ԽՕՍԻԼ ԱՇԽԱՐՀԻՆ…

Հայոց օրացոյցի Հոկտեմբեր ամսուան ամենայիշատակելի տօնը Թարգմանչացն է:

Այս տարի այս սիրելի տօնը զուգադիպեցաւ Հայոց նորօրեայ գոյամարտի համար մղուող մեծ ու արիւնալի պատերազմին: Տօնը չնշուեցաւ, բայց իւրովի արժեւորուեցաւ, քանի որ այսօր, ճիշդ այսօր է, որ պէտք է բոլոր լեզուներով խօսիլ աշխարհին, թարգմանել մեր միտքերու եւ սրտերու խօսքերը, մեր պատմութեան էջերն ու հասցընել աշխարհին: Ճիշդ այսօր է, որ կրկին պիտի բարձրացնենք մեր կեանքի եւ իրականութեան ճակատագրական էջերը եւ տարածենք բոլոր լեզուներով, եւ վերջապէս ճիշդ այսօր է, որ անարդարութեան մասին պիտի խօսինք ամբողջ աշխարհին:

Հայութիւնը այսօր անարդար վիճակի մէջ կը զգայ ինքզինք: Պապանձելու չափ անարդար է մեր երկրին ու մեր ժողովուրդին հետ կատարուածը: Բա՛ւ է լսել զոհուած զինուորներու եւ ազատամարտիկներու մասին, բա՛ւ է տեսնել փլած տուներ, քանդուած փողոցներ եւ ապաստարաններու մէջ կուչ եկած մանուկներ, ծերեր… Բա՛ւ է նայիլ պանդխտութեան ճամբան բռնած, տունէ, գործէ ելած մարդոց աչքերուն… Համազգային աղէտի առջեւ ենք, կարծես դժոխքն է, որ իրական գոյներով այցելած է մեզի…

Եւ աղէտալի այս օրերուն, երբ հայ զինուորն ու սպան սահմանին է, հայ դիւանագէտը կը փութայ աննախադէպ հանդիպումներու, հայ թարգմանիչներն ալ գործի դրին իրենց հմտացած բոլոր լեզուները: Հայուն նորօրեայ դատը այսօր հնչեց բոլոր լեզուներով… Հայ զինուորի սխրանքին մասին գիտցաւ ողջ աշխարհը եւ խաղաղասէր հայ ժողովուրդի ապրելու եւ պայքարելու կամքին մասին գրուեցան բազում խօսքեր ու տարածուեցան բոլոր երկիրներու մէջ: Նոյնիսկ այս օրերուն հայ եկեղեցիներուն մէջ հնչող խաղաղութեան աղօթքները կը թարգմանուին եւ կը թեւածեն… Եւ ով որ աչք ունի, կը տեսնէ, ով ականջ ունի, կը լսէ այդ խօսքերը եւ ով սիրտ ունի, կը սրտապնդէ հայ մարդը, որ այսօր մահուան եւ կեանքի անհաշտ կռուի մէջ քարացած է…

Մենք կը տենչանք, որ աշխարհը լսէ իրեն հասկնալի լեզուներուվ գրուած մեր խօսքերը, մենք կ՚աղօթենք, որ այդ խօսքերը երբեք չկորսնցնեն իրենց ուժը: Խօսքին ուժը զօրաւոր է, միայն թէ բաց ըլլայ աշխարհին ականջը…

Առաջին անգամ չէ, որ հայերն ու Հայաստանը կեցած են կենաց մահու կռուին առջեւ: Միշտ ալ փրկութեան ճանապարհը, բացի զէնքէն, նաեւ հաւատքը, միտքը եւ խօսքը եղած են: Այսօր նոյնպէս առանց թարգմանելու, առանց աշխարհին հետ խօսելու կարելի չէ անցնիլ արդարութիւն տանող ճանապարհով: Քաղաքակրթութեան ճամբան կազմուած է աշխարհի բոլոր լեզուներէն, որ հայ թարգմանիչները որդեգրած են եւ կը կրեն մայրենի լեզուին հաւասար: Այդ ալ իրենց զէնքն է… Զէնքերը բազում են այս օրերուն: Նոյնիսկ թոթովախօս արցախցի մանուկը զէնք մը ունի: Եթէ անոր անմեղ ժպիտը կը շարժէ աշխարհի կարգը որոշողներէն գոնէ մէկուն գութն ու սէրը, ապա զէնքը գործի դրուած է: 

