ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱՆԱՅԻ ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ

Յովհաննէսի Աւետարանին 2-րդ գլուխի 1-11 համարներուն մէջ կը կարդանք Կանայի մէջ տեղի ունեցող հարսանիքի մը մասին, ուր ներկայ էր նաեւ Տէր Յիսուս Իր մօր՝ Մարիամի, Իր եղբայրներուն եւ աշակերտներուն հետ: Այդ հարսանիքի ժամանակ է, որ մեր Տէրը Իր առաջին հրաշքը գործեց ջուրը գինիի փոխելով:

Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ այդ դէպքը այսպէս ներկայացուած է.

Յիսուսի Գալիլիա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր։ Յիսուս եւ Իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին։ Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը Իրեն ըսաւ.

-Գինի չունին։

-Մա՜յր, մեզի ի՛նչ,- պատասխանեց Յիսուս,- Իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած։

Սակայն Իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն.

-Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք։

Հրեաներու ծիսական մաքրութեան սովորութեան համաձայն, հոն կային քարէ վեց կարասներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ութսունէն հարիւր լիթր կ՚առնէր։ Յիսուս ըսաւ սպասաւորներուն.

-Կարասները ջուրով լեցուցէք։

Եւ սպասաւորները լեցուցին մինչեւ բերան։ Յետոյ ըսաւ անոնց.

-Հիմա առէք եւ սեղանապետին տարէք։

Անոնք ալ տարին։ Սեղանապետը համտեսեց գինիի փոխուած ջուրը, բայց չգիտցաւ, թէ ուրկէ էր. թէեւ սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցած էին, գիտէին։ Այն ատեն սեղանապետը փեսային ըսաւ.

-Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա։

Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ։ Հոն Ան Իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին Իրեն։

Այս դէպքէն ետք՝ Յիսուս Իր մօրը, եղբայրներուն եւ աշակերտներուն հետ Կափառնաում գնաց եւ քանի մը օր հոն մնաց:

Կանայի հարսանիքի այս դէպքին մէջ կան մի քանի կէտեր, որոնց պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, որովհետեւ անուղղակիօրէն նաեւ առընչութիւն ունին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատի համար:

ա. Տէր Յիսուսի հարսանեկան ուրախութեան ներկայութիւնը:

Մեր օրերուն շատեր կը դատապարտեն հարսանեկան ուրախութիւնները, զանոնք մեղքի եւ գայթակղութեան առիթ եւ պատճառ նկատելով: Արդար եւ իրաւ, եթէ չափաւորութեան մէջ չէ եւ բարոյականութեան սահմաններուն մէջ չի՛ տեղաւորուիր: Սակայն, երբ հարսանեկան ուրախութիւնը չափի մէջ է, աւելին Տիրոջ ներկայութեան գիտակցութեամբ է, ապա ո՛չ մէկ արգելք կայ եւ կամ ո՛չ մէկ դատապարտելի իրողութիւն կայ հարսանեկան ուրախութիւն կազմակերպելու: Չէ՞ որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր ներկայութեամբ պատուեց Կանայի հարսանիքը եւ ո՛չ միայն պատուեց, այլ՝ անոնց ուրախութիւնը կատարեալ դարձուց: Այսօր եւս, կրնանք մեր Տիրոջ ներկայութիւնը զգալ մեր ուրախութիւններուն ընթացքին վերացական, հոգեւոր ընկալումով եւ կամ ֆիզիքական՝ Իր դեսպաններուն միջոցով:

Այստեղ ոմանք կրնան հակաճառել ըսելով, թէ այսօրուան հոգեւորականները շա՜տ հեռու են իրենց առաքելութենէն, եւ աւելին՝ ատա՛կ իսկ չեն Յիսուսի դեսպաններ ըլլալու եւ կոչուելու: Այդպիսիներուն Տէրն է, որ կը պատասխանէ. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար: Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար, թէ աչքիդ մէջ գերան կայ: Կամ, ինչպէ՞ս եղբօրդ կ՚ըսես. “Ձգէ որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ”, երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ: Կեղծաւո՛ր, նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ա՛պա միայն եղբօրդ աչքին շիւղը հանել» (Մտ 7.1-5):

