ՀԱՅ-ԻՏԱԼԱԿԱՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Իտալիոյ մէջ վերջերս հայութեան ու Հայաստանի նիւթը առանձնակի գուրգուրանքով արծարծուեցաւ եւ հայկականութեան շունչը կրկին տարածուեցաւ Իտալիոյ հողին վրայ: Դէպի Իտալիա եւ Վատիկան Հայաստանի նախագահին պետական այցը եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին քառօրեայ այցելութեան յագեցած ծրագիրը, Պոլսոյ հայոց պատրիարքին եւ հայ եկեղեցական, աշխարհիկ նշանաւոր գործիչներուն զանազան հանդիպումները, ինչպէս նաեւ Վենետիկի մէջ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը, անցնող օրերուն «հայկական Իտալիա» մը ուրուագծեցին մեր օրակարգին վրայ:

Բայց եւ այնպէս, նոր չեն հայ-իտալական յարաբերութիւնները, եւ հայութիւնը այդ հնագոյն երկրին հետ միշտ կապեր ունեցած է՝ դարերու ընթացքին աւելի ու աւելի վերահաստատելով բարեկամութիւնը այնտեղ ապրող ժողովուրդներուն հետ եւ փոխադարձաբար նոյնը զգալով նաեւ իտալական կողմէն: Հայերու ներդրումը իտալական մշակոյթին, հոգեւոր կեանքին, պատմական զանազան իրադարձութիւններուն մէջ անուրանալի է, միեւնոյն ատեն տեսանելի է նաեւ իտալացիներու դրական եւ քաղաքակիրթ վերաբերմունքը առ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդ:

Անցնող օրերու օրակարգի լոյսին ներքոյ, փորձեցինք ի մի բերել հայ-իտալական նշանաւոր դրուագներ, բայց մէկ նիւթի շրջանակներուն մէջ կարելի չէ ներկայացնել այն ողջ համամարդկային ժառանգութիւնը, որ կերտած են հայերն ու իտալացիները՝ համատեղ հետաքրքրութիւններէ եւ արժէքներէ ելլելով:

Ըլլալով գիրի եւ գրականութեան հանդէպ առանձնակի նուիրուածութիւն ունեցած ժողովուրդ մը, հայ-իտալական առընչութիւններուն մասին խօսելու ընթացքին, յաճախ նախ կը նշենք այն, որ նոյնինքն Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած է հայ առաջին տպագիր գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»ը: Հայկական տպագրութեան հիմնադիր Յակոբ Մեղապարտի անմահ գործը՝ 1512 թուականին Վենետիկի մէջ հիմնած տպարանը, զգացական ամուր կապերով կապած է հայութիւնը Իտալիոյ հետ, մանաւանդ, երբ պատմութենէն կը տեղեկանանք, թէ հայ տպագրիչը հայերէն գիրք տպագրելու արտօնութիւն եւ այդ առումով բարեացակամութիւն ստացած է իտալական իշխանութիւններէն:

Մեղապարտին գործը յարատեւեց գեղարուեստական նպաստաւոր միջավայրով շնչող իտալական քաղաքներուն մէջ, եւ զանազան վայրերու մէջ տպարաններ հիմնեցին Աբգար Դպիր Թոխատեցին, Յովհաննէս Անկիւրացին, Յովհաննէս Տերզնցին եւ այլք:

Հայկական տպագրական գործը Իտալիոյ մէջ նշանաւորուեցաւ մանաւանդ 1717 թուականին, Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատուած Մխիթարեան հայրերու տպագրական անծայրածիր ժառանգութեամբ, որ դարձաւ հայ լուսաւորչական մտքի նոր վերածնունդը: Բիւր անգամներ շեշտուած է, որ Մխիթարեանները իրաւամբ կը հանդիսանան հայոց գիտութեան յառաջամարտիկները, եւ միաբանութեան անդամներուն՝ Միքայէլ Չամչեանի, Գաբրիէլ Աւետիքեանի, Ղուկաս Ինճիճեանի, Եղիա Թովմաճեանի, Արսէն Բագրատունիի, Ղեւոնդ Ալիշանի եւ այլոց աւանդը հայոց գիտութեան զարգացման գործին մէջ իրապէս անուրանալի է:

