ԶԳՕՆ Ե­ՂԻՐ ԵՒ ՄԻՏՔԴ ԳՈՐ­ԾԱ­ԾԷ

Ամենահին թատերաբեմը մարդո՛ւն միտքն է, ուր ներկայացուած ու խաղացուած են բազմաթիւ «թատրոն»ներ եւ «արար»ներ։ Անոր «հնութիւն»ը կ՚երկարի մինչեւ մարդու ստեղծագործութիւն։ Պատմութեան ընթացքին իրենց գրքերով, տեսութիւններով, փիլիսոփայութիւններով աշխարհը նուաճած իմաստուններէն սկսեալ, մինչեւ ամենայետին մարդը աստուածապարգեւ մտքո՛վ կառավարած են իրենց կեանքը, ոմանք բարձունքներ ու յաջողութիւններ ձեռք բերած են, իսկ ոմանք իրենց պայծառ իմացութեամբ շատերու հիացմունքի պատճառն են դարձած։ Ուրիշներ ճիշդ ներհակ պատկերը ունեցած են. իրենց իսկ խելայեղ մտածումներով, անհիմն խօսքերով եւ անհեռակայ ծրագիրներով, յաջողութեան դիմաց անդիմադրելի պատնէշներ կանգնեցուցած են, որոնք օրերու ընթացքին ամրացած են եւ «անջրդի» վայրերու մէջ կայք հաստատած։

Լսուած խօսք է, թէ «Միտքը անտեսանելի բնութիւն է, բնութիւնը՝ տեսանելի միտք»։ Միջնադարէն սկսեալ մինչեւ օրերս մարդ արարածին անտեսանելի թուացող մտքէն յայտնաբերուած են բազում գերահրաշ ու զարմանազան ստեղծագործութիւններ, որոնք բացայայտ արդիւնքն են միտք կոչուող փոքրամասնիկին։ Ադամ-Եւայով սկիզբ առած այսօրեայ մարդը անկասկած իր իրագործումներով, զարգացումներով ու սխրագործումներով կը տարբերի տասը դար առաջ ապրող գոյակէն։ «Հին» մարդը իր կեանքը վաստկելու ու իր ընտանիքին օրապահիկը ապահովելու համար ճակտի քրտինքով կը տառապէր՝ գէթ իր կեանքը ապրելու եւ անցընելու համար։ Այսօր իրադրութիւնը ամբողջապէս փոխուած է, կարծես ճիշդ հակապատկեր եւ հակաբեւեռ դիրքորոշումը սկսած է ստանալ։ Հազուագիւտ են այն անձերը, որոնք այս օրերուն նախակրթարանի տարրական ուսում ստացած չըլլան։ Իւրաքանչիւր շնչաւոր եւ բանաւոր էակ, 21-րդ դարու նորարարութիւններուն հետ քայլ պահելու համար, անպայմանօրէն կը հետեւի ուսման, իր մտքի կարկինը կը փորձէ միշտ լայն բանալ՝ օգտուելու ուսման ընձեռած հնարաւորութիւններէն ու արդիւնքներէն։ Սակայն ա՞յս կը պահանջէ մեզմէ «համաշխարհայնացած» կոչուած 21-րդ դարը…

Անբան անասունէն մարդը տարբերող հիմնական կէտերէն մէկն է՝ բանականութիւնը, որ զուգորդուած է մտքին հետ։ Մարդ էակը բանականութեան եւ մտքի շնորհիւ է, որ կը դատէ, կ՚որոշէ, իր կամքը կը դրսեւորէ եւ կեանքը կը տնօրինէ։ Սակայն բանականութեամբ օժտուած մարդը դժբախտաբար այսօր բանականութիւնը ըստ արժանւոյն չ՚օգտագործեր։ Երբ կը կարծես, որ աշխարհ եկած ես պարզապէս ապրելու համար, ապա չարաչար սխալած ես։ Երբ կը մտածես եւ որոշումներ կը կայացնես, սա բացայայտօրէն կ՚ապացուցէ, որ բանականութեամբ ստեղծուած ես եւ իւրաքանչիւր արարքիդ պատասխանատուն ես։ Պատասխանատուութիւնը գիտակցութիւն կը պահանջէ, գիտակցութիւնը՝ միտք, իսկ միտքը՝ բանականութիւն։  

