ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՌԸ. ՈՒՂԵՂԻ ՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ներկայիս բազում ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին է «ուղեղի փտածութիւն» հասկացութիւնը, որ Օքսֆորտի համալսարանի կողմէ ընտրուած է որպէս տարուայ բառը։

Ի՞նչ է ուղեղի փտածութիւնը:

Ուղեղի փտածութիւնը կը սահմանուի որպէս մարդու մտաւոր կամ հոգեկան առողջութեան ենթադրեալ վատթարացում մը։ Կարգ մը փորձագէտներ նկատեցին, որ ուղեղի փտածութիւնը նոր շեշտ մը ստացած է այս տարի, որ կ՚օգտագործուի անորակ առցանց բովանդակութեան՝ յատկապէս ընկերային ցանցերու չափազանց սպառման ազդեցութեան մասին մտահոգութիւնները արտայայտելու համար:

Ուղեղի փտածութիւն, որ նաեւ կը նշանակէ տեղեկատուութեան գերբեռնուածութիւն, երբեմն կրնայ օգտագործուիլ համացանցի կախուածութեան, ընկերային ցանցերու կամ թուային բովանդակութեան չափէն աւելի սպառման պատճառով ուղեղի վրայ բացասական ազդեցութեան շրջանակներէն ներս: Թուային միջավայրերու մէջ չափազանց ժամանակ անցընելը բացասաբար կ՚անդրադառնայ մարդու հոգեկան առողջութեան վրայ: Սա կարեւոր սահմանում մըն է, որ տեղ գրաւած է գրեթէ բոլորի կեանքին մէջ, քանի որ համացանցի կամ ընկերային ցանցերու կ՚ենթարկուինք բոլորս ամէն օր։

Ուղեղի փտածութիւնը ընկերային մտահոգութեան արտացոլումն է այն բովանդակութեան վերաբերեալ, որ մենք կը տեսնենք յատկապէս ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու եւ համացանցի մէջ։

Ուղեղի փտածութիւնը կը նկարագրէ պայման մը, երբ կ՚ենթադրուի, որ մարդու մտաւոր կամ հոգեկան վիճակը խաթարուած է, ինչ որ պայմանաւորուած է թուային միջավայրերու մէջ չափէն աւելի ժամանակ անցընելու հետեւանքով, յատկապէս ցածորակ եւ պարզ բովանդակութեամբ արձակումներուն ենթարկուելու պարագային: Այլ խօսքով, ընկերային ցանցերու մէջ անընդհատ արձակուող այդ անիմաստ, աւելորդ տեսանիւթերն ու գրառումները հոգեպէս ալ կը փտացնեն մարդիկ։ 2024 թուականին այս սահմանումը ա՛լ աւելի տարածուն դարձած է, քանի որ մարդիկ հետզհետէ աւելի շատ կը բողոքեն համացանցի բացասական ազդեցութիւններէն։

Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ ուղեղի փտածութիւն սահմանումը ծագած է 1854 թուականին։ Հենրի Տէյվիտ Թորօ իր «Ուալտեն» աշխատութեան մէջ կը քննադատէ մարդոց նախապատուութիւնը պարզ միտքերուն՝ բարդ միտքերու բաղդատմամբ եւ այս իրավիճակը կը սահմանէ որպէս ուղեղի փտածութիւն։ Թորօ, որ այդ ժամանակ հասարակութիւնը կը տեսնէր որպէս մտաւորական փլուզման եզրին, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ ընկերային կառուցուածքի մը վրայ, որ կը թերագնահատէ միտքերու եւ մտաւորականութեան արժէքը։

Սակայն 2024 թուականին այս սահմանումը այլ իմաստ ստացած է թուային դարաշրջանի ազդեցութեան պատճառով։ Ուղեղի փտածութիւնը այժմ կը համարուի ընկերային ցանցերու մէջ չափազանց ժամանակ անցընելը, անորակ բովանդակութեան ենթարկուիլը եւ այդ բովանդակութեան ազդեցութիւնը մարդու մտքի վրայ:

Ուղեղի փտածութիւնը ժամանակի ընթացքին աւելի լայն իմաստներ ստացած է՝ որպէս համացանցի մշակոյթի եւ ընկերային ցանցերու շուրջ հասկացութիւն մը: Այս հայեցակարգը դարձած է տարաբնոյթ լեզու մը։ Ուղեղի փտածութեան մասին ուսումնասիրութիւնները խոշորացոյցի տակ դրին նաեւ այն լեզուն, որ սկսած է TikTok-ի նման հարթակներու մէջ եւ ժամանակի ընթացքին տարածուեցաւ աւելի մեծ լսարաններու մէջ: Յատկապէս նոր սերունդը սկսաւ օգտագործել այդ լեզուն՝ մտածելու տեղիք տուող ձեւով:

Կարգ մը անձեր ընկերային ցանցերու վրայ գրառումներ կատարելով փորձեցին շեղել ուղեղի փտածութեան իմաստը՝ կատակներու միջոցաւ, բայց այս սահմանումը պարզապէս կատակ մը չէ, քանի որ փորձագէտները կը նշեն ընկերային ցանցերու բացասական ազդեցութիւնը յատկապէս երեխաներու եւ երիտասարդներու վրայ: Կը պնդուի, որ ընկերային ցանցերու կամ անվստահելի լրատուամիջոցներու տրամադրուած աւելորդ ժամանակը, ապատեղեկատուութիւնը եւ ցածորակ համացանցային բովանդակութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարով բացասական ազդեցութիւն կը թողեն մարդու մտաւոր եւ հոգեկան առողջութեան վրայ: Որոշ հոգեբաններ ուղեղի փտածութիւնը կը սահմանեն որպէս հոգեկան յոգնածութեան տեսակ մը:

Բազում երիտասարդներ ներկայիս որդեգրած են ուղեղի փտածութիւնը որպէս իրենք զիրենք բնութագրող հասկացութիւն մը: Վերոնշեալ ձեւով ստեղծուած համացանցային լեզուի այս տեսակը, որ արագօրէն կը տարածուի համացանցի մէջ, ընդունուած է որպէս առցանց մշակոյթի մաս: Սա ցոյց կու տայ, որ երիտասարդներու մօտ ձեւաւորուած է տեսակ մը ինքնագիտակցութիւն՝ առցանց մշակոյթի նկատմամբ։

Ուղեղի փտածութիւնը ոչ միայն կը նկարագրէ համացանցի բացասական հետեւանքները, այլեւ կը շեշտէ հասկացութիւն մը, որ հարցականի տակ կը դնէ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս յայտնուած են այս մշակոյթի մէջ եւ ինչպէ՛ս կրնան դուրս գալ անկէ։ Մեզմէ շատերու համար այս սահմանումը ո՛չ միայն բողոք մըն է, այլեւ՝ նախազգուշացում մը:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024