ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ

Դարաշրջանը որ կ՚ապրինք, կարելի է կոչել անտարբերութեան եւ ամբարտաւանութեան դարաշրջան, հակառակ այն բոլոր ձեռքբերումներուն, ինչ որ մարդ այսօր կ՚ունենայ իր առօրեային մէջ, հակառակ այն բոլոր յաջողութիւններուն եւ նուաճումներուն, որոնց մարդ հասած է։

Անտարբերութիւն ըսինք, որովհետեւ մարդ իր ունեցած յաջողութիւններուն եւ նուաճումներուն հաշիւով գինովցած, սկսած է մոռնալ իր հոգիին մասին, սկսած է անտարբեր գտնուիլ իր հոգիին նկատմամբ, մի միայն մտածելով այսօրուան մասին, մի միայն մտածելով իր մարմինին մասին, աշխարհին մասին, այսպիսով անգիտանալով կամ մոռացութեան տալով իր հոգիի անմահութեան հանգամանքը. վերաբերմունք մը, որ հակառակ մարդուն ունեցած բոլոր երկրային ձեռքբերումներուն, վերջ ի վերջոյ զինք պիտի տանին դէպի յաւիտենական կործանում, յաւիտենական տանջանք, մանաւանդ եթէ ինչ որ պահի չգիտակցի, չարթննայ եւ իր ընթացքը չուղղէ, որով իր ցարդ ունեցած ձեռքբերումները ա՛լ աւելիով պիտի ծաղկին ու ծաղկեցնեն, պիտի արդիւնաբերեն ու օգուտ տան իրեն եւ ամբողջ մարդկութեան։

Ամբարտաւանութիւն ըսինք, որովհետեւ այսօրուան մարդը աւելի քան երբեք մոռցած է իր Արարիչը, անտեսած է իրեն իմաստութիւն շնորհող կատարեալ Իմաստութիւնը, ոտնահարած է յաւիտենականութեան առաջնորդող Մարդասէրին բոլոր պատուիրանները եւ, ամենէն սարսափելին՝ Արուսեակին նման քիթը վեր ցցած՝ յոխորտանքով կ՚անցընէ իր կեանքը։

Այսօրուան մարդը, զԱստուած սկսած է յիշել միայն իր նեղութիւններուն, դժբախտութիւններուն եւ ձախորդութիւններուն ժամանակ, այսինքն՝ երբ նեղութեան մատնուի՝ կը յիշէ, որ աստուած մը կայ… Փոքրատառով կը գրեմ, որովհետեւ այսօրուան մարդուն աստուածը կամ աստուածները բազմաթիւ են, սակայն Ճշմարիտ Աստուծոյ հետ ո՛չ մէկ առընչութիւն ունին։

Կը յիշէ, երբ դժբախտութեան մը հանդիպի, կը սկսի արցունքախառն աչքերով աստուծոյ անունը տալ եւ մխիթարութիւն փնտռել…, սակայն մի քանի ժամ ետք՝ արդէն իր բնականոն կեանքին վերադարձած կ՚ըլլայ։

Կը յիշէ, երբ ձախորդութիւնը իր դուռը ծեծէ, եւ իրար անցած չի՛ գիտնար, թէ ինչպէս վարուի, որով լեղապատառ կը վազէ դէպի եկեղեցի, բուռ մը մոմ կը վերցնէ, կը սկսի վառել ու «աղօթել», վառել ու «աղօթել»…, եւ յանկարծ գրպանին մէջ թրթռացում մը կը զգայ, այդ սրտաճմլիկ վիճակին մէջ, ձեռքը կը տանի գրպանին, կը հանէ թրթռացող գոհարը, եւ…, մնացած մոմերը անվառ ձգելով կը հեռանայ եկեղեցիէն՝ փրկութեան «աւետիս» մը ստացածի տպաւորութիւնը ձգելով…

Մարդ արարածը այսօր իր յարաբերութեան մէջ Ճշմարիտ Աստուծոյ հետ ոլոր-մոլոր ճանապարհներու վրայ է, որովհետեւ ինքն իրեն համար այնքա՜ն աստուածներ յառաջացուցած է, որ արդէն իսկ իրեն համար սկսած է դժուար ըլլալ զանազանել Ճշմարիտը կեղծէն։ Ճիշդ է, որ Աստուծոյ անունը կու տայ, բայց իրականին մէջ իր մտածումներուն մէջի աստուածը՝ որուն կը դիմէ, տարբեր է Ճշմարիտ Աստուածէն։ Տակաւին, ճիշդ է, որ երբեմն-երբեմն ներքին մղումով, սովորութեան ոյժով կը շտապէ Ճշմարիտ Աստուծոյ երկրային Տունը՝ Եկեղեցին, բայց շատ յաճախ իմք եւս չի՛ գիտեր ինչու համար այնտեղ յայտնուած է, եւ կամ թեւթեւակի թրթռացում մը զինք այնտեղէն կը թռցնէ…