Բանականութեամբ օժտուած մարդը իր մտքով ո՛չ միայն բարին չի խորհիր, առաքինի մտածումներ չի դրսեւորեր եւ շինիչ գաղափարներ չ՚արտաբերեր, այլ կը փորձէ իր միտքը «խոպանացնել» եւ ծուլութեան վարժեցնել։ Ահա այս «ժանգոտած» մտքով կ՚անիրաւէ, կը խարդախէ, ուրիշը թակարդի մէջ կը ձգէ, անարդարութեան ճամբաներէ կ՚ընթանայ եւ ինքզինք ցեխաթաթաւ արարքներու մէջ կը խրէ։ Երբ միտքդ չես օգտագործեր, ինքնաբերարար դուն քեզ տգիտութեան եւ ծուլութեան առաջնորդած կ՚ըլլաս։ Պալզաք կ՚ըսէ. «Տգիտութիւնը բոլոր յանցագործութիւններու մայրն է, յանցագործութիւնը նախեւառաջ անմտութիւն է»։ Երբ միտքդ խաւար է, ինքնաբերաբար հոգիդ ալ խաւարապատ է։ Հոգիդ «սնունդ»ի կարիք ունի։ Ինչ սնունդով ալ միտքդ մատակարարես, այդ սնունդով հոգիդ պիտի սնանի։ Չարութի՞ւն կը խորհիս, ուրեմն չարութեան կողմնակիցը պիտի դառնաս։ Խարդախութեան ճանապարհնե՞ր կ՚որոնես, ապա հոգիդ խաւարի մէջ խաւար կը դարձնես։ Հանգստանալու եւ կամ շունչ առնելու անուան տակ կ՚ուզես ո՞չ մէկ գործ կատարել եւ ծուլանա՞լ, ապա պայքարելու հոգիդ կը սկսի խամրիլ։

Միտքը ճիշդ սնունդով մատակարարելու գլխաւորագոյն «դպրոց»ը ընտանիքն է։ Մանկապատանեկան հարցերով զբաղող ուսումնասէր մանկավարժներ միշտ իրենց ուշքը կեդրոնացուցած են երեխայի մտային աճման եղանակին վրայ եւ ցայսօր կը փորձեն միշտ առաջքը առնել այն մտային հիւանդութեանց, որոնց ոեւէ երեխայ կրնայ հանդիպիլ։ Երեխային միտքը «դատարկ» սկաւառակի նման ժամանակի ընթացքին կ՚ընկալէ ու կ՚արձանագրէ լաւ եւ վատ կէտեր, սովորութիւններ ու տեսակէտներ, որոնք ապագային կը կազմեն իր նկարագրային վարքագիծերը։ Զաւակը կը նմանի ձեռագործի, որուն ամէն մէկ մասնիկը պէտք է մանրակրկիտ ուսումնասիրել եւ գործել, անոր հետ նստիլ, ժամանակ անցընել, ճիշդն ու սխալը, լաւն ու վատը ցոյց տալ, երեխային վրայ չպոռալ, այլ սխալը տարբեր ձեւերով շարունակ բացատրել…։ Ահա նմանատիպ մօտեցումներն են, որոնք երեխային ճիշդ մտածել կը սորվեցնեն։ Պահ մը երեխայիդ աչքերուն նայէ, զգա թէ ինչպիսի՛ հայեացքով քեզի կը նայի, մտապաստառը դատարկ է եւ կը սպասէ, որ դուն քու հոգեիմացական արժէքներդ այնտեղ զետեղես։ Այդ սկաւառակի տէրը անմեղ է եւ պատրաստ է իւրաքանչիւր խօսքդ արձանագրելու եւ ապագային մեծ հաւանականութեամբ կեանքի կոչելու։ Երեխայիդ խորհիլ սորվեցուր, որովհետեւ իր մտքի կարկինի ուղեցոյցը քու ձեռքերուդ մէջն է։ Ո՛ր կողմը որ թեքես, այդ կողմը կը բռնէ եւ այդպէս ալ հասակ կ՚առնէ։

