ԿԻՒՄՐԻԻ ԴԱՐԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹԸ ՆԵՐԱՌՈՒԱԾ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՄԷՋ

Պոթսուանայի հանրապետութեան Քասանէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» հռչակագրի 18-րդ միջկառավարական նստաշրջանը, որու ընթացքին արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութենէն ներկայացուած ութերորդ յայտը՝ «Կիւմրիի դարբնութեան աւանդոյթը»:

Նիւթը կը վերաբերի Կիւմրի քաղաքին մէջ դարբնութեան աւանդոյթը պահպանող եւ սերունդէ սերունդ փոխանցող արհեստաւոր ընտանիքներուն, անհատ դարբիններուն, դարբնութիւնը որպէս կիրառական արուեստ-արհեստի ճիւղ դասաւանդող մասնագիտական կրթական հաստատութիւններուն, գեղարուեստական դարբնութեան նմոյշները որպէս քաղաքային մշակոյթի իւրայատուկ տարր պահպանող ու ցուցադրող թանգարաններուն, Կիւմրի քաղաքի արհեստագործական աւանդութիւններու պահպանմամբ զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ լայն առումով Կիւմրի քաղաքի բնակիչներուն, որոնք մինչ օրս կը պահպանեն դարբնոցէն երկաթեայ ձեռակերտ իրեր ապսպրելու եւ գործածելու աւանդոյթը։ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցած յայտին մէջ յատուկ նշուած են կիւմրեցի Պապոյեաններու, Մարտիրոսեաններու, Մնոյեաններու ընտանիքները, որոնք արդէն հինգ-վեց սերունդէ ի վեր կը պահպանեն ու կը փոխանցեն դարբնութիւնը իրենց որդիներուն:

«Կիւմրիի դարբնութեան աւանդոյթը» յայտը պատրաստուած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի ազգագրագէտ, մարդաբան Աղասի Թադէոսեանի խորհրդատուական աջակցութեամբ: Դարբնութեան վերաբերող այս յայտի պատրաստման մասնակցած են նաեւ Շիրակի մարզի եւ Կիւմրի քաղաքի պատկան մարմինները, ինչպէս նաեւ կիւմրեցի դարբիններ՝ Գարիկ Պապոյեան, Գագիկ Մարտիրոսեան, Յովհաննէս Մնոյեան, «Եռանկիւնի» դարբնոցը, Կիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարանը եւ այլ կազմակերպութիւններ, ուսումնական հաստատութիւններ, որոնք կը զբաղին դարբնեգործութեան ուսուցմամբ, աւանդոյթներու պահպանութեամբ:

Կիւմրիի դարբնութեան աւանդոյթը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ արձանագրելը կարեւոր իրադարձութիւն է Կիւմրի քաղաքի մշակոյթի արժեւորման եւ արհեստագործութեան այդ կորսուող ճիւղը պահպանելու տեսակէտէ:

Այս արժեւորումը կը նպաստէ տոհմիկ դարբիններու վարպետութիւնն ու գիտելիքը զարգացնելուն, նոր գաղափարներու ու ծրագրերու իրականացման՝ բարձրացնելով դարբնութեան միջազգային ճանաչելիութիւնը:

Կիւմրին աւանդաբար եղած է Հայաստանի քաղաքային արհեստագործական մշակոյթի կեդրոններէն մէկը։ 19-րդ դարու կէսերուն քաղաքի մէջ արհեստներու ծաղկումը կապուած էր այնտեղ տեղակայուած զինուորական կայազօրի ներկայութեամբ։

Մեծ թիւով արհեստաւորներու, առեւտրականներու ու քաղաքային բնակչութեան զանազան խաւերու ներհոսքը նպաստած է արհեստներու զարգացման։ Կիւմրիի մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող արհեստներէն ամենայայտնին դարբնութիւնն էր, որ ունեցած է յստակ արտայայտուած քաղաքային բնոյթ եւ աւանդոյթներ։

Երկաթը գեղարուեստական կերպով մշակելով՝ կիւմրեցի վարպետները պատրաստած են դարպասներ, վանդակաճաղեր, պատշգամներու ու աստիճանահարթակներու ճաղեր, շքամուտքերու ու պատշգամներու հովհարները պահող մետաղական նեցուկներ, պատուհանաճաղեր, ջահեր, մոմակալներ եւ բազմաթիւ այլ իրեր: Այս բոլոր իրերը Կիւմրիի ճարտարապետութեան մէջ գործածուած սեւ եւ կրակագոյն աղիւսէ շինուած տուներու եւ շինութիւններու համադրութեամբ ստեղծած են գեղեցիկ պատկերներ, ինչ որ այսօր կը նկատուի Կիւմրիի ընդհանուր քաղաքային տեսքը եւ ատով Կիւմրի կը տարբերի միւս քաղաքներէն:

1865 թուականին Ալեքսանդրապոլ քաղաքի արհեստաւորներու ցանկին մէջ դարբնութիւնը վարպետներու քանակով յառաջատարներու մէջ էր եւ կը զիջէր միայն շինարար վարպետներու թիւին։ Ըստ այդ ցուցակի՝ դարբին վարպետներու թիւը քաղաքին մէջ հասած է 84-ի, իսկ դարբիններու աշկերտներու եւ օգնականներու թիւը՝ 197-ի։ Եկամտաբերութեամբ նոյնպէս այս արհեստը ամենաբարձր եկամուտ ապահովողներէն եղած է։

Ազգագրագէտ Աղասի Թադէոսեան գիրք գրած է Կիւմրիի դարբիններու մասին, կատարած է հետազօտութիւններ, որոնք ալ հիմք հանդիսացած են դարբնեգործութիւնը արժեւորելուն եւ Կիւմրիի մէջ ծաղկած այդ արհեստը միջազգային կազմակերպութեան ուշադրութեան արժանացնելուն:

Ուրիշ մասնագէտներու հետազօտութիւններէ պարզ կը դառնայ, որ քաղաքի համքարութիւնը՝ արհեստակիցներու ընկերութիւնը, սեփական արհեստանոցն ու խանութը ունենալու արտօնագիրը տուած է այն վարպետներուն, որոնք բաւարարած են արհեստի համար ընդունուած որակը եւ այլ չափանիշներ: Սահմանուած եղած է որակի շատ խիստ հսկողութիւն, իսկ որակը խախտելու դէպքերը ենթադրած են նաեւ որոշակի տոյժեր ու պատիժներ: Այդպիսի պատիժ եղած է օրինակ՝ պարտադրել, որ անորակ արտադրանքը դարբինը փակցնէ իր արհեստանոցի կամ խանութի ճակտին, ինչպէս նաեւ արհեստաւորներու միութիւնը արհեստաւորը զրկած է դարբինի վարպետութեան կարգէն:

Սակայն ժամանակները փոխուած են, փոխուած են քաղաքի կառուցապատման չափանիշները, արդիական միջոցները ներմուծուած են շինարարութիւն եւ աւանդական դարբնութեան նմոյշները պահպանելը եւ զանոնք փոխանցելը դարձած է խնդիր: Աւանդական դարբնութեան աստիճանական թուլացումը պայմանաւորուած էր նաեւ երկաթի մշակման արդիականացման գործընթացով։

Կիւմրիի մէջ դարբնութիւնը կը փոխանցուէր ինչպէս ընտանիքներու միջոցաւ, այնպէս ալ աշկերտներու:

Ազգագրագէտ Աղասի Թադէոսեան կը նկատէ, որ աշկերտութիւնը դարբնութեան մեջ երկարատեւ շրջան եղած է։ Հայաստանի մէջ առհասարակ վարպետները որպէս աշկերտ կը վերցնէին իրենց որդիները կամ ազգականները, որպէսզի արհեստը եւ ատոր գաղտնիքները գերդաստանի ներսը մնար:

Ըստ կարգի՝ վարպետը երդման արարողակարգ անցած է՝ երդուելով աշկերտին վերաբերուիլ իր սեփական որդիի պէս եւ պարտաւոր էր անոր սորվեցնել արհեստի բոլոր հմտութիւնները։ Յաճախ աշկերտը տարիներով կը մնար որպէս վարպետի օգնական։ Վարպետները կը ստուգէին աշկերտի անձնային յատկանիշները, կամքը, ուշիմութիւնը՝ կարեւորելով անոր ուշադրութիւնը, յանձնարարութիւնները կատարելու ընդունակութիւնն ու արագ կողմնորոշուելու ունակութիւնը։ Այսպիսի պատմութիւն մը կայ, որ գրի առած են ազգագրագէտները:

Վարպետ դարբինը աշկերտէն խմելու ջուր կը խնդրէ: Աշկերտը կը հրամցնէ ջուրը պղնձեայ գաւաթով՝ գաւաթի բռնակը բռնած: Վարպետը, վերցնելով գաւաթը, ատոր վրայ եւս մէկ կոթ կը փակցնէ եւ տալով աշկերտին՝ նորէն ջուրի կը ղրկէ: Աշկերտն այս անգամ ջուրը կը բերէ՝ բռնակները երկու ձեռքով բռնած: Վարպետը երրորդ բռնակը կ՚աւելցնէ եւ գաւաթը կը վերադարձնէ աշկերտին, այդ կերպով փորձելով հասկցնել, որ աշակերտը վարպետին ջուր տալու ժամանակ այնպէս մը պէտք է ընէ, որ բռնակը ազատ ձգէ վարպետի բռնելու համար:

Ազգագրագէտները, նկարագրելով Կիւմրիի դարբնութեան աւանդոյթը, ուսումնասիրած են ամէն մանրամասնութիւն: Անոնք նկատած են, որ երբ աշկերտը կը յաղթահարէր ուշիմութեան, աշխատասիրութեան ու ճարպիկութեան փորձութիւնները, անոր որոշակի յանձնարարութիւններ կը տրուէին: Աշկերտը կը սկսէր աշխատիլ մեծ մուրճով, բայց՝ վարպետի հսկողութեամբ։ Սկզբնական շրջանին աշկերտի հիմնական գործը կ՚ըլլար փքոց փչելը, ինչ որ անհրաժեշտ էր կրակարանի կրակը վառելու ու թէժ պահելու համար։ Աշկերտին արտօնուած չէր մօտենալ զնդանին, կռանով աշխատանք կատարել։ Քանի որ երկաթն ու ածուխը սուղ էին, ուստի անփորձ աշկերտին վստահիլը հումքի աւելորդ վատնում կը նկատուէր: Պատահած են դէպքեր, երբ աշկերտը իր ողջ կեանքի ընթացքին այդպէս ալ չէ արժանացած վարպետի կոչման՝ մնալով որպէս գործաւոր։ Իսկ աշկերտելու փուլը յաջողութեամբ անցածները նախ կը ստանային ենթավարպետի կոչում, իսկ արհեստի հմտութիւններուն լիարժէք տիրապետելէ յետոյ կ՚օծուէին վարպետ դարբին:

Ըստ Աղասի Թադէոսեանի, յատուկ արարողակարգ ունեցած է նաեւ վարպետ օծելու աւանդոյթը:

Կը կատարուէին նուիրատուութիւններ, տեղի կ՚ունենար երդմնակալութիւն, որու ընթացքին աշկերտը կը փաստէր ու կ՚ամրագրէր իր հաւատարմութիւնը արհեստի չափանիշներուն, մարդկային բարձր որակներու պահպանման, կը պարտաւորուէր յարգանքով մօտենալ իրմէ աւագ վարպետներուն, պահպանել պատուի ու արժանապատուութեան բոլոր չափանիշներ: Եւ վարպետ օծելու արարողութիւնը կ՚եզրափակուէր խնճոյքով:

Խորհրդային շրջանը իր ազդեցութիւնը ձգած է դարբնեգործութեան եւ բազում այլ արհեստներու վրայ։ Արդիւնաբերութեան զարգացումը իր հետ այլ օրէնքներ բերած է, եւ մասնաւոր սեփականութիւնը արգիլուած է այդ շրջանին:

Արհեստաւորները ստիպուած եղած են աշխատանքի անցնիլ պետական գործարաններու մէջ: Բայց նոյնիսկ այդ տարիներուն Կիւմրիի մէջ կը շարունակուէին պահպանուիլ դարբնութեան աւանդութիւնները եւ Կիւմրին Հայաստանի միակ քաղաքն էր, ուր կը շարունակուէր արհեստը:

1970-1980-ական թուականներուն սկսան աւանդութիւնները վերականգնուիլ, դարբնոցային մշակոյթը վերածնունդ ապրեցաւ, տոհմական դարբինները իրենց փորձը մէջտեղ հանելով՝ սկսան աւանդական շունչը կրկին վերադարձնել քաղաքին:

Ազգագրագէտները Կիւմրին Հայաստանի մէջ բացառիկ կը նկատեն նաեւ այն առումով, որ որեւէ այլ բնակավայրի մէջ հնարաւոր չէ հանդիպիլ աւելի քան հարիւրամեայ ընտանեկան ժառանգորդութիւն ունեցող դարբիններու:

ՅԱՅՏՆԻ ԿԻՒՄՐԵՑԻ ԴԱՐԲԻՆՆԵՐ

Դարբնեգործութիւնը ուսումնասիրած Աղասի Թադէոսեան կը նկատէ, որ 1970-1980-ական թուականներուն գեղարուեստական դարբնութեան ծաղկումը կապուած է կիւմրեցի Վովա անունով երիտասարդի մը հետ։ Ան ուսանած է Սեն Փեթերսպուրկի գեղարուեստի ակադեմիան։ Ծանօթ ըլլալով քաղաքի դարբնոցային մշակոյթին՝ կ՚այցելէ Կիւմրի, կը հանդիպի Մնոյեաններու ընտանիքէն վարպետ Օննիկին՝ Յովհաննէս Մնոյեանին, որ ներկայիս Մնոյեաններու ընտանիքի դարբնոցային աւանդոյթներու ժառանգորդ, կրտսեր Յովհաննէս Մնոյեանի մեծ հայրն է: Վարպետ Օննիկն ու Վովան կը սկսին գործակցիլ։ Վովան պատուէրներ կը ստանայ Սեն Փեթերսպուրկէն, կը նախագծէ զանոնք, իսկ Օննիկը կը վերածէ երկաթեայ գեղարուեստական գլուխ-գործոցներու։ Մասնագէտներ արուեստի նմոյշներ կը նկատեն դարբին Յովհաննէս Մնոյեանի կերտած աշխատանքները, որոնցմէ են դրուագման ու կոփման եղանակով երկաթեայ քանդակուած աւանդական տարազով կնոջ արձանն ու Կոմիտասի կիսանդրին։ Յայտնի է նաեւ Կիւմրիի երկաթուղային կայարանի հսկայական երկաթեայ ջահը, որու պատրաստումը վստահուած է վարպետ Օննիկին ու անոր որդիներուն: Մէկ թոն կշռող ջահի պատրաստումէն յետոյ զայն դարբնոցէն դուրս բերելու համար վարպետն ու որդիները ստիպուած եղած են քանդել դարբնոցի տանիքը։ Իսկ ջահը մարդաշատ կայարանին մէջ կախելէ յետոյ, որպէսզի վստահութիւն ներշնչեն, որ զայն շատ ամուր է եւ վտանգ չի ներկայացներ, հայր ու որդի վարպետները բարձրացած եւ նստած են ջահի վրայ, գինի եւ այլ խմիչքներ խմած եւ շնորհաւորած են աւարտած աշխատանքը։

Նշանաւոր դարբիններ են նաեւ Պապոյեանները: Պղատոն Պապոյեանը՝ վարպետ Փոլիկը, իր որդիի՝ Գագիկ Պապոյեանի հետ վերջին տասնամեակին միացած է Կիւմրիի համար կարեւոր տասնեակ շէնքերու վերականգնողական աշխատանքներուն։ Այս նշանաւոր վարպետները պատրաստած են Կիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարանի՝ Ձիթողցոնց տուն-թանգարանի մուտքի դարպասը, պարսպաճաղերը, մեծ թիւով ջահեր, պատուհաններու ու դռներու ճաղավանդակներ։ Այս գործին մէջ անոնց օգնած է նաեւ վարպետ Օննիկը:

Վարպետ Փոլիկը իր որդիին հետ պատրաստած է նաեւ Կիւմրիի Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահի դարպասները, ջահերն ու ճաղերը, կիւմրեցիներուն ծանօթ «Պանքի շէնքի» դարպասն ու լուսամուտաճաղերը եւ այլ գործեր։

Պապոյեան ընտանիքի ներկայ սերունդի ներկայացուցիչ վարպետ Գարիկը կը յիշէ իր ընտանիքի մինչեւ վեցերորդ սերունդի դարբինները:

Երրորդ սերունդի դարբիններ են նաեւ Մարտիրոսեանները։ Գագիկ Մարտիրոսեանը իր հիմնած «Եռանկիւնի» արհեստանոցին մէջ կը պահպանէ դարբնութեան աւանդական շրջանին բնորոշ գործիքները։

Եւ ահաւասիկ, Կիւմրիի դէմքը նկատուող այս արհեստը ոչ միայն նոր շունչ կը ստանայ իր բնօրրանին մէջ, այլեւ միջազգային ճանաչման կը հասնի: Այսուհետեւ պետական եւ մարզային մակարդակով ամէն աշխատանք պիտի տարուի՝ դարբիններու գործը քաջալերելու, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներուն զայն ներկայացնելու համար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023