ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (38)

Հասեր էր Աշունը։ Արդէն ուրիշ էր Զանան. հասունցեր, կայացեր էր։

Եւ ոչ միայն անոր համար, որ լրացուցեր էր կեանքի տասնութերորդ տարին։ Այլ քանի որ գործ էր գտեր, կ՚աշխատէր արդէն։ Նաեւ քանի որ, ու յատկապէ՛ս, Նորայի միջոցով յայտնաբերեր ու բացեր էր կեանքի ու մարդ ըլլալու մէկ ուրիշ տարածութիւնը, մէկ ուրիշ ծաւալը, թէ՛ հոգեպէս, թէ՛ մարմնովի։

Երկնքի տակ ու հողի վրայ իր ամբողջական մենութիւնը, ընտանիքի կորուստէն ի վեր, իրեն առիթ տուեր, ստիպեր էր նաեւ ձեւով մը, ինքն իր գլխուն տէրը դառնալ, ոտքերուն վրայ կանգնիլ։ Ստիպուած էր նախ վերապրիլ, թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ բարոյապէս. եւ յետոյ ետեւ-ետեւէ եկեր էին դրուագները՝ Ֆարզատ քեռիէն անկախացումն իր, Երեւան հասնիլը, հայերէն սորվիլը, Նորան գտնելը, աշխատիլը, վաստակելը...։ Եւ հիմա ուրիշ էր արդէն Զանան, շատոնց արդէն ստիպուեր էր աչքերն ու ուշադրութիւնը վար առնել երազային երկնքի մէջ թռչող աղաւնիներէն ու նայիլ, թէ ո՛ւր, ի՛նչպէս եւ ո՛ր ուղութեամբ պէտք էր քալել։

Արդէն առանձին կ՚ապրէր։ Երբ կայունացեր էր աշխատանքն ու վարձատրութիւնը, շնորհակալութիւն յայտներ էր շէյխին, ներողութիւնը հայցեր՝ զինք կրօնականացնելու անոր ու Ֆարզատ քեռիի ծրագրին չհետեւելու եւ զանոնք յուսախաբ ընելու համար, եւ տեղեկացուցեր, որ պատրաստ էր տեղափոխուելու արդէն։ Շէյխը գրկեր էր Զանան, պնդեր էր, որ յաճախ գար, որ իր տունն էր մզկիթը, ու հարցուցեր, թէ ու՞ր կը տեղափոխուէր։ «Կոնդ», պատասխաներ էր Զանան։ Իրաւ ալ, Զանայի շահածն այնքան քիչ էր, որ հազիւ այդ աղքատիկ թամաղասին մէջ սենեակ մը վարձելու կը բաւարարէր։

Շէյխը ուրախացեր էր ակնյայտօրէն, «հոն ահագին պարսկական մշակութային շունչ կայ, հին մզկիթ մըն ալ ունինք, փորձէ տէր կանգնիլ, մաքրել երբեմն...»։ «Սիրով,» խոստացեր էր Զանան, թէեւ իր այնտեղ երթալու հիմնական պատճառը, բացի աժան ըլլալէն, Նորայի մնացած տան շատ մօտիկ ըլլալն էր։

Եւ այդպէս, տեղափոխուեր էր Զանան Կոնդ թաղամաս. քաղաքի մէջ գիւղ մը ըլլար վերջինս կարծես։ Փոքր, կէս-քար կէս-հողէ շինուած հին տան մը ետնամասային սենեակը վարձեր էր այնտեղ ապրող ընտանիքէն։ Ու թեք աստիճաններու երկար շարք մըն էր ընդամէնը, որ զինք կը բաժնէր Սարեան-Խորենացի հատման կէտէն, այսինքն Նորային տունէն, ուր երբեմն, երբ այնտեղ չէր ըլլար Նորայի տնկից ընկերուհին, նոյնիսկ գիշերներ կ՚անցընէր…

Ամիսէ մը ի վեր այդտեղ էր արդէն. եւ կեանքն իր ու Նորային, իր գործի ու անոր ուսումի ժամերէն դուրս, գրեթէ միաձուլուած էր։ Իրարու հետ էին միշտ, եւ իրարու համար. իրարմով կ՚ապրէին արդէն մի քանի ամիսէ ի վեր, ու փոխադարձ հմայքն ու սէրը չէր կորչեր։

Եւ հիմա, երբ վերջապէս ամէն ինչ կայունացեր էր, տարօրինակօրէն ճակատագիրն սկսեր էր զինք կապել հին, այլապէս կարծես մոռցուելիք պատկերներու, յիշատակներու, սիրած բաներու հետ։ Կոնդը, ինչքան ալ այդ պատճառով ընտրած չըլլար ինք զայն, իրապէս որ իրեն Իրանը, նոյնիսկ Պա՛մը կը յիշեցնէր։ Իր հողէ փոքր տուները, ինչքան ալ տարբեր, այնուամենայնիւ նման էին պամիններուն։ Եւ կարծես այդ չէր բաւեր, իրեն համար այլ անակնկալ մը եւս ունէր թաղամասը։ Երեւանի «Ղուշբաս»ներու, այսինքն աղաւնի պահողներու, ամենէն յայտնի թաղամասն էր։ «Ղուշբաս» մըն էր իր ապրած տան ճիշդ կողքի դրացին։ Եւ այդպէս, ինչպիսի՜ նախախնամութեամբ, աղաւնիներ իրենց հաճելի աղմուկով յաճա՛խ կը փախցնէին ուշադրութիւնը Զանային, եւ իրենց թռիչքով՝ աչքերն անոր դէպի երկինք, ու միտքը դէպի...

դէպի Պամ։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020