Հոգեբաններ դիտել տուած են, որ մտածողութիւնը այն իմացական գործընթացն է. որուն օգնութեամբ մարդը կը կարողանայ դուրս գալ անմիջական զգայական արտացոլման միջոցով ստացուած տուեալներու սահմաններէն, բացայայտել երեւոյթներու ներքին, էական, օրինաչափ կապերն ու յատկանիշները: Ըստ հոգեբաններու, մարդիկ կը տարբերին իրենց մտածողութեան անհատական առանձնայատկութիւններով։ Այսպէս, մտածողութեան ինքնուրոյնութիւնը կը բնութագրուի անով, որ մարդ ունակ է առաջադրելու նոր խնդիրներ եւ գտնելու այդ խնդիրներու լուծման ուղիները՝ իր փորձառութիւնը կիրառելով։

Օքսֆորտ համալսարանի կարգ մը հոգեբաններու տեսութեամբ, միտքը ունի լայնութիւն, խորութիւն, ճկունութիւն եւ արագութիւն։ Մտքի լայնութեամբ մարդ կրնայ գիտելիքներու եւ երեւոյթներու միջեւ տարբերութիւններ գտնել։ Մտքի խորութեամբ բարդ հարցերու մէջ կը խորանայ՝ բուն հիմնախնդիրը գտնելու համար։ Մտքի ճկունութեամբ հաշուի կ՚առնէ իրադրութիւններու կապը եւ կը փոխէ գործողութիւններու սկզբնական ծրագիրը։ Իսկ մտքի արագութեան յատկութեան շնորհիւ կը կարողանայ արագ կողմնորոշուիլ, լաւ մտածել եւ ճիշդ որոշում կայացնել։

Միտքդ ո՛րքան ալ աշխոյժ եւ արթուն գործէ, հոգիդ ու զգացումներդ անքակտելիօրէն անոր հետ կապուած կ՚ըլլան։ Եթէ հոգիդ խռով է, ինքնաբերաբար միտքդ ալ ի վիճակի չ՚ըլլար դրական մտածումներ արտաբերելու եւ ճիշդ լուծումներ գտնելու։ Բացառութիւնները յարգելի են։ Երբ ներքնապէս խաղաղ ես, այդ ժամանակ միտքդ ալ դրական մտածումներ կը դրսեւորէ։ Միշտ պէտք է դրական մտահայեացքով նայիլ կեանքի ամէն մէկ երեւոյթին։ Այո՛, շատ յաճախ կեանքիդ մէջ ետեւ-ետեւի դժբախտութիւններ կը պատահին, որոնց իբրեւ հետեւանք յուահատութեան կը մատնուիս։ Բայց միշտ մտաբերէ՛, որ յոյսը քու ներսիդիդ բնատուր դրուած քանքար մըն է, իսկ միւս կողմէ Աստուած քեզի միտք տուած է, որպէսզի կարողանաս քու դէմդ ծառացած խնդիրները համակողմանի լուծել եւ յաղթական դուրս գալ։ Երբ խնդրի մը կամ ձախորդութեան մատնուիս, մի՛ յուսալքուիր, այլ փորձէ այդ ձախողութեան տուն տուող պատճառները գտնել։ Դարձեալ սկիզբէն ծրագիր գծէ, բայց այս անգամ տարբեր մօտեցումով եւ նոր գաղափարներով։ Փորձէ բոլոր երեւոյթներն ու վտանգները լաւ ուսումնասիրել, որոնք պատճառ հանդիսացած էին ձախողութեանդ կամ դժբախտութեանդ եւ ապա քայլ առ։ Յուսա՛, համակողմանի մտածել սորվէ եւ մշտապէս միտքդ զգօն պահէ։

