ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ

Կիրակի, 15 օգոստոս 2021-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին Վերափոխման տօնը: Տօն մը, որ մեզի ծնողասիրութեան եւ ծնողայարգութեան բացառիկ օրինակ մը կու տայ, որովհետեւ Ս. Աստուածածինին Միածին Որդին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, Իր մօր ննջումէն ետք եկաւ եւ վերափոխեց զինք դէպի երկնային կայաններ:

Աստուածածինի վերափոխման տօնը իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար առիթ մըն է ինքնաքննութեան, ինքնամաքրումի եւ պատրաստ ըլլալու դիմաւորելու Աստուածորդին: Աւելի՛ն. առիթ մըն է վերանայելու մեր հաւատարմութիւնն ու վստահութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ:

Այս առիթով մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Ս. Աստուածածինին նուիրուած մի քանի տաղեր՝ տարբեր հեղինակներու կողմէ գրուած:

Առաջին տաղը կը պատկանի Խաչատուր Խասպէկ Երէց Կաֆացիին (տաղասաց, բանաստեղ, ուսուցիչ. 1610-1686թթ.).

Ի քեզ յուսամ, հոգով տաճար անեղին,
Կոյս Մարիամ, ծնող եւ մայր Արարչին,
Զծնեալդ ի քէն Յիսուս աստուած դաւանիմ
Եւ զծնողդ Աստուածածին խոստովանիմ:

Խոստովանիմ զանճառ բանն հայրական,
Որ ի ծոց Հօր ծնեալ նախքան զաւիտեան,
Էջ աւետեօք յարգանդ քո սուրբ կուսական,
Մաքրազարդեաց զկուսութիւնդ անապական:

Անապական տաճար բանին մայր եւ կոյս,
Յամէն լեզուէ օրհնեալ պտուղ քո եւ բոյս,
Զքեզ ունիմ միջնորդ, կենաց ճար եւ յոյս,
Ի նեղութեան ժամոյն օգնեա եղկելոյս:

Սափոր ոսկի մանանային երկնաւոր,
Հրեշտակապետք եւ հրեշտակք քեզ  սպասաւոր,
Դու թագուհի, Որդիդ յերկնից թագաւոր,
Քան զքերովբէսն գտար բարձր եւ փառաւոր:

Պարտէզ փակեալ աստուածատունկ եդեմայ
Եւ առաքումն քո ի դրախտ նռնենայ,
Դու ծառ կենաց, անմահ տնկոյն յԱդինայ,
Պտուղդ աստուած, երանեալ կոյս գերակայ:

Երկրպագեմ սրբոյ կուսիդ բերկրական,
Որ ի Տեառնէ լցար շնորհիւ զանազան,
Քեզ երանեն ազգք եւ ազինք ամենայն,
Զի դու ես մայր կենաց մեզ անմահութեան:

Կողկողելով հայցեմ ի քէն, մայր Բանին
Միջնորդ եւ բարեխօս անճառ անհասին,
Դու աղաչեա վասն իմ Որդիդ միածին,
Զի դասեսցէ ընդ դասս ընտրեալ իր հօտին:

Էրագընթաց ամանակիս թիւ հազար,
Հարիւր ՚ւ երկոտասան ընդ իւր միաշար,
Ի Խասպէկէ լցեալ մեղօք չարաչար,
Մակագրեցաւ երգս ի քարտիս ի նորաշար:

Երկրորդ տաղը կը պատկանի Ասապով անունով հեղինակին, որ ապրած եւ գործած է 17-րդ դարուն Սպահանի մէջ: Ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են, ինչպէս նաեւ քիչ տեղեկութիւններ կան իր մասին: Անտիպ տաղերու հեղինալ է, որոնց մէջ ինքզինք անուանած է «Խաւարեալ Ասապով», «Կոյր Ասապով», «Խեւ Ասապով», «Խեւ Աստուածապով», «Ողորմելի Աստուածապով»:

Առ քեզ գոչեմ արտասուելով,
Աղաղակեմ ողբալով,
Հոգոց հանեմ հառաչելով,
Մեղայ ասեմ միշտ լալով.
Կոյս Մարիամ, Աստուածածին, է՜,
Օգնեա խաւարեալ գերոյս:

Սրտաբեկեալ տարակուսիմ,
Մահու յահէն յոյժ զարհուրիմ,
Զքեզ յիշելով մխիթարիմ,
Ողորմութեան քո ակն ունիմ.
Կոյս Մարիամ, Աստուածածին, է՜,
Օգնեա խաւարեալ գերոյս:

Աշխարհս է ծով, ես կու ծփիմ,
Նաւաբեկեալ ընկղմիմ,
Ինձ ձեռն տու, հա'ն ի ծովէս,
Զի միայն յոյս, կորնչիմ.
Կոյս Մարիամ, Աստուածածին, է՜,
Օգնեա խաւարեալ գերոյս:

Պարտաւորեաց զիս թշնամին
Եւ արար կոխան ոտին,
Զքեզ աղաչեմ կողկողագին,
Փրկեա ի ձեռաց չարին.
Կոյս Մարիամ, Աստուածածին, է՜,
Օգնեա խաւարեալ գերոյս:

Ողորմագին ձայնիւ գոչեմ,
Պաղատելով աղերսեմ,
Անկեալ առ յոտս քո, հառաչեմ,
Օգնութիւն գերոյս խնդրեմ.
Կոյս Մարիամ, Աստուածածին, է՜,
Օգնեա խաւարեալ գերոյս:

Վա'յ զիս, որ մոլորեցայ,
Յանհուն մեղօք ես կորայ,
Ո՛վ մայր կենաց, ինձ ողորմեա,
Ցրուեալ գերիս ժողովեա.
Կոյս Մարիամ, Աստուածածին, է՜,
Օգնեա խաւարեալ գերոյս:

Կուր Ասապով, քանի՞ կաս քուն,
Մեղայ ասա, լեր արթուն,
Մատո Կուսին միշտ գոհութիւն
Եւ իւր Որդոյն օրհնութիւն.
Կոյս Մարիամ, Աստուածածին, է՜,
Օգնեա խաւարեալ գերոյս:

Յաջորդ տաղը Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի գրիչին կը պատկանի.

ՏԱՂ ՓՈԽՄԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻՆ, Ի ՆԵՐՍԷՍԷ

Նոր քերովբէ հողանիւթ, աթոռ էից բարձողին,
Աստուածածին՝ սուրբ տաճար Բանին, ը՜, Հաւր,
Երկինք երկնից ի յերկրի ցուցար, ո՜վ սըրբուհի Կոյս,
Մարիամ՝ մայր Աստուծոյ անհարսնացեալ:

Րոպէից կուսից համայնից մարդկան ծագեցեր լոյս,
Նոր արեւելք արեգականն արդարութեան,
Սա այսաւր իջեալ զաւրաւք հրեշտակաց առ քեզ, կոյս եւ մայր,
Բարձրացոյց ըզքեզ ի վերինն Երուսաղէմ:

Եկեալ եւ դասք սուրբ առաքելոցն ի փոխումըն քո,
Համաձայն զըւարթնոցն գովէին զաւրհնեալդ ի կանայս:
Սոցին նըման եւ մեք երգեսցուք քեզ, տիրուհի սուրբ,
Ընդ սրովբէից դասուց բարձրացելոյդ ի փառս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 14, 2021