Աւանդո՞յթ է, թէ՞ իրականութիւն, բայց պատմութիւն մը կայ նաեւ այն մասին, որ մինչ Մխիթարեանները, տակաւին 7-րդ դարուն հայ եկեղեցիէն հալածուած Անանիա Շիրակացին իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է Վենետիկ, ուր ալ կնքած է մահկանացուն:

Առհասարակ, այս երկրին հետ հայոց գիտական կապերը, ըստ պատմական վկայութիւններու, Ա. դարէն կու գան, երբ հայազգի, ոմն Տիրան, Հռոմի մէջ կը բանայ աշխարհի վրայ առաջին գրատունը: Իսկ 5-րդ դարուն Պարոյր Հայկազն Հռոմի մէջ հռչակուած էր իմաստասէր:

Իտալիոյ ամենանշանաւոր կոթողներէն մէկուն՝ Սուրբ Մարկոսի տաճարին, ճակատը զարդարող նշանաւոր քառաձին Ներոն կայսրին, 66 թուականին, նուիրած է հայոց Տրդատ Ա. Արշակունի արքան: Արդէն միջնադարուն, ներկայիս Իտալիոյ տարածքին վրայ կը գործէր շուրջ 40 հայկական եկեղեցի, որոնց թիւը յետագային աւելցած է: Այդ եկեղեցիներուն կից կը գործէին բուժարաններ, հայոց տուներ՝ պանդոկներ ու կացարաններ:

Հայերու եւ Իտալիոյ կապի ուրիշ դրուագ մըն է ռազմի ասպարէզը: Վաղ միջնադարէն հռոմէական, ապա բիւզանդական բանակներուն մէջ հայկական զօրաբանակները կը կռուէին Իտալիոյ տարածքին: Նշանաւոր է Ներսէս Պատրիկին անունը: Ան Կամսարականներու տոհմէն էր, որ ազատագրած է Իտալիան գերմանական ցեղերէն եւ դարձած է Իտալիոյ փոխարքան, փոխարքայութեան կեդրոն դարձուցած է Ռաւեննան, ուր ծաւալած է լայն շինարարական աշխատանքներ: Ռաւեննայի պահակազօրը կազմուած էր հայկական երեք հեծելազօր գունդերէ. Ղեւոնդ Ալիշանի յիշատակումներուն մէջ կը հանդիպինք երկուքին անունին՝ CLASSIS եւ ARMENIA: Այս գունդերը տեղակայուած էին քաղաքի ծովափնեայ թաղամասերուն մէջ եւ Ռաւեննայի մէջ մնացին աւելի քան երկու դար։

Նոյնպէս յայտնի է Իսահակ Հայկազն զօրավարին անունը (625-643), որուն զօրամասերն ալ գտնուած են Ռաւեննա։ Ան մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր ո՛չ միայն Իտալիոյ մէջ, այլեւ՝ անոր սահմաններէն դուրս։ Հայորդիին դամբանը կը գտնուի Ռաւեննայի Ս. Վիթալ տաճարէն ներս: Իսահակի մարմարեայ տապանաքարին վրայ յունարէն արձանագրուած է․ «Ես՝ Սահակ մեծապայծառ տոհմէն, զարդ եւ մեծ փառք ամենայն Հայոց, մարտակից էի արքաներուն»։ Անոր քով կը գտնուի կնոջ՝ Շուշանի տապանաքարը։