Եպիկուր իմաստասէրը ամէն ինչ տեսնել կ՚ուզէր հաճոյքի մէջ։ Ան կ՚ըսէր. «Գոհացի՛ր, ցանկութիւններդ յագեցո՛ւր եւ ուրախացի՛ր»։ Եպիկուր կեանքը կ՚առընչէր հաճոյքի հետ։ Մարդ «անյագ» բանաւոր մը ըլլալով՝ միշտ անօթի է եւ կ՚ուզէ յագեցնել իր ցանկութիւնները, հաճոյքները, կիրքը եւ անսանձ զգացումները։ Քանի որ մարդու կեանքը ժամանակաւոր է, հետեւաբար, ան պէտք է կեանքը վայելէ եւ քաղէ իւրաքանչիւր բոյսի ծաղիկը՝ թօշնելէ առաջ։ Եպիկուր բացայայտօրէն կ՚անտեսէ միտքը, մտածողութիւնը եւ բանականութեան գոյութիւնը։ Մարդ միայն մարմնեղէն գոյակ մը չէ, սիրելի՛ երիտասարդ, այլ նաեւ՝ հոգեղէն էակ մը. ունի մարմին, հոգի եւ միտք, որոնք «եռամիասնութիւն» մը կազմելով՝ պէտք է ներդաշնակ գործեն։ Շատեր այսօր իրենց մտքերը քարացուցած, մրոտած են եւ հաճոյապաշտ դարձած են, կ՚ուզեն իրենց խելքը առանց դոյզն անգամ աշխատցնելու դրամ դիզել, հանգստաւէտ կեանք մը ապրիլ եւ կեանքի վայելքները ճաշակել։ Խղճալի՜ արարածներ…։ Միտքը լո՛յս է, որ մթութեան եւ անել վիճակիդ մէջ կրնայ քեզ լուսաւորել եւ կեանքիդ ճանապարհը ամբողջապէս փոխել։ Մի՛ անտեսեր զայն, այլ գործածէ եւ պիտի տեսնես, որ շուտով անոր պտուղը պիտի քաղես։

Աւետարանական ճշմարտութեան վրայ հիմնուելով, մարմինը աւելի կարեւոր է, քան՝ հագուստը (Հմմտ. Մտ 6.25): Մարմնին ամենէն կարեւոր մասը դէմքն է, որուն վրայ գտնուող աչքերով կը տեսնենք, ականջներով կը լսենք, քիթով կը շնչենք, բերնով կը խօսինք…: Սակայն կայ ասկէ աւելի էականը. մի՛տքը: Պահ մը դուն քեզի հարց տուր. մի՞տքն է կարեւորը կամ միտք գործածելը: Միտք գործածե՞լը կարեւոր է կամ միտք գործածողը: Միտք գործածո՞ղը կարեւոր է կամ միտքը ճի՛շդ ձեւով ու բարի՛ նպատակի համար գործածողը…: Հարցադրումներու շարանը շա՜տ երկար է: Ամենէն կարեւորագոյնները՝ մտքի պայծառութիւնն ու ողջախոհութիւնը, հոգիի բիւրեղութիւնն ու անբծութիւնն են, որոնցմէ կախեալ են ամէն գործընթաց ու արարք: Կրնաս մարդկային չափանիշներով եւ մտքովդ մեծագոյն յաջողութիւններ ձեռք ձգել, բայց եւ այնպէս տակաւին չհասկնալ կեանքիդ իմաստը եւ չիրականացնել այն նպատակը, որուն համար Աստուած ստեղծած է քեզ: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, մինչ սէրը հաւատքը կ՚ամրապնդէ։ Ով որ կը խորհի թէ բան մը գիտէ, յստակ է որ տակաւին չի գիտեր այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է գիտնայ» (Ա.Կր 8.1-2)։