Մեր պատմութեան ընթացքին Թարգմանչաց տօնը կը նշուէր իբրեւ գեղարուեստական գրականութեան թարգմաններու տօն, մանաւանդ հոգեւոր գիրքերն ու Աստուածաշունչերը հայերէնի վերածողներն էին, որ դարձան Թարգմանչաց շարժումի հիմնադիրները. անոնք սրբանալով, տօնն ալ սրբացուցին:

Սրբոց Թարգմանչացը ուրիշ իմաստներ կը ստանայ պատերազմներու ժամանակ, երբ գեղարուեստական գրականութիւնը իր տեղը կը զիջի վաւերականութեան, պատերազմի դաշտին մէջ արտասանուած խօսքին եւ հայ քաղաքական միտքի հարթակէն հնչած ձայնին… Այսօր ճիշդ այդ օրերն են:

Յատկանշական իրողութիւն մըն ալ կայ. Թարգմանչաց տօնը հայոց մէջ կը նշուի երկու անգամ՝ յուլիսին եւ հոկտեմբերին: Պատահականութի՞ւն է, թէ նշաններ կան այս խորհուրդներուն մէջ, որ անցնող յուլիսին կրկին պատերազմ էր Հայոց սահմաններուն վրայ: Թշնամին այս անգամ թիրախի տակ առած էր Տաւուշ աշխարհը, կրկին զոհեր եւ վիրաւորներ կային, կրկին հայ զինուորն ու սպան հերոսացած էին այդ օրերուն: Այն ժամանակ նոյնպէս թարգմանիչները առաջին շարք եկան եւ սկսան աշխարհին ներկայացնել մեր երկրին մէջ կատարուող ամէն բան: 

Հոկտեմբերին նշուող Թարգմանչաց տօնը սովորաբար կը զուգադիպի դպրոցական վերամուտին՝ վերածուելով հայ գիրի, գրականութեան, պատմութեան, հայ դըպ-րոցի ու հայ ուսուցչաց ձօնուած գեղեցիկ տօնի: Այս տարի սակայն, վերամուտն ալ անսովոր պայմաններու մէջ դիմաւորեցին մեր դպրոցականներն ու ուսուցիչները… Յետաձգուած դասեր, լսարաններէն դուրս տրուած յանձնարարութիւններ, վարակէն զգուշացումներ եւ... պատերազմական իրավիճակ:

Յատկանշական դրուագ մը եւս: Սեպտեմբեր ամսուն կը նշուի նաեւ Սուրբ Գէորգը, որ ձեւով մը քաջամարտիկին տօնն է: Այս տարի Սուրբ Գէորգը զուգադիպեցաւ եւ նշուեցաւ պատերազմը սկսելէն մէկ օր առաջ: Սուրբ Գէորգին պատկերը բազմաթիւ նկարիչներ վրձնած եւ զայն որպէս վիշապասպան պատկերած են: Ըստ սրբազան աւանդութեան՝ Զօրավարը կը սպաննէ վիշապը եւ անոր ճիրաններէն կ՚ազատէ կոյս մը: Ան եղած է հեզ ու խոնարհ, բայց միաժամանակ քաջ զինուորական եւ գնահատուած իր շրջապատին կողմէ։ Իր քաջագործութիւններով արժանացած է զօրավարի աստիճանին Դիոկղետիանոս կայսրի բանակին մէջ։

Դիոկղետիանոս կայսրը այն ժամանակ յատուկ հրամանագրով հալածանքի կ՚ենթարկէ քրիստոնեաները։ Սուրբ Գէորգը միակ զինուորականն էր, որ կ՚անտեսէ կայսրին հրամանը եւ միաժամանակ կը կործանէ բոլոր մեհեաններն ու կուռքերը։ Արդարեւ, չարչարանքներու կ՚ենթարկուի, կը բանտարկուի եւ ապա կը գլխատուի ու կը նահատակուի 303 թուականին։

Հետեւաբար, Սուրբ Գէորգ զօրավար եղած է հաւատքի ախոյեան։ Ահա այս տօնին յաջորդ օրը մեր զինուորներն ու քաջամարտիկները մեկնեցան պատերազմի: Սուրբ Գէորգի բարեխօսութեան հետ, այսօր մենք կը խնդրենք Ս. Թարգմանիչ վարդապետներուն բարեխօսութիւնը՝ լիակատար յաղթանակի եւ մեր տղոց ողջ ու առողջ վերադարձին համար:

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐ ԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐ

Միջին հայուն համար թարգմանիչ հասկացութիւնը կ՚առընչուի Սահակ-Մեսրոպի ու ասոնց աշակերտներուն, որոնք առաջին անգամ թարգմանեցին Աստուածաշունչը եւ ուրիշ գիրքեր, այլեւ արտադրեցին ինքնագիր աշխատութիւններ, այսինքն՝ սկսած մօտաւորապէս Ե. դարու առաջին տարիներէն, ըսենք՝ 410-էն: Սակայն իրողութիւնը քիչ մը տարբեր է:

Արդարեւ, թարգմանիչ եզրը գոնէ 100 տարի աւելի հին է, քան Աստուածաշունչի հայացման թուականը. ան գոյութիւն ունեցած է 310 թուականէն սկսեալ, որ է քրիստոնէութեան՝ Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակման տարին: Ահա թէ ինչպէս: Նորահաստատ կրօնը տարածելու, հիմնաւորելու եւ հայուն առօրեայ կենցաղին մաս դարձնելու համար՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիմնեց անշուշտ նախ Էջմիածինը, սակայն նաեւ հարիւրաւոր ուրիշ եկեղեցիներ Պատմական Հայաստանի տարածքին, ապա Հայաստան հրաւիրեց յոյն եւ ասորի հոգեւորականներ, որպէսզի այդ եկեղեցիներուն մէջ պատարագեն ու կարդան իրենց լեզուով, քանի որ հայերէն գիր գոյութիւն չունէր, ուստի պատարագի ու Աստուածաշունչի հայերէն բնագրեր ալ գոյութիւն չունէին:

Ուրեմն պատկերացուցէ՛ք այն օրերու եկեղեցական արարողութիւնը՝ պատարագը, որ տեղի կ՚ունենար յունարէն կամ ասորերէն լեզուով, որոնցմէ հայ ռամիկը ոչինչ կը հասկնար: Այս անբնական կացութիւնը դարմանելու համար՝ մեր հոգեւոր հայրերը որոշեցին իւրաքանչիւր յոյն կամ ասորի պատարագիչի կողքին, խորանին վրայ, կանգնեցնել հայ մը, որ յունարէն կամ ասորերէն գիտէր եւ կրնար հայերէն թարգմանել արարողութեան զանազան խորհուրդները, մասնաւորաբար՝ աստուածաշնչական ընթերցումները: Այսպիսիները նաեւ մեկնող, այսինքն՝ բացատրող կը կոչուէին:

Եւ ահա ճիշդ այս վերջիններուն ալ առաջին անգամ տրուեցաւ թարգմանիչ կոչումը:

Ուրեմն մեր առաջին թարգմանիչները յառաջացած են ա՛յս ճամբով:

Այս՝ ըստ ինքեան անփառունակ, առնուազն՝ ոչ-նախանձելի կացութիւնը տեւեց ամբողջ դար մը, մինչեւ որ ունեցանք հայալեզու պատարագ, հայալեզու պատարագիչ ու հայալեզու պատարագամատոյց, նաեւ՝ Աստուածաշունչ եւ ամբողջ մատենագրութիւն մը, ըսինք արդէն՝ մօտաւորապէս 410-էն սկսեալ եւ շնորհիւ Մեսրոպին ու Սահակին, այլեւ ասոնց աշակերտներուն՝ թիւով մօտաւորապէս 100 նուիրեալներու, որոնք իրե՛նց կարգին եւ շատ արդարօրէն կոչուեցան «թարգմանիչներ»:

Թարգմանիչ եզրը, ուրեմն, կ՚ընդգրկէ գործիչներու այն երկու բաւական տարբեր խումբերը, որոնց ակնարկուեցաւ եւ որոնք իրենց թարգմանական գործունէութեամբ ու վաստակով լուսաւորեցին մեր անցեալը եւ մեզ դուրս բերելով կովկասեան ինչ-որ անանուն ցեղի կարգավիճակէն՝ քաղաքակրթութեան վկայական շնորհեցին յետնորդներուս:

Ծանօթ.- Բացառուած չէր, որ հայ հոգեւորականը ծանօթ ըլլար յունարէնին կամ ասորերէնին, հետեւաբար ինք ըլլար պատարագողն ու միաժամանակ թարգմանիչը, մեկնողը. այսպիսին էր, օրինակ, Մեսրոպ Մաշտոց, նախքան գիրերու գիւտը, ինչպէս յատուկ վկայած է Մովսէս Խորենացի. «Ինքն էր ընթերցող եւ թարգմանիչ յաղագս ոչ լինելոյ այլ թարգմանիչ»: Ան կրթութիւնը ստացած էր յունական թեքում ունեցող դպրոցէ մը՝ հայրեի Հացեաց գաւառին մէջ:

ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ

Իսկ ի՞նչ ըսել այն լեզուին մասին, որով տեղի ունեցան այդ թարգմանութիւնները:

Ե. դարը ուշագրաւ, չըսելու համար՝ առեղծուածային, դարձնող իրողութիւններէն մէկն ալ թարգմանիչներու կամ մատենագիրներու կիրարկած լեզուն է, այն որ կը կոչենք ոսկեղէնիկ, այլ բնորոշումով՝ դասական հայերէն, նաեւ՝ գրաբար:

Ի՜նչ ենթադրութիւններ ըսէք չեն վերագրուած այդ զարմանալի լեզուին, որ մարդկային մտքի գոհարներէն մէկն է:

Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ, որ գիր ու գրականութենէ զուրկ ժողովուրդ մը, հազիւ այբուբեն հնարած, ըսենք՝ 405-406 թուականին, մէկ օրէն միւսը այնքան շքեղ լեզուով մը թարգմանէր կոթողական գիրք մը, որ Աստուածաշունչն էր, այն աստիճան կատարեալ, որ օտար բանասէր մը «թագուհի թարգմանութեանց» կոչէր զայն, առաւել եւս թարգմանէր մինչ այդ քաղաքակրթութեան յառաջամարտիկները դասուած ժողովուրդներու՝ յոյներու, ասորիներու, լատիններու, հրեաներու մատենագրական այնքան բարդ երկերը՝ աւելցնելով այս բոլորին վրայ սեփական ինքնագիր երկեր, ինչպէս Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի»ն, Եզնիկի «Եղծ աղանդոց»ը, Փաւստոսի «Բուզանդարան»ը, Եղիշէի «Վարդանանք»ը եւ այլն:

Եւ առ այս եղած են զանազան ենթադրութիւններ:

Ըստ ոմանց՝ գրաբարը կեղծ ու արուեստական լեզու մըն էր, ինքնուրոյն esperanto մը, որ յատուկ էր ու մնաց աննշան փոքրամասնութեան մը սեփականութիւնը, ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ անով կը խօսէին միայն խումբ մը հոգեւորականներ, ազնուական խաւը կամ «ազատանի»ն,- ինչպէս կը կոչուէին անոնք,- եւ այլ բարձրաստիճան զօրականներ ու պաշտօնեաներ, այլ խօսքով՝ մենաշնորհեալ հայեր, եւ վերջապէս կան ըսողներ, թէ ան համահայկական լեզու մըն էր՝ բոլորէն իմանալի ու բոլորին մատչելի:

Նախ գրաբարը գիրերու գիւտով չէ որ ստացաւ իր փառքն ու շքեղութիւնը, այլ ան ամբողջ դար մը, ինչպէս տեսանք, ծառայեց բերանացի թարգմանութեան, եւ այդ ընթացքին ալ կոփուեցաւ, յղկուեցաւ ու վայելչացաւ, այլ հարց թէ Սահակն ու Մեսրոպը եւ իրենց աշակերտները նոր փայլ մըն ալ աւելցուցին անոր վրայ: Չհաշուած տակաւին այլ նպաստաւոր ու բարեբաստիկ հանգամանքներ, որոնց կ՚անդրադառնամ ստորեւ:

Գրաբարը իր ժամանակի հայկական բարբառներէն մէկն էր, որ յատուկ էր Արարատեան նահանգին. սա Պատմակաան Հայաստանի 15 նահանգներէն մեծագոյնն էր: Ան սեփականութիւնն էր Արշակունիներուն, այսինքն՝ արքայական տոհմին: Ան արքայանիստ էր, կեդրոն ունենալով Վաղարշապատ մայրաքաղաքը, բայց նաեւ կաթողիկոսանիստ էր, կեդրոն ունենալով Էջմիածինը: Այստեղ հաստատուած էր կայազօրը, այսինքն՝ այն մնայուն բանակը, որ երբեք չէր ցրուեր, այլ միշտ զէնքի տակ կը մնար: Եւ վերջապէս այստեղ հաստատուած էին այն այլազան վարչական գրասենեակները, որոնցմով կը կառավարուէր այն օրերու Մեծն Հայքը (Armenia Magna): Այս բոլորը բնականօրէն կը նախասահմանէին գրաբարը՝ դառնալու Հայաստանի ամենատարածուն ու մենաշնորհեալ բարբառը, եւ այս պատճառով ալ Հայ եկեղեցին եւ յատկապէս Սահակ ու Մեսրոպ ոչ իսկ պահ մը տատամսեցան գրաբարը ընտրելու իբրեւ աստուածաշնչական լեզու, այսինքն՝ այն գիրքին, որով պիտի կրթուէր ամբողջ հայութիւնը:

(Յապաւումներով)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020