ԽՈՐՀԵԼՈՒ ԱՌԻԹՆԵՐ

Մարդ մշտապէս կը գտնուի փնտռտուքի մէջ: Մենք մշտապէս կը փնտռենք այն, ինչ որ մեր մէջ է, մեր կողքին: Սակայն մեզ շրջապատող աշխարհի աղմուկը, ձայներն ու գոյները, զբաղուածութիւնը կը խանգարէ մեզ զայն տեսնելու:

Ինչպէս որ ակնոցը մեր գլուխին դրած, մենք ամէնուր կը փնտռենք այն, կամ տունի բանալին գրպանիդ մէջ... Այդպէս ալ մենք կը փնտռենք սէր, ուրախութիւն, երջանկութիւն, խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն ու յաջողութիւն: Առանց նկատելու, որ այդ ամէնը մեր շուրջն է, մեր մէջ: Պարզապէս պէտք է բախել համապատասխան դռներ:

Իւրաքանչիւր մարդ աղքատ է եւ աչքածակ: Մենք ամէնուր կը փնտռենք շահ՝ նիւթական շահ: Մեծահարուստներն անգամ աղքատ են: Իր դրամով բաւարարուող մարդ տակաւին չեմ տեսած: Բոլորը կը գանգատին դրամի պակասութենէ: Սակայն Տէր Յիսուս Քրիստոս մեզի կ՚ըսէ, թէ կարեւորն այն չէ, թէ դուն ինչ ունիս, քանզի դուն միմիայն տնտես մըն ես: Այդ իսկ պատճառաւ այնպէս գործածէ քեզի վստահուածը, որ քու Տէրը գնահատէ քեզ: Եւ դուն ծափահարութիւններու արժանանաս թէ՛ այս աշխարհին, թէ՛ միւս աշխարհին մէջ:

Աւա՜ղ, շնորհապարտ ու երախտապարտ ըլլալու փոխարէն մենք մշտապէս կը տրտնջանք, կը բամբասենք, անտեղի կը բողոքենք, կը նուանք ու կը հայհոյենք... Այն ինչ որ կ՚ելլէ մեր բերանէն, կը բարձրանայ երկինք, կը վերածուի սեւ ամպերու եւ՝ որպէս անէծք՝ ետ կու գայ ու կարկուտի պէս կը տեղայ մեր գլուխին:

Սակայն երբ ձեռք կու տանք Տիրոջը, կը գոհանանք եւ կ՚ուրախանանք մեր կեանքէն... այդ ժամանակ ալ մեր խօսքերը կրկին կը բարձրանան երկինք, կը կուտակուին ու կը դառնան ամպեր, սակայն այս անգամ՝ օրհնաբեր, եւ առատ մանանայի պէս՝ որպէս օրհնութիւններ, կրկին ու կրկին կը հեղուն մեր գլուխին:

Առօրեայ վազքի մէջ մենք կը մոռնանք, որ պիտի գայ օր մը, երբ այս աշխարհի բոլոր հեքիաթները պիտի վերջանան: Բոլոր աղաւնիները պիտի դադարեն: Պիտի գայ գիշեր եւ այս աշխարհ ետդարձ պիտի չըլլայ: Պիտի վերջանայ ընտանիքդ, զաւակդ, ընկերներդ, աշխատանքդ... Ամէն բան պիտի հասնի իր լրումին: Եւ ինչպէս որ մենք զղջումով կը նայինք անցեալ տարիին, այնպէս ալ այն ատեն պիտի նայինք մեր ամբողջ կեանքին ու հասկնանք, որ Աստուծոյ որդին եկած է մեզի մօտ, եկած ու զարկած է մեր դուռը: Եկած է եկեղեցիով, քարոզիչով, իսկ մենք Անոր կարեւորութիւն չենք տուած: Քանզի այդ ընթացքին մենք տարուած էինք շահի մոլուցքով: Օրինակները բազմաթիւ են, որոնցմէ մէկը կը փափաքիմ բացատրել.

Գործատէր մը իր աշխատակիցներուն Սուրբ Ծննդեան տօնին կ՚առաջարկէ նուէր՝ հարիւր տոլար կամ Աստուածաշունչ: Բոլորը կ՚ընտրեն հարիւր տոլարը, բացառութեամբ մէկ հոգիի, որ կը վերցնէ Աստուածաշունչը:

Երբ ան կը բանայ Սուրբ Գիրքը, կը տեսնէ, որ իւրաքանչիւր թերթի արանքին մէջ դրուած է մէկ տոլար: Այսինքն հազար էջի արանքէն կ՚ելլէ  հինգ հարիւր տոլար:

Յաջորդ անգամ՝ Սուրբ Յարութեան տօնին, տնօրէնը կրկին նոյն առաջարկը կ՚ընէ: Այս անգամ բոլորը կ՚ընտրեն Աստուածաշունչը, բացառութեամբ այն մէկ հոգիին, որ արդէն ունէր Աստուածաշունչ. ան կը վերցնէ հարիւր տոլարը:

Միւսները կը բանան Սուրբ Գիրքը՝ դրամը փնտռելու համար, սակայն կը տեսնեն, որ դատարկ է: Իսկ առաջին էջին գրուած է. «Մարդ միայն հացով պիտի չապրի»:

Մեր ամբողջ կեանքի նպատակը շահն է: Նոյնիսկ աղօթած ատեն, եկեղեցի այցելելու ժամանակ մենք կը հետապնդենք շահադիտական նպատակներ: Կը հաճինք Աստուծոյ դիմել կամ Բարձրեալի դուռը հասնիլ, երբ ունինք որեւէ փափաք: Եւ կը զարմանանք այն քիչերու վրայ, որոնք առանց շահի կը սիրեն, կը ճանչնան Տէրը։

Հարցուցին հաւատացեալ կնոջ մը.

-Դուն ի՞նչ կը շահիս, երբ ամէն անգամ կ՚աղօթես Աստուծոյ:

-Միշտ չէ, որ ես կը շահիմ որեւէ բան: Սակայն կան բաներ, որոնք ես կը կորսնցնեմ աղօթքի ժամանակ, - եւ ան սկսաւ թուարկելու.

Ես կը կորսնցնեմ իմ հպարտութիւնը:

Ես կը կորսնցնեմ իմ ամբարտաւանութիւնը:

Ես կը կորսնցնեմ իմ ագահութիւնը:

Ես կը կորսնցնեմ իմ բարկութիւնը:

Ես կը կորսնցնեմ մեղքի նկատմամբ իմ ցանկութիւնը:

Ես կը կորսնցնեմ իմ ընկճուածութիւնը:

Ես կը կորսնցնեմ իմ անխաղաղութիւնը:

Ես կը կորսնցնեմ իմ յոռետեսութիւնը, հիասթափութիւնը, յուսահատութիւնը...

Երբմեն մենք կ՚աղօթենեք, որպէսզի ոչ թէ պարտադիր ձեռք բերենք ինչ-որ բաներ, այլ կորսնցնենք բաներ, որոնք կը խանգարեն մեզ ու մեր հոգեւոր աճը:

Կեանքը հիասքանչ է, երբ այն լի է հաւատքով ու Աստուածային սիրով:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021