ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ԴԱՐՁԱԾ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ՝ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ

Երեւանի Աբովեան փողոց: Աշնան տաք օրերէն է, երբ շաբաթավերջին տունէն դուրս կ՚ելլես ոչ թէ յատուկ նպատակով մը, այլ՝ վայելելու ամրան վերջին շունչը, որ խառնուած է աշնան մեղմ հովիկին հետ: Ամառէն դէպի աշուն անցումը Հայաստանի մէջ առանձին վայելք մըն է, ի հարկէ, եթէ միտքդ հանգիստ է, հոգիդ՝ խաղաղ…

Այս անգամ եղանակի ջերմութեանը միացած է նաեւ այլ առիթ մը՝ հայոց մեծերէն մէկուն յոբելեանն է, որ կը նշուի այս օրերուն:

Մարդիկ խմբուած են Նկարիչներու միութեան շէնքին առջեւ եւ կը սպասեն մտնելու, իսկ շէնքին վրայ կայ շատ մեծ պաստառ մը, որ կը նշարմուի նաեւ հեռուէն: Պաստառին Արցախի խորհրդանիշ դարձած «Մե՛նք ենք մեր լեռները» քանդակին պատկերն է՝ իր հեղինակին՝ Սարգիս Պաղտասարեանին հետ: Նկարիչներու միութեան յարկին տակ բացուցեցաւ արցախցի այս տաղանդաւոր քանդակագործի 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական ցուցահանդէս: Ցուցահանդէսը ամէն կերպ կը յիշեցնէ Արցախը, ներկաներուն խօսակցութիւնները կը պտտին Արցախի եւ անոր արժանի զաւակ Սարգիս Պաղտասարեանի անուան շուրջ, ցուցահանդէսին նաեւ արցախցիներ կան, եւ ընդհանրապէս, Արցախը այս օրերուն բոլորի լեզուին վրայ է… Եթէ նոյնիսկ չեն խօսիր, վստահ ամէն մարդ ցուցահանդէսին մասնակցելով ակամայէն նաեւ Արցախի մասին կը մտածէ… Արցախցի այս մեծ արուեստագէտին՝ Սարգիս Պաղտասարեանի ծնած գիւղը վերջին պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ մնացած է, գիւղացիները ցրուած են հոս-հոն, բռնած գաղթականի ցուպը: Ցուցասրահի մէկ պատը արդէն անմիջապէս յուզմունք կը յառաջացնէ: Միայն մէկ պատի երկարութեամբ կախուած են լուսանկարներ, որոնց մէջ երեւցող քանդակները (հեղինակ՝ Սարգիս Պաղտասարեան) մնացած են Շուշիի պատկերասրահին մէջ… Ոչ ոք անտարբեր կ՚անցնի այդ պատի քովէն: Արուեստի այդ գանձերը արդէն միայն լուսանկարներու միջոցով հնարաւոր է տեսնել… Այդպէս լուսանկար դարձած են մեր ազգային բազմաթիւ արժէքներ, գիւղեր, յուշարձաններ, եկեղեցիներ… Ինչպէ՞ս կը վարուի Ատրպէյճանը անոնց հետ, դժուար է ըսել: Ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ, թէ ուր են այդ քանդակները, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի թանգարաններուն, պատկերասրահներուն մէջ մնացած ոչ մէկ նմոյշի մասին տեղեկութիւն կայ…

Կորուստ ներկայացնող այդ պատին քով պահ մը կը մթնէ ցուցասրահը, բայց անմիջապէս Նկարիչներու միութեան լայն ու լուսաւոր սրահին մէջ կը տեսնենք Սարգիս Պաղտասարեանի միւս գործերուն մանրատիպերը կամ լուսանկարները, որոնք տեղադրուած են Հայաստանի, Արցախի կամ արտերկրի զանազան վայրերու մէջ: Այդպէս է նաեւ կեանքին մէջ՝ սեւ եւ ճերմակ օրերու շարան է մարդուն ապրած կեանքը եւ այս ցուցահանդէսն ալ այդպիսի զգացումներ կ՚արթնցնէ:

Սարգիս Պաղտասարեան մահացած է 2001 թուականին. ցուցահանդէսին ներկայ էին իր որդին եւ անոր ընտանիքը, ինչպէս նաեւ՝ ընկերներ, արուեստաբաններ, նկարիչներ, քանդակագործներ, որոնք կա՛մ իր աշակերտը եղած են կա՛մ ծանօթ են անցեալ դարու մեր նշանաւոր արձանագործին եւ իր գործունէութեան:

Որդին՝ Աշոտ Պաղտասարեանը, նոյնպէս քանդակագործ է, Հայաստանի եւ Հունգարիոյ Նկարիչներու միութեան անդամ, նոյնպէս՝ նշանաւոր քանակներու հեղինակ… Ան բաւական մեծ աշխատանք կը տանի իր անուանի հօր գործերը պահելու, ցուցադրելու, հռչակելու ուղղութեամբ: Այս ցուցահանդէսն ալ նախարարութիւնն ու Նկարիչներու միութիւնը, նաեւ անոր աջակցութեամբ կազմակերպած են:

1923 թուականի սեպտեմբերի 5-ին Արցախի Բանաձոր գիւղը ծնած է Սարգիս Պաղտասարեան: 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին Բանաձորը հայաթափուած եւ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած գիւղերէն մին է: Պաղտասարեան, որ ողջ էութեամբ կապուած էր իր հայրենի Արցախին, չտեսաւ այս պատերազմը, բայց նախորդ արցախեան պատերազմին ողջ էր, եւ քանդակներ ալ նուիրած՝ հերոսներուն, ազատամարտիկներուն, արցախցիի մարտական ոգին խորհրդանշող ստեղծագործութիւններ ձգած է:

Ստեղծագործական եւ միւս առումներով հարուստ կեանք ունեցած է Սարգիս Պաղտասարեան: Ան Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական նկարիչի կոչում ունէր եւ պետական մրցանակի դափնեկիր էր: Քանդակագործը մասնակցած է նաեւ Հայրենական մեծ պատերազմին: Երկու անգամ վիրաւորուած է զանազան ճակատներու վրայ, բուժուելէն յետոյ անդամագրուած է հայկական թամանեանական զօրագունդին եւ որպէս հրետանային մարտկոցի հրամանատար քաջաբար մասնակցած է Լեհաստանի, Չեխոսլովաքիայի, Հունգարիայի համար մղուած թէժ մարտերուն։ Ան պարգեւատրուած է «Հայրենական պատերազմի առաջին աստիճան»ի եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններով, նաեւ՝ բազմաթիւ մարտական մետայլներով եւ Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարութեան շնորհակալագրերով: 1946 թուականին զօրացրուած է եւ նոյն տարին ալ սկսած ուսումնառութիւնը՝ արուեստի ասպարէզին մէջ:

1962 թուականին Սարգիս Պաղտասարեան դասախօսած է Երեւանի մէջ, մինչ այդ արդէն սկսած էր ստեղծագործել: Ստեղծած է հերոսական, երազային, գեղարուեստականութեամբ արտայայտուած դիմաքանդակներ, զանազան չափի համալիրներ, յուշարձաններ, ձեւաւորման համար գործածուող քանդակներ եւ քանդակային ժանրի այլ գործեր:

Իր 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին ներկայացուած են զանազան տարիներու կերտած քանդակները, մեծ չափի արձաններու լուսանկարները: Կան գործեր, որոնք կը պահուին ընտանեկան եւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ եւ ատոնցմէ մաս մը նոյնպէս ցուցադրուած է:

Քանդակագործի հետաքրքրութիւնը առաւել չափով դիմաքանդակի շուրջ եղած է: Ան կերտած է մարդային զանազան խառնուածքներ, ստեղծած է հայոց մեծերու դիմաքանդակները:

Երեւանի կեդրոնը՝ Իսահակեան փողոցի վրայ, դրուած է հայ գրող Աւետիք Իսահակեանի՝ մօտաւորապէս հինգ մեթր բարձրութեամբ արձանը, որ Սարգիս Պաղտասարեան քանդակած է 1960-ականներուն եւ 1965 թուականին արդէն զետեղուած է արձանը: Նոյն թուականին Կարապի լիճի մօտակայքը դրուած է «Մեղեդի» քանդակը. այդ ստեղծագործութեամբ Սարգիս Պաղտասարեան պատկերած է զգացմունքային կին մը, որ կը նուագէ: Այս արձանը 1990-ականներուն վնասուած է, եւ քանդակագործը իր արուեստանոցին մէջ նորոգելով՝ կրկին վերադարձուած է իր տեղը: Բայց այսօր ալ «Մեղեդի» արձանը շրջապատուած է սրճարաններով եւ զուարճանքի վայրերով, տեսակ մը «խեղդուած» է տարածքին մէջ… Մէկ այլ ճակատագրի արժանացած է հայ բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանի մահարձանը՝ հայ մեծերու պանթէոնին մէջ: Սարգիս Պաղտասարեանի պատրաստած այդ քանդակին պրոնզեայ գլուխը գողցուած էր, եւ այս տարի, նախարարութեան աջակցութեամբ, Սարգիս Պաղտասարեանի որդին՝ Աշոտ Պաղտասարեան, պատրաստած է գողցուած մասը եւ Կուրղինեանի ծննդեան օրը զայն դրուած է արձանին վրայ:

Անոր մէկ այլ գործը՝ Յակոբ Պարոնեանի յուշարձանը, կը գտնուի Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքին մէջ՝ Ազատութեան պողոտայի թիւ 12 եւ 14 բնակելի շենքերուն միջեւ, տեղադրուած է 1965 թուականին, ընդգրկուած է Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:

Սիւնիքի ազատագրման շարժման առաջնորդներէն Դաւիթ Բէկի յուշարձանի հեղինակը նոյնպէս Սարգիս Պաղտասարեանն է: Յուշարձանը կը գտնուի Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքի կեդրոնը, տեղադրուած է 1978 թուականին։ Եւ բազում ուրիշ գործերու հեղինակ է քանդակագործը, որ իր արժանի տեղը գտած է 20-րդ դարու հայ կերպարուեստին մէջ:

Սարգիս Պաղտասարեանի գործերէն կը պահուին Թրեթեաքովեան պատկերասրահին, Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի (Մոսկուա) թանգարանին, Լիթուանիայի, Տաճիկիստանի եւ այլ երկիրներու թանգարաններու մէջ:

100-ամեակի առթիւ «ՀայՓոսթ»ը շրջանառութեան մէջ դրած է «Մեծանուն հայեր. Սարգիս Պաղտասարեանի ծննդեան 100-ամեակ» թեմային նուիրուած մէկ դրոշմաթուղթով միակողմանի փոստային բացիկ: Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է քանդակագործը՝ իր հեղինակած Դաւիթ Բէկի ձիարձանի խորապատկերին: Բացիկի ներքեւի ձախ անկիւնը պատկերուած է արուեստագէտի «Մե՛նք ենք մեր լեռները» («Ղարաբաղցիներ») յուշարձանը: Այս յուշարձանը անկասկած, Սարգիս Պաղտասարեանի ամենանշանաւոր գործն է, որով ինք յայտնի դարձած է, իսկ յուշարձանն ալ դարձած է Արցախի խորհրդանիշներէն մէկը:

ՄԵ՛ՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԼԵՌՆԵՐԸ

Աւելի քան յիսուն տարի առաջ իտալական Քարարա քաղաքին մէջ համաշխարհային ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուի։ Նշանաւոր հեղինակներու արուեստի ստեղծագործութիւններուն հետ ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ Հայաստանի՝ այդ ժամանակ արդէն վաստակաւոր քանդակագործ, Ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր Սարգիս Պաղտասարեանի աշխատանքները։ Անոր ցուցադրած գործերէն մէկը յետագային աշխարհահռչակ կը դառնայ։ Եւ այդ գործը կ՚ըլլայ «Մե՛նք ենք մեր լեռները» քանդակը, զոր հեղինակը կոչած է «Ղարաբաղցիներ»:

Քանդակը «Մե՛նք ենք մեր լեռները» անունով կնքած է արցախցի պատմաբան Բագրատ Ուլուբաբեանը, իսկ շատերուն զայն յայտնի է պարզապէս «Պապիկ-տատիկ» անունով, արցախցիներն ալ իրենց բարբառով կը կոչեն՝ «Տետօ, պապօ»:

Ստեփանակերտի մուտքին մօտ՝ բլուրի գագաթին արձանը զետեղուած է 1967 թուականին. այդ վայրին մէջ այդպիսի յուշարձան ունենալու գաղափարը կեանքի կոչուած է այդ տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի մարզի մարզային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի մասնակցութեամբ: Յուշակոթողի թէ՛ շինարարութեան եւ թէ՛ անոր տեղադրման դէմ եղած է Խորհրդային Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը։ Աւելին՝ Ատրպէյճանը բողոք բարձրացուած է՝ հայկական ոգիով այդպիսի արձան դնելու առթիւ: Ինչպէս կը պատմէ Սարգիս Պաղտասարեանի որդին՝ ատրպէյճանցիներ իր հօրը հարցուցած են՝ արձանի «մենք ենք»ը ովքե՞ր են, հայրը պատասխանած է՝ մարդիկ են, որոնք այդ տարածքին մէջ կ՚ապրին: Ան կ՚ըսէ, թէ այդ տարիներուն այնքան ալ դիւրին չէր նման արձան դնել, բայց իր հայրը բաւականին հնարամիտ մարդ եղած է եւ կրցած է ատիկա ընել: Խօսակցութիւններ կան, որ արձանին բնորդները Սարգիս Պաղտասարեանի մեծ հայրն ու մեծ մայրը եղած են, նախնական փոքր տարբերակին մէջ նոյնիսկ յստակ դիմագիծեր ունեցող մարդիկ պատկերուած են, բայց Աշոտ Պաղտասարեան այն կարծիքին է, որ այնուամենայնիւ, անոնք հաւաքական կերպարներ են:

Արձանը կը խորհրդանշէ արցախեան հողի եւ ժողովուրդի արմատներուն միջեւ դարաւոր կապը։ Աւանդական տարազով տարեց արցախցի ամուսիններ են՝ ուս-ուսի, հպարտ ու անսասան կեցուածքով ու սեւեռուն հայեացքով կը նային հեռուն: Կոթողը պատուանդան չունի։ Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ լեռնաբլուրը ճաք տուած է, եւ անոնք այդ ճեղքէն բարձրացած, կանգնած են՝ ոտքերը ամուր խրած հողին մէջ։ Կարմիր տուֆը, որ գործածուած է քանդակի պատրաստման համար, այդ տարիներուն տարուած է Հայաստանէն եւ այդ մէկը նոյնպէս խորհրդանշական է։ Ընդհանրապէս, այս արձանը շատ խորհրդաւոր իմաստներ ունի իր մէջ: Զայն կը նկատեն նաեւ երկարակեաց մարդոց յուշարձանը եւ արձանագրուած է իբրեւ երկարակեացներու պատուին կառուցուած աշխարհի առաջին յուշարձանը: Արցախի մասին բազմաթիւ նիւթերու մէջ գործածուած է այս արձանը, դարձած է գորգ, յուշանուէր, նկարուած է ամէն տեղ: Բայց նաեւ վէճի առարկայ հանդիսացած է «Եւրոտեսիլ-2009» եւրոպական երգի մրցոյթ-փառատօնի ժամանակ, քանի որ այդ տարուան Հայաստանի մասնակիցի տեսահոլովակին մէջ պատկերուած էր այն։ Ատրպէյճանը ընդվզած էր՝ ըսելով, որ այդ մէկը Ատրպէյճանի տարածքին վրայ գոյութիւն ունեցող կառոյց մըն է, եւ Հայաստանը իրաւունք չունի զայն գործածելու:

«Մե՛նք ենք մեր լեռները» յուշահամալիրը մինչեւ մէկ տասնամեակ առաջ այնքան ալ բարւոք վիճակ մը չունէր եւ զայն վերակառուցուած ու բարեկարգուած է արմատներով արցախցի գործարար Կարէն Աւագիւմեանի ջանքերով, մաքրուած եւ լուսաւորուած է շրջակայքը, արահետ սարքուած է եւ հանգիստի գօտի: Եւ քանի որ խորհրդային տարիներուն պաշտօնական բացում չէ եղած, նորոգումէն ետք ալ՝ 2013 թուականին պաշտօնապէս բացուեցաւ, բայց առանց հեղինակի ներկայութեան: Բացումը կատարեց անոր որդին: Սարգիս Պաղտասարեանի որդին կ՚ըսէ, թէ արձանի հեղինակային իրաւունքը շատ անգամներ խախտուած է. շատեր առեւտրային եւ զանազան այլ նպատակներով անոր պատկերը գործածած են՝ առանց արուեստագէտի ժառանգներուն հետ համաձայնելու, միայն քանի մը հոգի է, որ գումար վճարած են՝ արձանի նկարը կամ գաղափարը գործածելու համար, մնացած բոլոր պարագաներուն անոր գործածումը կը նկատէ զեղծարարութիւն, քանի որ գոյութիւն ունի հեղինակային իրաւունք մը, որ արուեստագէտի մահէն ետք կ՚անցնի անոր ընտանիքին եւ այդ իրաւունքը պէտք է յարգուի:

Այսօր, պաշարուած Արցախի մէջ գտնուող ամենանշանաւոր մեծ մայրիկն ու մեծ հայրիկը իրենց ներկայութեամբ կարծես կոչ կ՚ընեն՝ արցախեան ժողովուրդին՝ ա՛լ աւելի ամուր կառչելու հողին եւ չլքելու նախնեաց հողն ու յիշատակները…

Ցուցահանդէսը Երեւանի մէջ բաց կը մնայ մինչեւ սեպտեմբերի 15-ը, եւ Արցախ այցելել չկարողանալու այլընտրանքն է կարծես, ուր կարելի է այցելել եւ փոքր ինչ զգալ Արցախի շունչը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2023