Հայ-իտալական յարաբերութիւններուն մէջ նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբ էր 12-րդ դարը՝ կապուած Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան հիմնման եւ հայ-իտալական աշխոյժ առեւտրական կապերուն հաստատման հետ: Յաջորդ դարերուն Իտալիոյ մէջ հայերու մեծ թիւով բնակեցումներու շնորհիւ, իտալական բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ձեւաւորուած հայկական գաղթօճախները կը նպաստեն հայերուն կողմէ կառուցուած կամ սրբագործուած հայկական եկեղեցիներու թիւի աճին: Ըստ Ալիշանի՝ 1240-1350 թուականներուն հայկական մէկ եկեղեցի ունեցող քաղաքներուն թիւը կը հասնէր քսաներկուքի, իսկ Հռոմի, Պոլոնիայի եւ Վենետիկի մէջ կային մէկէ աւելի գործող եկեղեցիներ: 14-րդ դարուն շուրջ 40 հայկական եկեղեցի ու մենաստան կը յիշատակուին Իտալիոյ քաղաքներուն մէջ, իսկ եկեղեցին ինքնին միայն եկեղեցի չէր, անոր շուրջ կը զարգանային հայ գրչութիւնը, մանրանկարչութիւնը, մշակոյթը եւ հայկական կեանքը:

Մեզի հասած են իտալական տարբեր քաղաքներու մէջ՝ Հռոմ, Պոլոնիա, Փերուճիա, Վենետիկ, Լիվոռնօ, ընդօրինակուած հայկական ձեռագրեր: Գիրքերու յիշատակարաններուն շնորհիւ ալ ուրիշ տեղեկութիւններ կը քաղենք հեռաւոր երկիրներու մէջ դեգերող հայ գրիչներու ու ծաղկողներու կեանքին, անոնց մտորումներուն մասին: Իտալիոյ մէջ ստեղծուած հայ մատեաններու ծաղկողներն ու գրիչները, որպէս իրենց գործի վարձք, կը խնդրեն. «Յիշենք Երեմիան, Յովանիսիկը, Թադէոսը, Վանականը, Ստեփանոսը…»:

Յայտնի չէ, թէ արդեօք հայկական դպրոցները Իտալիոյ մէջ գործած են վա՞ղ միջնադարուն: Մեզի ծանօթ առաջին կրթօճախը 1732 թուականին հիմնած է Մխիթար Սեբաստացին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ: Յետագային այլ վարժարաններ բացուած են Իտալիոյ տարածքին, իսկ բարձրագոյն, ուսումնական հաստատութիւններէն այժմ Վենետիկի եւ Պոլոնիայի համալսարաններուն մէջ հայագիտական ամպիոններ կը գործեն, իսկ Հռոմի համալսարանին մէջ հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող բաժին կայ: Հայագիտական դասընթացք մըն ալ բացուեցաւ օրերս՝ Հռոմի Լա Սափիենցա համալսարանին մէջ:

Իտալիա պետական այցով գտնուող Արմէն Սարգսեան ներկայ եղաւ Լա Սափիենցա համալսարանի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ յուշագրի ստորագրման, որով հայագիտութեան դասերուն մեկնարկ տրուեցաւ:

Անջատ նիւթ է հայկական ճարտարապետութեան ձգած ազդեցութիւնը՝ իտալական ճարտարապետութեան վրայ: Տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ Հայաստան ճամբորդելէ ետք Լէոնարտօ տա Վինչի Բագարանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մանրակերտով կառուցել տուած է Միլանոյի կաթողիկէ եկեղեցին:

Վենետիկէն յետոյ Միլանոն Իտալիոյ մէջ «ամենահայկական» քաղաքը կը նկատուի: Նախ այս քաղաքի հովանաւոր սուրբը հայ կը նկատուի՝ Սուրբ Մինասը, եւ քաղաքի հիմնադրման գործին մէջ կը յիշատակուի հայ Ներսէս զօրավարին անունը: Միլանոյի մէջ հայկական համայնքի անընդմէջ գոյութեան մասին վկայուած է 11-րդ դարէն:

10-րդ դարէն Նափոլի քաղաքին մէջ կը գործէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական Եկեղեցին: Ան կը նկատուի Նափոլիի պահապան սուրբը եւ ի պատիւ անոր, առ այսօր, կը կազմակերպուին Սուրբ Գրիգորի տօնակատարութիւնները: Սուրբ Գրիգոր անունը կրող Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ կը պահուին անոր մասունքները: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Վատիկան կատարած իր այցին ընթացքին (2000 թուական) Մայր Աթոռ տեղափոխած է սուրբին որոշ մասունքները: Այժմ այդ մասունքները կը պահուին Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին գաւիթը:

Կը յիշատակուի նաեւ Նափոլիի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մասին՝ կառուցուած 1328 թուականին: Իսկ Հռոմի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին կառուցուած է 10-րդ դարուն: 11-րդ դարուն կը յիշատակուի Միլանոյի Սուրբ Բարսեղ եկեղեցւոյ կառուցման մասին, եւ հոս կը գործէին Բարսեղեան եկեղեցական ժողովները: Փիզա քաղաքին մէջ հիմնադրուած է վանական համալիր (1320), որ ըստ փորձագիտական տուեալներու, հարիւրամեակներ շարունակ պատկանած է հայերուն: Այս տաճարէն պատճէնուած են հազուագիւտ ձեռագրեր, որոնք այսօր կը պահուին Վիեննայի Ազգային եւ Միլանոյի Ամպրոզիայի գրադարաններուն մէջ:

Սուրբ Բարթուղիմէոսի կուսանոցը եւ եկեղեցին նոյնպէս կառուցած են հայերը (1307, Ճենովա), որ գոյատեւած է մինչեւ 1650 թուականը: Կը յիշատակուի նաեւ Սուրբ Յովաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ եւ վանքին մասին Վենետիկի մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մասին՝ կառուցուած 1434-ին, որ կը պատկանի Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան՝ 1717-էն սկսեալ:

14-րդ դարու վերջերուն Իտալիոյ մէջ տեղի կ՚ունենան կրօնական հետապնդումներ եւ բոլոր հայկական եկեղեցիները կ՚անցնին տեղական կաթոլիկ հաստատութիւններու տիրապետութեան տակ: Իտալիոյ ներկայիս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գտնուող հայ համայնքը ձեւաւորուած է 1900 թուականներու սկիզբէն՝ Օսմանեան կայսրութենէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն հոն գացած հայ գաղթականներու կողմէ, որոնք բնակութիւն հաստատած են Հիւսիսային Իտալիոյ մէջ՝ Միլանօ եւ այլ քաղաքներ:

Իբրեւ առաջին ծխական քահանայ կը յիշատակուի Յ. Պարսամեանը (1924-1937): Անոր մահէն ետք, հայ համայնքը մէկուկէս տասնամեակ ծխական քահանաներ հրաւիրած է Փարիզէն, Վիեննայէն, Մարսէյլէն:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրէին կը կազմաւորուի Հայկական միութիւն մը, որ կը հաստատուի Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ: 1950-ական թուականներուն սկիզբը կրօնական ծիսակատարութիւնները կը կազմակերպուէին Միլանոյի բոլոր սուրբերու Անկլիքան եկեղեցւոյ մէջ: 1995 թուականին Հռոմի իշխանութիւնները, երկրի նախագահին հրամանով, ընդունեցին հայ հաւատացեալ համայնքին գործունէութիւնը եւ պաշտօնապէս արտօնեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կառուցումը:

Իտալիոյ տարածքին հայերը այսօր կը բնակին հիմնականօրէն Հռոմ, Միլանօ, Պոլոնիա, Վենետիկ, Ճենովա: Իտալիոյ հայ համայնքէն ներս կը գործեն տասնեակէ աւելի կազմակերպութիւններ, կրթական, կրօնական, մշակութային եւ այլ հաստատութիւններ, որոնք ալ, հայ դիւանագէտներուն հետ, վառ կը պահեն հայոց ներկայութիւնը՝ իտալական ջերմ արեւի ներքոյ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021