Իսկ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը բացատրէ Տէր Յիսուսի եւ Սուրբ Մարիամի հարսանեկան ուրախութեան մասնակցութեան հանգամանքը. «Հարցում. Քրիստոսն ու Աստուածածինը ինչո՞ւ համար հարսանիքի գացին, որովհետեւ անվայելուչ կ՚երեւի, երբ կրօնաւոր մը հարսանիքի կ՚երթայ, անպատեհ է, մանաւանդ երբ կոյս ըլլայ, որովհետեւ բազմաթիւ անվայելուչ բաներ կը կատարուին հարսանիքի ժամանակ:

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ Տէրը հինգ պատճառով այդ հարսանիքին գնաց. նախ՝ որովհետեւ ըստ Մովսէսի օրէնքներուն ամուսնութիւնը աւելի պատիւ ունէր, քան՝ կուսութիւնը: Երկրորդ, որովհետեւ Յիսուս եւ Իր Մայրը ճշմարիտը գիտէին եւ չէին կրնար մեղանչել: Երրորդ, որովհետեւ այդ հարսանիքին այնպիսի խեղկատակութիւն չկար, ինչպէս ներկայիս կ՚ըլլայ, որ առանց մեղքի չէ: Չորրորդ, Քրիստոս հարսանիքին գնաց ու օրհնեց՝ ցոյց տալով, թէ ամուսնութիւնը սո՛ւրբ է եւ ո՛չ թէ պիղծ, ինչպէս ոմանք ըսին: Հինգերորդ, Քրիստոս հարսանիքին գնաց՝ ցոյց տալով, թէ նոյն Ի՛նքն է, որ դրախտին մէջ Ադամն ու Եւան օրհնեց եւ ըսաւ. «Աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք եւ երկիրը լեցուցէք» (Ծն 1.28), նոյնպէս ալ այստեղ օրհնեց ամուսնութեան օրինաւոր կարգ»:

բ. Վստահութիւն ունենալ Տիրոջ ամենակարողութեան վրայ:

Մարիամ Աստուածածինը տեսնելով, որ հարսնեւորներուն գինին վերջացած է եւ կրնան ամօթալի վիճակի մէջ յայտնուիլ, կը մօտենայ իր Զաւակին ու կ՚ըսէ.

-Գինի չունին:

Յիսուս կը պատասխանէ.

-Մա՜յր, մեզի ինչ, Իմ ժամանակս տակաւին չէ հասած: Պէտք չունինք խառնուելու:

Սակայն Սուրբ Մարիամը առանց ականջ տալու իր Զաւակին ըսածին, կը դառնայ դէպի սպասաւորները եւ ինքնավստահութեամբ կ՚ըսէ անոնց.

-Ինչ որ ըսէ ձեզի, կատարեցէ՛ք:

Այս կարճ խօսակցութեան մէջ հիմնական կէտ մը կայ, որ պէտք է նկատի ունենանք.

-Մարիամ Աստուածածինին ինքնավստահութիւնը.

Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը տեսնելով, որ իրենց ազգականները խառնաշփոթի մէջ են, կը մօտենայ ու կը փորձէ հասկնալ պատճառը: Պատճառը իմանալէ ետք, լուռ կերպով եւ առանց յատուկ ուշադրութեան կը մօտենայ իր Զաւակին, եւ կը ներկայացնէ իրավիճակը ու առանց սպասելու Զաւակին անդրադարձին, սպասաւորներուն կ՚ըսէ, որպէսզի կատարեն ինչ որ ըսէ իրենց: Մարիամ Աստուածածին ինքնավստահ էր, որ իր Զաւակը կրնար այդ հարցին լուծում տալ, եւ այդ պատճառով առանց կողմնակի կամ աւելորդ շարժումներու՝ ուղղակիօրէն դիմեց Անոր: Մայրիկ Աստուածածինին այս վերաբերմունքը մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար պէտք է օրինակ դառնայ վստահութիւն ունենալու Աստուծոյ նկատմամբ, եւ մեր ունեցած բոլոր խնդիրներուն, դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջ դիմենք Անոր, վստահ ըլլալով, որ Ան մեզի լուծում պիտի տայ:

Մարիամի այս ինքնավստահ դիմումի մասին Սուրբ Տաթեւացին կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը.