Մարդու միտքը դժբախտաբար այս օրերուն շրջապատուած է միայն չարադաւան մտածումներով եւ խորհուրդներով։ Ան ո՛չ միայն իր միտքը մրոտած է բղջախոհութեամբ, այլեւ իր մտասեւեռակէտը դարձուցած է խաւարակուռ մտածումներու բնօրրան։ Պօղոս առաքեալ այս կապակցութեամբ կ՚ըսէ. «Քանի որ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, այսուհետեւ ձեր ուշադրութիւնը երկինք դարձուցէք, որովհետեւ հո՛ն է Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ կողմը նստած։ Երկնաւոր բաներու մասին խորհեցէք եւ ո՛չ թէ երկրաւոր բաներու» (Կղ 3.1-2)։ Երկնային լոյսով լուսաւորուած մարդու մը միտքը չի՛ կրնար շարունակել երկրի խաւարին մէջ խարխափել։ Աստուած քեզի միտք տուած է՝ նախ Իր փառքին համար գործածելու եւ ապա քու կեանքդ տնօրինելու։ Իրաւունք չունիս Աստուծոյ պատկանող միտքդ, հոգիդ եւ մարմինդ չարին բագինը դարձնել։ Երբ միտքդ չար խորհուրդներով շրջապատուած է, ինքնաբերաբար հոգիդ Սատանային մեհեան կը դառնայ։ Մտքի նորոգութիւն չապրող մարդը չի՛ կրնար զԱստուած սիրել իր ամբողջ մտքով։ Ահա թէ առաքեալը ի՛նչ կ՚ըսէ. «Վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ եւ սրբութեամբ» (Եփ 4.23-24)։

Սիրելի՛ ընթերցող, Տեքարթ կ՚ըսէ. «Չի՛ բաւեր միայն առողջ միտք ունենալ, կարեւորը անկէ պէտք է հմտօրէն օգտուիլ»։ Աստուած քեզի բանականութիւն եւ միտք տուած է եւ զատորոշած անբան անասունէն։ Սա յատուկ նպատակի համար ըրած է։ Միտքդ այն ղեկն է, որ քեզ մթութեան մէջ կը լուսաւորէ, ձախողութեան ելքեր կը փնտռէ, յաջողութեան վերելքներ արձանագրել կու տայ եւ քեզ ազնուախոհ ու ողջախոհ կը դարձնէ։ Աստուած վերոթուարկեալ յատկութիւններուն համար քեզի միտք ու բանականութիւն պարգեւած է, բայց երբեմն անհիմն մտածումներովդ եւ արարքներովդ այդ նոյն միտքը կը ժանգոտես, կը մրոտես եւ կը մթագնես, իսկ կեանքդ գեհենի կը վերածես։ Սթափուէ՛, թանձրամտութիւնդ մէկդի՛ դիր, ծոյլ միտքդ ամբողջապէս եղափոխէ՛, երազանքներդ ու նպատակներդ մտքո՛վդ իրագործէ եւ պիտի տեսնես որ կեանքդ ինչպիսի՛ հունի մէջ մտած է։

Սակայն Աստուած այդ միտքը քեզի չէ տուած, որ միայն եսասիրաբար դուն քեզի համար օգտագործես, այլ միաժամանակ Իր փառքին եւ նմանակիցներդ բարի խորհուրդներովդ լուսաւորելու համար։ Միշտ յիշէ՛, որ

 Աստուծոյ մէջ է, որ կը գտնես քու ինքնութիւնդ ու նպատակդ, կեանքիդ իմաստը եւ վախճանդ: Անդադար աղօթէ եւ Աստուծմէ խնդրէ, որ Իր կամքին կատարեալ գիտութիւնը տայ քեզի, որպէսզի ամբողջական իմաստութեամբ եւ հոգեւոր իմացականութեամբ լեցուիս եւ ոչ թէ ծուլութեան ու մեղքի ճահիճին մէջ թաւալելով՝ միտքդ կեղտոտես եւ կեանքդ աննպատակ դարձնես։ Զգօ՛ն եղիր եւ մի՛տքդ գործածէ…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018