ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ վերջերս ծանօթ լեզուաբան Դաւիթ Գիւրճինեան նշանակուած է Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Լեզուի կոմիտէի նախագահ։ Այս կոմիտէն հայերէնի պաշտպանութեամբ եւ զարգացումով զբաղող պետական կառոյց մըն է, որ նախապէս նաեւ տուգանքներ կը սահմանէր հայերէնը խախտող հաստատութիւններուն եւ անձերուն: Սակայն այսօր այդ գործառոյթը ջնջուած է կոմիտէէն եւ ան իրաւասու է միայն բարձր մակարդակով տարածել եւ խրախուսել անսխալ հայերէնի գործածութիւնը, կանոնարկել գրական հայերէնը: Լեզուի քաղաքականութիւն իրականացնող այս կառոյցը վստահուած է լեզուաբանի, հայերէնագէտի մը, որ իր գործունէութեամբ միշտ եղած է այդ քաղաքականութիւնը իրականացնողը:

Դաւիթ Գիւրճինեան աշխատած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Հայոց լեզուի ամպիոնին մէջ։ 1993 թուականէն ի վեր հայոց լեզու կը դասաւանդէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս։ 1995 թուականէն ի վեր կ՚աշխատի Լեզուաբանական համալսարանի երդիքին տակ՝ որպէս Հայագիտութեան ամպիոնի տոցենթ, կը դասաւանդէ հայերէնագիտական զանազան առարկաներ։

Դաւիթ Գիւրճինեան, միաժամանակ, գիտակցելով ընկերային ցանցերուն հանրային դերը, երկար ատենէ ի վեր, Ֆէյսպուքի վրայ կը վարէ «Յանուն մեր ջիղերուն» խորագրով շարքը, ուր կը մատնանշէ առօրեայ խօսքին, գիրին մէջ տարածուած սխալներ, ներկայացնելով անոնց ճիշդ տարբերակները: Անոր վարած այդ շարքը մեծ տարածում ունի համացանցին վրայ եւ շուտով լոյս պիտի տեսնէ առանձին գիրքով:

ԺԱՄԱՆԱԿ Լեզուի կոմիտէի նորանշանակ ղեկավարին հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ՝ ծանօթանալու համար լեզուի քաղաքականութեան շուրջ, արդէն ի պաշտօնէ, անոր մօտեցումներուն եւ ձեռնարկելիք աշխատանքներուն:

*

-Պր. Գիւրճինեան, Լեզուի մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ կը կարդանք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է: Այս նախադասութիւնը ընդարձակելով՝ կրնա՞նք ենթադրել, որ արեւելահայերէնին հետ նաեւ արեւմտահայերէնն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն է:

-Վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական ութերորդ կրթական համաժողովը, ուր ես զեկուցումով մը հանդէս եկայ եւ այդ դրոյթը նորէն յիշեցուցի: Մենք անդադար այդ մէկը կը կարդանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է, եւ այս նախադասութիւնը այսքանն է միայն, չ՚ընդարձակուիր: Ի՞նչ կը հասկնանք հայերէն ըսելով. ոմանք հոս հայերէն ըսելով կը հասկնան արեւելահայերէն, ոմանք՝ կ՚ուզեն հոս տեսնել նաեւ արեւմտահայերէնը եւ շիտակ կ՚ընեն: Որովհետեւ, աշխարհաբարը՝ ժամանակակից հայերէնը, որ մեր խօսակցութեան, գիրի լեզուն է, երկու գրական դրսեւորում ունի՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն: Խորհրդային տարիներուն ալ այս դրոյթը կար (Սահմանադրութեան մէջ), նորէն նոյնը գրուած էր: Ասիկա իմաստուն որոշում մըն է, գրուեր է հայերէն, սակայն մեկնաբանութիւն չէ տրուած: Հիմա ասիկա ի՞նչ կ՚ենթադրէ: Օրինակ՝ եթէ հայոց խորհրդարանին մէջ մէկը արեւմտահայերէնով խօսի, ատիկա պիտի արգիլուի՞, բացառուի՞. կը կարծեմ՝ ոչ: Եթէ արեւմտահայերէնով յօդուած մը գրէք եւ տպելու յանձնէք, մէկ-երկու տեղ կրնայ մերժուիլ, քանի որ կրնայ ըլլալ, որ մերժողը ազգային ըմբռնում չունենայ, կրթական մակարդակը այնքան ալ բարձր չըլլայ, լեզուական առումով լայնախոհ չըլլայ, բայց կը կարծեմ, որ ի վերջոյ կը հրատարակեն:

Համաժողովին ընթացքին կային արեւմտահայերէն խօսողներ, ջատագովներ, պաշտպաններ, բայց պէտք է մօտեցումը իրատեսական ըլլայ: Այսինքն, եթէ այս նախադասութիւնը իր ողջ իմաստով կիրառուի, յաջորդ օրը մէկը կրնայ ըսել, թէ ես ամբողջ օրէնսդրական դաշտը կ՚ուզեմ տեսնել արեւմտահայերէնով: Այս պահուն Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն խօսող մարդկային հոծ զանգուած, մարդուժ չկայ, որուն համար այդ մէկը տեղի ունենայ: Ուստի ատիկա ընելը տակաւին նպատակայարմար չէ: Որոշ ոլորտներու մէջ կրնայ ըլլալ, որ եթէ ծագի ատոր անհրաժեշտութիւնը եւ ըստ անհրաժեշտութեան, կը կարծեմ, որ պէտք է բարձրաձայն ըսուի եւ կիրառութեան մէջ դրուի կամ պաշտպանութեան տակ առնուի:

Սփիւռքի նախարարութիւնը արդէն կրնայ Սփիւռքի շատ կառոյցներու հետ նամակագրութիւն ունենալ նաեւ արեւմտահայերէնով:

Տարիներ առաջ Սուրիայէն հետազօտող մը պաշտպանեց իր ատենախօսութիւնը եւ պետական կառոյց մը զայն կը խոչընդոտէր, քանի որ աշխատանքը արեւմտահայերէնով եւ աւանդական ուղղագրութեամբ էր: Հիմա փոխուած է. Յակոբ Չոլաքեան Հայաստանի մէջ պաշտպանեց արեւմտահայերէնով, եւ ատիկա շատ բնական պիտի դիտուի: Այս կը նշանակէ, որ մեր մտածողութեան մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան: Արեւմտահայերէնը պէտք է ըլլայ բնական ներկայութիւն Հայաստանի մէջ: Այս անցումը հիւանդագին պէտք չէ ըլլայ: Նեղմտութիւն կայ երկու կողմէն ալ: Գիտցէք, որ կան արեւմտահայերէն խօսողներ ալ, որոնք վերէն կը նային արեւելահայերէնին, զայն կը կոչեն սովետահայերէն. քամահրանք մը կայ, որ առնուազն զարմանալի է:

-Այսքանը լեզուի մասին, իսկ ուղղագրութեան մասին ի՞նչ կ՚ըսէք:

-Լեզուի մասին օրէնքին մէջ այդպիսի դրոյթ մըն ալ կայ ուղղագրութեան մասին. գրուած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նպաստէ հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացման»:

Ասիկա գրած են անկախութեան առաջին շրջանին՝ ազգային զարթօնքի պահն էր, եւ որոշ շրջանակներ նոյնիսկ կ՚ըսէին անմիջապէս վերադառնանք աւանդական ուղղագրութեան: Պէտք է ըսել, որ ուրիշներ այլ ձեւով կը մեկնաբանեն այս դրոյթը՝ ըսելով, թէ պէտք է իսկապէս փոխզիջումներու հետեւանքով միասնականացնել ուղղագրութիւնը: Մօտեցում մըն է, որ ես չէի ըսեր, թէ այս է հարցին լաւագոյն լուծումը: Եւ բնականաբար երկու կողմէն ալ նկատելի է կարծր դիրքորոշում: Մէկ կողմը հինին փարած է, միւսը՝ նորին եւ միասնականացում ըսելով երկու կողմերն ալ կը հասկնան միւսին լիակատար «զինաթափումը»: Հայաստանեան հասարակական տրամադրութիւնները բացարձակօրէն աւանդական ուղղագրութեան վերադարձին օգտին չեն: Պարբերաբար յօդուածներ կը տպուին այդ մասին, քննարկումներ կ՚ըլլան, եւ մարդիկ նոյնիսկ չեն ըմբռներ, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը: Զարմանալի է, որ նոյնիսկ ուսուցչական կազմին մէջ, ուսեալ ուրիշ շրջանակներու մէջ, ուղղագրութեան միասնականացումը կամ այս հարցին արծարծումը կը կապեն բոլորովին այլ հարցի հետ՝ կարծելով, որ գրաբարին վերադարձի մասին է խօսքը, կամ մտածելով, թէ արեւելահայերէնէն պիտի անցնինք արեւմտահայերէնի եւ այլն: Դասախօսներու մէջ ալ նման մտայնութիւն կայ:

-Երբ նշանակուեցաք Լեզուի կոմիտէի նախագահ, ի՞նչ էր ամենէն ակնառու հարցը այս կառոյցի աշխատանքներուն մէջ:

-Կոմիտէն ձեւաւորուած է Լեզուի պետական տեսչութեան հիման վրայ, անոր հիմնական գործունէութիւնը անցեալին տեսչական գործուէութիւնն էր՝ վերահսկողութիւն իրականացնել եւ Լեզուի օրէնքի խախտումներ բացայայտել, դատական վարոյթներու սկսիլ եւ այլն: Այսօր, մեր գործառոյթին մէջ չկայ դատ բանալ, հակառակ անոր որ նախկին աշխատողները տակաւին հոս են եւ նախկին ձեւով կը մտածեն: Մինչ մեր նպատակը լեզուի բնագաւառին մէջ նոր մօտեցում դրսեւորելն է, «տուգանային» քաղաքականութենէն անցնիլ զարգացման, հայերէնի տարածման, պահպանման եւ անոր գերակայութեան ապահովման քաղաքականութեան: Իսկ Սփիւռքի պարագային, սկիզբէն պիտի ըսենք՝ պահպանման, ապա նաեւ տարածման եւ զարգացման: Յառաջիկային, մեր հիմնական գործառոյթը պէտք է ըլլայ լեզուական պետական քաղաքականութեան ծրագրին մշակումը գալիք հինգ տարիներուն համար: Կը մշակենք, կը ներկայացնենք կառավարութեան հաստատման եւ յետոյ պէտք է սկսինք աշխատիլ: Միւս կողմէն, պէտք է լայնածաւալ քարոզչութիւն տարուի հայերէնի, հայոց գիրի, նոր բառերու, մանաւանդ՝ եզրերու, սահմանումներու առումով: Եւ որպէսզի հասարակութիւնը հետամուտ չըլլայ խախտելու, պէտք է կանխարգելիչ գործառոյթներ ըլլան, օրէնսդրական դաշտը պէտք է հանգամանօրէն ներկայացնենք հասարակութեան, Երեւանին կամ միւս բնակավայրերուն «դէմքը» հայերէն պիտի ըլլայ:

-Իսկ ի՞նչ միջոցներով պիտի իրականացնեք այդ բացատրական, քարոզչական աշխատանքը:

-Զարմանալի է, որ տեսչութիւնը կայքէջ չէ ունեցած. նախ կայքէջ պիտի ստեղծենք: Արդէն նախագիծեր կը պատրաստենք դիմելու հեռուստաընկերութիւններուն՝ համատեղ աշխատելու, եւ զանգուածային լրատուութեան ուրիշ միջոցներով ալ պէտք է կատարենք այս աշխատանքը: Մեր աշխատակիցներէն մէկը կը գործակցի շաբաթաթերթի մը հետ՝ պարբերաբար նիւթեր տպագրելով: Ես յորդորած եմ, որ միւսներն ալ հետեւին այդ օրինակին: Օրինակ՝ որեւէ հեռատեսիլային հաղորդումի լեզուական վերահսկողութիւն կ՚իրականացնէ եւ կը մատնանշէ սխալները, ատոնք կրնան օգտակար ըլլալ խմբագիրներուն եւ միւս աշխատողներուն, յորդորական նամակներ՝ յորդորագրեր, ամփոփագրեր կը կազմեն, կը ղրկեն եւ այլն:

Կայ Մայրենի լեզուի օր, որ աշխարհի զանազան երկիրներուն, մէջ 21 փետրուարին կը նշուի եւ միայն հայերէնին չի վերաբերիր: Մարդիկ այդ օրուան խորհուրդէն ելլելով, որոշեցին ընկերային ցանցերուն մէջ այդ մէկ օրը յայտարարել հայերէնը հայոց տառերով գրելու օր, իսկ ես պարբերաբար կը յիշեցնեմ, որ սիրելինե՛ր, բարեկամնե՛ր, եթէ հայերէն գրելու մասին է խօսքը, ապա անիկա պէտք է տեղի ունե-նայ բոլոր օրերուն եւ ոչ միայն մէկ օր: Ատիկա պիտի ըլլայ մեր ամէնօրեայ, սովորական, ջուր խմելուն նման գործ մը, քայլ մը:

-Ընկերային ցանցերուն մէջ, հայերէն գրութիւններուն մէջ սխալներու մեծ քանակ կայ: Ձեր կարծիքով, ուրկէ՞ կու գայ այդ տգիտութիւնը:

-Երկիրը աւերուած, բարձիթողի վիճակի մէջ էր, եւ մենք կը տեսնենք, որ զանազան բնագաւառներու մէջ աւեր ունինք. եթէ առաջ չէինք տեսներ, հիմա համոզուած ենք, չէ՞: Այդ աւերը ուսման բնագաւառին մէջ ալ պիտի դրսեւորուէր: Կը նշանակէ, որ կրթութեան համակարգին մէջ լուրջ հարցեր ունեցած ենք. տասներկու տարի մարդը հանրակրթական դպրոցին մէջ հայերէն սորված է, համալսարաններուն մէջ ալ մէկ-երկու տարի հայերէն կը սորվին, եւ անոր գրածը այսօր կը տեսնենք: Ուրեմն այդ տասներկու տարին համակարգը լաւ չէ աշխատած, անոր աշխատանքը չեն վերահսկած, ծնողքը լաւ չէ հետեւած, երեխային գիրքեր չեն տուած կարդալու՝ տունն ալ, չէ՞, պէտք է զբաղիլ երեխայով: Այդ բացթողումը տեսնելով՝ քանի մը հարցեր կը բացայայտուին՝ թէ՛ կրթական, թէ՛ լեզուի հանդէպ հասարակութեան վերաբերմունքին ու զգօնութեան պակասին վերաբերող: Մէկը կրնայ այս մտահոգութիւնը կարդալ, եւ ըսել՝ ի՜նչ մտահոգիչ բան է, կարեւորը հայերէն է: Երբ դիտողութիւն կ՚ընես՝ Հայաստանէն կամ սփիւռքէն այսպէս կը պատասխանեն՝ կարեւորը հայերէն կը գրենք, կարեւորը մեր ոգին է: Մինչդեռ կը կարծեմ, թէ առանց մաշտոցեան գիրերուն եւ լաւ հայերէնին՝ հայու ոգին լիարժէք չի կրնար ըլլալ:

-Նոյն յեղափոխութեան անհրաժեշտութիւնը նաեւ կրթական ասպարէզին մէջ կը տեսնէ՞ք:

-Յեղափոխութիւն պիտի ըլլայ ամէն տեղ: Ամենակարեւորը կրթութիւնն է, որ յետոյ ամէն տեղ կ՚երեւի: Բայց կրթական համակարգը աւանդապահ է եւ շատ արագ փոփոխութիւններ չի սիրեր: Այդ փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ մտածուած, կշռադատուած: Մենք ունեցած ենք դէպքեր, երբ կրթական համակարգին մէջ շտապ որոշումներ կայացուցած են եւ ձախողումներ եղած են, կամ արդիւնաւորութիւնը նուազ եղած է:

-Սփիւռքի դպրոցական հարցերուն ալ ծանօթ էք, ի՞նչ կ՚ըսէք այնտեղ լեզուի ուսուցման, պահպանման մասին:

-Երկու տարին անգամ մը իրականացուող համահայկական կրթական համաժողովներու ընթացքին պարբերաբար կը լսենք, որ Սփիւռքի մէջ դպրոցներ կը փակուին, շատ մեծ թիւով արդէն փակուած են: Եղածներուն մէջ ալ հայերէն լեզուի կորուստ կայ, մինչդեռ լեզուի կորուստը կրնայ ուրիշ կորուստներ բերել: Մենք ունինք Ռուսաստանի հսկայ հայ համայնքը, բայց հոն ճրագը պէտք է առնենք եւ պտտինք ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ գտնելու: Միօրեայ դպրոցներն են, որ կը գործեն հոն, ընտանիքներէն ներս կը խօսին, չեն խօսիր, այլ հարց է, եւ միայն խօսիլը չէ, կարեւորը ազգային մշակոյթի փոխանցումն է, պատմութեան իմացութիւնը, որոնք մարդը հայ պիտի կերտեն:

-Ժամանակին Միացեալ Նահանգներու մասին կ՚ըսէին, որ հայերէնի հարց կայ, այսօր Ռուսաստանի մէջ աւելի՞ ակնառու է այդ հարցը:

-Արդէն՝ այո: Բայց Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ կայ այդ հարցը, հայկական դպրոցներուն թիւը շատ քիչ է, եթէ հաշուէք հայ երեխաներուն եւ հայկական դպրոց յաճախողներուն թուաքանակը, կը տեսնէք սարսափելի վիճակագրութիւն մը:

-Այդ առումով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ աւելի լա՞ւ է վիճակը:

-Մերձաւոր Արեւելքի աւանդական գաղութները՝ Լիբանանը, Սուրիան, Իրաքը, Յորդանանը եւ իբրեւ աւանդական մշակութային կեդրոն Պոլիսը միշտ տարբեր են: Բայց հիմա ժամանակը եւ քաղաքական նոր իրողութիւնները կարծես մեր դէմ կը գործեն, եւ մենք կը տեսնենք այդ աւանդական համայնքներուն տկարացումը, տեղաշարժը, մարդիկ կ՚երթան Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, ոմանք Հայաստան կու գան (որ անշուշտ լաւ է), սակայն փաստ մըն է, որ հայախօսութեան այդ կեդրոնները կը տկարանան:

-Այսքան մտահոգութիւն նշելով, այնուհանդերձ, Դուք լաւատես է՞ք մեր լեզուի պահպանման եւ զարգացման ապագայով:

-Միշտ լաւատես եղած եմ: Ընդհանրապէս, կը կարծեմ, որ եթէ մէկ մարդն իսկ ջանք գործադրէ, յաջողութեան կը հասնի, այնպէս ալ՝ ազգը: Եթէ կայ հայրենի պետութիւն եւ ուժեղ սփիւռք, ելք կը գտնուի: Եթէ այս կամ այն հանրութիւնը կորսնցուց լեզուն՝ վտանգաւոր հանգրուանի կը հասնի: Բայց իրական կեանքը, յատկապէս համաշխարհայնացումը, կը թելադրեն պարտադրանքներ. հայերէնի, հայախօսութեան մեծ նահանջ կայ: Նկատի մի՛ առնէք առտնին մակարդակի հայերէնի իմացութիւնը, հարկ է պարզել, որ մարդը գիտական կամ լուրջ թեմաներով արդեօք կրնա՞յ խօսիլ, թէ՞ ոչ:

-Հայաստանի վերջին փոփոխութիւններուն՝ յեղափոխութեան մէջ ի՞նչ նշանակութիւն ունեցաւ լեզուին, խօսքին դերը: Մենք տեսանք, յեղափոխութեան առաջնորդին ուժերէն մին՝ խօսքաշինութեան, հռետորութեան անոր կարողութիւնը, որ նոյնպէս նպաստեց յաջողութեան:

-Ատիկա խօսքի ուժն է: Այո՛, ճիշդ ընտրուած կարգախօսները իրենց դերը ունեցան, խօսեցան մարդոց հոգիներուն հետ. օրինակ՝ «Մենք ենք տէրը մեր երկրին»: Ասկէ աւելի կարճ եւ դիպուկ կարելի չէ պատկերացնել: Ասոր նման ես հեռատեսիլով ձեւակերպեցի ուրիշ կարգախօս մը. «Մենք ենք տէրը մեր լեզուին»: Անշուշտ, ռուսերէն բառով եւ հայերէն վերջաւորութեամբ կազմուած «դուխով» (այսինքն՝ «ոգիով») նշանաբանը չհաւնեցայ, բայց միւս պարագաներուն, այո՛, խօսքը եւ յեղափոխութեան առաջնորդին ճարտասանական ակներեւ յատկանիշերը հսկայական դեր ունեցան, եւ մարդիկ միաւորուեցան: Ի հարկէ, տասնամեակներու դժգոհութիւն կար, բայց մարդիկ գոցուած էին, անյոյս վիճակի մէջ էին: Կը թուէր, թէ մարդիկ երբեք փողոց չեն ելլեր եւ յանկարծ հայերէն կոչը, սրտին, մտքին դպող խօսքը զանոնք միաւորեց եւ փողոց հանեց:

Ուրախալի փաստ մըն է, որ լեզուն իր ճիշդ գործառոյթը կատարեց: Երբ կ՚ըսես, որ առանց լեզուի չ՚ըլլար, հիմքին մէջ լեզուն է, որ մտածողութեան գլխաւոր բաղադրիչն է եւ այլն, մարդիկ յաճախ յստակ չեն պատկերացներ, թէ ինչ կ՚ըսես: Ինքնութեան, մշակոյթին հիմքը լեզուն է, եւ մենք այս յեղափոխութեան ժամանակ տեսանք, որ մարդիկ կը հասկնային զիրար, քանի որ նոյն լեզուով կը խօսէին: Եւ ատկէ ետք մարդիկ ուղղակի երջանկութիւն ապրեցան: Ես ալ՝ անոնցմէ մին, անձնական երջանկութիւն ապրած եմ այդ օրերուն: Ինծի համար ատիկա մեր ամենամեծ յաղթանակներէն մէկն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018