«Հարցում. Մարիամ ուրկէ՞ կը յուսար, որ իր Որդիէն հրաշք կրնայ պատահիլ, որովհետեւ տակաւին չէր գործած:

Պատասխան. Վեց բանէ. նախ՝ Գաբրիէլի աւետիսէն, թէ Աստուծոյ Որդի է եւ ինչ որ ուզէ՝ կ՚ընէ: Երկրորդ, որովհետեւ Մարիամ Սուրբ Հոգիին բնակարան էր: Երրորդ, որովհետեւ ծնունդի ժամանակ տեսած էր շատ հրաշքներ, ինչպէս նաեւ մոգերուն գալը, եւ այլն: Չորրորդ, որովհետեւ լսեց Հօր եւ Յովհաննէսի [Մկրտիչին] վկայութիւնը, եւ [տեսաւ] Սուրբ Հոգիին էջքը մկրտութեան օրը: Հինգերորդ, երբ աշակերտները կը հաւաքէր, իմացաւ, թէ Իր փառքը պիտի յայտնէ: Վեցերորդ, որովհետեւ ճիշդ նոյն այդ պահին ազդեցութիւնը [ներշնչում, յայտնութիւն] եղաւ անոր վրայ»:

գ. Յիսուսի հրաշագործելու կարողութիւնն ու ներկայութեան քաղցրութիւնը:

Յիսուս հակառակ անոր որ խիստ կերպով պատասխանեց Իր մօր, ըսելով՝ մեզի ի՛նչ, սակայն դառնալով սպասաւորներուն հրամայեց, որպէսզի կարասները ջուրով լեցնեն եւ ապա ըսաւ անոնց՝ Հիմա առէք եւ սեղանապետին տարէք, որ համտեսելով նոր մատուցուած գինին, կը հիանայ եւ իր հիացմունքը կը յայտնէ ըսելով, թէ՝ ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա:

Այս հրաշքին մէջ հիմնական երկու կէտեր կան.

1) Քրիստոսի հրաշագործելու կարողութիւնը որպէս Արարիչ. Քրիստոս հնազանդեցաւ Իր մօր ըսածին եւ այնպէս ըրաւ, որպէսզի իրենց ազգականները, որոնք հարսանիքին կը մասնակցէին ամօթով չմնան, եւ ջուրը գինիի փոխեց: Շատեր ջուրը գինիի փոխուիլը պարզ երեւոյթ մը կը համարեն, սակայն այս հրաշագործութեան մէջ կայ փաստը Տէր Յիսուսի Աստուածութեան: Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեան այս մասին այսպէս կ՚ըսէ. «Ջուրը գինիի փոխելը, ապացոյց մըն է Քրիստոսի Աստուածութեան, որովհետեւ խորքին մէջ պատահածը, ուրիշ բան չէր եթէ ոչ ստեղծագործութեան արարք մը, իսկ ստեղծագործելը՝ յատուկ է միայն Աստուծոյ»:

2) Քրիստոսի ներկայութեան քաղցրութիւնը. սեղանապետին արձագանգը նոր մատուցուած գինիին հրաշալի փաստ մը եւ վկայութիւն մըն է, որ հոն ո՛ւր որ Տէր Յիսուս ներկայ է, այնտեղ քաղցրութիւն եւ ուրախութիւն կը տիրէ, այնտեղէն կատարելութեան հոտ կու գայ, այնտեղէն կարգաւորութիւն եւ համերաշխութիւն կը տիրէ:

Երանի՜, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վստահութիւնը ունենանք՝ դիմելու Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ Տէր Յիսուսի հնազանդութեան ոգին ունենաք, որով մեր կեանքին օրերը պիտի պտղաբերին եւ որպէս անուշահոտ խունկ պիտի հաճոյացնեն զԱստուած, Որուն փառք, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

9 յունուար 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022