառով է, որ բազմանդամ ամբոխը տրամաբանական խօսքերու նկատմամբ կոյր ու խուլ կը դառնայ։ Բայց եթէ լրատուական քարոզչութիւնը ընես այնպէս, ինչպէս կը խօսիս 12 տարեկան երեխայի մը հետ, յաջող արդիւնքներ կը ստանաս։ Օրինակ՝ «Դանիա ժամանող գաղթականները կրնան յառաջացնել զանազան ընկերային խնդիրներ եւ այս մասին պէտք է լուրջ ռազմավարութիւն մշակուի»ի նման ուղերձ մը օգուտ չի բերեր։ Բայց եւ այնպէս, եթէ հաղորդես «մորուսաւոր ահաբեկիչները մուտք գործած են մեր երկրէն ներս եւ կը յարձակին մեր քաղաքացիներու վրայ»ի նման լուրեր, լայն արձագանգ կը գտնեն միլիոնաւոր «12 տարեկան երեխաներու» մօտ։

Լրատուամիջոցներու խարդախութեան հիմքին է անտրամաբանական ու տկարամիտ մարդիկը։ Եթէ մարդիկ սկսին օգտագործել իրենց խելքն ու խորհիլ տրամաբանականօրէն, անոնք կը դադրին գործելէ որպէս քամիներու անյայտ ուղղութեան տանող թուղթի կտոր մը եւ կը կայացնեն լուրջ որոշումներ։ Շատերու համար տհաճ են այն մարդիկ, որոնք լուրջ են եւ գիտեն, թէ ի՛նչ կ՚ընեն եւ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Այս պատճառով յուզական հաղորդագրութիւններ կը մղուին լրատուամիջոցներով։ Այսպէս, վախի, զայրոյթի, հպարտութեան, ուրախութեան նման զգացումներով ողողուած լուրերը կը լեցնեն հաղորդակցութեան տիեզերքը։ Այստեղ նպատակը այն է, որ իւրաքանչիւր վերնագիր եւ ցուցադրուող իւրաքանչիւր պատկեր մարդոց մօտ յառաջացնէ զանազան յոյզեր։ Ամէն օր առաւօտուն լուրերէն կը վախնաս, կէսօրին կը բարկանաս, իսկ երեկոյեան՝ հպարտութեամբ կը լեցուիս։ Օրուայ ընթացքին «յուզական պոռթկումներու» հետեւանքով ո՛չ ուժ, ո՛չ ալ ժամանակ կ՚ունենաք տրամաբանական խորհելու համար։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021