Պահ մը եթէ փորձենք այսօրուան մարդուն նմանատիպ վերաբերմունքին եւ պահուծաքին պատճառը, շատեր թերեւս ունենան կամ գտնեն նոյն պատասխանը՝ ամբարտաւանութիւն, հպարտութիւն։ Այսօրուան մարդը այնքան հպարտացած ու ամբարտաւանցած է, որ ինքզինք շատ յաճախ աստուծոյ տեղ դրած՝ ինքզինք այս տիեզերքին տէրն ու տիրականը կը կարծէ։

Անդին, ուրիշներ, այնքան յոխորտացած են, որ իրենք իրենց յայտնութիւններու կատարելու իրաւունքը տուած, գուշակութիւններ կը կատարեն ապագային մասին, թէ ինչ պիտի ըլլայ, ինչպէս պիտի ըլլայ, իսկ մարդիկ առանց մտածելու կամ առանց ուշադրութիւն դարձնելու տուեալ անձին կամ անձերուն պատկանելիութեան, ինչութեան, համոզումներուն, կուրօրէն կը վստահին, կը հաւատան այդ մարդոց, մոռնալով Ճշմարիտ Աստուծոյ տուած խոստումները, յայտնութիւնները, որոնք բոլորն ալ առընչուած են իր հոգիին փրկութեան համար, այլ խօսքով, Աստուծոյ տուած յայտնութիւններն ու խոստումները ի տարբերութիւն այդ մարդոց տուած յայտնութիւններուն ու խոստումներուն ճշմարիտ են, երկնային ու յաւիտենական բաներուն կը վերաբերին, եւ ո՛չ թէ աշխարհիկ բնոյթի յայտնութիւններ են՝ ինչպէս այդ մարդոցը։

Պահ մը կարդանք, թէ Սողոմոն Իմաստունը ի՛նչ կը գրէ իր Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքին մէջ. «Ո՞ր մարդը կրնայ Աստուծոյ խորհուրդները իմանալ, եւ կամ ո՞վ կրնայ խելամուտ ըլլալ, թէ Տէրը ինչ կը կամենայ. որովհետեւ մահկանացուներուն մտածումները անստոյգ են, իսկ մեր գիտելիքները՝ անհաստատ: Եղծանելի մարմինը կը ծանրացնէ հոգին, եւ հողեղէն այս յարկը միտքը բազմահոգ կը դարձնէ: Ուստի մենք երկրային բաները հազիւ կը նկատենք եւ չարչարանքով կը գտնենք այն, ինչ որ մեր ոտքերուն մօտ ինկած է: Իսկ այն, ինչ որ երկինքին մէջ կը գտնուի, ո՞վ կրնայ քննել, եւ ո՞վ կրնայ գիտնալ խորհուրդներդ, եթէ Դուն իմաստութիւն չտաս եւ Սուրբ Հոգիդ չառաքես բարձունքներէդ: Այսպէս է, որ երկրայինները իրենց շաւիղները ուղղեցին, սորվեցան այն, ինչ որ հաճելի է Քեզի, Իմաստութեամբդ փրկուեցան» (Իմստ 9.13-18):

«Ո՞ր մարդը կրնայ Աստուծոյ խորհուրդները իմանալ եւ կամ ո՞վ կրնայ խելամուտ ըլլալ, թէ Տէրը ինչ կը կամենայ»…

իսկ մենք՝ ամբարտաւանացած մարդիկս, ականջ կու տանք գուշակներու, կը հաւատանք անոնց ըսածներուն.

սրտատրոփ վիճակով կը սպասենք օրուան աստղերուն՝ որպէսզի իմանանք, թէ այսօր ինչպիսի օր պիտի ունենաք, ի՜նչ բաներ պիտի պատահին մեզի հետ։

սուրճը կը խմենք, գաւաթը կը դարձնենք, յետոյ կու տանք մեր կողքինին, որպէսզի յայտնէ մեզի, թէ ի՜նչ բաներ կը սպասեն մեզի.

