ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔ
Կան մարդիկ, որոնք իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին գեղեցիկ խօսք մը չեն լսած։ Կան ընտանիքի անդամներ, որոնք իրարու հետ խօսելիք չունին, կան ծնողներ, որոնք իրենց երեխաներու համար կարդալիք գիրք չունին։ Ամենացաւալին այն է, որ կարդալու կարիք ունեցողները չեն կարդար։ Մարդը կը կործանուի, բայց ինքն իրեն կ՚ընէ այս բանը։ Երբեք տեսա՞ծ էք, որ դերասանը ինքզինք նուաստացնէ բեմին վրայ։
Ինչպէ՞ս կը տեսնէ դիտողը քեզ թատերաբեմին վրայ՝ չես տեսներ։ Դիտողը միշտ ցոյց կու տայ քեզ: Քու շարժումները կ՚արձագանգեն դիտողի մօտ: Դիտողի արձագանգներէն կրնաս տարբերել քու գեղեցկութիւնը կամ տգեղութիւնը: Մինչ բեմը միայն կը մատակարարէ, դիտողը թէ՛ առաջարկ եւ թէ պահանջ կը ներկայացնէ:
Կեանքի բեմի դիտողը գրական գործիչներն են։ Իրականութեան մէջ բոլոր գրողները կեանքի դիտորդներ են։ Անոնք մեզի կը պատմեն մեր մասին: Իրենք պարտական կը զգան գրել այն մասին, որ կայ բեմին վրայ։ Կը գրեն, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ եւ ի՛նչ պէտք է ըլլայ բեմին վրայ։
Մարդիկը դիտարկող հեղինակները պատմած են, նաեւ կը պատմեն իրենց մասին: Գրականութիւնը նոր յայտնագործութիւն մը չէ։ Արհեստագիտութիւնը հեռացուցած է դիտողը ամբողջութենէն: Ի՞նչ կ՚ըսէին հին մարդիկ, եթէ տեսնէին, որ մենք սահմանափակուած ենք ընկերային ցանցերու «140» տառով։ Այդուհանդերձ, մենք կ՚ըսենք, թէ գրականութիւնը չանհետացաւ, բայց հեռացաւ: Կեանքի դիտողը չվերացաւ։
Գրողի գործը պատմելն է, թէ ի՛նչ կը կատարուի եւ երազանքները բառերով փոխանցելն է։ Քանի որ մենք չենք կրնար երազանքները «տեղաւորել» մեր ժամանակակից կեանքի մէջ, մենք կը բաւարարուինք պատմելով կատարուածը: Անհաւատալի է, բայց մենք կ՚ապրինք մեր վերջին օրերը եւ կ՚անհետանանք: Մենք կը փճացնենք գեղեցիկ պատմութիւն մը եւ կը պարծենանք սա ընելով:
Խօսքի հսկայական գնաճ կայ ներկայիս։ Գրողը կը գիտակցի այս բանին։ Խօսքը կորսնցուցած է իր արժէքը։ Բանաստեղծները կամ շատ գիրք կարդացողները կը պիտակաւորենք՝ որպէս խելագար: Մենք կ՚այպանենք անոնք, որոնք իրենց տունը կը լեցնեն գիրքերով։
Մենք, այսպէս, տգեղ տեսք ունինք կեանքի բեմին վրայ։ Սակայն մարդ ըլլալը կարեւոր դեր մըն էր։ Չկարողացանք գնահատել ու ընդունիլ անոր կարեւորութիւնը։ Գեղեցիկ կեանքի բեմին վրայ մենք կը փորձենք տգեղ ըլլալ, կարծես, թէ կ՚ուզենք բարձրանալ, բայց յայտնի չէ, թէ ո՛րն է գագաթը:
Երբ նայինք գրական ստեղծագործութիւններուն, այնպէս կը թուի, թէ մեր՝ խաղացողներու մօտ ոչ մէկ լաւ յատկանիշ կայ։ Գրականութիւնը առինքնող է, բայց անոր մէջ յաճախ տխրութիւն կայ, գրեթէ իւրաքանչիւր պատմութեան մէջ կորուստ կայ։ Մենք չենք հանդիպիր գրական երկի մը, ուր ամէն ինչ հեզասահ է։ Մենք ի սկզբանէ կ՚ընդունինք, որ իտէալը անիրական է։ Մենք գիտակցաբար կեանքի վատ դերասանները կը դառնանք։
Գրողները՝ կեանքի դիտորդները այնքան ալ լաւ չեն արձագանգեր ներկայիս։ Գրականութիւնը չի սիրեր այս տեսարանը. ան նախ կ՚իյնայ խոր լռութեան մէջ, յետոյ բանաստեղծութիւն կ՚արտադրէ։ Բանաստեղծութիւնը ցոյց կու տայ ժամանակի ընթացքի ցաւը։ Ան կ՚ըմբոստանայ կեանքի դէմ։ Որոշ դիտողներ նաեւ ուրախ բանաստեղծութիւններ կը գրեն, սակայն գրականութիւնը յաճախ կը գուշակէ տխրութիւնը։ Ի վերջոյ, գրելը երջանկութենէն չի գար, այլ կու գայ անոր բացակայութենէն։ Ո՞ր բանաստեղծութեան մէջ չկայ տառապանք, ո՞ր դիտողը չի զարմանար բեմագրութեան մը աւարտին։
Գիրքը կը բզզայ, գրականութեան մէջ կայ տրտունջ։ Երբեմն մենք կը տեսնենք, որ խաղը լքուած է: Գեղեցիկ խօսքերը արհեստագիտական խաղալիքներու ողորմածութեան կարօտ վիճակի մատնուած են: Եթէ այս խայտառակութիւնը շարունակուի, դիտողը ընդհանրապէս կը հեռանայ։ Քանի որ ինքնուրոյն խաղալու հարթակ գոյութիւն չունի, բեմը կը փակուի։ Նախկին խաղացող ըլլալը ոչինչ կը փոխէ։ Խաղը չ՚իրականանար, եթէ դիտողը չուզէ: Եթէ շարունակենք անտեսել գրականութեան բզզոցը, ապա կեանքի կամ մեր մասին պատմող գրականութիւնն ալ պիտի չըլլայ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 10/07/2024
- 10/07/2024