ԿՐԱԿՈՑԸ

Չեմ մոռնար այն օրը։

Մութ ու ամպոտ, անձրեւի պատրաստութիւնը մօտ ժամ մը տեսած երկինքը պայթեցաւ մէկ անգամէն։ Անձրեւը սկսաւ թափիլ։

Շատոնց սպասուած անձրեւը, ղարաբաղեան այդ ամառուայ տաքին։ Աշունը մօտ էր արդէն։

Մայրս ըսաւ «անձրեւ, անձրեւ...»։ Անմիջապէս երեք եղբայր վազեցինք պատուհանին։

Այնքան կարօտցած էինք երկնքի մոխիրէն ինկող, գնդիկ գնդիկ մեզի հասնող երեւոյթն այդ. ամիսներ անցած էին վերջին անգամէն։ Ուրախութեամբ սկսանք դիտել երկինքը, ինկող կաթիլիկներ բռնել մեր աչքերով, եւ հետեւիլ անոնց մինչեւ գետին, կամ մինչեւ փախէին անոնք մեր աչքէն, կորսուէին, անհետանային, եւ փորձէինք նոր մը գտնել, նոր մը բռնել երկինքէն ինկող այդ միլիոնաւորներուն մէջէն։

Յանկարծ բակին մէջ աղմուկ մը բարձրացաւ։

Քաշքշուք մը, հայհոյանքներ, գոռոց-պոռոց։ Երեք եղբայր պատուհանէն կախուած ականատեսը պիտի ըլլայինք դէպքի մը, որ գոնէ զիս այնպէս պիտի խոցէր, ուղեղս այնքան ցնցէր, որ այլ երբեք պիտի չըլլայի նոյն Վահէն։ Պիտի կորսնցնէի մանկութիւնս, հիմա, շուտով, մի քանի ակնթարթ ետք։

1992 թուականն էր։

Նոր ազատագրած էին մեր թաղամասը, պատերազմի վախը կարծես մի քանի օր դադար տուած էր մեզի։

Ինչպէ՞ս, չեմ գիտեր, վերջը պիտի լսէինք, որ ազէրի զինեալներէն մէկը յայտնուեր էր մեր թաղամասին մէջ։ Կարծիքն այն էր, որ կրցեր էր ան ձեւով մը պատսպարուիլ, ձեւով մը պահուըտիլ, մի քանի օր դիմանալ, մինչեւ որ բացայայտուեր էր։ Կամ սովէ մեկնած, դուրս էր եկեր, կամ շինարարական փոքր աշխատանքի մը ընթացքին գտեր էին զինք։ Երկու վարկածներն ալ ամիսներով պիտի շրջէին մեր թաղին մէջ, պատուհանէ պատուհան, պատշգամէ պատշգամ եւ սուրճի բաժակէ սուրճի բաժակ։

Եւ ահա այդ օր, 1992-ի ամառուայ առաջին անձրեւին օրը, պիտի փոխուէր կեանքս։ Առաջին անձրեւին հետ առաջին մահ մը պիտի գար աչքերուս առջեւ։ Կեանքիս մէջ չտեսածս պիտի տեսնէի։

Քաշքշուք մը, հայհոյանքներ, գոռոց-պոռոց։ Երեք եղբայր պատուհանէն կախուած տեսանք ինչպէս մեր թաղի զինեալ տղամարդիկ բերին մնացած ազէրին, ծեծելով, անիծելով կանգնեցուցին մէջտեղը բակին եւ...

պայթեցաւ զէնք մը ճիշդ գլխուն։

Աւելի ուժեղ, աւելի հուժկու կարծես, քան որոտումն էր հինգ վայրկեան առաջ։

Սարսափահար ինկայ ետեւ։ Վազելով գացի սենեակ, կքեցայ պահարանին տակ ու ձեռքերս աչքերուս սեղմած լացի, լացի, լացի...

Մայրս օրերով պիտի համոզէր, որ սա պատերազմի օրէնքն էր։ Պիտի ըսէին բոլորը, որ նոյն ճակատագրին արժանացեր էր հարազատ հօրեղբայրս, կողքի ազէրիական գիւղին մէջ։

Պիտի չհասկնային սակայն, որ վերջին մանրամասնութիւնը ոչ թէ պիտի թեթեւցնէր ցաւս, այլ պիտի բազմապատկէր զայն։ Հօրեղբայրս, որ կը կարծէի, թէ հիւանդացեր ու մահացեր էր (այդպէս ըսեր էին), սպաննուեր էր ուրեմն ճիշդ այս ոճով։ Եւ հօրեղբայրս ու այդ մարդը, հայն ու ազէրին, մենք ու իրենքը նոյն բանը պիտի դառնային ինծի համար այդ օրէն ի վեր։

Ու ամբողջ հոգովս պիտի ատէի պատերազմը, որ գողցած էր մանկութիւնն իմ ու հազարաւոր ուրիշներու...

ԵՐԱՄ

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2020