Այս բոլորը գիտէ՞ք ինչու համար, որովհետեւ մենք մեր նմաններուն հանդէպ երբեմն այնպիսի մեծ կարծիքներ կը կազմենք, անգիտանալով որ անոնք եւս մեր նման մահկանացուներ են եւ դատապարտուած՝ հող դառնալու։ Միւս կողմէ, կը մոռնանք, որ անոնք եւս մեր նման մարդիկ են, եւ ինչպէս մենք՝ անոնք եւս չե՛ն կրնար Աստուծոյ խորհուրդները իմանալ կամ գիտնալ թէ Տիրոջ կամքը ի՞նչ է, եթէ Տէրը Ի՛նք չկամենայ յայտնել մարդուն։

«Եղծանելի մարմինը կը ծանրացնէ հոգին, եւ հողեղէն այս յարկը միտքը բազմահոգ կը դարձնէ: Ուստի մենք երկրային բաները հազիւ կը նկատենք եւ չարչարանքով կը գտնենք այն, ինչ որ մեր ոտքերուն մօտ ինկած է»։

Մարդ ինչքան ալ հպարտանայ ու ամբարտաւանայ, պէտք չէ մոռնայ երբեք, որ եղծանելի մարմինը՝ որուն մէջ կը բնակինք, եթէ անոր գերին դառնանք ու ապրինք անոր թելադրութիւններով, ապա մեր հոգին անպայմանօրէն պիտի ծանրանայ, իսկ ծանրանալով պիտի մոլորի ճշմարտութեան ճանապարհէն, որովհետեւ բազմահոգ միտքը չի՛ կրնար ճիշդ որոշումներ կայացնել եւ ուղիղ ճանապարհով ընթանալ։ Իսկ երբ մեր հոգին կը ծանրանայ ու միտքը բազմահոգ կը դառնայ, բնականաբար այն բոլոր բաները՝ որոնք Ամենաբարին Աստուած մեր տրամադրութեան տակ դրած է, այդ բաներն իսկ չենք կրնար նկատել։

«Իսկ այն, ինչ որ երկինքին մէջ կը գտնուի, ո՞վ կրնայ քննել, եւ ո՞վ կրնայ գիտնալ խորհուրդներդ, եթէ Դուն իմաստութիւն չտաս եւ Սուրբ Հոգիդ չառաքես բարձունքներէդ»։

Ինչ կը վերաբերի երկինքի մէջ գտնուող բաներուն, ապա Իմաստունին խօսքերը պարզ եւ յստակ են, մարդ միայն այն պարագային կրնայ վերահասու ըլլալ այդ ճշմարտութիւններուն, երբ Աստուած Ի՛նք իմաստութիւն կու տայ մարդուն, Սուրբ Հոգին կ՚ուղարկէ մարդուն, որով մարդը Սուրբ Հոգիով լուսաւորուած եւ իմաստնացած կրնայ զանազանել ճշմարտութիւնը կեղծիքէն, ճիշդը սխալէն։ Իսկ Ս. Հոգին կը հանգչի խոնարհ մարդուն վրայ, իսկ ամբարտաւաններէն ու հպարտներէն հեռու կը մնայ, եւ Աստուծոյ կամքը նոյնպէս խոնարհներուն մէջ կը կատարուի, որովհետեւ՝ «Աստուծոյ կամքը կը կատարուի ժուժկալ մարդոց մօտ, ապա՝ անժուժկալ մարդիկ կը դառնան ժուժկալ. եթէ այդ կատարուի անարդարներուն մօտ՝ ինչպէս արդարներուն, ապա անարդարները կը դառնան արդար։ Հետեւաբար, եթէ Անոր կամքը երկրի վրայ կը կատարուի, ինչպէս կատարուած է երկինքի մէջ, ապա մենք բոլորս երկինք կ՚ըլլանք։ Մարմինը, որ ոչ մէկ բանի կը ծառայէ, եւ արիւնը, որ ատոր ազգակից է, չե՛ն կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը ժառանգել։ Սակայն, անոնք այն պարագային կը ժառանգեն, եթէ երկրէն, փոշիէն եւ արիւնէն կերպարանափոխուին երկնային գոյացութեան»։

Կ՚ուզե՞նք, որ Սուրբ Հոգին հանգչի մեր վրայ, ապա պէտք է խոնարհեցնենք մենք մեզ, հեզ ըլլանք, հանդարտաբարոյ ըլլանք, որպէսզի Սուրբ Հոգին իրենց հաճելի բնակավայր ունենայ մեզ։

Կ՚ուզե՞նք, որ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնները դրական ըլլան եւ Աստուած Իր օրհնութիւնն ու իմաստութիւնը մեր վրայ պահէ միշտ, ապա հեռո՛ւ պէտք է վանենք մեզմէ հպարտութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը, հնազանդինք Աստուծոյ պատուիրաններուն, միշտ խնդրենք, որպէսզի Իր Սուրբ Կամքը կատարուի, որով մեր կեանքը կը դառնայ հեզասահ եւ հակառակ մեր առօրեայի ընթացքին ունեցած դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն, զանոնք քաղցրութեամբ եւ համբերութեամբ կը տանինք։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

8 նոյեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021